Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ «Զերօ Խնդիրներ»ը Յանգեցաւ… Զերօ Հարեւաններու (Մեղաւոր Է Տաւութօղլո՞ւն)

Յուլիս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան արտաքին քաղաքական վարքագիծը, մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, բնութագրուեցաւ «Զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» կարգախօսով:

Այդ օրերուն, երբ Ահմէտ Տաւութօղլու վարչապետ Էրտողանի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդականն էր, թրքական եւ Արեւմտեան մամուլը զինք կը գովաբանէին իբրեւ մէկը, որ նոր թափ ու տարողութիւն պիտի հաղորդէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան:

Այդ օրերուն, կարգ մը տուեալներ ալ այդ կը թելադրէին:

Այսպէս, Թուրքիա նուազեցուց Յունաստանի նկատմամբ իր ոտնձգութիւնները Եգէական ծովու յունական կղզիներուն կապակցութեամբ: Պուլկարիոյ հետ տնտեսական գործակցութեան զարկ տրուեցաւ: Կիպրոսին «խօսքը չէր ըլլար», արդէն մարսուած էր այդ խնդիրը, որովհետեւ Նիկոսիոյ իշխանութիւնները հաշտուած կը թուէին 1974էն ի վեր տիրող «սթաթուս քօ»ին: Սուրիոյ հետ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական յարաբերութիւնները ջերմացան՝ սիրաբանութեան հասնելու աստիճան: Իրաքի պարագային, Թուրքիա հաշտուած կը թուէր ըլլալ իրողական Քիւրտիստանով, այնքան ատեն, որ ատիկա միջազգային իրաւական հարթութեան վրայ չի գտնուիր: Ատոր զուգահեռ, Անգարայի իշխանութիւնները սկսան խօսելու քրտական մշակութային որոշ արտօնութիւններու մասին, մտածելով, որ այդ ձեւով ալ լուծած կ՛ըլլան իրենց Քրտական հարցը:

Իրերու այս դրութեան մէջ, կը մնար «միւս խնդիրը», Հայկական հարցը: Միակը, որ կ՛առնչուէր Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան: Հոս, Անգարայի հաշուարկը պարզ էր. արտաքին ճակատի վրայ Թուրքիոյ վայելած քաղաքական առաւելութիւնները եւ ներքին իմաստով տնտեսական բարգաւաճումը այնքան ծանր կը կշռէին նժարին վրայ, որ «հակառակորդին» համար… իրաւունքներու ճանաչումի եւ հատուցումի մասին խօսիլն իսկ աւելորդ պիտի ըլլար: Այս հարցին մէջ, Թուրքիա կը վայելէր Մ. Նահանգներու եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ռազմավարական զինակցութիւնը:

Սակայն, Ուրբաթը Շաբաթէն առաջ եկաւ:

Թուրքիա ձեռքով-ոտքով մտաւ սուրիական վարչակարգը տապալելու արեւմտեան եւ սէուտ-քաթարեան խաղին մէջ, ատկէ՝ հարցերը բարդացան քիւրտերուն հետ, յանգելով ուղղակի ճակատումի: Նոյն թատերաբեմին վրայ, թրքական օդուժը խորտակեց ռուսական ռմբակոծիչ օդանաւ մը իր սահմաններուն մօտ, բախումնային իրավիճակ ստեղծելով Մոսկուայի հետ: Դարձեալ Սուրիոյ ծիրէն ներս, Թուրքիա հարուածեց հայութիւնը, իբրեւ «դիւրին թիրախ», խորտակելով Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանը, ռմբակոծելով Հալէպի հայաշատ թաղամասերը եւ ազգային հաստատութիւնները, ինչպէս եւ մանաւանդ՝ յարձակելով Քեսապի վրայ: Թուրքիա ուղղակի բախումի գնաց Եւրոպական միութեան հետ, հարիւր հազարաւոր գաղթականներ դէպի եւրոպական ափեր նետելով, փորձելով լուրջ զիջումներ կորզել Եւրոպայէն:

Ոչ միայն այս, այլ նաեւ Թուրքիա փորձեց խորտակել հայկական պետութիւնը, այս անգամ Ատրպէյճանը ներքաշելով, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին միջոցով: Սակայն հոս թուրք-ատրպեճանական խոփը հանդիպեցաւ հայկական քարին: Ատրպէյճանի նախայարձակումը խորտակուեցաւ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ իր հաշուարկները արդէն իսկ ձախողած էին ռուսական զինուորական ազդու միջամտութեան պատճառով: Իսկ Եւրոպական Միութիւնը, սկզբնական տատանումներէ եւ անորոշութիւններէ ետք, STOP նշանը բարձրացուց Թուրքիոյ դէմ եւ այս նշանին բաղադրամասերէն մէկն էր Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ գերմանական մեղսակցութեան ընդունումը: Այս ճանաչումը նոյն ազդուութիւնը պիտի չունենար՝ առանց մեղսակցութիւն ընդունելու տրամադրութեան, որովհետեւ ճիշդ ա՛յդ էր բանաձեւին հիմնական առանցքը, միտք բանին, իբրեւ ճնշումի միջոց:

Ասիկա չէր բաւեր կարծէք, վրայ հասաւ պապին Հայաստան եռօրեայ այցելութիւնը, որ խորհրդանշականէն շատ աւելին էր: Պապը՝ մէկուկէս միլիառ կաթոլիկներու հոգեւոր պետը, աշխարհին ու մանաւանդ Հայաստանի նկատմամբ թշնամական կեցուածք ունեցող երկիրներուն յայտարարեց, թէ ինք անտարբեր չէ Հայաստանի նկատմամբ, հոգածու է ու կը զօրակցի անոր:

Այսինքն, քառօրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստան կը ստանար արտաքին երկու կարեւոր զօրակցական կեցուածքներ. Գերմանիոյ քայլը եւ պապին այցելութիւնը:

Թուրքիա, որ կարիճներ կը բուծանէր, զանոնք Սուրիոյ թատերաբեմին վրայ օգտագործելու համար, յանկարծ սկսաւ իր մորթին վրայ զգալու նոյն այդ կարիճներուն խայթոցները: Պոլսոյ օդակայանին մէջ պատահած վերջին արիւնալի դէպքը ասոր վերջին օրինակներէն էր:

Այս բոլորին լոյսին տակ պէտք է դիտել Ռուսիոյ նկատմամբ Էրտողանի կեցուածքին փոփոխութիւնը, եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլը, ինչպէս նաեւ գալիք նման քայլեր՝ Եգիպտոսի եւ այլ ուղղութիւններով:

Փաստօրէն, Անգարայի մէջ հասկցան, թէ Տաւութօղլուի յառաջ մղած «զերօ»ի կարգախօսը անելի մատնուած է: Տաւութօղլուն հիմա մէկդի նետուած է եւ ըստ երեւոյթին՝ իր վարքագիծն ալ:

Սակայն ինչո՞վ պիտի փոխարինուի այս վարքագիծը ռազմաքաղաքական այս մեծ թատերաբեմին վրայ, որ կ՛ընդգրկէ ոչ միայն Մ. Արեւելքը, այլ նաեւ Կովկասն ու Եւրոպան: Եթէ Մոսկուայի նկատմամբ Թուրքիոյ վերաբերումին փոփոխութիւնը նշան պէտք է համարել արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան, հայկական ուղղութեամբ Անգարա կը մնայ անզիջող:

Կը յուսանք, որ պաշտօնական Երեւանը այս իրադարձութիւններուն շատ մօտէն կը հետեւի, որպէսզի կարենայ թէ՛ Գերմանիոյ եւ թէ՛ Վատիկանի քաղաքական զօրակցութիւններէն առաւելագոյն չափով օգտուիլ, ի վերջոյ կոտրելու համար թրքական անզիջողութիւնը:

Իսկ Տաւութօղլուն ո՞վ էր ըսիք:

30 Յունիս 2016
asbarez.com

 

vproodian@gmail.com

 

 

Նախորդը

Հայաստան Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընդունած Օրինագիծը

Յաջորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?