Արթուր Ջանիբեկեանի Հիմնադրամը Ֆրեզնոյի Մէջ Գնած Է Սարոյեանի Բնակարանը
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն Ուիլիըմ Սարոյեան շրջան մը ապրած եւ ստեղծագործած էր Ֆրեզնոյի «Քուփըր» միջնակարգին կից գտնուող բնակարանի մը մէջ, W. Griffith Way հասցէին վրայ: Այսօր մեծանուն գրողին տունը կը գտնուի ամայացած ու դատարկուած վիճակի մէջ եւ խնամքի բացակայութեան պատճառով լուրջ վերանորոգման կարիքն ունի: Խորապէս գիտակցելով Սարոյեանի ձգած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութեան, նկատի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը եւ նպատակ ունենալով...




















