Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն Անտիպ Փաստաթուղթի Հրապարակում` Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վերաբերող

Օգոստոս 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան
Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր

Դէպի սրբավայրեր եւ վանքեր այցելութիւնը շատ կանուխ քրիստոնէական սովորութիւն է` հաստատուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներու ձեռամբ: Այն մեծարանքի եւ յարգանքի տուրք է մատուցուած այն սուրբին, որուն յիշատակին կառուցուած է տուեալ ուխտավայրը: Հայրենազուրկ հայը սփիւռքի տարածքին եւս կառուցեց վանքեր, եկեղեցիներ, մատուռներ եւ սրբավայրեր, որոնք նոյնպէս դարձան ուխտավայրեր, ուր  աշխարհացրիւ հայերը կը համախմբուին առնուազն տարին մէկ անգամ:

Այս ուխտավայրերէն մէկն է Լեռնալիբանանի Զմմառու վանական համալիրի մայր եկեղեցին` Փոխման Սուրբ Կուսին, կառուցուած 1771-ին, կից Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, կառուցուած 1940-ին, որուն հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը կը նշենք մեծ շուքով, եւ որուն խորանին տեղադրուած` Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր կտաւը, Եւրոպական վերածնունդի գեղարուեստի գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի:

Իւրաքանչիւր տարուան մայիս ամսուան վերջին կիրակին եւ օգոստոսի Վերափոխման տօնին, սոյն ուխտատեղիները իրենց ասպնջական թեւերը բանալով կը հիւրընկալեն գաղութիս եւ գաղութս այցելած բոլոր հաւատացեալ հայորդիները, անոնց փոխանցելով քրիստոնէական հաւատքի ջերմութիւնն ու հայրենի բնաշխարհի լեռները յիշեցնող բնութեան քաղցրութիւնը:

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբաններու մօտ` Տիրամօր նկատմամբ իւրայատուկ սէրն ու ակնածանքը դրոշմուած է հիմնադիր հայրապետ` Աբրահամ Ա. Արծիւեանի օրօք եւ այդ զեղուն զգացումները փոխանցուած են հայրապետէ-հայրապետ, որոնք, մայրավանքէն հեռու գտնուելով հանդերձ, եղած են ջերմ երկրպագուները Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր:

Սոյն խօսքերուն լաւագոյն ապացոյցը` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յղած նամակն է օրուան մեծաւորին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն, առանց յապաւումի`

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
Ալեքսանդրիա
10 մայիս 1910

Գերյարգելի Տէր վարդապետ,

Հոս կը ծրարեմ mandate մի 50 Ֆրանքի:

Այս գումարը Քէօսէեան Գեր. Յովսէփ Վարդապետը ղրկած է, նա կը խնդրէ եւ կը թախանձի, որ բարեհաճիք Ցաւագին Աստուածամօր յարմար զարդ մի գնել տաք այդ գումարով:

Հաճեցէք ընդունիլ սիրոյ ողջոյն, անկեղծ համակրանացս հաւաստիօք Գերյարգելի Տէրութեանդ:

Խ. Ծ.
Ի. Վ. ՄԱԼՈՅԵԱՆ

mandate ուղղակի Ձեր անուանը ղրկուեցաւ
Պէյրութի բոսթայով
Հաճիք հոնտեղի
Գեր.Վարդապետաց ձեռքով
Գանձել տալ:

 

 

 

Նախորդը

Աստուածածինը` Յոյսի Խարիսխ

Յաջորդը

Թրամփ-Փութին Օդապարիկը…

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?