Շահէ Գազան լոյսի արուեստագէտ մըն է: Քառասուն տարիներէ ի վեր ան կ՛ուսումնասիրէ լոյսի զանազան արտայայտութիւնները, հակադրութիւնները, անոր փայլքը` գոյներու նրբերանգներով հարուստ նկարչութեան մը ընդմէջէն: Վերացական, բայց երբեք խիստ, Գազանի գործերը կը կապուին 19-րդ դարու գեղանկարիչներուն, որոնք առաջինները ուսումնասիրեցին գոյներու բոլոր կարելիութիւնները:
Իր վերջին գործին ընդմէջէն «Ժենոսիտ», յոգնակի, կատարուած 2015-ին, Գազան կը հաստատէ իր նկարչական կարողութիւնները` մարմնաւորելով մղձաւանջ մը, որ կը փարատի դարմանող եւ կենսատու լոյսի մը շնորհիւ. 2015-ը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Գազան` Լոյսի Արուեստագէտ
Շահէ Գազան ծնած է Պէյրութ, 1948-ին: Ան աշակերտած է կաթողիկէ համայնքի Մխիթարեաններու վանական միաբանութեան, որուն նստավայրը, որ կը գտնուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ, այսօր կը հիւրընկալէ Քազանի վերջին գործը` «Ժենոսիտ»-ը:
Շահէ Գազան կ՛ապրի եւ կ՛աշխատի Փարիզի մէջ: 1989-ին Փասքալ Չաքմաքճեան կը գրէր, թէ Գազանի գործերը` «մեզի կ՛ընծայեն դէպի լոյսի աղբիւր իր ճամբորդութեան ուղեկցելու երջանկութիւնը»: Հարցազրոյցի մը ընթացքին ան խոստովանած է, թէ` «գոյներու խորհուրդին թափանցումը, որ ակներեւ չի կրնար ըլլալ, զինք կը հմայէ»: Ըստ Գազանի, որ նաեւ երաժշտասէր է, «երաժշտութեան նոթերը համազօր են գոյներուն եւ ներդաշնակութիւն մը կը ստեղծուի», որուն արձագանգը ան կը փնտռտէ իր նկարչութեան մէջ:
Արուեստի ազգային բարձրագոյն վարժարանէն վկայուած (ENSBA), 1978-ին վերջնականապէս Փարիզ հաստատուելէ եւ ցեղագիտական-գեղեցկագիտական եւ արուեստի հոլովոյթի մարզերուն մէջ խորացուած ուսումնասիրութեան վկայականը (DEA) ստանալէ ետք, կ՛այցելէ Պրազիլ: Ան Լիբանանը կը ներկայացնէ համաշխարհային տօնավաճառներու. Սան Փաուլոյի, Նիւ Եորքի, ինչպէս նաեւ Ճափոնի մէջ: Ան յաճախակիօրէն կը մասնակցի «Ռէալիթէ նուվէլ» ցուցասրահի ցուցահանդէսներուն:
Փարիզի մէջ ան իր գործերը ցուցադրած է յատկապէս «Տիւ պելէ», «Իվար», «Տիւ քոլոմպիէ» եւ հարաւային Օրլիի օդակայանին ցուսասրահներուն եւ, վերջապէս, Ժան Ֆրանսուա Միէյի ծննդեան յիսնամեակին առթիւ` Պարպիզիոնի մէջ:
Ան նաեւ հանրային եւ անձնական կառոյցները զարդարող խճանկարներու եւ երփնապակիներու հեղինակ է:
«Ժենոսիտ»` Անցեալը Յիշելու
Եւ Ապագան Կառուցելու Համար
Գրեթէ մէկ թափով է, որ Գազան 2015-ի տարեսկիզբին զգաստօրէն կատարած է այս գեղանկարը եւ զայն եղբայրաբար անուանած է «Ժենոսիտ», յոգնակի: 4,10 մեթր երկայնքով, 1,50 մեթր լայնքով այս գեղանկարին ծաւալը կը յիշեցնէ հայ ժողովուրդի տառապանքի երկար ճամբան, որ ան կտրեց 20-րդ դարուն: Ցաւի, բայց նաեւ` յոյսի ճաբայ: Հոս Գազան չի ծածկեր իր խոր զգացումները: Մահէն կեանք, մութէն լոյս` ան մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի աւելի խաղաղ ապագայ մը, որ այլ ցեղասպանութիւններու զոհերը եւս կարելիութիւնը ունին որդեգրելու:
Ինչպէս միշտ, Գազան կը մնայ լոյսի արուեստագէտը: Արուեստի քննադատ Ռոզա Ֆաչարոյի խօսքերը, զորս ան արտասանած է Գազանի առաջին գործերը դիտելով, տակաւին ժամանավրէպ չեն. «Նախատպաւորական մթնոլորտը կը ստեղծուի լաւ աշխատցուած վրձինի հարուածներուն ընդմէջէն, Եւրոպայի մեծ վարպետներու աշխատելաձեւին համաձայն»:
«Ժենոսիտ»-ի ընդմէջէն Գազան մեզի կ՛առաջարկէ նուազ վերացական ընթերցում մը: Յստակ եւ յարկերով դասաւորուած յատակագիծերու շարքը կ՛արտայայտէ տարածութեան սեփականացումը, որուն մէջ ի յայտ կու գան ողբերգութեան կերպարներն ու պատկերները: Վերջապէս, ձախէն աջ դիտելով, կարելի է ըսել, թէ որոշ խաղաղութիւն մը կը հաստատուի: Կայ նաեւ «բազմազգայնութիւն» մը, որ դուրս կու գայ նիւթէն, գոյնէն եւ մանաւանդ լոյսէն` հոս նօսրացող, հոն շողացող: Աւելի լաւ յիշելու, բայց նաեւ` վերածնելու համար:
Վենետիկի Սուրբ Ղազար Վանքը
Այցելուները կը հիւրընկալուին օրը անգամ մը, ժամը 3:30-ին: Անոնք հոն կը գտնեն յատկապէս Լորտ Պայրընի յիշատակը, որ այդ վանքին մէջ որոշ ժամանակ մը մնացած է: Անգլիացի գրագէտը այնքան մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայկական մշակոյթին նկատմամբ, որ կ՛ըսեն, թէ ան վեց ամսուան ընթացքին իւրացուցած է հայոց լեզուն:
Մխիթար Սեբաստացի ծնած է Սեբասատիա, 1676-ին: Մխիթարեաններու միաբանութիւնը հիմնած է Պոլսոյ մէջ, 1701-ին, նախքան Օսմանեան կայսրութենէն փախչիլը: Վենետիկի Հանրապետութենէն Ս. Ղազար կղզին ստանալէ ետք, վանականները կը հետեւին կաթողիկէ համայնքին (règle bénédictrice): Մխիթար կը մահանայ Ս. Ղազար կղզիին մէջ, 1749-ին: Վանքին գրադարանը հայերէն ձեռագիրներով աշխարհի ամէնէն հարուստ գրադարաններէն մէկն է:
Նկարիչ Շահէ Գազանի (Գազանճեան) Եւ
Տիկին Արփիկ Միսաքեանի Նուէրները
Վենետիկի ԹանգարանինՎերջերս վերացապաշտ նկարիչ Շահէ Գազանի (փարիզաբնակ) մեծադիր ստեղծագործութիւն մը, որ ունէր չորս մեթր մեծութիւն, նուիրեց Վենետիկի միաբանութեան:
Նկարը իրագործուած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:
Սոյն նկարը պիտի ցուցադրուի, տիկին Արփիկ Միսաքեանի Փարիզի «Յառաջ» թերթի արշիւային նիւթերուն նուիրատուութեան հետ, Վենետիկի ցուցասրահին մէջ:
Կը շնորահաւորենք Շահէ Գազանն ու տիկին Արփիկ Միսաքեանը իրենց նուիրած արժէքաւոր նուէրներուն առիթով:
MEDZ SHNORHAVORUTIUN ÁIS SKANCHELLÍ VARBED -LUISÍ ARVESDAKEDÍN- SHAHÉ KAZANDJEANÍN, ÍR NEGARCHAGAN GAROJUTIUNNERUN HANTEB, MARMENAVORELUTEAN HAIOTZ TSEGHASBANUTIAN HARIURAMEAGUE.
MEDZ SIROV IEV LAVAKÚIN MAJDANKNEROV ARGENTINAEN