Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Մտքի Լսատեսողական Ակնարկ` «Հաւասարում Նորոգ». Սփիւռքի Մասին Մտածելու Եռօրեայ Հաւաք

August 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հաւասարում նորոգ» միջոցառման միամեակին առիթով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը հրապարակէ Արա Մածունեանին հեղինակած վաւերագրական ժապաւէնը` նուիրուած այս եզակի իրադարձութեան:

2024-ի յուլիսին 14 երկիրներէ 36 հայ մտաւորականներ հաւաքուեցան Լիզպոն` եռօրեայ հանդիպումի մը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մէջ: Կեդրոնանալով հայկական սփիւռքի մտաւորական եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան վրայ` միջոցառումը խթանեց միջսերնդային երկխօսութիւն մը եւ առիթ տուաւ բազմաթիւ զրոյցներու:

Տարբեր քննարկումներու, լուսարձակ նիստերու, ճաշի, սուրճի ընդմիջումներու եւ այլ հանդիպումներու ընթացքին կար մշտական դիտորդ մը` տեսախցիկը, որ ամէն ինչի կը հետեւէր. ամբողջական եռօրեայ վաւերագրումէ մը ետք, Հաւասարում նորոգ միջոցառման ոգիին խտացումը յանձն առաւ բեմադրիչը: Ինչպէ՞ս կարելի է նման միջոցառման մը էութիւնը փոխանցել շարժանկարի միջոցով: Կարելի՞ է ամփոփել զրոյցներն ու բանավէճերը իրենց համապատասխան շրջարկներուն մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է համադրել այդքան բովանդակութիւն` բազմաձայն միտքերով եւ տեսակէտներով:

Որպէս վաւերագրական ժապաւէնին բեմադրիչը` Արա Մածունեանի միտքերը լոյս կը սփռեն շարժապատկերի ստեղծումին, ինչպէս նաեւ դիտելու գործընթացին վրայ:

«Երեք օրուան ընթացքին տեսախցիկին ետին ըլլալը ինծի իւրայատուկ տեսանկիւն մը պարգեւեց: Ես քննարկումներուն չմասնակցեցայ, բայց միշտ կը դիտէի ու կը լսէի ո՛չ միայն այն, ինչ որ մարդիկ կ՛ըսէին, այլեւ ինչպէ՛ս կ՛ըսէին. դադարները, զանազան միջամտութիւններէ ետք  տեղի ունեցող շրջումները եւ խոկումի պահերը, որոնք նոյնքան մեծ կշիռ ունէին:

Պատիւ էր շրջապատուած ըլլալ այդպիսի մտածող մարդոցմով եւ ականատես ըլլալ այդ իմաստալից հաւաքին: Որպէս միակ մշտական դիտորդ` ես նկատեցի, թէ ինչպէ՛ս գաղափարներ, զգացումներ եւ կապեր ժամանակի ընթացքին դանդաղօրէն կը միահիւսուէին: Այս է, որ կը փորձէի «բռնել» նկարահանումներուն ժամանակ: Յուսամ, որ տեսանիւթը կ՛արտացոլացնէ ոչ միայն նոյնինքն իրադարձութիւնը, այլեւ` նոյն սենեակին մէջ գտնուելու զգացողութիւնը»: Արա Մածունեան, ժապաւէնի հեղինակ:

Կը հրաւիրենք դիտելու այս լսատեսողական զեկոյցը, որ կ՛արտացոլացնէ ժամանակակից հայ սփիւռքի միտքը:

Նախորդը

Ի՞նչ Է Տոհմածառը

Յաջորդը

Ճակատագի՞ր

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.