Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշա

Օգոստոս 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Երբ կատարեալ լարումով եւ հետաքրքրութեամբ պատկերասփիւռի միջազգային կայաններէն կը հետեւէի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` հայ եւ ազրպէյճանցի ղեկավարներուն հետ սարքած, այսպէս կոչուած, հաշտութեան բեմադրութեան,  յանկարծ պահ մը երեւակայութեամբ փոխադրուեցայ Պաքու, ուր անհամբեր, ականջէ ականջ երկարող իր լայն ժպիտով զիս կը սպասէր Ուաշինկթընէն նոր վերադարձած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որուն հետ իր նախագահական պալատի  գրասենեակին մէջ, գլուխ գլխի, կարճ, սակայն դիպուկ զրոյց մը ունեցանք, բաժակ մը առաջնակարգ վոտքայի եւ ձկնկիթի` «խաւեարի», ընկերակցութեամբ:

Անգլերէն «հi, Mr. president»` «բարեւ պարոն նախագահ», ըսի` թրքերէնի ծանօթ ըլլալս պահելով զրուցակիցէս, եւ անմիջապէս հարցումներու տարափին անցայ:

– Ինչպէ՞ս անցաւ ձեր պատմական հանդիպումը նախագահ Թրամփի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ:

– Ակնկալուածէն շատ աւելի յաջող…,-  պատասխանեց ան` դէմքը զարդարող ինքնագոհ ժպիտը աւելի եւս շեշտելով եւ դիմացինին երեսին քսելով:

– Կասկած չկայ, միջազգային քաղաքական դիտորդները այդ մէկը նախատեսած էին, սակայն ի՞նչ բանը հանդիսացաւ ձեզ այնքան խանդավառող յաջողութեան բուն էատարը…

– Ճիշդը` ողջ մնան, երկու մասնակցողներն ալ մարդամօտ, առատաձեռն, անփորձ քաղաքական մարդու խանդավառութեամբ եւ շուտիկութեամբ ընդառաջեցին գրեթէ բոլոր պահանջներուս… Նախագահ Թրամփ` Նոպելեան մրցանակը ամէն գնով ձեռք բերելու փափաքին հետամուտ, իսկ Նիկոլ փաշան` յաջողակ, ճարպիկ դիւանագէտի հռչակին արժանանալու տարիներով փայփայած երազանքէն գինովցած…

– Այո՛, սիրելի Ալիեւ, երէկուան թշնամիիդ 34 մղոն միջանցք շնորհելը, իբր թէ Միացեալ Նահանգներու անուանական հսկողութեան տակ, արեան երակդ բանալ կը նշանակէ, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար… Իսկ բուն այդ միջանցքէն օգտուողը անտարակոյս Պաքուի իշխանութիւնները պիտի ըլլան… փոխարէնը` ձախաւեր այդ քայլին դիմաց ոչ մէկ զիջում կատարելու գնով:

– Հո՛ս նայէ, պարոն ամենագէտ,- սաստեց ան,- վարչապետիդ ձեռքէն բռնող եւ զօրով, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան հռչակագիր ստորագրել տուող մը կա՞ր…

– Այո՛, մեր վարչապետը ստորագրեց հաշտութեան վաւերագիրը` առանց փոխարէնը Ղարաբաղի հայ աքսորեալներուն տունդարձը եւ քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը նախապայման դնելու, քու եւ Թրամփին կեղծ ժպիտէն եւ շռայլած ուշադրութենէն գլուխը կորսնցնելով… Գինովցածը աւելի ճիշդ պիտի հնչէր այս պարագային:

Ալիեւ լրջանալով` յօնքերը կիտեց…

– Է՜հ, ազատ կամքով դուք ընտրեցիք ձեր երկրին ըստ ձեր բնորոշումին` խոստմնադրուժ ղեկավարը: Ձեր գլխուն զէնք բռնելով ալ մէկը չստիպեց այդպիսի մէկը  վարչապետ ընտրել…

Տակաւին, բարեկամդ` Նիկոլ փաշան, երբ իմ նախապայմանիս ընդառաջելով` երկրին սահմանադրութիւնը եւ Հայ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը փոխէ, հայերդ ի՞նչ ղարմաղալ պիտի փրցնէք,- եւ ըրած ակնարկութեան վրայ ինքնագոհ, բարձրաձայն քրքջաց` մատը  գրեթէ աչքս խոթելով:

– Ատոր նայիս նէ, ազրպէյճանցի ամբողջ ղեկավարութիւնը պէտք է բանտարկել…

– Է՜հ, բանտարկեցէք, ձեր ձեռքերը բռնո՞ղ կայ…

– Մեր միամիտները այդ ներուժը եւ վճռակամութիւնը չեն գործադրեր դժբախտաբար… Սակայն Ռուսիա այդ ուղղութեամբ կարծես ակռաները կը սրէ…

Ալիեւ յանկարծակիի գալով, այլայլած, օտարոտի աչքերը վրաս սեւեռեց «Դուն այդ մէկը ուրկէ՞ իմացար» ըսելու պէս… Եւ երբ մտերմիկ զրոյցի աւարտին կը պատրաստուէի հեռանալ խաւեար բուրող նախագահական պալատէն, Իլհամին աչքերուն շեշտակի  նայելով`

Գիտե՞ս` ֆրանսերէնով «ալիեւ» ի՛նչ կը նշանակէ…

– Չէ՛… Ճիշդը` օտար լեզուներէն միայն անգլերէնին ու ռուսերէնին կը տիրապետեմ…

Իմ կողմէս առանց վարանելու`

– Նապաստակի` Lièvre-ի կը համապատասխանէ մականունդ, սակայն քու պարագայիդ` մեր ճանչցած անմեղ ընտանին չէ, այլ` խորամանկ նապաստակի… Զրուցակիցս ինքն իր վրայ փուլ եկաւ…

Ռիչմընտ, Վիրճինիա
15 օգոստոս 2025

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Նշմար.  Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…
Անդրադարձ

Նշմար. Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…

Օգոստոս 22, 2025
Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…
Անդրադարձ

Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…

Օգոստոս 22, 2025
Հարիւր Անգամ…
Անդրադարձ

Հարիւր Անգամ…

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?