Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Խոստովանութիւն

March 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_030116

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը 25 փետրուարին ազատ արձակեց թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարը եւ օրաթերթի Անգարայի գրասենեակի ղեկավար Էրտեմ Կիւլը, որոնք 2015-ին թերթին մէջ փաստաթուղթեր հրապարակած էին յունուար 2014-ին ոստիկանութեան կողմէ կանգնեցուած, Թուրքիայէն Սուրիա զէնք-զինամթերք փոխադրող բեռնատարերուն վերաբերեալ: Օրին դէպքին առնչակից ոստիկանները պաշտօնէ վտարուած էին: 28 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Վճիռին նկատմամբ յարգանք չունիմ: Զայն պիտի չյարգեմ»: Ան նշեց, որ երկու լրագրողներուն կատարածը «մամլոյ ազատութեան հետ որեւէ կապ չունի», այլ` լրտեսութեան:

Երկրի մը բնակիչներուն համար իրապէս մտահոգիչ պէտք է ըլլայ, երբ իրենց երկրին նախագահը հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ Սահմանադրական դատարանին վճիռին նկատմամբ յարգանք չունի եւ զայն պիտի չյարգէ, մանաւանդ երբ նշեալ նախագահը աշխատանք կը տանի երկրին մէջ կառավարման նախագահական համակարգ հաստատելու: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ նախագահ մը բնականաբար իրաւունք ունի վճիռին նկատմամբ տարակարծիք ըլլալու: Ասիկա անոր անձնական կարծիքն է, սակայն այդ տարակարծութիւնը հրապարակաւ արտայայտելու պարագային բնականաբար պիտի վերածուէր նախագահի կարծիքի եւ ընդվզում յառաջացնելով «ամբարտաւան» նախագահը թիրախ պիտի դարձնէր բուռն քննադատութեանց: Ան այդ գայթակղութեան համար քաղաքական սուղ գին պիտի վճարէր եւ անոր կուսակիցները անկէ պիտի հեռանային, ինչպէս առնէտները` ընկղմող նաւէն: Թուրքիոյ մէջ, սակայն, Էրտողանի կուսակիցները ոչ միայն անոր կեցուածքը պաշտպանեցին, այլ` խորհրդարանին մէջ յարձակում գործեցին անոր այդ կեցուածքը քննադատող ընդդիմադիր երեսփոխաններուն դէմ:

Ուշադրութեան արժանի է այն երեւոյթը, որ «Ճումհուրիյէթ»-ի աւագ խմբագիրն ու լրագրողը կ՛ամբաստանուին «լրտեսութեամբ», այսինքն` պետական գաղտնիքներու բացայայտումով: Այդ ամբաստանութիւնը խորքին մէջ խոստովանութիւն մըն է, թէ թրքական պետութիւնը մեղսակից է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու զէնքի մատակարարման: Այլապէս ամբաստանութիւնը պիտի ըլլար «կեղծ փաստաթուղթերու հրապարակում» եւ «պետութեան աղարտում»: «Լրտեսութեան» ամբաստանութիւնը կու գայ վերահաստատելու բոլորին ծանօթ եւ յաճախ հնչող ամբաստանութիւնը` ուղղուած թրքական իշխանութիւններուն, որոնք զայն կտրուկ կերպով կը մերժէին, սակայն ահա զայն կը խոստովանին դատական իշխանութեան եւ երկրի նախագահին մակարդակով:

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Ռուսական Օդանաւի Ջախջախումէն Ետք. Եգիպտոսի Զբօսաշրջութեան Մարզը Շուրջ 1,3 Միլիառ Տոլարի Վնաս Կրած Է

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.