Անդրադարձ

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Եկաւ, Տեսաւ… Եւ Մեզ Հմայեց

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Միտքս պարզեմ: Քաջատեղեակ էք, շատ հաւանաբար` այո՛, թէ յունիս 24-ին, եռօրեայ իր այցելութեամբ, Հայաստան եկաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ, հոգեւոր առաջնորդ եւ Վատիկան պետութեան ղեկավար Ֆրանչիսկոս պապը: Հովուապետական այս աննախընթաց այցելութեան երեք օրերու ընթացքին հաւանաբար ինծի նման շատեր ալ կապուած ու նոյնիսկ գամուած մնացին հայկական եւ քիչ մըն ալ տեղական հեռատեսիլի կայաններուն դիմաց, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւէին Հայաստան` «Առաջին...

Հռոմի Պապի Այցը Որեւէ Բան Կը Փոխի՞ Մեր Հոգիներում

Հռոմի Պապի Այցը Որեւէ Բան Կը Փոխի՞ Մեր Հոգիներում

ԱՆԱՆԻԱ ՄԱՂԱՔԵԱՆ Արդեօք Հռոմի պապի այցը որեւէ բան կը փոխի՞ մեր հոգիներում... Հարց, որի պատասխանից է կախուած` բովանդակային իմաստով արդեօ՞ք արդարացուած էր Հռոմի պապի այցը Հայաստան, թէ այն ընդամէնը մի մեծ ներկայացում էր, որը երեք օր շարունակ բեմադրուեց Հայաստանում (ի նկատի ունեմ զուտ իշխանութիւնների եւ ժողովրդի ընկալումը): Իրականում աւելորդ է խօսել, թէ ինչպիսի անասելի մեծ նշանակութիւն ունի Հռոմի սրբազան քահանայապետ...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին  Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

Օֆելիա Համբարձումեանով Ժողովրդային Երգիչներու Դարաշրջան Մը Փակուեցաւ, Աւանդը Մնաց

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յունիսին կէսերուն Հայաստան, հայ ժողովուրդն ու հայ երգը հրաժեշտ տուին մեծ արուեստագիտուհիի մը` երգչուհի եւ երգիչներու դաստիարակ Օֆելիա Համբարձումեանին, որուն մեկնումով մեր ժողովրդական երգի պատմութեան մէջ  դարաշրջան մը վերջ գտաւ: Օֆելիա Համբարձումեան վերջինն էր երգիչներու հոյլի մը, որ մեր երգի երկնակամարին վրայ փայլեցաւ 50-ական տարիներէն սկսեալ, նոր որակ ու մակարդակ ներարկեց ժողովրդական երգին ու ճամբայ հարթեց նոյնքան որակաւոր...

Միջազգային Պաքալորէա Լիբանանցի Աշակերտներու Համար Հայաստանի Մէջ

Միջազգային Պաքալորէա Լիբանանցի Աշակերտներու Համար Հայաստանի Մէջ

ԱՐԶԷ ՆԱԽԼԷ ԵՒ ՔԱՐՄԵՆ ԼԱՊԱՔԻ Արտասահման Ուսանիլ «Եունայթըտ ուորլտ քալըճըզ» շարժումը (UWC) Դիլիջանի մէջ միջազգային պաքալորէա կ՛առաջարկէ տարբեր ազգութիւններէ ուսանողներու, որոնք միասին կ'ապրին նոյն շրջափակին մէջ: Դիլիջանի UWC-ն, որ 2014-ին բացուած է,  «Այտիա» (IDeA - Ideas for Development of Armenia) մարդասիրական հաստատութեան ծրագիրներէն մէկն է, որուն հիմնադիրներն են Ռուբէն Վարդանեան եւ իր կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ: 1962-ին հիմնադրուած UWC-ի կրթական համակարգը...

Խմբագրական.   Բացակայող Թիւեր

Խմբագրական. Բացակայող Թիւեր

Իրենց աւարտին կը հասնին Լիբանանի տարածքին գործող հայկական յարանուանական եւ միութենական վարժարաններու ամավերջի հանդէսները: Հանդէսները անշուշտ նախ եւ առաջ տօնական պահեր են աւարտող աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ առհասարակ կրթական պատասխանատու մարմիններուն համար: Բնականաբար նաեւ տարուան մը աշխատանքի հանրագումարը ժողովուրդին ներկայացնելու, յաջողութիւնները ընդգծելու եւ անդրադառնալու նաեւ դժուարութիւններուն, որոնց յաղթահարման համար նախապատրաստել դպրոցական շրջանակները` աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէն, նուիրատուներ: Հանրագումարի...

Նշմար.  Դրդապատճառներն Ու Հետեւանքները

Նշմար. Դրդապատճառներն Ու Հետեւանքները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 16 յունիսին «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուշացումով յղած իր նամակին մէջ շնորհաւորած է «Ռուսիոյ օրուան» համար եւ յոյս յայտնած, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները կը բնականոնանան ու «պատշաճ մակարդակի կը հասնին»: Ռուսական կողմը մերժեց պատասխանել այդ նամակին` նշելով, որ անիկա «որեւէ խորքային կէտ չի պարունակեր»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ...

Վերսայի Դղեակը Եւ Կիլիկիան

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Ո՛վ կրնայ երեւակայել, որ Վերսայի դղեակին մէջ կայ ամբողջ բաժանմունք մը, որ կը վերաբերի խաչակրութեան եւ ո՛վ կ՛ըսէ, որ խաչակրական ութ արշաւանքներուն ետին կային նաեւ Կիլիկիոյ հայ իշխանութիւնները: Խաչակրութիւնը կարելի չէ տեսնել առանց Կիլիկիոյ մասնակցութեան, որովհետեւ «ֆրանք» անուանուած խաչակիրներու բոլոր արշաւանքները ստիպուած էին Փոքր Ասիայէն, յատկապէս Կիլիկիայէն անցնելու: Իսկ կիլիկեան Հայաստանի կողքին կային չորս այլ պետութիւններ, որոնք այս...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Մարիա Զախարովա (Օրինակի Համար) Եւ Հայաստանի Ազգային Ապահովութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցեալ շաբթուան մեր սիւնակին խորագիրն էր` «Սխալ է հակաթուրք, կամ հակաազերի մտածողութիւնը»: Փորձ կատարուած էր բացատրելու հարցը ըստ էութեան` միաժամանակ ընդգծելով հայաստանակեդրոն եւ հայակեդրոն մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը: Ընկերային ցանցերուն վրայ յարգելի ընթերցող մը մեր նկատողութեան յանձնեց, որ այդ յօդուածին մէջ կը բացակայի Հայաստանի ազգային ապահովութեան գաղափարը: Անկախ այն իրողութենէն, որ մեր նշեալ յօդուածին ամբողջ ներքին տրամաբանութիւնը կառուցուած էր Հայաստանի...

Յակոբ Ս. Տէր Կարապետեանի «Բանտէ Բանտ»-ը`  Տառապանքի Ճանապարհը 100 Տարի Առաջ

Երբ Յոյներն Ալ Կը Վկայեն Թուրքին Դէմ. Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա» Յուշագիրքը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Այս տարուան սկիզբը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի հեղինակած «Սոֆիա» յուշագիրքը (140 էջ), որ իր մօր` Մարի Գէորգեանի (Սոֆիա Տաշօղլի) տառապալի կեանքը կը ներկայացնէ: Ահաւասիկ` փաստագրական վաւերագրութիւն մը, որ հայուն եւ յոյնին դէմ թուրքին գործած ոճիրին կը մատնանշէ: Յոյներն ու հայերը, ինչպէս նաեւ` ասորիները, օսմանեան տիրապետութեան տակ յարաբերաբար խաղաղ կեանք մը կ՛ապրէին մինչեւ 1915 թուականը,...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Յաւերժի Ճամբորդ Հայը» (Հեղինակ` Յովսէփ Էսկիճեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Արտայայտիչ եւ գեղատիպ կողքով, այլազան նիւթերով եւ գրական սեռերով պարփակեալ Յովսէփ Էսկիճեանի յարաբերաբար փոքրածաւալ գիրքը (125 էջ) արդէն հայ ընթերցողի սեղանին վրայ է: Քաջածանօթ ըլլալով հեղինակի հրապարակագրական աշխատանքին` հաճոյքով ընթերցեցինք հատորը: Յովսէփ Էսկիճեանի գրականութիւնը (արձակ թէ քերթուած) խորքին մէջ հարազատ զրոյց մըն է ինքն իր անձին հետ: Ան ունկնդիր է իր ներքին ձայնին եւ խորհուրդներուն, ապրումներուն, փորձառութիւններուն եւ...

Խենթանոց

Թուրքին Բարեւը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Քանի մը շաբաթ առաջ, տանս դիմացը, նոր ընտանիք մը փոխադրուեցաւ: Յաջորդող օրերուն նկատեցի, որ նոր դրացիներուս իգականները` միջին տարիքի կին մը, եւ իր երկու աղջիկները, բոլորն ալ լաչակաւոր են: Ոչ մէկ կասկած, որ իսլամ կրօնին կը պատկանին: Մեր փողոցի միակ իսլամ ընտանիքն են: Այս դարուն Ամերիկայի մէջ, մասնաւորաբար պարմանուհիներու մազերը լաչակով մը ծածկելը կը փաստէ, որ կրօնամոլ ընտանիք...

Գեղեցիկ Տողերու Պարտէզին Մէջ (23).  Չարենցն Ալ Ունի Գեղեցիկ Տողեր

Յուշատետր. Լեզուն Գործածելու Ձեւեր

Միշտ մտածած եմ եւ արդէն քանի մը անգամ գրած եմ, որ խօսող մարդը ուղղագրական սխալ չ՛ըներ: Միա՛յն գրող մարդն է, որ ուղղագրական սխալ կ՛ընէ: Ասիկա շատ ճիշդ է մասնաւորաբար մեր լեզուին համար, որ ունի իր ուղղագրական բաւական խիստ ու կնճռոտ կանոնները: Ձեր բարեկամը ձեզի հետ շատ մաքուր ու անսխալ հայերէնով կը խօսի, բայց նոյն անձը եթէ իր խօսածը թուղթին տալ...

Անդրադարձ.  Պետական Ու Անձնական  Մակարդակի Պարտութիւն Մը

Անդրադարձ. Պետական Ու Անձնական Մակարդակի Պարտութիւն Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ 24 մայիս 2016-ին իր պաշտօնը ստանձնելէն քանի մը օր ետք յայտարարեց, որ Թուրքիան «կարիքը ունի աւելցնելու իր բարեկամները եւ նուազեցնելու թշնամիները»` աւելցնելով. «Իսրայէլ, Սուրիա, Ռուսիա, Եգիպտոս… Սեւ ծովն ու Միջերկրականը շրջապատող այս երկիրներուն հետ չի կրնար որեւէ մնայուն թշնամութիւն ըլլալ»: Մէկ ամիս ետք, Թուրքիան արդէն այդ ուղղութեամբ առաւ գործնական 2 քայլեր, առաջինը` Իսրայէլի, իսկ...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Ալան Յովհաննէս (Չախմախճեան, 1911-2000). Հայկական Երաժշտութեան Ամերիկեան Հնչեղութիւնը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 16 տարի առաջ, 21 յունիսին, Սիաթըլի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս: Հայ երաժշտական հանճարի մեծատաղանդ ներկայացուցիչներէն էր Ալան Յովհաննէս, որ չորս տարեկանէն գտաւ ինքնադրսեւորման իր հնչեղէն ուղին եւ ամբողջ կեանք մը լեցուց արտասովոր երաժշտականութեամբ` աւանդականն ու արդիականը, հայկականն ու ամերիկեանը, արեւելեանն ու...

«Արարատը» Չծախեցի

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թէեւ տարիներ անցած են «Հայ գիր» գրախանութս փակելուն, սակայն կը շարունակեմ կարգ մը հայահոծ գաղութներու կազմակերպած տօնավաճառներուն մասնակցիլ` շարունակ յարգելու համար գրախանութս հաստատած օրերուն ես ինծի տուած խոստումս` հայ գիրն եւ մշակոյթը տարածել մեր հասարակական կեանքին մէջ: Գոհունակութիւն կ՛ապրիմ, երբ տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած տօնավաճառներուն ընթացքին կրպակս իր վրայ կը կեդրոնացնէ ներկաներուն ուշադրութիւնը` իբրեւ հայկական արուեստի գործերու, գիրքերու,...

Իգտիրի Մէջ Վերցուած Են «Բարի Եկաք» Եւ «Ցտեսութիւն» Գրութիւնները

Իգտիրի Մէջ Վերցուած Են «Բարի Եկաք» Եւ «Ցտեսութիւն» Գրութիւնները

Անցեալ տարի Իգտիր նահանգի Թուզլուճա քաղաքի (հայկական անունով` Կողբ) քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ քաղաքապետը մուտքի կամարին փակցնել տուած էր ցուցանակներ, որոնց վրայ թրքերէնով, քրտերէնով, անգլերէնով ու հայերէնով գրուած էր` «Բարի եկաք» եւ «Ցտեսութիւն»: «Անատոլու» գործակալութիւնը յունիս 21-ին հաղորդեց, որ հայերէն գրութիւնները «տեղւոյն բնակչութեան ու հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ բուռն հակազդեցութեան արժանանալով»` տեղի տուած էին բողոքներու, որոնց պատճառով քաղաքապետարանը որոշած է...

Հայու Ազգային Ոգին Եւ Օշականը

Հայու Ազգային Ոգին Եւ Օշականը

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ - Ա՛լ բան չեմ փոխեր: Մէյ մը վերանայիմ, եւ վե՛րջ,- կ՛ըսեմ ու առտուան ժամը երկուքն է արդէն, քնատ` բայց աչքերուս քուն մուն չ՛երեւար: Բաժակ մը ջուր` եւ վե՛րջ: «Ասպարէզ»-ի ապրիլ 24-ի համար պատրաստած յօդուածս պատրաստ է... վերջակէտը դրի, այս անգամ առանց ուշացումի տեղ պիտի հասնի... Շունչ մը կը քաշեմ: Այդպէս է միշտ: Գրութիւնը ղրկած վայրկեանիս թեթեւութիւն մը կ՛իջնէ...

Ակնարկ.  Քաան Լիբանանի Եւ Եւրոպայի  Պաշտպանութեան Գիծն Է

Ակնարկ. Քաան Լիբանանի Եւ Եւրոպայի Պաշտպանութեան Գիծն Է

Քաայի մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած 9 անձնասպանական գործողութիւններու երեւոյթը անմիջական ուղերձներէ աւելի Լիբանանին վերապահուող նոր ժամանակաշրջանի մը մասին մշուշոտ հեռանկարներ կը պարզէ: Անձնասպանական գործողութիւններու թիրախ ընտրուած աշխարհագրական այս վայրը անմիջապէս մտաբերել կու տայ սուրիական պատերազմի խճանկարը կազմող հիմնական մէկ գործօնին` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէպի Լիբանան աշխուժ ներթափանցման մասին: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ Սուրիայէն արտահանուող եւ Լիբանան ներածուող ահաբեկչական արարներ...

Մոսկուա Փարիզն Ու Ուաշինկթընը Տեղեակ  Պիտի Պահէ Սարգսեան-Ալիեւ  Հանդիպումի Արդիւնքներուն Մասին

Անդրադարձ. Մոսկուա, Ուաշինկթըն Եւ Փարիզ Պէտք Է Ազրպէյճանէն Բացատրութիւն Պահանջեն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խումբ մը զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ կատարած է շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ. - «Վիեննայի մէջ ազրպէյճանական կողմը ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրած է: Ուղղակի համանախագահող երկիրները կատարած են յայտարարութիւն մը, ատիկա իրենց յայտարարութիւնն է»: - «Ս. Փեթերսպուրկի մէջ քննարկուած է ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի 6 աշխատակիցներուն թիւը 2-2,5 անգամ մեծցնելու հարցը: Այստեղ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Սփիւռքներ. Վախճանականութիւն Եւ… Վախճանը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Սփիւռքներու վախճանականութիւնը (finalité) երբեք չենք ուզած բացորոշ կերպով քննել: Ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ: Ո՞ւր հասնիլ` ոչ միայն անհատական բաւարարութեան համար, այլ որպէս ազգ եւ ազգի անդամ: Սփիւռքը ապահովութեան եւ բաւարարութեան երաշխի՞ք է միայն, թէ՞ ազգովին անոր տուած ենք, կամ պէտք է տուած ըլլայինք  կամ պէտք է տալ այլ հեռանկար մը, քանի որ սփիւռքը ցարդ ինքզինք դաւանած է ազգի հատուած:...

Page 690 of 806 1 … 689 690 691 … 806

Արխիւներ