Անդրադարձ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

Սփիւռքահայ Մտքի Լսատեսողական Ակնարկ` «Հաւասարում Նորոգ». Սփիւռքի Մասին Մտածելու Եռօրեայ Հաւաք

«Հաւասարում նորոգ» միջոցառման միամեակին առիթով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը հրապարակէ Արա Մածունեանին հեղինակած վաւերագրական ժապաւէնը` նուիրուած այս եզակի իրադարձութեան: 2024-ի յուլիսին 14 երկիրներէ 36 հայ մտաւորականներ հաւաքուեցան Լիզպոն` եռօրեայ հանդիպումի մը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մէջ: Կեդրոնանալով հայկական սփիւռքի մտաւորական եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան վրայ` միջոցառումը խթանեց միջսերնդային երկխօսութիւն մը եւ առիթ տուաւ բազմաթիւ զրոյցներու: Տարբեր քննարկումներու,...

Նշմար.  Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…

Նշմար. Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի մէջ դարձեալ գործի լծուած է հին լուացքի մեքենայ մը, որուն վաճառանիշն է ՔՊ եւ կ՛օգտագործուի ժողովուրդին ուղեղները լուալու համար: Մեքենային կափարիչին վրայ հիմա գրուած է Ուաշինկթընեան համաձայնագիր, կողքին` Թրամփի ճամբայ, ետեւը... Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն ենթարկուիլ: Սակայն վերջին ցանկը ետեւը ըլլալով` հեռու կը պահուի հասարակութեան աչքէն: Մեքենան կը գործածեն վարչապետ կոչեցեալն ու Ուաշինկթըն գացող-եկողները, նաեւ` Երեւան մնացողներ: Նոյն...

Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…

Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Այսօր աշխարհի ուշադրութիւնը կենտրոնացած է երկու հզօր պետութիւնների` Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարների հանդիպման վրայ, որի արդիւնքից կախուած է նաեւ աշխարհի խաղաղութիւնը: Սակայն մեր երկրում այլ մթնոլորտ է տիրում: Մենք վաղուց Ռուսաստանից վիրաւորուած, քանի որ նա չի փրկել մեզ, երբ մենք չենք դիմել ու արհամարհել ենք իրեն, երբ մեր երկրի ղեկավարը ազերի ղեկավարի հետ համաձայնեցուած Արցախն էր...

Հարիւր Անգամ…

Հարիւր Անգամ…

ՅՈՎԱԿԻՄ Ս. ՔԷՇԻՇԵԱՆ Քեզ հարիւր անգամ զգուշացուցի... Ըսածներս հարիւր անգամ կրկնեցի... Հարիւր... Շարքը երկար է... Երեք թուանշանով թիւ մըն է «ՀԱՐԻՒՐ»-ը, սակայն այս պարագային հարցը կը վերաբերի հայկական կրթօճախներու հիմնադրութեան հարիւրամեակին: Խօսքս Հալէպի Ուսումնասիրաց վարժարանին ու Կրթասիրաց վարժարանին հարիւրամեակին մասին է: Շրջանին մէջ տիրող կացութեան պատճառով չիմացանք, թէ նշեալ վարժարաններուն հիմնադրութեանց հարիւրամեակին առիթով ձեռնարկներ կազմակերպուեցա՞ն, թէ՞ ոչ, կամ` Կրթասիրացի հին...

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այս տարին կը զուգադիպի անմահանուն Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին: Կը հաւատամ, որ մենք ոչ միայն անցեալը վերյիշելու պարտաւորութիւնը ունինք, այլ նաեւ` անցեալը վերապրելու եւ վերարժեւորելու այն մեծ պատգամը, զոր կտակեց մեզի Քրիստափոր Միքայէլեան: Անոր անունը չի պատկանիր միայն պատմութեան էջերուն. ան կ՛ապրի մեր սրտերուն, կը հնչէ մեր մտքերուն մէջ եւ կը հանգչի մեր խղճին խորքը: Քրիստափորը եղաւ ազատութեան...

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

Նիկոլ Փաշա

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Երբ կատարեալ լարումով եւ հետաքրքրութեամբ պատկերասփիւռի միջազգային կայաններէն կը հետեւէի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` հայ եւ ազրպէյճանցի ղեկավարներուն հետ սարքած, այսպէս կոչուած, հաշտութեան բեմադրութեան,  յանկարծ պահ մը երեւակայութեամբ փոխադրուեցայ Պաքու, ուր անհամբեր, ականջէ ականջ երկարող իր լայն ժպիտով զիս կը սպասէր Ուաշինկթընէն նոր վերադարձած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որուն հետ իր նախագահական պալատի  գրասենեակին մէջ, գլուխ գլխի,...

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այս ամբողջը մեզի կը ներկայացուի իբրեւ պատմական ձեռքբերում. Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ ձեռքսեղմում մը, Սպիտակ տան մէջ լուսանկարուելու առիթ մը, Հայաստանի վարչապետը` Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն կողքին նստած, եւ քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք, եթէ հաւատանք մամլոյ հաղորդագրութիւններուն, ճանապարհ պիտի բանան «միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»: Սակայն եթէ մէկ կողմ դնենք այս բոլոր ցուցադրական շքեղութիւնները, պատկերը շատ աւելի...

Սթափելու Ժամանակը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Աստուածածնի Վերափոխման առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին բացօթեայ  խորանին վրայ մատուցուած պատարագի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս յղեց ուշագրաւ պատգամ մը: Շատեր հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ Արամ Ա. կաթողիկոս լուռ է` ի տես Հայաստանի մէջ ահագնացող տագնապներուն: Իրականութիւնը սակայն այլ էր, ամրան սկիզբը, Անթիլիասի մէջ գումարուած էր կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան լիակատար ու ընդլայնուած ժողովը` մասնակցութեամբ Քաղաքական ու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Նայուածքովդ այս քու ժպտուն` հազար գարուն կը բերես տուն, Շրթներովդ կը պատմես դուն սիրոյ երգը համբոյրներուն, Այտերովդ կրակի պէս սառոյցները կը հալեցնես, Աչքերովդ երազային լոյս կը սփռես ձմրան մութին, Վարսերովդ ածուխի պէս խարոյկները կը գրգռես: Սիրտս արդեօք յանցաւո՞ր է Թէ որ սիրէ քեզ այս գիշեր: Լիբանան  

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

ՆԱՐԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ 2025-ի յունիսի 13-ին Իսրայէլը սկսեց «Առիւծի վերելք» (Rising Lion) ռազմական գործողութիւնը` ուղղուած Իրանի միջուկային եւ ռազմական ենթակառուցուածքների դէմ: Իսրայէլի օդուժը, օգտագործելով F-35 կործանիչներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ), հարուածներ հասցրեց Նաթանզի, Ֆորտոյի եւ Պուշեհրի միջուկային կենտրոններին, ինչպէս նաեւ` Համատանի ռազմախարիսխին: Պատերազմի հրահրման Իսրայէլի նպատակներից էր խաթարել Իրանի միջուկային ծրագիրը, որը, Իսրայէլի պնդմամբ, մօտ էր ռազմական կիրառման համար անհրաժեշտ...

Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ մեր մամուլը հաղորդեց, որ առցանց լոյս տեսած է Յարութ Չէքիճեանի ուսումնասիրական-վաւերագրական մէկ աշխատութիւնը` «ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքին` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 1918-1927»: Կը հաղորդուէր, որ կարելի է զայն ունենալ նշուած կայքէջային կապով(*): Ընթերցողները վստահաբար ծանօթ են ո՛չ միայն Յ. Չէքիճեանի անուան, այլ նաեւ` անոր բծխանդիր եւ մտաւորականի մօտեցումով ուսումնասիրական յօդուածներուն, որոնք պարբերաբար լոյս կը տեսնեն...

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ 2024-ին Հայաստանը տեսնելու եւ այցելելու երազս, առաջին վայրէջքս հայրենի հողին վրայ, առաջին հայացքս դէպի Արարատ եւ առաջին քայլերս Երեւանի մէջ իրականութիւն դարձան Համազգայինի ուսանողական հաւաքին` Ֆորումին միջոցով: Ամէն ինչ նոր էր, բայց` հարազատ: Այո՛, մասնակցած եմ Ֆորումին` 2024-ին եւ 2025-ի: Այս երկու տարիներուն ընթացքին ծանօթացայ տարբեր գաղութներէ եւ մշակոյթներէ եկած հրաշալի անհատներու: Ֆորումը ինծի համար եղաւ աւելին, քան...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  «Ի՜նչ Հիասքանչ Աշխարհ Մը…»

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Ի՜նչ Հիասքանչ Աշխարհ Մը…»

What a Wonderful World «I see friends shaking hands Saying, «How do you do?» They՛re really saying I love you»? «...Կը տեսնեմ բարեկամներ, որոնք իրարու ձեռք կը թօթուեն, Կ՛ըսեն` «Ինչպէ՞ս էք», Իրականութեան մէջ կ՛ըսեն` Կը սիրեմ ձեզ»: Լուիս Արմսթրոնկի այս հանրածանօթ երգին մէկ տարբերակով աւարտեցաւ 8 օգոստոսի եռակողմանի Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը` Ուաշինկթընի մէջ: Երեք իշխանականներու խօսքերէն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու հարց-պատասխաններէն ետք,...

Յուշեր Ու Տպաւորումներ Հայագէտ Ու Սփիւռքաշրջիկ Մանկավարժ Մանուէլ Քէօսէեանի Կեանքէն Ու Գործէն

Յուշեր Ու Տպաւորումներ Հայագէտ Ու Սփիւռքաշրջիկ Մանկավարժ Մանուէլ Քէօսէեանի Կեանքէն Ու Գործէն

ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Պայքար 1 նուեմբեր 1986 Վերջերս «Պայքար» շաբաթաթերթին մէջ հանդիպեցայ  գրախօսականի մը` 1986-ին Փարիզ լոյս տեսած «Աստուածամայր» խորագիրով հատորին. յօդուածին հեղինակը մեծատաղանդ հայագէտ, բանաստեղծ եւ մանկավարժ հանգուցեալ Մանուէլ Քէօսէեանն էր: Միտքս սկսաւ փոթորկել յուշերու հեղեղ մը, որ Մանուէլ Քէօսէեան կը կոչուէր: Մանուէլ-Քէօսէեան Մանուէլ Քէօսէեան Սուտանի, Եթովպիոյ, Հայաստանի, Երուսաղէմի, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի հայկական կրթական հիմնարկներու մէջ հայագիտական նիւթերու ուսուցչական...

Հաշիւը Գիտցողը

Ուժեղ Լացը Փրկարար Է

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Կեանքի ընթացքին տխուր դէպքեր, կամ յանկարծ պատահած հոգեկան ծանր ցնցումներ պատճառ կը դառնան, որ մարդոց միտքը թուլնայ եւ լալու սկսին: Նորածին մանուկներէն սկսեալ` լացը մարդկային կեանքին մաս կը կազմէ, ջղային դրութեամբ հիւսուած մարդու մարմինին բնական վիճակէն մէկը ըլլալով: Նորածին մանուկներու անխօս լեզուին փոխարէն, անոնց անօթութեան խօսքը ըլլալով` լացը իրենց մօտ կը կանչէ զիրենք լոյս աշխարհ բերած մայրը,...

Այվազովսկիի Ոգին Կը Շարունակէ Թեւածել

Այվազովսկիի Ոգին Կը Շարունակէ Թեւածել

ՎԱՉԷ ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ Հայազգի մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիին ձօնուած այս բանաստեղծութիւնը կը յանձնեմ մամուլին` որպէս ցասումի եւ բողոքի անլռելի ձայն, Ստեփանակերտի մէջ ազերիներուն կողմէ քանդուած Յով. Այվազովսկիին արձանին համար: Մշակութային ջարդը կը շարունակուի,  յաջորդաբար կ՛անէանան հայկական մշակութային արժէք ունեցող բազմաթիւ կոթողներ` խաչքարեր, արձաններ, եկեղեցիներ ու հնադարեան վանքեր, եւ այսպէս շարքը կ՛երկարի: Այս անմարդկային, դիւական ու սեւ նկարագիրը մեզի մտածել կու տայ,...

Թրամփ-Փութին Օդապարիկը…

Թրամփ-Փութին Օդապարիկը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ... Թռիչք պիտի առնէ՞, թէ՞ պիտի պայթի: Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, եւ յետ բազում վերիվայրումներու ու տաք-պաղ ջուրերու մէջ նաւարկումներու` պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին համաձայնած են հանդիպում ունենալու, շուտով նաեւ յստակացաւ վայրը` Ալասքայի (Ռուսիայէն մօտաւորապէս մէկուկէս դար առաջ գնուած հող) ամերիկեան զինուորական մէկ խարիսխին մէջ: Եւ յանկարծ... շատ բան գլխիվայր շրջեցաւ: Ռուսիոյ ուղղուած...

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն Անտիպ Փաստաթուղթի Հրապարակում` Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վերաբերող

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն Անտիպ Փաստաթուղթի Հրապարակում` Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վերաբերող

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Դէպի սրբավայրեր եւ վանքեր այցելութիւնը շատ կանուխ քրիստոնէական սովորութիւն է` հաստատուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներու ձեռամբ: Այն մեծարանքի եւ յարգանքի տուրք է մատուցուած այն սուրբին, որուն յիշատակին կառուցուած է տուեալ ուխտավայրը: Հայրենազուրկ հայը սփիւռքի տարածքին եւս կառուցեց վանքեր, եկեղեցիներ, մատուռներ եւ սրբավայրեր, որոնք նոյնպէս...

Դպրեվանքը` Բոլորիս Տունը

Աստուածածինը` Յոյսի Խարիսխ

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Աստուածամօր հանդէպ մեր ժողովուրդին տածած սէրն ու ակնածանքը,  զգացական ինքնաբուխ արտայայտութիւններ ըլլալէ անդին, խոր հաւատքի ակունքէն բխած վառ ապրումներ են: Աստուածամայրը իր ամբողջ էութեամբ, կենցաղով եւ ընդհանրապէս ողջ ներկայութեամբ, եղած է այն հանգիստ ու վստահելի նեցուկը, որուն դիմած են անհատներ եւ հաւաքականութիւններ` յուսադրուելով իր բարեխօսութենէն եւ ներշնչուելով ամբողջական հաւատքի իր վառ օրինակէն: Աստուածամայրը ամենայն գիտակցութեամբ եւ հեզութեամբ...

Մեր Պապենական Տունը` Ուխտատեղի

Մեր Պապենական Տունը` Ուխտատեղի

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Փոքր տարիքէս ճամբորդելը շատ կը սիրէի եւ կեանքիս ընթացքին ամէն առիթ օգտագործեցի, որ երազս իրականացնեմ: Այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին յաճախ հանդիպած եմ տարեց անձերու, որոնք ըսած են, որ ձեր տունը ուխտատեղի եղած է, որովհետեւ 1935-ին, երբ Սօսէ Մայրիկը Պէյրութ եկած է, ան նախընտրեր է մեր տունը իջեւանիլ, քան թէ` «Թուրիկին պանդոկը», ուր կուսակցական հիւրերը կը հիւրընկալուէին: Սօսէ Մայրիկը...

Page 68 of 808 1 … 67 68 69 … 808

Արխիւներ