Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Յուլիս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մինչ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր` Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր պատմական «ուխտագնացութեան» առիթով, սակայն մարդոց մեծ մասը տեղեակ չէր Վատիկանի քուլիսներու ետին մինչեւ անոր այցելութիւնը ծաւալած քննարկումներուն մասին, կապուած` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:

Հռոմի պապի երկակի դերը` իբրեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ եւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, երբեմն խնդիրներ կը ստեղծէ Սուրբ Աթոռի պատերէն ներս եւ անոր սահմաններէն դուրս, այնպէս` ինչպէս տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, Հռոմի պապի Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ:

Երկարատեւ նախապատրաստութիւններէ եւ ներքին քննարկումներէ ետք, Հռոմի պապը 24 յունիսին ժամանեց Հայաստան, պատրաստ` հանդէս գալու շարք մը քարոզներով  եւ ելոյթներով, իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին: Զարմանալի էր, որ անոր պատրաստած ելոյթներէն ոչ մէկը կը բովանդակէր «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը, սակայն կային բազմաթիւ վկայակոչումներ` «ողբերգութեան, կոտորածի, սարսափելի փորձութեան եւ անսահման տառապանքի» վերաբերեալ: Անոր քարոզներուն մէջ բազմիցս գործածուած է «Մեծ եղեռն»  հայերէն եզրոյթը, որ «մեծ ոճիրի» փոխարէն` Վատիկանի կողմէ սխալմամբ թարգմանուած է իբրեւ «մեծ չարիք»: Եզրաբանութեան մէջ փոփոխութեան առաջին նշումը յայտնի դարձաւ մինչ Հռոմի պապի հովուական այցելութիւնը հայ ժողովուրդին յղուած տեսաուղերձին մէջ, ուր չէր յիշատակուեր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հետագային, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած այցելութեան ընթացքին քահանայապետը հիւրերու գիրքին մէջ եւս չգրեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը` արտագրելով նախապատրաստուած բնագիրը…

Կրնայ երկու պատճառ ըլլալ, թէ ինչո՛ւ կը խուսափէին գործածելէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը.

1) Քանի որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը անցեալ տարուան ապրիլին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցած պատարագի ժամանակ արդէն հաստատուեր էր Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ, ապա Վատիկանի պաշտօնեաները որոշեր էին հանդէս գալ «խաղաղութեան եւ հաշտեցման» նոր ուղերձով մը:

2) Քահանայապետի արտաքին քաղաքականութեան խորհրդականները կրնայ ըլլալ որ դժկամօրէն վերաբերած էին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մէկ անգամ եւս բարձրացնելուն` թրքական կառավարութեան անցեալ տարուան կտրուկ արձագանգէն եւ Վատիկանէն թուրք դեսպանը 10 ամիսով յետս կոչուելէ ետք:

Սակայն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը զարմացուց բոլորը, երբ Երեւանի` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, 24 յունիսին արտասանած իր ելոյթին ընթացքին շեղեցաւ  նախապատրաստուած եւ լրատուական միջոցներուն արդէն բաժնուած բնագրէն` աւելցնելով «ցեղասպանութիւն» բառը: Ահա թէ ի՛նչ ըսաւ Հռոմի պապը` յիշելով իր աւելի վաղ` 2015 թուականի ապրիլի 12-ի քարոզը. «Այդ առիթով յիշատակուեցաւ 100-րդ տարելիցը Մեծ եղեռնի, «Մեծ չարիքը», որ հարուածեց ձեր ժողովուրդը եւ անթիւ անհամար զոհերու պատճառ դարձաւ:  Ցաւօք, այդ ողբերգութիւնը, այդ ցեղասպանութիւնը,  գլխաւորեց տխուր ցուցակը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու, որոնք իրականացան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլորեցնող շարժառիթներով, որոնք եւ մթագնեցին միտքը մարդասպաններու, որոնք նպատակադրեցին ոչնչացնել մինչեւ իսկ ամբողջ ժողովուրդներ»:

Նոյն օրը, աւելի ուշ, Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմփարտի բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը շեղած է իր պատրաստած բնագրէն. «Պապը կ՛ըսէ այն, ինչ յարմար կը գտնէ, եւ ոչ ոք կ՛որոշէ, թէ քահանայապետը ի՛նչ պէտք է ըսէ: Հռոմի պապը Հայաստան այցելութեան ընթացքին «ցեղասպանութիւն» բառը չօգտագործելու որեւէ պատճառ չունէր: Իրականութիւնը յստակ է, եւ մենք երբեք զայն չենք ժխտեր»:

Ելոյթի մը մէջ պապի օգտագործած այդ միակ բառը չվրիպեցաւ թրքական իշխանութիւններու ուշադրութենէն: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուրէտտին Չանըքլի իր արձագանգին մէջ մեղադրեց պապը` «խաչակրաց մտածելակերպ» ցուցաբերելուն մէջ: Չանըքլի դարձեալ կրկնեց թրքական սովորական կեղծիքները Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հռոմի պապի մամուլի քարտուղար Լոմփարտի մերժեց փոխվարչապետին քննադատութիւնը` նշելով, որ «Հռոմի պապը խաչակրաց արշաւանքի չէ ելած: Ան ոչ մէկ բառ ըսած է թուրք ժողովուրդին դէմ»:

Հրաժարելով խոնարհիլ թրքական ճնշման տակ` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ 26 յունիս 2016-ին ստորագրեց «Համատեղ հռչակագիր», որ կը վկայակոչէր Վատիկանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան աւելի կանուխ ճանաչումը. Ֆրանչիսկոս պապի 12 ապրիլ 2015-ի հանդիսաւոր պատարագը եւ 27 սեպտեմբեր 2001-ին Գարեգին Բ.-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին միջեւ ստորագրուած  «Համատեղ յայտարարութիւնը»: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւս մէկ «համատեղ պաշտօնական հաղորդագրութիւն» ստորագրուած է 29 նոյեմբեր 2000-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին եւ Գարեգին Բ.-ի կողմէ:

Յունիս 26-ին Հռոմ վերադարձի ճանապարհին «Ֆրանս փրես» լրատուական գործակալութեան լրագրողը հարցուց Հռոմի պապին, թէ ինչո՞ւ ան Երեւանի մէջ որոշեց իր ելոյթին աւելցնել «ցեղասպանութիւն» բառը: Պապը մանրամասն բացատրեց, որ «ցեղասպանութիւն»-ը միակ բառն է, որուն ազդեցութեան տակ ինք հասակ նետած է` հայերու զանգուածային սպանութիւնները նկարագրելու պարագային: Պապը նշեց նաեւ դէպի Ազրպէյճան եւ Վրաստան կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութիւններուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 30-էն մինչեւ հոկտեմբեր 2:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը դէպի Հայաստան իր «ուխտագնացութեան» մօտեցաւ առաւելագոյն ազնուութեամբ եւ իր սրտի խօսքը ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` անտեսելով իր խորհրդականներուն եւ ճառ գրողներուն քաղաքական հաշուարկները: Ան նախընտրեց ինքզինք դրսեւորել իբրեւ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառայ, այլ ոչ թէ` խորամանկ քաղաքական գործիչ…

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Պապի Հայաստան Կատարած Այցելութեան Առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Երկիրներէն Հայրենիք Ժամանած Պատանիները

Յաջորդը

Արցախի Շուրջ` Մտահոգիչ Զարգացումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?