ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Փոքր տարիքէս ճամբորդելը շատ կը սիրէի եւ կեանքիս ընթացքին ամէն առիթ օգտագործեցի, որ երազս իրականացնեմ: Այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին յաճախ հանդիպած եմ տարեց անձերու, որոնք ըսած են, որ ձեր տունը ուխտատեղի եղած է, որովհետեւ 1935-ին, երբ Սօսէ Մայրիկը Պէյրութ եկած է, ան նախընտրեր է մեր տունը իջեւանիլ, քան թէ` «Թուրիկին պանդոկը», ուր կուսակցական հիւրերը կը հիւրընկալուէին:
Սօսէ Մայրիկը Մուշէն մտերիմ եղած է մեծ մօրս` երէցկին Եղիսաբէթին, իսկ Սերոբ Աղբիւրն ալ մեծ հօրս` տէր Խաչատուր քահանային: Նաեւ կը յիշեմ, որ իրենց զաւակներն ալ` Յակոբն ու Սամսոնը հօրս` Համազասպին ընկերները եղած են, բայց դժբախտաբար զոհ գացած են ջարդերուն:
1987-ին, երբ Ամերիկայի Ֆրեզնօ քաղաք այցի գացած էի, հոն հաւաքի մը ընթացքին հանդիպեցայ սիսեցի տարեց անձի մը, Պէյրութէն գաղթած էր: Երբ զիս ծանօթացուցին, որ Պէյրութէն եմ` Համազասպ Տէր Խաչատուրեանին աղջիկը, ան յանկարծ տեղէն ելաւ յուզուած, եկաւ ճակատս համբուրեց եւ ըսաւ. «Ի՜նչ զուգադիպութիւն, 50 տարիներ առաջ ես քանի մը անգամ Հայաշէնի ձեր տունը այցելած եմ խումբ մը սիսեցի ընկերներու հետ, որովհետեւ ձեր տունը իջեւանած էր Սօսէ Մայրիկը, եւ այդ տունը կարծես ուխտատեղիի վերածուած էր, եւ կուսակցութիւնը դասաւորած էր, որ շրջաններու ընկերները հերթով գան եւ այցելեն հայ ազգի հերոսուհին»:
Այս արտայայտութիւնը յաճախ լսած եմ շատ մը անձերէ, անոնց կարգին` Սուրէն Անթոյեանէն եւ Հայկազ Եափուճեանէն, որոնք յաճախ հրապարակաւ նոյն վկայութիւնը տուած են:
Իսկապէս մեր տունը ուխտատեղի եղած է, արդարեւ, հոն իջեւանած կամ այցելած են` Գասպար Իփէկեանը` Հայաշէնի եկեղեցւոյ շինութեան շրջանին, իսկ Հուրի Իփէկեանը իր հօր հոգեհանգստեան առիթով:
1951-ին Արմէնուհի Գեւոնեանը (Գեղամ Տէր Կարապետեանին աղջիկը, որ Ռուբէն Տէր Մինասեանին հարսն էր), որ Ֆրանսայէն Պէյրութ եկած էր տարօնցիներուն երգերու մենահամերգ մը տալու, մեր տունը մնաց իր կեցութեան ատեն:
Նաեւ սասունցի ֆետայի Քեռի Թադոն ամիսներով մեր տունը մնացած է: Նաեւ հիւրաբար մեր տան հիւրերը` եղած են Եդուարդ Տարօնեանը, Խոսրով Թիւթիւնճեանը, Ժան Էլոյեանը` Երեւանէն, Կարօ եւ Լոլա Սասունիները, Վահան Փափազեանը (Կոմս), իսկ տօնական օրերուն հայրս մեզ այցի կը տանէր անոնց տունը, որ Ճեմարանին ճիշդ դիմացն էր: Բեգլար Նաւասարդեանն ալ ժողովէ մը ետք փափաքեր է մեր տունը այցելել եւ շատ գոհ մնացեր էր: Նաեւ Վարդգէս Փափազեանը (Սուրիոյ երեսփոխան Հրաչ Փափազանին տղան) ընտանեօք յաճախ մեզի հիւր եղած են:
Եղբայրս` Արտաշէսը, օր մը տուն բերաւ Շահան Նաթալին, նաեւ` եգիպտահայ երգիծանկարիչ Սարուխանը, որուն ես Գահիրէի մէջ այցելած էի քանի մը տարի առաջ: Մեր տան հիւր եղած են նաեւ Լեւոն Հախվերդեանը եւ շատ մը հայրենի գրագէտներ ու արուեստագէտներ` Աբրահամ Ալիքեանը, Սասուն Գրիգորեանը, Վարդգէս Համազասպեանը, Վավա Սարգիսը` ընկերակցութեամբ Փոլ Կիրակոսեանին, Սիմոն Սիմոնեանը ընտանեօք եւ Ամերիկայէն ոսկրաբուժ տոքթ. Համբարձում Գէքլիքեանը, Արսէն Կիտուրը, որ հօրս այցելութեան առիթով անոր նուիրած է «Պատմութիւն Սոցիալ հնչակեան կուսակցութեան» գիրքը` մակագրուած «Իմ վաղեմի անաչառ ընկերոջս` Համազասպ Տէր Խաչատուրեանին»:
Հօրս այցելած են պետական անձաւորութիւններ, ինչպէս` երեսփոխաններ Ղասսան Թուէյնին, Ֆուատ Պութրոսը, որոնք նաեւ մասնակցեցան հօրս յուղարկաւորութեան:
2008-ին ալ առիթով մը ինծի այցելեց նախարար Խալիլ Հրաուին:
Ծնողքս չափէն աւելի մարդասէր եւ հիւրընկալ եղած են եւ այս յատկութիւնները փոխանցած են մեզի:
Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք մեր տունը այցելած անձնաւորութիւններուն վրայ, կը զարմանամ, թէ մեր համեստ ծնողքը իրենց այդ օրերու նեղ պայմաններուն մէջ ինչպէ՛ս կրցած են այս տեսակ յարգարժան անձեր հիւրընկալել: Յարգա՛նք իրենց:
Հոս տեղին է յիշել, թէ Սօսէ Մայրիկը մեր տունը կեցութեան միջոցին հօրմէս կը խնդրէ, որ` «Եթէ զաւակ մը ունենաս, իմ անունս` Սօսէ դիր անունը»: Երբ ես կը ծնիմ, ծնողքս որոշած էին Սօսէ անուանել, բայց դժբախտ պատահարով մը իմ ծնունդէս 8 օր առաջ հօրեղբայրս` Արշակը կը մահանայ, ծնողքս` ի յիշատակ հօրեղբօրս, զիս կ՛անուանեն Արշակուհի:
Հայրս Սօսէ Մայրիկին տուած իր խոստումը յարգելու համար յաջորդ աղջիկ զաւակը կ՛անուանէ Սօսէ:
Սակայն լիբանանեան անձնաթուղթին մէջ Սօսի գրուած է, քանի որ արաբերէնի մէջ «է» գիր չկայ, բայց մեզի համար ան միշտ եղած է Սօսէ:
Սօսէն ժրաջան աշխատանքով բարձրագոյն ուսում ստացաւ եւ մասնագիտացաւ հիւանդապահութեան մէջ` հասնելով «BSN» Master՛s տիտղոսներուն եւ ծառայեց 44 տարիներ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցին մէջ:
Շնորհիւ իր բարեսէր եւ հոգածու նկարագիրին ու նուիրումին իր մասնագիտութեան` ան տիրացաւ «Ֆլորենս Նայթինկըլ» (Florence Nightingale) մրցանակին, 1965-ին: Այս մրցանակը կը շնորհուի աւարտական դասարանի լաւագոյն աշակերտին: Իսկ երբ ան գործէն դադրեցաւ, զինք կոչեցին «Մամա Սօսի» մակդիրով, եւ այդպէս ալ կոչուած է իր միջավայրին մէջ: Ան նաեւ 2001-ին ընտրուած էր Հայկազեան համալսարանի Տիկնանց միութեան կողմէ «Տարուան մայրը» (Mother of the year)»:
Ան իր կրթական ծառայութեան կողքին, շատ մը բարեսիրական կազմակերպութիւններու մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, ինչպէս` Աւետարանական դպրոցներու Կրթական խորհուրդի փոխատենապետ տարիներու ընթացքին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Նախադատ ատեանի առաջին կին դատաւորը, դասախօսած է հայկական դպրոցներու եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու մէջ, տուած է հանրային դասախօսութիւններ` նաեւ կնոջական դաստիարակութեան վերաբերող:
Իր ասպարէզին վերաբերող այս բոլոր համագումարներու եւ միջազգային գործունէութիւններու մասնակցութեան կողքին, ան 45 տարիներ անընդհատ ծառայած է «Գարակէօզեան» յիշատակի ձեռնարկի «Մայրերու եւ զաւակներու հոգատարութեան կեդրոն»-ի (Mother & child care center) յանձնախումբին` իբրեւ գործօն վարչական անդամ տեղական կազմին մէջ:
Այս երկարամեայ ծառայութեան համար 18 դեկտեմբեր 2024-ին պարգեւատրուեցաւ հաստատութեան Ամերիկայի վարչական կազմին կողմէ` իր անխոնջ, նուիրեալ եւ երկարամեայ ծառայութեան համար ոսկի մետալով մը, որ կը կրէ Հաուըրտ Գարակէօզեանի կիսանդիրիին պատճէնը (վաղամեռիկ (14 տարու) մէկ կողմը, իսկ միւս կողմը գրուած է «Մամա Սօսի»: Հոս տեղին է յիշել, որ այս շքանշանը առաջին անգամն է, որ կը շնորհուի Լիբանանի վարչական անդամի մը: Երկրորդ մետալ մըն ալ տրուեցաւ տեղական վարչութեան կողմէ:
Այս ձեւով արդեօք Սօսէ Մայրիկին առաջարկը իրականացա՞ւ` իրեն արժանաւոր յաջորդ մը ունենալով, ինք ազգային, յեղափոխական անձնաւորութիւն, իսկ Մամա Սօսին կրթական, ազգային, մարդասիրական գործունէութեամբ:
Յիշատակդ միշտ վառ մնայ Սօսէ Մայրիկ:
Վարձքդ եւ ուժդ անսպառ Մամա Սօսի:
2 յունիս 2025