ՎԱՉԷ ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ
Հայազգի մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիին ձօնուած այս բանաստեղծութիւնը կը յանձնեմ մամուլին` որպէս ցասումի եւ բողոքի անլռելի ձայն, Ստեփանակերտի մէջ ազերիներուն կողմէ քանդուած Յով. Այվազովսկիին արձանին համար:
Մշակութային ջարդը կը շարունակուի, յաջորդաբար կ՛անէանան հայկական մշակութային արժէք ունեցող բազմաթիւ կոթողներ` խաչքարեր, արձաններ, եկեղեցիներ ու հնադարեան վանքեր, եւ այսպէս շարքը կ՛երկարի: Այս անմարդկային, դիւական ու սեւ նկարագիրը մեզի մտածել կու տայ, որ ազերին չունի ստեղծագործելու տաղանդ ու շնորհք, այլապէս ան ոչ մէկ արուեստի կոթող պիտի ոչնչացնէր: Բայց ան ստոյգ թող իմանայ, որ իր վայրագութեան իբրեւ հետեւանք` ոչ մէկ հայկական կոթող, թէեւ` քանդուած, սակայն ծունկի չեկաւ, քանզի ապրելու եւ արարելու մեծ խորհուրդին մէջ կայ յարութեան ոգին, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ` մոխիրներէ վերածլած կենաց կնիւն, նոր կեանքով շնչելու եւ ստեղծագործելու յաղթանակ` մահուան վրայ:
Այդ յարութեան ձայնով ողջ մարդկութիւնը թող իմանայ, որ ազերիին մշակոյթն ու նպատակը քանդել է, ո՛չ թէ գեղեցկութեան արձան քանդակել, աւարել եւ աւերել է, ո՛չ թէ արարել եւ արեւել, այլ խօսքով մահը ապրեցնելով` նաեւ ըլլալ սատանային կամակատարը:
Այս առիթով ես ամօթ կը զգամ` հայ ազգը բաղդատելով նման նկարագիրի տէր ազգի հետ, վասնզի կարելի չէ հականիշ բառերը հոմանիշ նկատել:
Յովհաննէս Այվազովսկիին ձօնուած այս բանաստեղծութիւնը` որպէս մոխիրէ ծլարձակուած կնիւն, կը նուիրեմ անոր քանդուած արձանին, յարութիւն առած ոգեղէ՛ն արձանին` հաւատալով, որ մեծանուն հայ ծովանկարիչը կ՛ապրի իր ստեղծած բոլոր կտաւներուն մէջ եւ կը վայելէ համայն մարդկութեան սէրն ու յարգանքը: Ուրեմն մեր բոլոր քանդուած, ու թալանուած արուեստի կոթողներուն ու մանաւանդ մեր բոլոր նահատակներուն անունով թող խօսի այս ոգեբոյր բանաստեղծութիւնը` ձօնուած Յովհաննէս Այվազովսկիին անթառամ ու խնկաբոյր յիշատակին:
Յովհաննէս Այվազովսկի
Բարեւս կու տամ եւ անհամբեր
Կը սպասեմ արձագանգի,
Որ ծովանայ աղու զրոյցը մեր
Ծովերգակ Այվազովսկի
Ես գիտեմ ե՛ւ կը զգամ,
Ծ ո վ ն է քու մուսան
Ու երանգապնակդ կարգին,
Հրագունդն է արեգակին
Վրձինդ կը թաթխես անհուն
Ծովին մէջ, որ գոյն արարես
Ու ներկես ալիք փխրուն,
Նոյն ատեն անշարժ ու եռուն
Ու թռիչք տաս ալիքին, որ բարձրանայ
Ու կտաւին վրայ ջուրին գոյնը քարանայ,
Եւ հոն ստեղծուի յարաճուն
Փոթորիկ եւ խաղաղութիւն:
Ներկապնակդ վառ արեւն է,
Տենչդ ծովածին երկնման ցաւն է,
Որ շրջանակին մէջ կտաւին,
Ծովանայ սահմանը անբաւին:
Կտաւիդ վրայ ծովն ահաւոր,
Առաւե՛լ ընդարձակ է ու խոր,
Ուր քարացած վիճակին անգամ
Կայ շարժում արարչագործական:
Ծովն է քու մուսան,
Որ եղար ծովի գուսան,
Ու վրձինդ եղաւ կտուց սոխակի`
Դայլայլի մեներգիչ ծովերգակի:
Ծովաց ոգին մէջդ կ՛ապրի,
Որ կաթիլ մըն է, սակայն,
Ծովն անքեզ կը մնայ թերի,
Ինչքա՜ն ալ ըլլայ անսահման:
Յիսուս ծովին վրայէն քալեց,
Ոգին էր վերին հաւատամքին,
Վրձինդ Անոր պատգամը շարունակեց,
Չթաղուեցաւ մէջ ահեղ փոթորիկին:
Յարգանք քեզ հայաթոյր վրձին,
Ձիաւորն ես արարչական գոյներուն,
Անձնիւրը երանգին` կենաց ձին,
Կ՛արշաւէ արարչութենէ արարչութիւն:
Քեզ համար ափսոսալին,
Դատարկն է անգոյն կտաւին,
Անքեզ` անտէր է երկնման հայելին,
Ուր կը շողայ բազմերանգը արեւին:
Երկուորեակն ես ծովերուն,
Նոր գոյնի ակունք է վրձինդ,
Որմէ կը բխի գետը գոյներուն,
Որոնց անձնիւրն է օրրանդ:
Ծովն ու դուն երբ իրար նայիք`
Իրարու մէջ զիրար կը տեսնէք,
Եւ այնքա՜ն իրարու կը նմանիք,
Ըսես անգամ երկուորեակ չէք:
Յովհաննէս Այվազովսկի,
Ոսկի ծ ո վ ն ես հայոց ազգի,
Ծովէ ծով հայրենիքն ես մեր,
Կտաւդ` քարտէս երկնանուէր:
Ո՞ր ծովին ալ նայիս` անպայման
Տեսածդ հայրենեաց լիճն է Սեւան,
Ու ներկապնակդ է վրձինի կարօտ,
Ու վրձինդ` կտաւի` Սեւանին կարօտ:
Արարատը վիթխարի ալիք քարացած,
Նոյեան տապանը վրան իջեւանած,
Սարէն իջած Նոյին հետ էիր դուն,
Աղաւնին էիր վերադարձած տուն:
Վրձինդ նման էր ծագած արեւին,
Լուսեղէն աղաւնի թառած կտաւին,
Նոյ նահապետին հետ իջաք Արարատի լանջին,
Անսալով Երկնաւոր Հօր հայրական կանչին:
Ահա, մեր նահատակաց անունով
Կը հիւսենք ոգեղէն ծաղկեպսակ,
Որ մեր անգին անմեռուկներով
Վրձինդ զգենու սրբոց լուսապսակ:
Մարտանաւ է շիրմաքարդ,
Որուն նաւապետն է արձանդ,
Կատաղած փոթորիկներուն
Խաղաղ նաւահանգիստն ես դուն:
Արձանիդ քարէ աչքերով
Եւ անյագուրդ կարօտով,
Տակաւին անծիր ծով կը փնտռես, բայց
Տեսածդ ծովին բիբն է քեզ իր մէջ առած:
Շիրիմիդ վրայ թող իջնէ վերին լոյս,
Վրադ ծագի ծովային վառ արշալոյս,
Որ կտաւներդ դիտուին մէկական
Հրաթեւ մարտանաւ հայկական: