Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

August 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Աստուածածնի Վերափոխման առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին բացօթեայ  խորանին վրայ մատուցուած պատարագի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս յղեց ուշագրաւ պատգամ մը: Շատեր հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ Արամ Ա. կաթողիկոս լուռ է` ի տես Հայաստանի մէջ ահագնացող տագնապներուն: Իրականութիւնը սակայն այլ էր, ամրան սկիզբը, Անթիլիասի մէջ գումարուած էր կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան լիակատար ու ընդլայնուած ժողովը` մասնակցութեամբ Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներու, թեմերու առաջնորդներու ու թեմերէն աշխարհական ներկայացուցիչներու: Այս ժողովը, որուն կը նախագահէր Արամ Ա. կաթողիկոսը, յատուկ յայտարարութեամբ ու կոչով անդրադարձած էր հայաստանեան դէպքերուն եւ յստակ բանաձեւումով զօրակցութիւն յայտնած` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան:

Աւելի ուշ, ինչպէս կը յուշէ Արամ Ա. կաթողիկոս, վեհափառը պատրաստակամութիւն յայտնած էր երթալու Հայաստան ու պետական իշխանութիւններուն ու Էջմիածնի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցելով` փորձել լուծում գտնել ստեղծուած տագնապին: Այցելութիւնը չէ կայացած, որովհետեւ Հայաստանի կողմէ անհրաժեշտ ընդառաջումը չէ եղած:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կը հաստատէ, որ` «Հայաստան այսօր իրողապէս կը գտնուի ներքին ճեղքերու առաւել խորացումով ու աննախատեսելի հետեւանքներով յղի պայմաններու մէջ»: Դատապարտելէ ետք պատասխանատու ղեկավարներու «ոչ վայել եւ ոչ ընդունելի» արտայայտութիւնները, Ազգային ժողովին անփառունակ մթնոլորտը, վեհափառը կը յիշեցնէ, որ` «Եկեղեցին ըսելիք ունի, ընելիք ունի», եւ թէ` իր հիմնական դերը կը կայանայ հակընդէմ կեցուածքները կամրջելու, համադրելու ու համաձայնեցնելու մէջ:

Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութիւնը դատապարտելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛անդրադառնայ Ուաշինկթընի մէջ կնքուած յուշագրին, զոր «իւրայատուկ իրողութիւն» կ՛որակէ: Յուշագրին մասնագիտական վերլուծութիւնը վստահելով քաղաքագէտներուն ու վերլուծաբաններուն` Արամ Ա. կաթողիկոս դիտել կու տայ, որ երկդիմի կէտերով որեւէ համաձայնագիր կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Համաձայնագրի գծով ժողովուրդը պէտք է ըսելիք ունենար, բան մը, որ չէ եղած: Վեհափառը կը զգուշացնէ Հայաստանը դարձնելէ «աշխարհաքաղաքական ուժերու բախումի հանդիսարան: Կը թելադրէ չտարուիլ մեծ տէրութիւններու խաբուսիկ խոստումներէն, ըլլալ արթուն եւ զգուշ: Արամ Ա. կաթողիկոս կը թելադրէ` չմոռնալ հազարաւոր նահատակներն ու վիրաւորները, բազմահազար գաղթականները, անհետ կորածները, Պաքուի մէջ արգելաբակեալները, գրաւուած տարածքները: Կը թելադրէ` ձերբակալութիւններով ու դատավարութիւններով չխախտել մարդկային իրաւունքները, Հայաստանը չհեռացնել սփիւռքէն ու նորը կառուցելու պատրուակով չկտրուիլ հինէն` անցեալէն:

Ուաշինկթընեան յուշագիրը եւ նախաստորագրուած համաձայնագիրը կ՛անտեսեն Արցախն ու արցախահայութիւնը: Հայաստան Արցախը կը համարէ Ազրպէյճանի անբաժան մաս, իսկ արցախահայութեան վերադարձը իր բնօրրան` ոչ իրատեսական: Մինչ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար արցախեան հարցը փակուած է համապարփակ պարտութեամբ, Արամ Ա. կաթողիկոս կը պատգամէ, որ` «Արցախը անցեալ չէ»: Խաղաղութիւնը ֆեթիշացնելով ու յանուն խաղաղութեան բոլոր իրաւունքներէ հրաժարելով` կարելի չէ Հայաստան կերտել, «իրական Հայաստանը» հակադրել պարզապէս Հայաստանին ու կարծել, որ արհեստական միջոցներով, սահմաններու անխախտելիութեան, ինքնիշխանութեան, հաւասարազօրութեան լոզունգներով ազգային գաղափարախօսութիւն հռչակել:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը կ՛եզրափակէ` դիտել տալով, որ ազգային արժեհամակարգերու խախտումին ականատես ենք եւ հաւաքական արժէքներէ կը հեռանանք: Համախմբումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է վերակենսաւորելու համար մեր ինքնութեան գոյութենական հիմքը հանդիսացող արժէքները` բոլորուելով վերանորոգ պետականութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ շուրջ:

Պատմութիւնը կանգ չէ առած. ազատագրական պայքարը կը շարունակուի:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.