Բարի Լոյս 20. Հայ Դպրոցը` Ի Պատուի
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Շաբաթ երեկոյեան, Այնճարի ժողովուրդը համախմբուած էր իր ազգային վարժարանին շուրջ: Վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակի նշումներու մեկնարկը կը կատարուէր խուռներամ բազմութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ: Անցնող երեք տարիներուն, Այնճար հայաւանը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը մտահոգեց հայաւանի բնակիչները եւ ընդհանրապէս բովանդակ լիբանանահայութիւնը: Այսուհանդերձ, այնճարցին անգամ մը եւս պատուով ստանձնեց այդ կացութեան պատասխանատուութիւնը` հաստատակամօրէն եւ քաջութեամբ: Այսօր, բարեբախտաբար համեմատական...




















