ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Վերադարձէք, երա՜մ երա՜մ,
ձեր հարազատ տուն,
ուր կ՛ակնկալուի ձեր ետդարձը, կարօտով:
Աշնան սեմին ծաղկեցուցէք կրկի՛ն,
ձեր ծիծաղներով ու խաղերով,
մեր տան պարտէզներն նօսրացած:
Թող հնչէ կրկին, երկի՛նքն ի վեր,
ձեր եզակի դայլայլն աննման:
Թող ոգեւորէ ձեր սլա՛ցքն ի վեր,
դուք յուսադրի՛չ երամներ անվարան:
Այս տանը մեր, հաւատարիմնե՛ր,
ձեր ճախրանքով շնորհեցէք նո՛ր փառքեր: