Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Ջանիբեկեանի Հիմնադրամը Ֆրեզնոյի Մէջ Գնած Է Սարոյեանի Բնակարանը

March 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000Saroyan21

20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն Ուիլիըմ Սարոյեան շրջան մը ապրած եւ ստեղծագործած էր Ֆրեզնոյի «Քուփըր» միջնակարգին կից գտնուող բնակարանի մը մէջ, W. Griffith Way հասցէին վրայ: Այսօր մեծանուն գրողին տունը կը գտնուի ամայացած ու դատարկուած վիճակի մէջ եւ խնամքի բացակայութեան պատճառով լուրջ վերանորոգման կարիքն ունի:

Խորապէս գիտակցելով Սարոյեանի ձգած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութեան, նկատի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը եւ նպատակ ունենալով փրկել զայն ոչնչացումէ` անցեալ տարի զայն գնեց Արթուր Ջանիբեկեանի կողմէ ստեղծուած «Մտաւորական զարթօնք» հիմնադրամը, որ վերջին երկու տարիներուն մեծ զարկ տուած է «Ուիքիփիտիա»-ի մէջ հայկական նիւթերու զարգացման եւ նպաստած է հայկական մտաւորական ներուժը միջազգային մակարդակի բարձրացնելու ջանքերուն:

Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ բնակարանը պիտի վերակառուցուի եւ պիտի դառնայ տուն-թանգարան` հանդիսանալով մշակութային օճախ մը ոչ միայն համայն հայութեան, այլ նաեւ` ամբողջ աշխարհին համար: Տուն-թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօներ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ:

Հիմնադրամը կը մշակէ եւ շուտով հանրութեան դատին պիտի յանձնէ տուն-թանգարանի վերակառուցման նախագիծն ու գործունէութեան ծրագիրը: Հիմնադրամին առաջարկ ունեցողները կրնան դիմել [email protected] հասցէին:

Յիշեցնենք, որ Սարոյեանի նշեալ տունը վաճառքի հանուած էր 2015-ի մայիս 4-ին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.