… Թռիչք պիտի առնէ՞, թէ՞ պիտի պայթի:
Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, եւ յետ բազում վերիվայրումներու ու տաք-պաղ ջուրերու մէջ նաւարկումներու` պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին համաձայնած են հանդիպում ունենալու, շուտով նաեւ յստակացաւ վայրը` Ալասքայի (Ռուսիայէն մօտաւորապէս մէկուկէս դար առաջ գնուած հող) ամերիկեան զինուորական մէկ խարիսխին մէջ:
Եւ յանկարծ… շատ բան գլխիվայր շրջեցաւ: Ռուսիոյ ուղղուած Թրամփի սպառնալիքները սառնարան դրուեցան, քաղաքական մարդիկ եւ մամլոյ մեկնաբաններ հազար ու մէկ երգ հիւսեցին (եւ կը շարունակեն հիւսել) նախատեսուած «պատմական հանդիպում»-ին մասին, կապկելով այն խառնիճաղանճն ու վերիվայրումները, որոնք կը ստեղծուին միջազգային սակարաններուն մէջ, ասոր-անոր դէմ ներածումի տուրքերը բարձրացնելու Թրամփի հրամանագիրներուն զուգահեռ: Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ աշխարհը շունչը բռնած է` սպասելով, որ խաղաղութեան աղաւնին դուրս բերուի փուռէն, փետուրներով զարդարուի եւ թռիչք առնէ արիւնալի տագնապներու դաշտերուն վերեւ, առանց վախնալու, որ որսորդներ զինք նետահար (նոր աշխարհին մէջ հրթիռահարումը աւելի սովորական է) ընեն եւ փուռ վերադարձնեն: Այլ խօսքով, քարոզչական արշաւներն ու մեկնաբանութիւնները ստեղծած են վիճակ, որ կը նմանի օդապարիկ մը թռիչքի պատրաստելու գործին: Անմիջապէս հարց կը ծագի, թէ օդապարիկին ներարկուած տաք օդը արդեօք պէտք եղածէն աւելի՞ պիտի ըլլայ ու թռիչքի պահուն իսկ պայթեցնէ՞ գունդը, թէ չափաւորականութիւնը ի վերջոյ պիտի ըսէ վերջին խօսքը: Ըստ կարգ մը դէտերու, հանդիպումին տեւողութիւնն իսկ ցուցանիշ մը պիտի ըլլայ, անկախ անոր պատրաստութեան համար տրամադրուած ժամանակէն:
Եթէ ցարդ եղածին ու չեղածին ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենանք, մանաւանդ եթէ չանտեսենք, չմոռնանք Թրամփի յարափոփոխ եւ մանկամիտ ոստոստումները` շատ մեծ յոյսերով չենք կրնար դիտել 15 օգոստոսի հանդիպումը: Կան մարդիկ, որոնք հրաշքներու կը հաւատան եւ կը յիշեցնեն, որ Ռեկընի եւ Գորբաչովի օրերուն ալ, տեղ մը անկարելին դարձաւ կարելի:
Բայց ո՞վ չ՛ուզեր, որ երկու նախագահները իրարու հետ լեզու գտնեն եւ խաղաղութեան աղաւնին ի վերջոյ կատարէ սպասուած թռիչքը:
***
Նախատեսութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու ամէնէն հպանցիկ մէկտեղումն իսկ անկարելի ճիգ պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի չորս ծագերէն, եւ իւրաքանչիւր երկրէ` իր հաշիւներուն հիմամբ, լուրերն ու նախատեսութիւնները մրցումի ելած են իրարու հետ, կը նմանակեն Ողիմպիական մրցումները, ուր կան բազմաթիւ մարզաձեւեր, մարդ չի կրնար բոլոր մրցումներուն հետեւիլ կատարուած պահուն (պատկերասփիւռն ու արդի արհեստագիտութեան այլ բարիքներ մասամբ կը դարմանեն պարտադիր թերացումները): Բայց կ՛արժէ, որ կանգ առնենք քանի մը յայտարարուած ու չյայտարարուած դաշտերու վրայ` տեսնելու, թէ 15 օգոստոսի հանդիպումին օդապարիկը պիտի թռչի՞, պիտի պայթի՞, թէ՞ պիտի մնայ… սին օդի սահմաններուն մէջ:
Նախ նշենք, որ երբ երկու գերպետութիւններու նախագահները նման հանդիպումի կ՛երթան, կասկած պէտք չէ ունենալ, որ անիկա բաւական լաւ նախապատրաստուած կ՛ըլլայ (Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումն ալ, անբաղդատելի իր տարողութեամբ եւ տարածքով, անպայման որ պատրաստուած էր երկար ժամանակի վրայ, հոգ չէ թէ ՔՊ-ականները «ամչկոտութիւն» խաղացած էին եւ, ըստ սովորութեան` զայն գաղտնի պահեցին մինչեւ վերջին պահը): Նման գերաստիճան (ենթադրաբար) օրակարգի վրայ կ՛ունենայ ո՛չ միայն երկու երկիրները, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը յուզող` հրատապ հարցեր, որոնք այս կամ այն չափով կախեալ են իրենց (այսինքն` իրենց ետին կանգնողներու) մատներու շարժումներէն, չըսելու համար… շահադիտական-շահակցական քմայքներէն: Այսուամենայնիւ, թմբկահարուող գլխաւոր տագնապը Ուքրանիան է, այդ առանցքին շուրջ կը թաւալին ամերիկեան, եւրոպական եւ այլ հետաքրքրութիւնները: Սա չի նշանակեր, որ, կրկնենք, այլ տագնապներ բոլորովին պիտի անտեսուին: Կարելի չէ անտեսել մա՛նաւանդ այն աղաղակող իրականութիւնը, որ Թրամփ ամէն բանէ առաջ իր շահերուն դիտանկիւնէն, մասնաւորաբար` Նոպելեան մրցանակի մը հասնելու մարմաջէն մղուած, պիտի նստի սեղան: Փութին ցարդ նման ախորժակներ չէ ցուցաբերած…
Այս մօտեցումով` մեր ակնարկն ալ պիտի ընդգրկէ Ուքրանիայէն աւելի լայն պատկեր մը (անկարելի է ամբողջականը ներկայացնել):
Ա. ՈՒՔՐԱՆԻԱ. Մեծագոյն հարցումը կը պարտադրէ ինքզինք. Թրամփ ի վերջոյ պիտի յաջողի՞ կասեցնել աւելի քան երեք ու կէս տարի առաջ պայթած պատերազմը (տագնապին մեկնարկը անկէ տարիներէ առաջ էր): Սպիտակ տուն վերադարձի օրերուն, ան յոխորտանքով յայտարարած էր, որ պատերազմը պիտի կասեցնէր 24 ժամէն, բայց ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին այն պահուն, երբ կ՛արձանագրենք այս տողերը. ռուսերը, կ՛ըսուի, նոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն, ուքրանացիներուն հակայարձակումներ չեն դադրած, զոհերու ու քանդումներու հաշուեցոյցը կը ծանրանայ: Համայնապատկերը մօտաւորապէս կարելի է ամփոփել հետեւեալով. Թրամփ եւ Փութին յայտնապէս կ՛աշխատին երկուքով դասաւորումներու հասնիլ, դուրս ձգելով Ուքրանիա՛ն ալ, Եւրոպա՛ն ալ, այլ հեղինակաւոր կողմեր ալ (օրինակի համար` ՄԱԿ-ի կամ միջազգային այլ միաւորներու ներկայացուցիչներ, ալ ի՜նչ խօսք` միւս գերուժին ու դրացիներուն մասին): Զելենսքիի` «Առանց Ուքրանիոյ մասնակցութեան` որեւէ տնօրինում չի կրնար ըլլալ» պահանջը արժէք չի ներկայացներ մեծ բանակցողներուն: Մէկ կողմէ` Թրամփ արդէն մեծ չափով կշտացուցած է իր ախորժակները, ձեռք բերած` Ուքրանիոյ բնական հարստութիւններու շահարկման մենաշնորհը (Եւրոպան ինչպիսի՜ նախանձով կը դիտէ այդ իրագործումը եւ կը մտածէ, թէ այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հարկադրուած է ա՛յդքան ծանր տուրք վճարելու ամերիկացի… դաշնակիցին), միւս կողմէ` Փութին յայտնապէս ապահոված է Ուքրանիայէն իր գրաւած հողամասերուն վերջնական տիրութեան իրաւունքը. Թրամփի` «պէտք է հողեր փոխանակեն» ակնարկութիւնը շատ անորոշ է, ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ շպարային նահանջի:
Եւրոպացիք` Թրամփի «մենատիրական» եւ ինքնագլուխ քայլերէն զայրացած, բոլորուած են Զելենսքիի շուրջ եւ կը քաջալերեն անոր` «որեւէ հողային զիջում պիտի չընենք»-ի կեցուածքը, կը մրցակցին զայն զինելու: Իրապաշտ դէտերու կարծիքով, Զելենսքիի «հաւը եփած է», որոշումներ պիտի տրուին` անտեսելով անոր պահանջները, յաջորդ հանգրուանին կրնան ձեւական մասնակցութիւն մը ապահովել անոր: Թրամփ այլապէս ալ իր կամքը պարտադրած է խրտուիլակի վերածուած եւրոպացիներուն: Կը յիշէ՞ք, ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն պարտադրեց բարձրացնել պաշտպանութեան պիւտճէները եւ, աւելին` պահանջեց, որ ամերիկեան զէնք գնեն ու Ուքրանիոյ նուիրեն (այսինքն` նախ եւ առաջ շահ, յետոյ… բայց ինչո՞ւ շարունակել Ուքրանիոյ սպառազինումը, եթէ պատերազմի դադրեցման իսկական կամք կայ): Եւ եւրոպացիք չեն կրնար դէմ կանգնիլ նման պահանջի, որովհետեւ իրենց քիթը, կոկորդն ու շատ մը այլ կենսական գործարանները դրած են Թրամփի (ու զայն հովանաւորողներու) ձեռքերուն մէջ: Այս դիտանկիւնէն, ո՛չ Թրամփի եւ ոչ ալ Փութինի հաշիւներուն համապատասխան պիտի ըլլայ օդապարիկը պայթեցնելը: Հոս կայ նաեւ այլ կարեւոր գործօն մը. կարծէք թէ առայժմ մոռցուած են այն դրդապատճառները, որոնք պայթեցուցին Ուքրանիոյ պատերազմը (եւ առաջին հերթին` ՕԹԱՆ-ին Ուքրանիոյ անդամակցութեան օրակարգը, որմէ կամացո՜ւկ մը ետդարձ ըրաւ Ուաշինկթըն, ձեւով մը իր նախասիրութիւնները պարտադրելով Եւրոպայի դաշնակիցներուն: (Մեր Սիւնիքին վաճառքէն առաջ, Ուքրանիան գործնապէս ծախուած էր…)
Բ. ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ. Ալասքայի գերաստիճանի նախօրեակին, Իրանէն մինչեւ Իսրայէլ, Սուրիա ու Լիբանան (հասնինք նաեւ Ծոցի շրջանը) շատ բան չի խօսուիր խաղաղութեան հասնելու իմաստով: Իսրայէլ կը շարունակէ ջարդերը, որդեգրած է Կազան խլելու որոշում մը, հոգ չէ թէ մէկ կողմէ` աշխարհի չորս ծագերէն կը դիմագրաւէ «Մի՛ ըներ»-ներ կոչեր ու քննադատութիւններ (բոլորն ալ խօսքի ապուրի բնոյթով), իսկ միւս կողմէ` նոյնինքն Իսրայէլէն ներս վերջին շաբաթներուն բարձրացող ընդվզումի ալիքը, որ տարածուած է ժողովրդային զանգուածին ու զինուորականներու` գործող թէ հանգստեան կոչուած բանակայիններու շարքերուն վրայ: Ամերիկեան բացայայտ զօրակցութեամբ` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ասդին, բազում արհաւիրքներ եւ «ներքին արիւնահեղութիւններ» խռովեցին – եւ կը խռովեն – այդ երկիրը, թրքական եւ իսրայէլեան ուղղակի եւ բացայայտ միջամտութիւնները ստեղծած են խառնարան (չենք անտեսեր քիւրտերու եւ այլոց շարժումները), եւ ահա յանկարծ… Դամասկոսի իշխանութիւնները Մոսկուայի աջակցութեան կը դիմեն` զիրենք պաշտպանելու համար, եւ ե՞րբ, ճի՛շդ այն պահուն, երբ կը պատրաստուի Ալասքայի սեղանը: Ամերիկեան եւ արեւմտեան բացայայտ զօրակցութեան յենած Լիբանանն ալ արդեօք պիտի մտածէ՞ նման քայլի մասին: Անշուշտ հարցականներ կախուած են Իրանի հանդէպ ամերիկեան թշնամանքին եւ մեղմացումի հաւանականութիւններուն վերեւ: Բնական է, որ նման հարցեր պիտի քննարկուին (գոնէ հեռու ամբոխահաճութենէ եւ քարոզչութենէ` Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի շահերուն ու հաշիւներուն պարունակին մէջ): Միջին Արեւելքի այս` կեդրոնական պատկերին կողքին, կան նաեւ «լուսանցքային» հաշուարկներ, որոնք կը տարածուին Եգիպտոսէն Լիպիա ու Ծոցի երկիրներ, ներառեալ Եմէնը: Ուշադրութեան առանձին կեդրոն է Էրտողանի Թուրքիան, որ, ինչպէս ծանօթ է, ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ սակայն, վերջին տարիներուն մերձեցում կը խաղայ Ռուսիոյ հետ (հին խաղին նոր էջը, ճատրակի տախտակին վրայ օգտագործուող քար մը), երբեմն դժգոհ ձգելով դաշնակիցները, մինչեւ իսկ բացայայտ կամ շինծու տագնապներ ստեղծելով անոնց հետ (Ֆրանսա): Այս ու նման պարագաներ չեն կրնար անտարբերութեամբ դիտուիլ Ալասքայի բանակցողներուն կողմէ: Չմտնենք յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ:
Գ. ԿՈՎԿԱՍ-ն ու մեզ շահագրգռող` Հայաստան-Արցախը: Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն հազիւ շաբաթ մը ետք է, որ Թրամփ պիտի հիւրընկալէ Փութինը, որուն ակնոցով, Կովկասը` Վրաստանէն մինչեւ Ազրպէյճան ու Հայաստան-Արցախ, կը մնայ շահեկան գօտի: Անվիճելի է, որ Ուքրանիոյ ճախճախուտին մէջ ընկղմած Ռուսիա վերջին տարիներուն հարկադրուեցաւ նահանջ արձանագրել այս գօտիէն (մի՛շտ իր շահերուն հաշուարկներով), մինչեւ իսկ իր դաշնակից Իրանի նկատմամբ ցուցաբերեց որոշ կրաւորականութիւն (ամերիկեւիսրայէլեան յարձակումի օրերուն), սակայն անոր համար այս գօտին կը մնայ ճատրակի անվերջանալի խաղին մէջ ետ-ու-յառաջի մրցադաշտ մը: Թրամփ, Սիւնիքի հարաւէն անցնող եւ իր անունով մկրտուած ճամբան շահելով, ապահովեց շահող խաղաքարտ մը` հաճոյացնելով Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, եւ պատրանք նուիրելով Փաշինեանի Հայաստանին: Թրամփ հիմա կը մտածէ, որ Ազրպէյճանին զէնքի նոր վաճառքներուն ճամբով` նկատառելի եկամուտ պիտի ապահովէ. անոր համար մազաչափ մը իսկ տարբերութիւն չ՛ըներ, թէ Հայաստան ընդունած է Մինսքի խմբակէն հրաժարիլ, ու Ալասքայի մէջ կրնայ Փութինի հետ «համակեցութեան» տարազ մը գտնել (ռուսական կողմը գիտէ, որ շրջանին մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը տակաւին խաղաքարտ մըն է իր ձեռքին, կրնայ սակարկութեան նստիլ մինչեւ իսկ անոր մասին նոր տարազումի մը հեռանկարով): Զարմանալի չէ, որ Մոսկուա «ճկուն» արձագանգ մը ունեցաւ Մինսքի խմբակին լուծարման մասին, առանց ծածկելու իր անբաւարարութիւնը (յիշեցուց, որ 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը բոլորովին մեռած չի նկատեր): Զարմանալին այն է, որ Ֆրանսա, իբրեւ Եւրոպայի յառաջատար ներկայացուցիչ, ծափողջունեց զինք կովկասեան ճաշասեղանէն վանելու ուաշինկթընեան համաձայնութիւնը (Մինսքի խումբին երրորդ անդամն էր), մինչդեռ անդին, եւրոպացի ընկերներուն հետ ոգի ի բռին կ՛աշխատի ռուս-ամերիկեան բանակցութեանց սեղանին շուրջ աթոռ մը ապահովելու իրենց հովանաւորեալին` Զելենսքիի, նոյն խանդով կը զօրակցին անոր պահանջներուն: (Յայտնապէս եւրոպացի խաղաղապահ դէտերուն Հայաստանէն հեռացումն ալ եփած ճաշ է, կը մնայ տեսնել, թէ Ալասքայէն ետք, ի՞նչ դեր-ճակատագիր պիտի վիճակուի ռուսական ուժերուն եւ զօրակայաններուն):
Դ. ԱՓՐԻԿԷ ԵՒ ԱՅԼՈՒՐ. Երբ աշխարհի ուշադրութիւնը ըստ էութեան (եւ շնորհիւ քարոզչական մեքենաներու) կեդրոնացած է վերոյիշեալ երեք տաք գօտիներուն վրայ, անդին, կան ճատրակի խաղատախտակին այլ քառակուսիները, ինչպէս` Ափրիկէ, Հարաւային Ամերիկա եւ Ծայրագոյն Արեւելք: Երկար սիւնակներ պէտք պիտի ըլլան` գէթ հպանցիկ ակնարկութիւններ ընելու այդ գօտիներու իրադարձութիւններուն, հետեւաբար կը բաւականանաք քանի մը նշումով: Յիշեալ տաք գօտիներուն դաշտերէն անդին, Ափրիկէի մէջ, օրինակի համար, վերջին տարիներուն տեղի կ՛ունենայ պարանաձգութեան նոր խաղ մը. կարգ մը ափրիկեան երկիրներ գործնապէս վանեցին նոր գաղթատէրեր, մասնաւորաբար` Ֆրանսան ու անոր «խաղաղարար»-ի զինուորական ներկայութիւնը, այլ շարժումներ կը խմորուին կամ գործնական նոր արտայայտութիւններ կը գտնեն, ռուսական յառաջխաղացք մը ակներեւ կը դառնայ Սեւ ցամաքամասի կարգ մը գօտիներուն մէջ (շատ բան հեռու կը մնայ-կը պահուի աշխարհի, նաեւ մեր` հայերուս տեսողութեան դաշտէն):
***
Ճամբայ չելանք սպառիչ պատկեր մը ներկայացնելու յաւակնութեամբ, այլ փորձ ըրինք ցոյց տալու, որ Թրամփ-Փութին հանդիպումը, Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան կողքին, կրնայ սեղանի վրայ ունենալ նաեւ աշխարհը – նաեւ մեզ` հայերս – յուզող, շահագրգռող հարցեր, որոնց մասին թերեւս շատ բան չխօսուի հանդիպումէն ետք ալ:
Իսկ եթէ ամերիկեան հողի վրայ կայացող գերաստիճանը ինքզինք հեռու պիտի պահէ նման հրատապ հարցերու քննարկումէն, կը նշանակէ, որ գերպետութիւններու գործելակերպին մէջ նահանջ, անկում կայ (գաղտնիք չէ, որ կ՛ապրինք անկումներու դարաշրջան մը): Հետեւաբար, աշխարհը պիտի սպասէ, որ այլ սուր ու մահասփիւռ-աւերիչ տագնապներու համար, նոր օդապարիկներ սարքուին, իսկ աւելի՛ կարեւորը` Ալասքայի օդապարիկը կարենայ թռիչք առնել եւ զերծ մնալ պայթելու վտանգէն:
13 օգոստոս 2025