Չորեքշաբթի օր կը կատարուի բացումը Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համալիրին:
Ազգային միացեալ վարժարանը աշակերտութեան դիմաց իր դռները կը բանայ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին: Մէկ տարի առաջ աւարտած դպրոցական համալիրին բացումը կատարելը կ՛ենթադրէ արդէն յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար թէ՛ վարչական, եւ թէ՛ ակադեմական առումներով լուրջ նախապատրաստութիւն:
Այս մակարդակի, այս տարողութեան կրթական համալիրի մը ծրագիրի իրականացումը աւելի՛ն է, քան վարժարան մը: Հակառակ դժուարին պայմաններուն, ամէնէն արդիական կրթական միջավայրի, դպրոցական շէնքերու համար նախագծուած ճարտարապետական, մասնագիտական յղացումներով, արդի մեթոտներուն համապատասխանող դասարաններով եւ խաղավայրերով օժտուած շէնքերու այս ամբողջութիւնը գաղութի յարատեւման, զարգացման ցուցանիշ է անկասկա՛ծ:
Բացման արարողութեան ժողովրդային ընդառաջումը վստահաբար կը կայանայ այս մարտահրաւէրներուն ընդառաջ:
«Ա.»