Երբ պատերազմը ծագեցաւ ապրիլ 1975-ին, Նորաշէնի շրջանը այս պատկերը չունէր բնականաբար: Այստեղի բնակչութիւնը շատ աւելի նօսր էր այն ժամանակ: Բայց այս շրջանը ռազմավարական տեսակէտէ շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ մէկ կողմէն Քարանթինան էր եւ ծովեզերեայ շրջանը, որ տիրապետուած էր այն ժամանակ պաղեստինցիներէ եւ ձախակողմեան ուժերէ, բայց միւս կողմէ` քրիստոնէական շրջանն էր, եւ բնականաբար այդ երկուքին միջեւ բուռն բախումներ պիտի ըլլային, եւ այդ բախումները պիտի պատահէին անխուսափելիօրէն անցնելով այս շրջանէն, անցնելով Նորաշէնէն եւ նաեւ այստեղ այդ բախումները կատարելով: Այդ ռազմավարական նշանակութիւնը պատճառ դարձաւ, որ այս շրջանին մէջ անմիջապէս արդէն ահազանգային դրութիւն ստեղծուի, եւ որովհետեւ արդէն իսկ երկու տարի առաջ իրականութեան մէջ պահակութեան որոշ դրութիւն հաստատուած էր, որովհետեւ երբ որ 1973 թուականին լիբանանեան բանակը պաղեստինեան գաղթակայաններ ռմբակոծեց, արդէն իսկ վախ կար, որ օրին մէկը կրնան գործեր սկսիլ եւ խաւ մը կար ինքնապաշտպանութեան գործերուն:
Պատերազմը ինչո՞ւ սկսաւ, ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ: Այսօր նոյնիսկ դժուար է յստակ կերպով վերլուծել եւ ըսել: Այդ պատերազմը այլազան փոփոխութիւններ կրեց: Սկիզբը պաղեստինցիներուն դէմ էր: Յետոյ պաղեստինցիները իրարու դէմ կռուեցան: Քրիստոնեաները իրարու դէմ կռուեցան: Սիւննիները իրարու դէմ կռուեցան: Շիաները իրարու դէմ կռուեցան: Շիան քրիստոնեային դէմ կռուեցաւ: Այնպիսի խառնիճաղանճ մը ստեղծուեցաւ, որ դժուար էր իրապէս հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ եւ ի՞նչ կը պատահի: Այսպէս կ՛ըլլայ քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին: Այսօր նաեւ այդպէս է Սուրիոյ մէջ: Իրապէս չես հասկնար, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ, ի՞նչ կը պատահի, բայց կ՛երեւի կայ բեմադրիչ մը, որ այդ բոլորը կը խաղցնէ, եւ այդ խեղճ մարդիկը, այդ երիտասարդները, որոնք կը մտնեն այդ պայքարներուն մէջ, զիրենք զոհ կ՛երթան այնպիսի նպատակներու, որոնք իրականութեան մէջ իրենցը չէ, եւ մենք` հայ ժողովուրդը, հայ ժողովուրդին բոլոր հատուածները, բարեբախտաբար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը անմիջապէս ըմբռնեցին եւ հասկցան, որ այս կռիւը, որ այս պատահածը մեզի հետ կապ չունի, մեզ չի շահագրգռեր, մեզ չի հետաքրքրեր:
Բայց մեզ կը շահագրգռէ եւ մեզ կը հետաքրքրէ Լիբանանի միասնականութիւնը, Լիբանանի ապահովութիւնը, լիբանանեան պետականութեան գոյութիւնը: Մեզ կը շահագրգռէ մասնաւորաբար մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, որովհետեւ պատերազմական դրութեան մէջ ամէն տեսակի խմբակներ, գողեր, աւազակներ հրապարակ կ՛իջնեն եւ կրնան վտանգներ ստեղծել, եւ այդ վտանգները կային: Ահաւասիկ ասկէ է որ շատ արագ արդէն 1975 թուականին ապրիլ-մայիս ամիսներուն ծնունդ առաւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը: Մեր 3 կուսակցութիւնները համաձայնեցան, որ դրական չէզոքութիւն պիտի պահեն:
Համաձայնութիւն գոյացնելու համար նախադրեալները կային արդէն, որովհետեւ արդէն Եղեռնի 60-ամեակին առիթով, ճիշդ 1975 թուականին միացեալ յանձնախումբեր կազմուած էին, եւ մթնոլորտը դրական էր այն ժամանակ, եւ այդ դրական մթնոլորտը օգտագործելով` ահաւասիկ մեր ժողովուրդը միասնական կերպով կատարեց իր ինքնապաշտպանութիւնը: Մեր ակումբները ստանձնեցին այդ պայմաններու մէջ շատ յաճախ պետութեան գործառոյթները, որովհետեւ պետութիւնը դժուարացաւ իր պարտականութիւնը կատարել, պետութիւնը չկրցաւ որոշել, թէ ի՛նչ դիրք պիտի բռնէ, որո՞ւ կողքին պիտի ըլլայ, ի՞նչ պիտի ընէ եւ այդ կռիւները չկրցաւ դադրեցնել. ինքն իր մէջ արդէն ներքին բաժանումներ գոյութիւն ունէին, եւ այդ պայմաններուն մէջ կամաց կամաց պետական սպասարկութիւնները, պետական կազմակերպութիւնները թուլցան, հրապարակէն քաշուեցան եւ հրապարակը ձգեցին զանազան կազմակերպութիւններու:
Բնականաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր, որ պիտի ստանձնէր պետութեան բացակայութեան պետական բոլոր գործառութիւնները եւ բոլոր աշխատանքները:
Ժողովուրդը ի՞նչ կ՛ակնկալէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն: Ամէն անգամ որ վտանգ կը ստեղծուի, ամէն անգամ, որ դժուարութիւն կը յառաջանայ, ամէն մարդ կը վազէ Դաշնակցութեան դուռը, եւ մենք կը տեսնենք, որ նոյնիսկ հակառակորդը կու գայ եւ կը պահանջէ, կ՛ուզէ, որ բան մը ընէ Դաշնակցութիւնը. ի՛նքը ղեկավարէ, ի՛նքը կազմակերպէ: Եւ Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ պատրաստակամ է անիկա կատարելու, այդ ակնկալուածը կատարելու. ապահովութիւն` մեր թաղերուն եւ մեր ժողովուրդին, սնունդ եւ ջուր` դժուարութեան մէջ եղողին, քաղաքացիական ծառայութիւն. պատահեցաւ նոյնիսկ, որ մեր տղաքը աղբեր հաւաքեն, հիմա տեսէք այս վիճակը, արդարադատութիւն ապահովել, դատեր տեսնել, խնդիրներ լուծել, քիչ մը ամէն բան: Այն բոլոր բաները, որոնք բնականաբար պետութեան մը պարտականութիւնն են, կառավարութեան մը իրաւասութեան եւ նաեւ պարտաւորութեան մէջ կ՛իյնան: Ուրեմն այդ պայմաններուն մէջն է, որ մեր ակումբները, ինչպէս քիչ առաջ ըսուեցաւ, այստեղ` մրջնոցներ դարձան, ուր մեծը, պզտիկը, երիտասարդը, կինը` բոլորը փորձեցին բան մը ընել եւ աշխատանք մը կատարել:
Այստեղ շատ յատկանշական է, որ մենք ալ, որ երիտասարդ էինք եւ նաեւ որոշ պատասխանատուութիւններ ալ ունէինք, շատ տարօրինակ երեւոյթներ կը պարզուէին, որոնք մեզի համար ալ անակնկալ էին: Երբ որ թաղի մը մէջ, շրջանի մը մէջ անապահովութիւն կը ստեղծուէր, այսինքն կոյր ռմբակոծում մը կը սկսէր, այդ կոյր ռմբակոծման պայմաններուն մէջ, առանց որ մէկու մը բան մը ըսած ըլլաս, յանկարծ մեր ակումբները կը լեցուէին երիտասարդ տղոցմով, որոնք ինքնաբերաբար կու գային բան մը ընելու համար, իրենց ժողովուրդին ծառայութիւն մը մատուցանելու համար: Եւ ասիկա շատ յաճախ պատահած է, որ մէկ անգամէն ակումբը լեցուած է կամաւոր տղոց խումբերով, որոնք երբեմն նաեւ մենք գործի լծելու ալ դժուարութիւն ունեցած ենք:
Դաշնակցական գործին էութիւնը անմիջապէս արդէն մեր ժողովուրդը ըմբռնեց եւ հասկցաւ: Հասկցաւ, որ ատիկա անսակարկ ծառայութիւն է հայ ժողովուրդին եւ այդ անսակարկ ծառայութեան պայմաններուն մէջ Դաշնակցութիւնը վտանգի պահուն, տագնապի պայմաններու մէջ բնական ղեկավար է: Ինքն է տէրը: Իրեն պէտք է դիմեն: Եւ այդպէս իրեն դիմեցին բոլորը: Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, նոյնիսկ` հակառակորդները: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ըսած է, որ ինքը կողմ չէ, կուսակցութիւն է եւ կուսակցութիւն կը նշանակէ կողմ: Սակայն այս կողմը իրականութեան մէջ համայն հայութեան բովանդակ շահերու պաշտպանի դերի մէջ ինքզինքը կը դնէ, ամէն անգամ որ պահանջը կը զգացուի: Ուրիշ խօսքով, Դաշնակցութիւնը ինքզինքը նոյնիսկ պատասխանատու կը համարէ այն մարդոց համար, որոնք առտու իրիկուն իրեն կը հայհոյեն: Անիկա ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Այնքան ատեն որ հայ են, այնքան ատեն որ հայութեան կը պատկանին, անոնց նկատմամբ Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ: Եւ ասոր դիմաց Դաշնակցութիւնը փոխադարձաբար ոչինչ կը պահանջէ: Արժէքներու համակարգին մէջ հայութիւն եւ հայրենիք նախապատիւ են Դաշնակցութենէն, ինչպէս որ Դաշնակցութիւնը ինքը նախապատիւ է անհատ դաշնակցականէն:
Այս քաղաքական հանգանակը զոհաբերութեան հանգանակ է. անհատի զոհաբերութիւնը ի սէր Դաշնակցութեան, Դաշնակցութեան զոհաբերութիւնը ի սէր հայութեան, ուրեմն նաեւ` անհատին` զոհաբերութիւնը ի սէր հայութեան, հայոց հայրենիքին, հայոց պետականութեան: Լիբանանի նկատմամբ եւս մեր սէրը անխարդախ է: Իբրեւ հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ` մենք ամէնէն աւելի կը հասկնանք պետականութեան արժէքը եւ չենք տարուիր զայն ոտնակոխել փորձող բախտախնդիրներու դաւադրութիւններով: Մեր չէզոքութիւնը անտարբերութիւն չէ: Մենք մէկ կողմ չէինք քաշուած: Մենք կ՛ուզէինք տագնապը լուծել` դրական միջոցներով, կողմերու միջեւ կամուրջ հանդիսանալով, ի հարկին նաեւ կռուելով, ինքնապաշտպանութեան դիմելով, եթէ վտանգ սպառնար: Կռիւը դժբախտաբար զոհեր կ՛ենթադրէ, ու մենք եւս տուինք զոհեր: Այս շրջանէն ես 7 հոգիներու անուններ գտայ, որոնք զոհուած են. Սարգիս Ֆուճուրեանը` 22 յուլիս 1976-ին, Յակոբ Պայրագտարեանը` 7 յունիս 1978-ին, Վարդան Ալեմեզեանը` 4 օգոստոս 1976-ին, Մանօ Պոյաճեանը` 14 տարեկան պատանի մը, 7 մայիս 1980-ին Սամիրամիսի դիրքին վրայ, Հրայր Վարդանեանը` 3 յուլիս 1989-ին, Րաֆֆի Զատիկեանը` 31 յուլիս 1989-ին եւ Լեւոն Քէօլէեանը` 23 յուլիս 1976-ին: Ասոնցմէ ոմանք դաշնակցականներ էին, ուրիշներ պատանեկան միութեան անդամ էին, ինչպէս Մանոն էր, ոմանք «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի երիտասարդական միութեան անդամներ էին, ոմանք որեւէ բան չէին, պարզապէս համակիրներ էին, նոյնիսկ համակիր չէին, որովհետեւ ասոնց մէջ 2 հոգի կայ, որոնք ժամանակին լիբանանեան կուսակցութիւններու անդամ եղած էին, լիբանանեան կազմակերպութիւններու անդամ եղած էին, բայց երբ իրենց ժողովուրդը վտանգուած էր, եկեր էին ակումբ եւ ինքզինքնին դրած դաշնակցական կոմիտէի տրամադրութեան տակ: Այն, ինչ որ մեր տղաքը ըրին, Դաշնակցութեան էութեան մաս կը կազմէ, բայց նաեւ այդ նոյն տղաքը հետագային ուրիշ շա՜տ շա՛տ գործեր ըրին: Մօտաւոր անցեալին` երէկ, Ղարաբաղի մէջ նոյն ոճով աշխատեցան եւ գործեցին, իսկ այսօր, վստահ եղէք, հակառակ անոր որ լուրերը ժլատ են, որովհետեւ այդպէս է յարմար, Սուրիոյ մէջ եւս, Հալէպ մասնաւորաբար, մեր տղաքը նոյն ոճով կ՛աշխատին եւ նոյն գործը կը կատարեն: Թոյլ տուէք խօսքիս աւարտին յատուկ կերպով յիշատակելու Սարգիս Ֆուճուրեանը: Ան իմ դասընկերս էր եղած: Մենք նախակրթարանը միասին աւարտած ենք: ՀՄԸՄ-ի մէջ ալ միասին աստիճաններ ունեցած ենք եւ բարձրացեր ենք: Սկաուտ էինք երկուքս ալ, քայլիկ պատասխանատու: Համալսարանական էր Սարգիսը եւ կոմիտէի անդամ: Դաշնակցական մտաւորական մարտիկի եւ ղեկավարի հարազատ տիպար մը ահա, որ իրեն ենթակայ մարտիկներուն գլուխը անցած` անձամբ կը մասնակցի մարտին ու իր նահատակութեամբ քիչ մը աւելի կը հարստացնէ դաշնակցական ֆետայիի, դաշնակցական անձնուրաց մարտիկի առասպելական փառաւոր տիպարը:
Փա՛ռք բոլոր Սարգիսներուն: Փա՛ռք մեր բոլոր նահատակներուն: