ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով կը սկսինք հրատարակել «Ազդակ»-ի յօդուածագիրներէն Աւօ Գաթրճեանի յօդուածաշարքը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի կուսակցութեան 125-ամեայ երթին ընդմէջէն անոր դերն ու արժէքը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ: Ներածական Որեւէ կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ միութիւն ընկերային անհրաժեշտութեան մը արդիւնքն են, որոնք մտայղացումն են կեանքի նպատակը հետապնդող, գաղափարակից քանի մը անհատներու, բայց այդ չի նշանակեր, որ կազմակերպուած կուսակցութիւնները անհատական ստեղծագործութիւններ...

















