ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ
2024-ին Հայաստանը տեսնելու եւ այցելելու երազս, առաջին վայրէջքս հայրենի հողին վրայ, առաջին հայացքս դէպի Արարատ եւ առաջին քայլերս Երեւանի մէջ իրականութիւն դարձան Համազգայինի ուսանողական հաւաքին` Ֆորումին միջոցով: Ամէն ինչ նոր էր, բայց` հարազատ: Այո՛, մասնակցած եմ Ֆորումին` 2024-ին եւ 2025-ի: Այս երկու տարիներուն ընթացքին ծանօթացայ տարբեր գաղութներէ եւ մշակոյթներէ եկած հրաշալի անհատներու: Ֆորումը ինծի համար եղաւ աւելին, քան մշակութային ծրագիր կամ հաւաք մը. ան դարձաւ կամուրջ մը դէպի հայրենիք, արմատներ, լեզու, պատմութիւն եւ ինքնութիւն:
Այս տարի, երկրորդ անգամ ըլլալով, դարձեալ ֆորումի միջոցով վերադարձայ Հայաստան: Բայց այս անգամ հայրենիքիս հանդէպ սէրս աւելի խորացած էր, իսկ հոգիս աւելի անհամբեր` վերապրելու այն պահերը, որոնք միայն հոն կարելի էր զգալ: Ցանկացայ կրկին վայելել հայրենի բնութիւնը, տեսարժան վայրերը եւ Արարատի խոնարհ, բայց վեհ ներկայութիւնը: Հայաստան վերադառնալս եղաւ ո՛չ միայն նոր այցելութիւն մը, այլ վերադարձ` ինձմէ այն բաժինին, որ միայն այդտեղ կ՛ապրի:
Համազգայինի ուսանողական հաւաքը սքանչելի առիթ մըն է` սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդներ իրարու միացնելու, անոնց մօտէն ծանօթացնելու եւ խորացնելու հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններուն: Տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ շուտով, ֆորումի առաջին օրէն իսկ, կը հաստատեն սերտ կապեր` դառնալով ո՛չ միայն ընկերներ, այլ` եղբայրներ ու քոյրեր պատրաստ` միասին ապրելու եւ ամբողջացնելու ծրագիրը: Այս մօտեցումն ու ընդհանուր ոգին վկայութիւն են, որ ֆորումը ամբողջովին իր նպատակին կը հասնի: Իբրեւ երկու տարուան մասնակից` ես անձամբ ականատես եղայ այս բոլորին: Տեսայ, զգացի եւ ապրեցայ այն ուժը, որ ունին հայ երիտասարդները, երբ կը հանդիպին եւ միասին կը կապուին հայրենիքին: Վստահ եմ, որ ֆորումը պիտի շարունակէ մնալ այդ սքանչելի կամուրջը, որ կը միացնէ` սփիւռքը հայրենիքին, անցեալը ապագային եւ անհատը իր ինքնութեան:
Շաբաթ, 19 յուլիս 2025-ին տեղի ունեցաւ Համազգային ֆորումի 30-ամեակի բացումը, զոր կատարեց «Ֆորում 2025»-ի ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը: Ան ներկայացուց ֆորումին նպատակը եւ մասնակիցներուն վրայ ձգած ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ այս տարուան ծրագիրը, զոր պիտի ամբողջացնէինք յաջորդող օրերուն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ` տեսերիզ մը` Համազգայինի գործունէութեան մասին ֆորումի օրէնքներուն մասին, եւ այլն: Այդ գիշեր ունեցանք մեր առաջին ընթրիքը, եւ հակառակ անոր որ արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի լեզուական տարբերութիւններ կային, արդէն առաջին երեկոյէն կարողացանք զիրար լաւ ճանչնալ եւ մտերմանալ:
19-31 յուլիսին տեղի ունեցած այս ուսանողական հաւաքին մասնակցեցան 26 հայ երիտասարդներ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն` Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Ռուսիայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանէն եւ Արցախէն:
Ֆորումի ծրագիրը հարուստ էր` այցելութիւններով, դասախօսութիւններով, մշակութային ձեռնարկներով եւ ընկերային պահերով: Ֆորումականներս այցելեցինք Գառնի` Գեղարդ, Էջմիածինի մայր տաճար, Մատենադարան, Սուրբ Գայիանէ վանք, Եռաբլուր, Խոր Վիրապ, ուր ես ու երկու ֆորումականներ երգեցինք «Here՛s to you Ararat» երգը` դիտելով մեր Արարատը, Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր իւրաքանչիւրս յուզուած` դժուար կը զսպէինք մեր զգացումները: Այցելեցինք` ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոն, Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, Սասունցի Դաւիթի արձանը, «Մամիկ», ուր համտեսեցինք մեր իսկ պատրաստած լաւաշ հացերը:
Հանդիպում ունեցանք «Դէպի Հայք»-ի տնօրէնին հետ (Birthright Armenia), որ մեզի ներկայացուց այս ծրագիրին գործունէութեան մասին: Երեւանի պետական համալսարանէն ներս մեզ հիւրընկալեց Արման Եղիազարեանը` ներկայացնելով Երեւանի պետական համալսարանի անցեալն ու ներկան: Շարունակելով` այցելեցինք Կոմիտասի, Թումանեանի եւ Սարեանի թանգարանները, ինչպէս նաեւ` Ազգագրական արուեստի թանգարան:
Դասախօսութիւններու շարքը առանձնապէս հետաքրքրական էր: Մասնակիցներս ուշի ուշով կը հետեւէինք դասախօսներուն, որոնցմէ քանի մը հատը կ՛արժէ նշել. «Պտոյտ մը հայ երաժշտութեան արահետներով»` Ծովինար Արծրունի, «Հայ աշուղներ, հայկական նուագարաններ»` Թովմաս Պօղոսեան, «Համազգայինի կառոյցը. կրթական եւ մշակութային գործունէութիւն»` Զաքար Քէշիշեան, «Հայկական ինքնութիւնը. ո՞վ է հայը»` Ռուբէն Ճանպազեան, «Հայկական ճարտարապետութիւն»` Ցօղիկ Աշըգեան), եւ մեր սիրած դասախօսութիւններէն մէկը` «Խաչքարերու ծանօթացում եւ վարպետաց դասընթացք»` Նարինէ Փոլատեան, Գիւմրիի մէջ, ուր իւրաքանչիւրս անձամբ աշխատեցանք մեր խաչքարերուն վրայ:
Յուլիս 22-ին առիթը ունեցանք վայելելու Ֆորումի 30-ամեակին նուիրուած բացառիկ համերգը` «Սիմֆոնիք Ֆոլք»-ը, կատարողութեամբ լիբանանահայ նշանաւոր երիտասարդ երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին: Ամբողջ համերգին ընթացքին բոլորս խորապէս յուզուած էինք, մանաւանդ երբ նկատեցինք, թէ որքա՜ն մարդիկ տարբեր երկիրներէ հաւաքուած էին վայելելու այս սքանչելի համերգը: Բառերով դժուար է նկարագրել սրահի ջերմ ու համախմբող մթնոլորտը: Ամէնէն յիշարժան պահերէն էին, երբ մանուկները բեմ բարձրացան ու երգեցին «Գողթան մանկտիք»-ը, եւ համերգի աւարտին բոլորս միասին պարեցինք «Քոչարի»-ն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր Սէրուժին` մեզի այսպիսի աննկարագրելի համերգ մը պարգեւելուն համար:
Յուլիս 23-ին, կազմակերպութեամբ Ֆորումի յանձնախումբին, նախկին եւ ներկայ ֆորումականներով տօնեցինք Ֆորումի 30-ամեակը` «Պանդոկ Երեւան»-էն ներս: Յուլիս 25-ին ներկայ գտնուեցանք նաեւ «Ջաւախեան մեղեդիներ» համերգին, նուիրուած` Ֆորումի 30-ամեակին:
Յուլիս 27-ին այցելեցինք Ծաղկաձոր, ուր վայելեցինք ճոպանուղին եւ կանաչ բնութեան գեղեցկութիւնը: Այդտեղ միասնաբար ճաշեցինք եւ ազգային երգեր երգեցինք: Կէսօրէ ետք, Երեւան վերադառնալով, մասնակցեցանք Վարդավառին, իսկ 28 յուլիսին ունեցանք երկար օր մը: Այցելեցինք` Սաղմոսավանք, Ամբերդ, Տառերու պուրակ, ուր բոլորս նկարուեցանք «Հ» տարին դիմաց` իբրեւ խորհրդանիշ Համազգայինին, ապա մեր այցելութիւնը շարունակեցինք դէպի Արագած լեռ, ուր լերան լանջին բոլորս միասին ճաշեցինք եւ պարեցինք շուրջպար` Սէրուժ Պաղտասարեանի «Մուսա Լերան դաբկի» երաժշտութեան տակ: Երեկոյեան, ունեցանք զրոյց մը` հայկական համայնքներու մասին, մեզմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր երկրի հայ գաղութը:
Յուլիս 29-ի առաւօտեան բոլորս միաժամանակ ուրախ եւ տխուր էինք: Ուրախ, որովհետեւ պիտի վայելէինք Գիւմրիի գեղեցկութիւնը, եւ տխուր, որովհետեւ ֆորումը կը մօտենար իր աւարտին, եւ գիտէինք, որ միասին անցուցած մեր օրերը պիտի դառնային անմոռանալի յուշեր: Սակայն այդ օրը եւս ապրեցանք ամբողջութեամբ` ժպիտով եւ խանդավառութեամբ: Գիւմրիի ճամբուն վրայ այցելեցինք Օշականի մէջ գտնուող Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր եկեղեցւոյ վարդապետին հետ զրոյց մը ունեցանք գիրերու գիւտի եւ հայոց լեզուի մասին: Հոն տեսանք Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտ Վահան Ամատունի իշխանին գերեզմանները: Գիւմրի հասնելով` խմբապետական կազմը պատրաստած էր հաճելի խաղ մը` հետազօտական արշաւ: Բաժնուեցանք երեք խումբերու, եւ ամէն խումբ ունեցաւ իր հարցարանը: Այս արշաւին նպատակն էր մեզ աւելի մօտէն ծանօթացնել Գիւմրիին եւ շփում ունենալ Գիւմրիի բնակիչներուն հետ: Կ՛արժէ նշել քանի մը հարցում, օրինակ` գտնել թէ նախապէս ի՞նչ կը կոչուէր Գիւմրին, գտնել, Գիւմրիի բնակիչներէն վերապրող մը եւ արձանագրել 1988-ի երկրաշարժի դէպքերէն պատմութիւն մը, գտնել Գիւմրիի ամէնէն հին սափրիչի խանութը եւ այլն: Յաջորդ օրը այցելեցինք «Մհեր Մկրտչեան», «Յովհաննէս Շիրազ» եւ «Աւետիք Իսահակեան» տուն-թանգարանները: Յաճելի եւ յուզիչ հանդիպում մը ունեցանք «Համազգայինը Արցախի մանուկներու կողքին» ծրագիրի մանուկներուն հետ: Մանուկներէն մէկը ինծի ըսաւ, որ կարօտցած է իր տունը, իսկ ես ալ պատասխանեցի` ըսելով, որ օր մը կրկին պիտի վերադառնաս քու տունդ:
Ֆորումի վերջին օրը` 31 յուլիսին, այցելեցինք` Հաղարծին, Դիլիջան, Պարզ լիճ, Սեւանայ Լիճ (կղզի) եւ Սեւանավանք: Իսկ գիշերը ունեցանք մեր վերջին մտերմիկ ընթրիքը, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ իր ֆորումի մասնակցութեան հաստատագիրը: Եւ այսպիսով, իր աւարտին հասաւ Ֆորում 2025-ը:
Շատ աւելի կրնամ ընդլայնել եւ մանրամասն գրել, բայց այսքանով պէտք է բաւարարուիմ:
Ոմանք ինծի հարցուցին` ո՞ր տարին աւելի լաւ էր: Ես ալ պատասխանեցի, թէ ամէն մէկը իր անուշութիւնն ու արժէքը ունէր, եւ երկուքն ալ պարգեւեցին հարուստ փորձառութիւններ, որոնք երբեք չեն մոռցուիր: 2024-ի բոլոր մասնակիցներս տակաւին կապի մէջ ենք իրարու հետ, եւ վստահ եմ, որ 2025-ի մասնակիցներս ալ նոյնպէս պիտի պահենք ջերմ կապ մը: Կը քաջալերեմ իւրաքանչիւր հայ ուսանող երիտասարդ` մասնակցելու ֆորումին, իսկ անոնք, որոնք անցեալ տարիներուն մասնակցած են, կրկին` առանց տատամսելու մասնակցին, որովհետեւ երկրորդ անգամը պիտի ըլլայ տարբեր եւ հարուստ նոր փորձառութիւններով:
Խորին շնորհակալութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Ֆորումի յանձնախումբին, որոնք ամէն տարի մեծ ջանք կը թափեն այս ծրագիրը յաջողցնելու համար` հայ ուսանող երիտասարդներուն առիթ տալով մօտէն ծանօթանալու տարբեր գաղութներէ եկած հայ երիտասարդներու, իրենց հայրենիքին ու մշակոյթին: Շնորհակալութիւն նաեւ խմբապետական կազմին եւ ընդհանուր պատասխանատուին, որոնք ամբողջ հաւաքին ընթացքին միշտ մեր կողքին էին:
Ֆորումը այս տարի եւս հասաւ իր նպատակին, եւ վստահ եմ, որ միշտ ալ պիտի հասնի: