Անդրադարձ

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Քրեմլինի Պալատին Մէջ Հազարաւոր Հիւրեր Մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յատուկ Ծրագիրին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Մոսկուայի Քրեմլինի Մեծ պալատի Գէորգիեւեան դահլիճին մէջ 27 փետրուարին տեղի ունեցաւ «Արմէնիա» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան 10-րդ ամէնամեայ հանդէսը, որուն մասնակցեցան 4500 հիւրեր: Բազմաթիւ հայ աստղեր աւելի քան չորս ժամ տեւողութեամբ հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով եւ երաժշտական կատարումներով, խուռներամ դահլիճի առջեւ: Վալերի Սահարեանի կազմակերպած այս տարուան հանդէսը գնահատանքի արժանացուց 12 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ` Հայոց...

Արձագանգ.  Թաքնուած Հայերը    Եւ Թուրքին  Անթաքոյց  Սարսափը

Արձագանգ. Սփիւռքեան Խնդիրներու Մասին Խորհրդաժողով

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Երեւանի ՀՅԴ երիտասարդականի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ  27-28  փետրուարին  տեղի ունեցաւ երկօրեայ տեւողութեամբ խորհրդաժողով մը `  սփիւռքի ազգային ինքնութեան  հարցերու  քննարկման նուիրուած: Ծաւալուն ու տարողունակ օրակարգ, որուն քննարկումը կատարուեցաւ  վեց ենթաբաժիններով ` իւրաքանչիւրին համար յատկացուած առանձին նիստով: ա . Սփիւռքեան համայնքներու կազմութիւն եւ ազգային ինքնութեան հոլովոյթ, բ . Հայեցի դաստիարակութիւնը 21-րդ դարուն. յամեցող եւ նոր մարտահրաւէրներ, գ ....

Անկրկնելի Հալէպը. Աւանդութիւններ, Զորս Կարօտով Կը Փնտռեմ…

Անկրկնելի Հալէպը. Փառքի Օրերու Հաշուեյարդար Մը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Հնգամեայ պատերազմը իր աւերը գործած է արդէն, երբեմնի փառաւոր օրեր տեսած գաղութի մայրաքաղաք եւ սփիւռքահայութեան առաջին կայան` անկրկնելի Հալէպը տակաւին կ՛ապրի մղձաւանջային օրեր, աւելի քան երեք տարուան պանդխտութեան հեռաւորութենէն, ժամը ժամին կը հետեւինք սրտաճմլիկ դԷպքերու եւ արցունքաբեր տեսարաններու, աննախնթաց միջգաղութային տեղաշարժէ մը յառաջացած` կրթական ամրոցներու ամայացումը կը ցնցէ իւրաքանչիւր հալէպահայու հոգին: Անդին` ձիւնամրրիկէ ետք ծագած նորածին արեւուն ջերմութեան...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Ա.) Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Եւ Իրաւունք

Անկախ սուրիական տագնապի զարգացումներէն` անցնող հինգ տարիներուն երկրի պետական կառոյցներու գոյատեւումը Սուրիոյ պահպանման հիմնական պատուանդանը հանդիսացաւ: Ու թէեւ տուժեց երկրի տնտեսութիւնը, կանգ առաւ յառաջդիմութեան անիւը ընդհանրապէս ու համարեա՛ աւերակ դարձան Սուրիոյ շարք մը քաղաքներ, այնուամենայնիւ պետական կառավարման մեքենան կայուն մնաց: Սուրիական բանակն ու պետութիւնը զուգահեռաբար պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ` կանգուն պահելու Սուրիան: Ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կողքին, Սուրիոյ պետութիւնը տագնապի...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Արձագանգ. Հայ Աւետ. Քոլեճի «Սիփան» Տարեգիրքը (2014-2015 Տարեշրջան)

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատահած է, որ մեր սեղանին ունենանք տարբեր վարժարաններու հրատարակած տարեգիրքեր, որոնք յաճախ մեր ուշադրութիւնը գրաւած են իրենց պարփակած բովանդակութեամբ եւ մատուցման եղանակով: Ընդհանրապէս տարեգիրքը լոյս կը տեսնէ կրթական վերամուտի առիթով, հոն ներկայացուած կ՛ըլլայ ընթացաւարտ տարեշրջանի գործունէութեան ընդհանուր պատկերը: Սակայն միշտ չէ, որ կը հանդիպինք տարեգիրքի մը, որուն էջերուն տեսանելի են հայ վարժարանի առաքելութեան վերապահուած գրեթէ ամբողջական գործունէութեան պատկերներ,...

Բաւ Է Աղաւաղէք Ճշմարտութիւնները, Յարգելի «Հիւրրիէթ»

Բաւ Է Աղաւաղէք Ճշմարտութիւնները, Յարգելի «Հիւրրիէթ»

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Թուրք պետականութիւնը կը մնայ Կէօպելսի վարդապետութեան հարազատ հոգեզաւակը` ստել, ստել եւ ստել... Ապատեղեկատուութիւնը դարձած է պետական գործելաոճ: Ամենասովորական տեղական, շրջանային, միջազգային միջադէպն անգամ իր իւրօրինակ մեկնաբանութիւնը պիտի ունենայ թրքական մամուլի մէջ: Բացառութիւն չեն կազմեր հայրենական եւ համասփիւռքեան զարգացումները: Իւրաքանչիւր առաւօտ, համացանցի շնորհիւ, կը հետեւիմ «աշխարհներու լաւագոյն աշխարհի» նորութիւններուն, յատկապէս` թրքական: Լուրջ տագնապ կ՛ապրի թրքական թերակղզին. Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը...

Թէ Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Նշանակուեցայ  Լիբանանի Մէջ Պետական Երդուեալ Թարգմանիչ

Թէ Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Նշանակուեցայ Լիբանանի Մէջ Պետական Երդուեալ Թարգմանիչ

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ Վաղ պատանեկութեան օրերէս շեշտուած սէր ու հակում կը ցուցաբերէի օտար լեզուներ սորվելու եւ բնագիրներէն ուղղակի անոնց գրականութեան եւ մշակութային գանձերուն բովանդակութիւնը կարդալու նկատմամբ: Եւ սակայն, հակառակ անձնական ներքին նախասիրութեանս, համալսարանական ուսումնառութիւնս ամբողջացուցի մասնագիտանալով տնտեսավարչագիտական եւ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ: Հոս մասնայատուկ կերպով կը փափաքիմ յիշատակել, թէ Հայ ճեմարանի նախախնամական հայաբոյր ու հայագիտական նիւթերու դասաւանդման եւ իւրացման անփոխարինելի մթնոլորտին...

Բարի Մարդիկ

Բարի Մարդիկ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Աշխարհը լի է բարի մարդոցմով, եւ եթէ մենք անդրադառնանք անոնցմէ ոմանց, մեզի թող ներեն միւսները, մեզի ծանօթ կամ անծանօթ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, իրենց կարողութեանց համաձայն, կը փորձեն բարութիւն բաշխել իրենց չորսդին: Այսօր պէտք էր այս սիւնակը մէկ այլ խորագիր ունենար: Սակայն ծրագիրը փոխուեցաւ, երբ խմբագրատուն մտան հայ մայրիկ մը, Մարին ու իր հարսը, եւ...

Խմբագրական.  5 Մարտ 1927 – 5 Մարտ 2016

Խմբագրական. 5 Մարտ 1927 – 5 Մարտ 2016

Այսօր մեր թերթը կ՛ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան 89-ամեակը եւ կը թեւակոխէ յոբելենական տարին: Մինչեւ 5 մարտ 2017, մենք մեր ընթերցողներուն  կը ներկայանանք «Ազդակ»-ի անցած ուղիի կարեւոր հանգրուանները ընդգծող տարբեր ծրագիրներով. արդէն իսկ աւարտական փուլ կը թեւակոխէ «Ազդակ»-ի իննսունամեայ ուղիին յատկացուած յօդուածաշարքը: 80-ամեակի առիթով լոյս տեսած հրատարակութիւններու առ ի լրացում, այս յօդուածաշարքով սփիւռքահայ մամուլ ուսումնասիրող մատենագէտին կը տրամադրուի «Ազդակ»-ի իննսունամեայ պատմութիւնը: Զուգահեռ...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 5. Ուսուցիչներու Եւ Ընդհանրապէս Հայերէն Գրողներու Պատրաստութիւն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Խորագիրին առաջին բաժինը երկար բացատրութեան չի կարօտիր, իսկ երկրորդով նկատի ունինք բոլոր այն անհատները եւ խմբակները, որոնք իրենց մասնագիտական կամ սիրողական ասպարէզներուն մէջ հայերէնը կը գործածեն ամէնօրեայ դրութեամբ: Ասոնց շարքին են` խմբագիրներ, թերթերու եւ մամուլի աշխատակիցներ, տպարաններու, հայկական հաստատութեանց գրասենեակներուն մէջ գործողներ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ... գրագէտներ: Այս հարցը առաւելաբար սփիւռքեան տագնապ է. Հայաստանը նոյնքան սուր հարց չունի, թէեւ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Սփիւռքը Ինքնանպատա՞կ Է, Սփիւռքը Յաւերժակա՞ն Է, Հայ Լեզուն Ինքնութեան Ազդա՞կ Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ - Ադա՛մ,- յանկարծ արթնացաւ Զելդան, շտկուեց նստարանում,- ի՞նչ է վէպիդ նիւթը: - Իմ կեանքը` այլոց կեանքերի հետ խառնուած: - Իսկ ի՞նչ լեզուով ես գրում: - Անգլերէն: - Ինչո՞ւ հայերէն չես գրում: - Հայերէ՞ն: Ո՞ւմ համար: Հայերէն կարդացող չկայ: Շատ հետաքրքրական եմ գտնում հարցումդ: Ինչո՞ւ ես ցանկանում, որ հայերէն գրեմ: - Որովհետեւ Ադամ Նուրեանի մասին միայն հայերէն կարելի է...

Իրան. Վստահութեան Քուէն Արժեւորելու Ժամանակը

Իրան. Վստահութեան Քուէն Արժեւորելու Ժամանակը

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Չափաւորականութեան ոտնաձայնը խորհրդարանում. սա է տպագիր ու ելեկտրոնային գրեթէ բոլոր զանգուածային լրատուամիջոցների արձագանգը` փետրուարի 26-ին կայացած ընտրութիւնների արդիւնքներում: Տուեալների ամփոփումը վկայում է այն մասին, որ 10-րդ գումարման խորհրդարանում ուժերի յարաբերակցութեան էական վերադասաւորման ականատեսն ենք լինելու: Նոր խորհրդարանը մեզ է ներկայանում նոր հանդերձանքով: Մօտաւոր պատկերն այսպիսին է. խորհրդարանական 290 աթոռների 29 տոկոսը բաժին է հասել չափաւորական-բարեփոխական «Յոյս»-ի դաշինքին, 24...

Փետրուարեան Ցուրտ Օր Մը…

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Փետրուարի ամէնէն ցուրտ օրերէն մէկն էր: Ինքնամոռաց կը դիտէի տեղատարափ անձրեւը պատշգամէն: Ակնթարթի մը մէջ փողոցը ամայացաւ, ամէն ոք անկիւն մը քաշուած` կը սպասէր զայրացող երկինքին հանդարտելուն: Ցուիքներէն ջուրը ջրվէժներ կազմած` կը հոսէր փողոց, ուր մայթին հաւասարելով` կը պատրաստուէր այցելել խանութները, որոնց տէրերը սրտապատառ կ՛աղօթէին, որ ջուրը վերջ տար անախորժ խաղին ու հեռանար: Խե՜ղճ ջուր, ճամբայ մըն ալ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

«Ո՛չ Փող Զարկինք, Ո՛չ Արձագանգ Եռնասոյզ…» (Մոսիկ Տէր Կարապետեան Եւ Հրայր Եարտըմեան)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող տարուան ընթացքին լիբանանահայ գաղութէն ներս տեղի ունեցան յիշատակի նախաձեռնութիւններ` ի յիշատակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկած հայորդիներուն: Անոնք իրենց կեանքերը զոհած էին այդ երկրի հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան ի խնդիր: Անոնցմէ շատեր հայկական թաղամասերուն շուրջ տեղի ունեցած բախումներու խրամատներուն մէջ նահատակուեցան: Ուրիշներ առեւանգուեցան կամ թշնամիի դաւադիր գնդակներուն զոհ գացին. շատ ուրիշներ ալ` ռմբակոծումներէն հարուածուած հայաբնակ թաղերուն օգնութեան փութալու...

Յովհաննէս Ադամեանի Յիշատակին

Յովհաննէս Ադամեանի Յիշատակին

«Սարդարապատ» կոմիտէութեան շրջանը ծանր տարի մը թեւակոխեց` իր հաւատաւոր եւ կարգ մը պարագաներու երիտասարդ ընկերներ կորսնցնելով: Ինծի համար շատ դժուար է գրել կամ խօսիլ այն ընկերոջ մասին, զոր փոքր տարիքէս ճանչցած եմ որպէս հօրս խումբի եւ շրջանի սերտ ընկեր, ապա  իրեն հետ միասին եղած ենք նոյն խումբին մէջ, որմէ ետք դարձած ենք առօրեայ իրարու հանդիպող ընկերներ առաւօտ եւ իրիկուն հանդիպելով...

Իր Գիտակցական Կեանքը Հանդիսացաւ Անխա՛խտ Հաւատարմութիւն` Մեր Ազգային Ինքնութեան

Իր Գիտակցական Կեանքը Հանդիսացաւ Անխա՛խտ Հաւատարմութիւն` Մեր Ազգային Ինքնութեան

... Ա՛յն տարիներուն, երբ իր ծննդավայրին` Դամասկոսի Միացեալ վարժարանին մէջ կը ստանար իր նախնական կրթութիւնը, արժանացաւ հայերէն լեզուի դասընթացքներու տիպա՛ր  աշակերտուհի գնահատանքին: Դպրոցի ամավերջի հանդէսին, որպէս խորհրդանշական մրցանակ, իրեն նուիրեցին ապրիլեան Եղեռնի մեր յաւերժայուշ դէմքերուն` Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Երուխանի տպագիր լուսանկարները: Հայերէն լեզուի այս մրցանակը կարեւոր, աւելի ճի՛շդ պիտի ըլլար ըսել հիմնական ազդեցութիւն ունեցաւ արդարատենչ...

Արա Սարգիսեանի Յիշատակին

Արա Սարգիսեանի Յիշատակին

Բառեր չեմ գտներ զգացումներս ու սրտիս արտասովոր ցաւը թուղթին յանձնելու: Արդէն քառասուն օրեր անցան բարեկամ, ընկեր, եղբօր «Կիպրոսէն լուրեր» էջի հիմնադիր Արա Սարգիսեանի այս անգութ աշխարհէն հեռանալէն: Անհաւատալի է եղածը: Արան այնպիսի անձ մըն էր, որ գուրգուրաց բոլորին, մտահոգուցեաւ բոլորով, լացաւ բոլորին հետ եւ ուրախացաւ բոլորին յաջողութիւններով եւ նուաճումներով: Անհուն սէր ունէր իր ընտանիքին, կնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ:...

Նշմար.  Եգէականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի  Ծրագիրն Ու Թուրքիան

Նշմար. Եգէականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրն Ու Թուրքիան

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները 11 փետրուարին ազդանշանը տուին Եգէական ծովուն մէջ գաղթականները ապօրինի կերպով Եւրոպա տեղափոխողներուն դէմ գործողութիւններուն: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ծրագիրի նախաձեռնութեան միացած են Յունաստանն ու Թուրքիան: Գործողութեան ղեկավարութիւնը վստահուած է Գերմանիոյ` հաւանաբար «թշնամի դաշնակիցներ» Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող զգայնութիւններուն պատճառով: ԱՖՓ հաղորդեց, որ Թուրքիա կը մերժէ ՕԹԱՆ-ի նաւերուն արտօնել իր ջրային տարածք...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին  Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 4. Դիւրին Կիրարկելի Եւ Գործնական Միջոցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արագօրէն զարգացող արդի արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները բնականաբար լայն հորիզոններ կը բանան հայերէնի պահպանման ծրագիրներուն դիմաց` ծառայելով մայրենիին հաճելի եւ գրաւիչ կերպով մատուցման: Պէտք է ընդունիլ, որ արհեստագիտութիւնը միշտ ալ լաւ օգնական եղած է հայ (նաեւ բոլոր) դաստիարակներուն, դպրոցէն ներս թէ այլապէս. բարեբախտաբար, ներկայիս, գիտական նորութիւնները` համակարգիչ կոչուող հրաշալիքին գործիքները դարձած են համեմատաբար աւելի մատչելի ու տարածք կը գտնեն...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Խորքային Փաստաթուղթ ՀՀԿ-ՀՅԴ Համագործակցութեան Համաձայնագիրին Մասին

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Դաշնակցութեան համախոհական դաշինքը պր. նախագահի կուսակցութեան հետ տրամաբանական շարունակութիւնն է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի 8 նոյեմբեր  2012-ին հրապարակուած յայտարարութեան, որով յստակացուած են մեր կուսակցութեան առաջադրութիւնները երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ կեանքի կոչելու: Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ օրերուն Դաշնակցութիւնը յատուկ ճիգ ըրաւ արմատական փոփոխութիւններու իր ծրագիրը հետապնդելու ընդդիմութեան իսկ հաւաքական դիրքերէն` առանց սակայն շօշափելի արդիւնքի հասնելու: Այս փաստը պէտք...

Page 716 of 806 1 … 715 716 717 … 806

Արխիւներ