ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
2 ապրիլ 2016-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը, դժբախտաբար, «անակնկալ» որակումով բնորոշուեցաւ շատերու կողմէ: Բոլորս գիտէինք, որ Ազրպէյճան անհամեմատ քանակով զէնք կը գնէր Ռուսիայէն` շուրջ 16 միլիառ տոլար արժողութեամբ, Իսրայէլէն` շուրջ 5 միլիառ արժողութեամբ, դառնալով Ասիոյ մէջ Իսրայէլի երկրորդ մեծ յաճախորդը, իսկ Թուրքիայէն` չբացայայտուած քանակով:
Ազրպէյճանական «Իլիուշին 76» տիպի բեռնատար օդանաւը երկու անգամ վայրէջք կատարած է Իսրայէլ` ապրիլի 4-ին եւ ապրիլի 6-ին, ըստ համացանցի թռիչքներու կայքին: Օդանաւը` AZAF8 անցած է Թուրքիոյ, ապա Կիպրոսի վրայէն եւ մտած է իսրայէլեան օդային տարածք` իջնելով Ուվտայի զինուորական խարիսխ: Ապրիլի 10-ին Հայաստան Իսրայէլի դէմ բողոք ներկայացուցած է` Ազրպէյճանին անօդաչու «անձնասպանական» ռումբ-թռչող սարքեր տրամադրելուն համար (1):
Բոլորիս համար` զինամթերք վաճառողներուն ու պարզ ժողովուրդին, յստակ էր, որ այդ զինատեսակները պիտի գործածուին Արցախի ու Հայաստանի դէմ, ոչ թէ` Ազրպէյճանի միւս հարեւաններէն Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, կամ` առ այժմ Իրանի ու Վրաստանի դէմ: Բայց` որո՞ւ հոգը, «առեւտուր է սա»… Մինչ Ազրպէյճանի ղեկավարները անդադար ռազմաշունչ ճառեր կ՛արտասանէին եւ վերջին տարիներուն անդադար փորձեր կը կատարէին` «փոքր» յարձակումներ կատարելով Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ, զոհեր խլելով խաղաղ բնակիչներու եւ բանակայիններու շարքերէն:
Սակայն այս պատերազմի նախօրեակին, ամիսներով, վերլուծաբաններ ու քաղաքական յայտնի դէմքեր, ակնարկելով Ազրպէյճանի անհամեմատօրէն զինուելուն, դժբախտաբար, ընդհանրապէս այսպիսի պատերազմ մը բոլորովին անհաւանական կը նկատէին` հիմնուելով այն թիւր կարծիքին վրայ, թէ` «Շրջանային եւ միջազգային լարուած իրավիճակը չ՛արտօներ նոր տագնապի մը բռնկում Կովկասի մէջ»… Կարծէք թէ Ազրպէյճան արտօնութիւն պիտի խնդրէր ոեւէ մէկէն, թէեւ ան ունէր Թուրքիոյ (եւ հաւանաբար` ուրիշներու, ինչպէս Իսրայէլ) անվերապահ ու բացայայտ զօրակցութիւնը: Մինչ քիչեր կ՛ըսէին, թէ այսպիսի «խենթութիւն» կարելի էր ակնկալել:
Բայց ինչո՞ւ Ազրպէյճան որոշած է, ու կը համարձակի զէնքի ուժով վերստին բռնագրաւել Արցախը, քանի որ Արցախը, մասամբ ազատագրելու հայ ժողովուրդին զինուորական յաղթանակէն ետք, օրուան վարչակազմը իր աններելի, անարդարանալի, թոյլ ու կարծէք պարտուողի սխալ վարքագիծով յոյսեր շնորհեց պարտուած Ազրպէյճանին, թէ` տարածքներ պիտի վերադարձնէ… բանակցութեան ճամբով:
Թէեւ հայ ժողովուրդը մասամբ տապալեց այդ վարչակազմը, սակայն յաջորդող վարչակազմերը, այդ բանակցային հոլովոյթի կատարուած իրողութեան ծուղակին մէջ շարունակեցին տապլտկիլ: Այս մասին երբեւիցէ հայկական «միասնութեան» կարծիքը առնուեցա՞ւ… Ո՛չ, բնա՛ւ: Վերադարձանք դրամահաւաքի ու նուիրատուութեան անխուսափելի յանկերգին…
Իւրաքանչիւր «բանակցութենէ» ետք հայկական կողմը միայն կը հերքէ ազրպէյճանական յայտարարութիւնները, բայց հայ ժողովուրդը տեղեակ չի պահեր, թէ իրականութիւնը ի՛նչ է: Այս հերքումներու շարանը իշխանաւորներուն հանդէպ վստահութեան սահմանը հատած է արդէն: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս կացութիւնը:
Նազարէթ Պէրպէրեան «Ասպարէզ»-ի 24 յունիս 2016-ի ««Պալատակա՞ն», թէ՞ «մարտական»… հաշուեյարդար» (2) յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Բացի պետական լծակներուն տէր եղող իշխանաւոր փոքրամասնութենէն, բոլորս ալ կը խարխափենք անտեղեակութեան եւ ապատեղեկատուութեան մութին մէջ… Ո՛չ «իրաւական պետութեան» հանդէպ յարգանք կայ, ո՛չ ալ ժողովուրդին հաշիւ տալու հրամայականին արժէք տուող կայ»… «Եթէ արտաքին ուժեր վճռած են իրենց յարմար դատած եղանակով Հայաստանի ու հայութեան պարտադրել իրենց նախասիրած քարտէսն ու քաղաքական լուծումը, գոնէ իբրեւ այս պետութեան պահապանն ու պաշտպանը` մեր ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, թէ ի՞նչ ապագայ կը պատրաստուի ու կը պարտադրուի իր գալիք սերունդներուն»: Եւ կ՛եզրակացնէ. «Սեփական ժողովուրդէն դուրս չկան ուժի յենարան եւ դիմադրականութեան երաշխիք: Հաշիւ տուէք եւ ոչ թէ պալատական կամ մարտական հաշուեյարդարներով մսխէք Հայաստանի եւ հայութեան բաժին ինկած ամբողջական վերականգնումի եւ ինքնահաստատման պատմական բացառիկ պահը»:
Ներկայիս Ազրպէյճանի նախայարձակ պատերազմը եւ անոր կատարած հրէշային վայրագութիւնները ոսկի առիթ են այդ բանակցային հոլովոյթի կանոնները եւ ցարդ կատարուած «զիջումները» (շատ հաւանաբար կան) ջնջելու եւ միայն ու միայն ամէն գնով պահանջելու յաւելեալ ապահովութեան գօտիներ` Արցախի ու Հայաստանի այժմու սահմաններուն շուրջ` պաշտպանուելու համար Ազրպէյճանի ատելավառ ցեղասպան մոլուցքէն, եւ վե՛րջ: Փաստօրէն, քանի մը «աննշան» որակուող պաշտպանութեան դիրքերու կորուստին պատճառով Թալիշը եւ Մատաղիսը ասկէ ետք մնայուն վտանգի տակ են:
Հարցումներ. ինչո՞ւ նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնուող Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ ու Խրիմի պարագաներուն «Մինսքի խմբակներ» չկազմուեցան… Ինչո՞ւ Քոսովոյի պարագային «միջազգային ընտանիքը», շարք մը բացառութիւններով, ճանչցաւ անոր անկախութիւնը... Քանի որ օտար ուժեր մասնակից էին անոնց պարագային: Մինչ Արցախի պարագային, համազգային, զուտ հայկական ազատագրական պայքար էր ցեղասպանութիւն գործող Ազրպէյճանի դէմ եւ սրբագրելու խորհրդային վարչակարգին հայկական տարածքներու բռնազբօսիկ բաշխումը Ազրպէյճանին, Թուրքիոյ ու Վրաստանին:
Իսրայէլ բացայայտօրէն թէ՛ զինուորական ներկայութիւն է Վրաստանի ու Ազրպէյճանի մէջ` խորհրդատուներով եւ մասնագէտներով, թէ՛ ալ` արդիական զինամթերք հայթայթող: Իսրայէլի հետախուզութեան բաժանմունքը` Մոսատ, իր մեծ կեդրոնով ազատօրէն գործունէութիւն կը ծաւալէ Ազրպէյճանի մէջ: Այս պատերազմէն միայն երկու օր առաջ Իսրայէլ լէյզըր ճառագայթով ուղղուող հակահրասայլային արդիական հրթիռներ յանձնեց Ազրպէյճանին: (Տե՛ս «Նիւզ Ամ», 9 ապրիլ 2016) «Մարտի 31-ին Իսրայէլը Ազրպէյճանին է տրամադրել իր հակաթանկային լազերային հրթիռները» (3): Շատ հաւանաբար իսրայէլացի մասնագէտներ մասնակցած են հայկական 14 հրասայլեր կործանելուն, վկայ` պատերազմէն մի՛այն երկու օր առաջ հասած այս արդիական հրթիռները: Ինչպէս նաեւ հաւանաբար մասնակցած էին իրենց վաճառած անօդաչու սարքերով յարձակումներուն:
Ինչո՞ւ Իսրայէլ բացայայտ ներկայութիւն է Ազրպէյճանի մէջ, քանի որ Իսրայէլ յայտարարած է, որ իր թիւ մէկ թշնամին լիբանանեան Դիմադրութիւնն է եւ անոր դաշնակից Իրանը, եւ փոխադարձաբար, Իրանի ու Հըզպալլայի թիւ մէկ թշնամին Իսրայէլն է: Չմոռնանք, որ Իսրայէլ որքան փորձեց «ճնշում» բանեցնել Ամերիկայի վրայ` ռմբակոծելու համար Իրանը եւ անոր հիւլէական կայանները: Ազրպէյճան 756 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունի Իրանի հետ, մինչ Թեհրանը միայն 400 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է Ազրպէյճանի սահմանէն…: Իսրայէլ քանիցս յոխորտացած էր, որ եթէ Ամերիկա չռմբակոծէ Իրանը, ինք պիտի ռմբակոծէ: Յատկանշական է, որ Իսրայէլ իր քարիւղի պահանջին 40 տոկոսը Ազրպէյճանէն կը ներածէ:
Իլհամ Ալիեւ, Ուիքիլիքսի բացայայտումով, ամերիկեան դեսպանատան մէջ ըսած է. «Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի երկկողմանի յարաբերութիւնները նման են ծփացող սառոյցի, որուն 90 տոկոսը մակերեսին տակ է»…
Իսկ ամենավտանգաւորը` իսրայէլեան ԼԱՌ-160 եւ ռուսական «Սմերչ» տիպի տարանջատուող հրթիռներ (cluster bomb) գործածուեցան այս պատերազմին, որոնց իւրաքանչիւրին` հարիւրաւոր ականներու մահասփիւռ ազդեցութիւնը կը մնայ երկար տարիներ, մահացու կամ հաշմանդամ զոհեր խլելով հողագործներէն, քաղաքացիներէն ու մանուկներէն:
Ռազմ.Ինֆօ 13 յունիս 2016-ին կը յայտնէ. «Ապրիլի մարտերից յետոյ չպայթած զինամթերքից առաջնահերթ մաքրւում են Արցախի գիւղական տարածքները»: «Այս տիպի քասեթային ռումբերը վտանգաւոր են նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ ունեն գունաւոր ժապաւէններ, որոնք գրաւիչ են առաջին հերթին երեխաների համար», նշած է ՀԱԼՕ Թրասթի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ «Սմերչ»-ի գործածութեան կողքին, նաեւ գործածուած է իսրայէլեան ԼԱՌ-160-ը: «Այս ժապաւէնով ականները այստեղ են հասնում իսրայէլեան ԼԱՌ-160 («Կրատ»-ի համարժէք) հրթիռներով, իւրաքանչիւր հրթիռ 104 նման ական է բերում… Սա պայթուցիկ բեկորային հրթիռ է, տեղեկութիւն ունենք, որ Մարտակերտի ուղղութեամբ մի քանի հարիւր նման հրթիռ են կրակել» (4):
Իսրայէլ 2006-ին հարաւային Լիբանանի վրայ շուրջ 1800 ոճրային մահասփիւռ տարանջատուող հրթիռներ արձակեց, որոնք շուրջ մէկ միլիոն 200 հազար փոքր ռումբերով ողողեցին գիւղերը եւ դաշտերը, որոնց պատճառով հարիւրաւոր լիբանանցիներ մինչեւ այսօր, տասը տարիներ ետք, իրենց կեանքը կը կորսնցնեն կամ հաշմանդամ կը դառնան (5):
2000 թուականէն սկսեալ ՀԱԼՕ Թրասթ ականազերծման մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւնը, որ արդէն ականազերծում կը կատարէր Արցախի մէջ, սկսաւ ականազերծման նոր առաքելութեան` յայտնաբերելու եւ վնասազերծելու հաւանաբար շուրջ 20 հազարի հասնող այս փոքր ականները (6):
Վիեթնամի պատերազմէն ի վեր քանիցս միջազգային փորձ կատարուած է զանգուածային բնաջնջման այս ոճրային զինամթերքի գործածութիւնը արգիլելու, ու վերջապէս 2008 մայիսին Տապլինի մէջ որոշում կայացնելէ ետք, 2008-ի դեկտեմբերին Օսլոյի մէջ կը հաստատուի պայմանագիրը, որ ուժի մէջ կը մտնէ օգոստոս 2010-ին: Մինչեւ ապրիլ 2016 108 երկիրներ ստորագրած են զայն: Հայաստան, Ազրպէյճան, Իսրայէլ, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ պայմանագիրը տակաւին չընդունողներու շարքին են (7):
Այս պատերազմին մեղսակցութեան իսրայէլեան գործօնը աւելի եւս հաստատուեցաւ, երբ Իսրայէլի խորհրդարանի անդամներ ու յօդուածագիրներ կոչ ուղղեցին որոշ տեսակի զինամթերք չյանձնել Ազրպէյճանին: Յստակ է, որ այս պատերազմի ակնյայտ կողմերու շարքին` Արցախ, Հայաստան, Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա, պէտք է աւելցնել Իսրայէլը եւ Իրանը` իբրեւ լուրջ հակադիր ու առնչուող կողմեր:
Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութիւն լոզունգին պէտք է տալ իրական ու գործնական իմաստ, քանի որ այս երրորդութիւնը կտրականապէս կը մերժէ՛ որեւէ զիջում: Արեան գնով մասամբ ազատագրուած մեր հողերը երբե՛ք սակարկութեան ու բանակցութեան նիւթ չե՛ն կրնար ըլլալ:
28 յունիս 2016
(1) ( http://www.haaretz.com/israel-news/.premium-1.715293)
(2) ( http://asbarez.com/arm/257450/ )
(3) ( http://news.am/arm/news/321409.html )
(4) ( http://razm.info/84503#more-84503 )
(6) ( https://www.halotrust.org/media-centre/news/halo-begins-emergency-clearance-in-karabakh/ )
(7) (https://en.wikipedia.org/wiki/Convention_on_Cluster_Munitions )