ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Նայուածքովդ այս քու ժպտուն`
հազար գարուն կը բերես տուն,
Շրթներովդ կը պատմես դուն
սիրոյ երգը համբոյրներուն,
Այտերովդ կրակի պէս
սառոյցները կը հալեցնես,
Աչքերովդ երազային
լոյս կը սփռես ձմրան մութին,
Վարսերովդ ածուխի պէս
խարոյկները կը գրգռես:
Սիրտս արդեօք յանցաւո՞ր է
Թէ որ սիրէ քեզ այս գիշեր:
Լիբանան