Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածածինը` Յոյսի Խարիսխ

Օգոստոս 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Աստուածամօր հանդէպ մեր ժողովուրդին տածած սէրն ու ակնածանքը,  զգացական ինքնաբուխ արտայայտութիւններ ըլլալէ անդին, խոր հաւատքի ակունքէն բխած վառ ապրումներ են: Աստուածամայրը իր ամբողջ էութեամբ, կենցաղով եւ ընդհանրապէս ողջ ներկայութեամբ, եղած է այն հանգիստ ու վստահելի նեցուկը, որուն դիմած են անհատներ եւ հաւաքականութիւններ` յուսադրուելով իր բարեխօսութենէն եւ ներշնչուելով ամբողջական հաւատքի իր վառ օրինակէն:

Աստուածամայրը ամենայն գիտակցութեամբ եւ հեզութեամբ ընդունեց այն, ինչ որ շատեր կը վախնային ընկալել. ատիկա Աստուծոյ խորհուրդը ճշմարտապէս կեանքի վերածելու առաքելութեան կանչն էր: Այսպէս, անոր հնազանդօրէն արտասանած «Աստուծոյ աղախինն եմ» խօսքը ողջ մարդկութեան կողմէ կրկնուող վստահութեան եւ յոյսի արտայայտութիւն դարձաւ:

Հայ եկեղեցին Աստուածամօր երկրային կեանքի աւարտը խորհրդանշող ննջումը, եւ ապա իր Միածին Որդիին ձեռամբ հրաշալիօրէն երկինք փոխադրուիլը  Վերափոխման տօնով կը նշէ, որ եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, կ՛անուանուի Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի: Այս տօնը նաեւ կը կոչուի «Փոխումն» եւ կամ` «Ննջումն»` շեշտելով այն իրականութիւնը, որ Աստուածամայրը ոչ թէ մահացաւ, այլ ննջեց եւ այս ննջման ընթացքին իր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի ձեռամբ եւ հրեշտակներու քաղցրահունչ օրհներգութեամբ երկինք վերափոխուեցաւ: Ահա այս պատկերն է, զոր կը տեսնենք Վերափոխման շարականին մէջ` մարմնաւորուած հետեւեալ բառերով. «Լոյսն անքնին ծածկեալ ի ծոց Հօր, որ ծագեցաւ ի քէն մա՛յր եւ կո՛յս, այսօր իջեալ անմարմնական դասուք հրեղինացն` փոխադրեաց զքեզ լուսափայլ ամպովք ի լոյսն անստուեր»: Ահաւասիկ շարականագիրը կը նկարագրէ, թէ հայրական ծոցին մէջ ծածկուած անքննելի լոյսը` մարդացեալ Բանը, ծագելով իր կոյս Մօրմէն, Տիրամօր ննջման պատճառով երկիր իջնելով անմարմիններու` հրեշտակներու հրեղէն դասերով, ամենասրբուհի Կոյսը լուսափայլ ամպով փոխադրեց դէպի երկնային անստուեր Լոյսը:

Քրիստոսի մահը, յարութիւնը, երկինք համբարձումը եւ Աստուածամօր դէպի երկինք վերափոխումը, հաւատացեալներուս համար յաւիտենական կեանքի գոյութեան կենդանի եւ զօրեղ վկայութիւն դարձան: Աստուածամայրը, հակառակ երկրի վրայ ապրած մայր մը ըլլալուն, մեզի ցոյց տուաւ, թէ մահը մեր կեանքին աւարտը չէ՛, այլ` նոր կեանքի մը նո՛ր սկիզբը եւ նո՛ր հանգրուան մը: Մարիամ իր սրբակենցաղ կեանքով մեզի սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրինք ժամանակաւոր այս կեանքը, որպէսզի կարենանք անժամանակ եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգել:

Երբ պահ մը փորձենք առանձնացնել Տիրամօր նկարագրային գիծերը, պիտի տեսնենք, որ ան բոլոր ժամանակներու մէջ եւ ի մասնաւորի այս դժնդակ օրերուն յոյսի եւ խաղաղութեան խարիսխ դարձած է մեր կեանքէն ներս: Մեր ուրախ թէ՛ դժուարին պահերուն մեր հայեացքը միշտ սեւեռած ենք մեր յուսատու Մօր` ակնկալելով, որ ան կրնայ քաջալերել մեզ եւ մեր հաւատքը ամրապնդել: Աւելի՛ն. Աստուածամայրը ողորմութեամբ եւ գթութեամբ լեցուն յոյսի աղբիւր է բոլոր անոնց, որոնք տկարացած են իրենց հաւատքին մէջ եւ զանազան դժուարութիւններու պատճառով յուսահատութեան եզրին կանգնած են: Առ այդ, Տիրամայրը ոչ միայն Քրիստոսի Մայրն է, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան Մայրը եւ բոլորին համբերութեան, խոնարհութեան եւ անսահման սիրոյ կենդանի օրինակը:

Հետեւաբար Աստուածամօր Վերափոխման տօնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Ան չապրեցաւ սոսկ պատմութեան ժամանակահատուածի մը մէջ, այլ այսօր եւս կը շարունակէ ապրիլ ու հրաշագործել մեր կեանքին մէջ: Վերափոխուիլը մարմնային սահմաններու յաղթահարումն է` հոգեւոր վերանորոգումի եւ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան խորհուրդով զսպանակուած: Այս խորհուրդը միայն Սուրբ Կոյս Մարիամի անձին չի վերաբերիր, այլ` բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուն աստուածահաճոյ կեանք մը կ՛ապրին: Ուրեմն Տիրամօր հանդէպ մեր մօտեցումը սոսկ զգացական պէտք չէ ըլլայ, այլ` հաւատքով ապրուած, յոյսով լիցքաւորուած եւ վստահութեամբ խարսխուած յարաբերութիւն մը, որպէսզի իր օրինակին հետեւելով` վերափոխուինք եւ վերափոխենք նաեւ մեր շրջապատը:

Այսօր, երբ աշխարհը կրկին ալեկոծուած է աղօտութեան, խռովութեան եւ կորստեան փոթորիկներով, մենք մեր հայեացքը դարձեալ կը սեւեռենք Տիրամօր` որպէս յոյսի եւ հաւատքի վառ ու ապրող վկայութիւն եւ իւրաքանչիւր ճգնաժամի մէջ` յաւերժական յոյսի խարիսխ: Կառչելով Աստուածամայր-խարիսխին մեր քայլերը կը դառնան հաստատ, մեր կամքը` տոկուն, մեր նպատակները` անշեղ եւ մեր գոյութիւնը` իմաստալից: Երբ մեր հոգեւոր կեանքի ուղեկիցը դարձնենք  Աստուածամայրը`  կեանքի բոլոր հոսանքներուն ընդառաջ եւ վերիվայրումներուն ընթացքին, կրնանք ապահով ձեւով նաւարկել` քա՛ջ գիտնալով, որ յոյսի հաստատուն խարիսխ եւ փրկութեան օրհնեալ տապանակ մեր Մայրը բոլոր ժամանակներուն մեր կողքին է:

 

 

Նախորդը

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Յաջորդը

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն Անտիպ Փաստաթուղթի Հրապարակում` Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վերաբերող

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?