ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Վերջերս «Պայքար» շաբաթաթերթին մէջ հանդիպեցայ գրախօսականի մը` 1986-ին Փարիզ լոյս տեսած «Աստուածամայր» խորագիրով հատորին. յօդուածին հեղինակը մեծատաղանդ հայագէտ, բանաստեղծ եւ մանկավարժ հանգուցեալ Մանուէլ Քէօսէեանն էր:
Միտքս սկսաւ փոթորկել յուշերու հեղեղ մը, որ Մանուէլ Քէօսէեան կը կոչուէր:

Մանուէլ Քէօսէեան Սուտանի, Եթովպիոյ, Հայաստանի, Երուսաղէմի, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի հայկական կրթական հիմնարկներու մէջ հայագիտական նիւթերու ուսուցչական եւ տնօրէնի պաշտօններ վարած է եւ, վերջապէս, մեծ գործունէութիւն ունեցաւ քանատահայ համայնքին մէջ` իբրեւ մանկավարժ, հայագէտ ու ազգային գործիչ:
Ան իրաւամբ անխոնջ հայ սփիւռքաշրջիկ մանկավարժ մըն էր:
Իր ջանքերով Մոնրէալի մէջ հիմնուեցաւ Մանուէլ Քէօսէեան հայագիտական կեդրոնը, ուր իր երախտապարտ աշակերտները կը շարունակեն իր սկսած հայապահպանման ուղին:
Յուշերու հոսանքը շարունակեց միտքս փոթորկել, եւ յուշերու ժապաւէնը արդէն սկսած էր ժամանակը ետ սահեցնել ու սահեցնել:
Յիսուն տարիներ առաջ Մանուէլ Քէօսէեանի անունը արդէն լսած էի եղբօրմէս` Զարեհէն, որ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտ եղած է ու միշտ կը պատմէր, թէ հայագիտական նիւթերու ինչպիսի՛ ազդեցիկ ու ոգեւորիչ ուսուցիչ մը եղած էր Մանուէլ Քէօսէեանը, երբ Կիպրոսի մէջ հայերէն կը դասաւանդէր:
Իսկ 1978-ին, երբ ես ուսողութեան ուսուցիչի պաշտօն կը վարէի Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանին մէջ, Քէօսէեան դարձաւ իմ գործակիցս:
Հարկաւ աւելի մօտէն ճանչցայ զայն` մարդը, հայը եւ ուսուցիչը, եւ շուտով դարձաւ բարեկամ եւ անուղղակիօրէն հայասիրութեան ուսուցիչ ու պաշտօնակից:

1978-ին` Գալուստեանի վարժարանին մէջ ուսուցչութեանս օրերուն, պարոն Տընկճեանին սենեակը մեր ամէնօրեայ հաւաքատեղին էր` Քէօսէեան, Նուպար Տընկճեան, Հայկ Սարգիսեան, Զարեհ Շուշանեան եւ ես:
Հայ մշակոյթով մեզ անդադար կը խանդավարէր Քէօսէեանը` Կոմիտասէն մինչեւ Դանիէլ Վարուժան, ինչպէս` հետեւեալ գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը, որ մեզ յաճախ ինք կ՛երգէր իր շատ զգացական ձայնով:
Հունձք կը ժողվեմ մանգաղով,
– Լուսնակը եարս է –
Ակօս ակօս ման գալով:
– Սիրածըս հարս է:
Գըլխեբաց եմ ու բոպիկ,
– Անո՜ւշ են հովեր –
Արտերուն մէջ թափառիկ:
– Մազե՜րն են ծովեր:
Մանգաղըս քարին եկաւ,
– Եարըս եա՜ր ունի –
Քարէն լորիկը թըռաւ:
– Լե՜րդըս կ՛արիւնի:
Քէօսէեան բացառիկ կարողութիւնը ունէր ամէն վարկեան իր շրջանակը քաջալերելու, ուժ ու յոյս ներշնչելու, ան ունէր քաշողական զօրաւոր ուժ մը իր շրջակայքին ազդելու ու հրապուրելու` ի նպաստ հայ մշակոյթի ու գրականութեան նկատմամբ սիրոյ ու պաշտամունքի, իսկ իր նախընտրեալներն էին` Զարեան, Շահնուր, Կոմիտաս, Վարուժան, Ինտրա, Զարիֆեան, Դուրեան ու Դեմիրջեան:
Արագօրէն իր շուրջ հաւաքուեցան հայ ոգիով, արուեստասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ լեցուած երիտատարդներ, որոնցմէ շատերը յետոյ դարձան տաղանդաւոր արուեստագէտներ ու մտաւորականներ, ինչպէս` մեծատաղանդ համաշխարհային նկարիչ Շանթ Աւետիսեանը, հռչակաւոր խմբավար ու մանկավարժ Հայկ Սարգիսեանը ու Ֆրանսա ուսանած մեծահռչակ արուեստագէտ-ձեւաւորող Քարի Մխտիկեանը եւ շատ ուրիշ իրմով ներշնչուած հայ երիտասարդներ:
Քէօսէեան կրցաւ շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին հայ մշակութասիրական շարժում մը ստեղծել Եգիպտոսի մէջ, որուն ազդեցութիւնը երկար տարիներ շարունակուեցաւ նոյնիսկ իր հեռանալէն ետք, ան երեւոյթ մըն էր` անձնաւորութիւն մը ըլլալէ աւելի:

Հանգուցեալ եղբայրս` Զարեհ Շուշանեանը, այնքա՛ն ազդուեցաւ Քէօսէեանի հայագիտական ներշնչող դաստիարակութենէն, որ որոշեց հայագիտութիւն ուսանիլ եւ յաջողեցաւ գերազանցութեամբ մագիստրոսի տիտղոսը ստանալ Երեւանի համալսարանէն:
Անմոռանալի է նաեւ հանգուցեալ աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Շանթ Աւետիսեանի 1979-ին կազմակերպած ցուցահանդէսը Մանուէլ Քէօսէանի բնակարանին մէջ, ուր բոլոր գաղութի մշակութասէրները ներկայ ու մասնակից եղան եւ երկար քննադատական զրոյցներ ունեցան հոն` Քէօսէեանի ղեկավարութեամբ:
Քէօսէեանի բնակարանը վերածուած էր արուեստի ու հայ մշակոյթի օճախի մը, ուր ամէն գիշեր կը հաւաքուէին մտաւորական ու մշակութասէր հայ երիտասարդները, զինք սիրող տղաք, որոնք օրէ օր կ՛աւելնային:
Միշտ Շահնուրի «Նահանջ»-ով պէտք էր սկսէինք կամ փակէինք մեր զրոյցները.
«Կը նահանջեն` ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն` բարք, ըմբռնում բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործերով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղայ, մեղայ Արարատին»:
Ուրիշ օրեր Ֆիշաւիի պատմական սրճարանը կը հաւաքուէինք, կամ լուսնակ գիշերներ երկար ժամեր զրուցելով` կը քալէինք Գահիրէի քնացած նեղ փողոցներէն ու առաջին լոյսին հետ եգիպտական ֆուլի նախաճաշ մը կ՛ընէինք ժողովրդական պարզ ճաշարանի մը մէջ:
Քէօսէեան կեանքը սիրող էր, Հայաստանի, Արարատի ու Կոստան Զարեանի սիրահար մը, բայց ամէն բանէ առաջ ան բնազդով փորձառու հոգեբան մանկավարժ մըն էր` հայրենասիրութեամբ վարակուած ու վարակող` մը իր ամբողջ շրջապատը:
Հայկ Սարգիսեանի ստեղծած «Կռունկ» երգչախումբը, Քէօսէեանի քաջալերանքով, ու աջակցութեամբ դարձաւ հայրենասիրական ու հայապահպանման ուժեղ շարժում մը, որ միաւորեց ու իր շուրջ կրցաւ հաւաքել տարբեր խաւերէ հայ պատանիներ ու երիտասարդներ:
Քէօսէեան մեզի սորվեցուց մտահոգ ու գիտակից ըլլալ հայագիտութեան կարեւորութեան` մեր դպրոցներէն ու ընտանիքներէն ներս, գիտակից հայեր ըլլալ սորվեցուց բոլորին:
Այդ պատճառով ալ 19 նոյեմբեր 1980-ին, Քէօսէեանի Եգիպտոսէն հեռանալէն ետք, ուսումնական թէյասեղանի մը ընթացքին, եւ հակառակ անոր որ Գալուստեան վարժարանին մէջ ուսողութիւն կը դասաւանդէի այն ժամանակ, սակայն խոր մտահոգութիւնս ներկայացուցի հայագիտական նիւթերու դաստիարակութեան մակարդակին մասին, ինչպէս մանրամասնօրէն նկարագրեց «Արեւ» օրաթերթի խմբագիր հանգուցեալ Աւետիս Եափուճեանը իր 20 նոյեմբեր 1980-ի յօդուածին մէջ, յետոյ քսան տարիներ շարունակ դպրոցի հոգաբարձու նշանակուեցայ ու ձգտեցայ դպրոցի ուսումնական մակարդակի բարելաւման:
Մանուէլ Քէօսէեան կոչումով սիրահար մըն էր Հայաստանի ու հայ մշակոյթի, ան շարունակութիւնն ու մարմնացումն է Կոստան Զարեանի բոլոր գաղափարներուն ու ստեղծագործութիւններուն:
Մանուէլ Քէօսէեան սփիւռքահայ կեանքի մէջ երեւոյթ մըն է, աւելի քան` անձնաւորութիւն մը, յոյսի կանթեղ մը` մեր սփիւռքի մանկավարժներուն ու երիտասարդներուն:
Իր կեանքն ու գործունէութիւնը յատկանշական էին եգիպտահայ կեանքին մէջ, նաեւ` սփիւռքի տարբեր համայնքներուն, ուր գործած է, ձեռքբերումներ կատարած ու ազդեցութիւն ունեցած: Արդարեւ, եթէ փնտռենք իր գործած համայնքներուն մէջ իր մատնահետքերը, իր հաւատարիմ հետեւորդները պիտի գտնենք, որպէսզի, ինչպէս ինք կ՛ուզէր ու կը քարոզէր, «Նաւը լերան վրայ» վէպը դառնայ ուղեցոյցը բոլոր ապագայ հայ սերունդներուն, Քէօսէեանի հաւատարիմ աշակերտներուն:
Մանուէլ Քէօսէեան օրինակն է համահայ սփիւռքաշրջիկ հայրենասէր մանկավարժին: Անոր կենսագրութիւնը գիրքեր ու հատորներ կրնայ լեցնել, բայց իր իրական կեանքի պատմութիւնը իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն հոգիներուն ու մտքերուն մէջ փորագրուած է: Քէօսէեանի պատմութիւնը կը պատկանի համայն հայ մտաւորականութեան ու մշակոյթի զարգացման պատմութեան, եւ ոչ` այս կամ այն համայնքին, որովհետեւ սփիւռքի զարգացման կարեւոր գործիչ մը դարձաւ իր կեանքի ընթացքին, ու նաեւ` իր մահէն ետք:
Իբրեւ վերջաբան` Քէօսէեանի այս գեղեցիկ բանաստեղծութեամբ փակենք այս յօդուածը:
Հոս ինք` Քէօսէեան, կը պատասխանէ նոյն մեր հարցումին:
Ներկա՛յ
Հովը փոթորկի,
Տարերքը գոռայ`
Դուն հոն ես որդի հողի ու քարի:
Կայծակը զարնէ,
Կարկուտը տեղայ`
Դուն հոն ես որդի ջուրի ու ծառի:
Յոյսին յանդիման`
Երկինքը փուլ գայ`
Դուն հոն ես որդի լեռի ու պարի:
Տուն, շէն ու աւան
Անապատանայ`
Դուն հոն ես որդի ցանքի ու վարի:
Վէրքը ճենճերի,
Վիշտն աւելանայ`
Դուն հոն ես որդի դեղի ու ճարի:
Թէ հայրենիքը
Հուր-գեհեն դառնայ`
Դուն հոս ես որդի երգի ու բառի:
Երգս` երկիւղած
Համբոյր ու ընծայ`
Մեծ Առօրեայիդ արդար ու արի:
27 դեկտեմբեր 1988
Մանուէլ Քէօսէեան
– Քէօսէեանի եւ Շանթ Աւետիսեանի աշակերտներէն, Րաֆֆի Չէչէնեան եւ
Էտուար Շուշանեան գեղանկարչութեան հետեւեցան
– «Ջահակիր», 21 փետրուար 1980, Հայկ Սարգիսեանի Գալուստեանի երգչախումբի ու Մանուէլ Քէօսէեանի ասմունքի մասին
– «Կռունկ» երգչախումբ
– Հայկ Սարգիսեան իր մասին գիրքի շնորհահանդէսին (2018), ինծի համար կը մակագրէ գիրքը:
– «Արեւ» օրաթերթ, 20 նոյեմբեր 1980
Թերթերու նկարներու աղբիւրները
https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Payqaram1923/1986/5.pdf
https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Arev/1980/18705_ocr.pdf
https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Jahakir%20Kahire/1980/1980(791)_ocr.pdf
https://armenian-poetry.blogspot.com/2009/08/blog-post.html?m=1