ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Յոյն գիտնական Արքիմետեսի կը վերագրուի այն խօսքը, որ` «Տուէք ինծի յենելու տեղ մը, եւ ես աշխարհը կրնամ տեղէն շարժել»:
Ինչո՞ւ յիշեցի 8-րդ դասարանիս գիտութեան դասի ընթացքին լսած այս դրուագը:
Վերջին շաբաթներուն մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ քննարկումներու եւ վէճերու ականատես եղանք: Նիւթը` Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛առաջադրէ աշխատավարձ ստացող իւրաքանչիւր բնակիչէ ամսական 1000 դրամ գանձել եւ հաւաքուած գումարէն յատկացումներ կատարել նահատակ կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն:
Մեծ էր թիւը այս առաջարկը ողջունողներուն, որովհետեւ ի վերջոյ բանակի կարիքներուն համար է հաւաքուելիք գումարը: Նկատառելի էր նաեւ առարկողներուն թիւը` այն մօտեցումով (մօտաւորապէս), որ ի՞նչ վստահութեամբ պիտի տրուին այս գումարները, երբ չարաշահումներ եւ իւրացումներ եղած են պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:
Մեր համոզումով, տեսակէտներու բախումը, այս հարթութեան վրայ, օգտակար չէր եւ անհրաժեշտ էր կանխել զայն: Ինչպէ՞ս. քիչ մը համբերեցէք…
Բնականաբար պիտի չմտնենք այս վէճին մէջ, որովհետեւ հայկական բանակին, կամ Հայաստանի ազգային ապահովութեան մասին որեւէ հանրային խօսակցութիւն կամ քննարկում զարգացնելէ առաջ պէտք է մեկնիլ հիմնական սկզբունքէ մը. այսինքն` այնպիսի ձեւով մօտենալ խնդիրին, որ տուեալ քննարկումը մեր թշնամիներուն համար շահագործելի նիւթի չվերածուի:
Հայկական բանակին ուժեղացման, կամ պաշտպանական համակարգին ի նպաստ որեւէ քայլ միայն պէտք է ողջունել: Սա սկզբունքային հարց պէտք է համարել: Իսկ այդ քայլը գործադրելու միջոցներուն մէջ կարելի է տարակարծիք ըլլալ, առաջարկներ կամ հակա-առաջարկներ մէջտեղ բերել:
Օրինակի համար, խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան առաջարկներէն մէկը այն էր, որ գանձուելիք գումարը պէտք է ճշդուի ըստ եկամուտի: Այս յօդուածագիրին համոզումով, առաջին, նման մօտեցում մը կը նշանակէ, որ պետական-վարչական բնագաւառէն ներս, «թուղթի գործ»-ի նոր օղակ մը պիտի աւելնայ, պետական դիւանակալութիւնը շերտով մը եւս պիտի բարդանայ, որովհետեւ տեղ մը, պետական որոշ թիւով պաշտօնեաներ ու գրասենեակներ պիտի զբաղին աշխատող քաղաքացիներու, անոնց աշխատավարձերու ցուցակագրումով, թերեւս յատուկ համակարգչային ծրագրաւորում ալ պէտք է պատրաստել, որպէսզի «ճիշդ» ըլլայ գանձումը: Երկրորդ, այս գործընթացը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մարդիկ արհեստական կերպով իրենց եկամուտը (կամ աշխատավարձը) «նուազ» ցոյց տան, որպէսզի «նուազ» ալ վճարեն… Մէկ խօսքով, անհարկի դիւանակալութեան եւ յաւելեալ ապօրինութեան դուռ կրնայ բացուիլ: Նաեւ, թափանցիկութիւնը կրնայ… «պղտորիլ»:
Մինչդեռ միակտուր ու համահարթեցուած դրութիւն մը աւելի հակակշռելի եւ աւելի թափանցիկ կրնայ ըլլալ:
Վերադառնալով այս յօդուածին սկիզբը ակնարկուած վէճին պէտք է ըսել, որ 1000 դրամի գաղափարը ունի երկու կարեւոր բաղադրիչ:
Առաջինը այն, որ ժողովուրդը բանակին համար ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ կ՛առնէ: Մոռցա՞նք անցնող ապրիլին ստեղծուած համաժողովրդային զօրակցութեան մթնոլորտը:
Երկրորդը, երկուքուկէս տասնամեակէ ի վեր իշխող ընտրանիին մօտ յամեցող այն յոռի գործելակերպը, որ յանգած է քաղաքացիներուն անվստահութեան վերաբերումին: Ընտրութիւնները թերի ու անարդար, դատական համակարգը թերի ու անարդար, տնտեսութիւնը խեղդուած` մենաշնորհեալներու ձեռքին, հաւասար պայմաններու չգոյութիւն եւ մասամբ նոցին: Այս սիւնակներէն բազմիցս անդրադարձած ենք կառավարման համակարգի թերութիւններուն ու նոյն այդ համակարգի սնանկացած ըլլալու փաստին:
Հետեւաբար, առանց արդարացնելու վերոնշեալ վէճին մէջ արտայայտուած առարկութիւնները եւ «բայց»-երը, նոր կառավարութիւնը (վարչապետ եւ նախարարական կազմ) պարտաւոր է թէ՛ խորքային եւ թէ՛ միաժամանակ հանրային հնչեղութիւն ունեցող քայլեր առնելու, որպէսզի իշխանութեան հաւաստիութեան որակը բարձրացնէ, որպէսզի ժողովուրդին մէջ արդարօրէն յամեցող անվստահութեան մթնոլորտը չէզոքացնէ եւ փարատէ:
Երբ կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ լուրջ ու անկեղծ քայլեր առնէ, ոչ ոք կրնայ այլեւս խնդրոյ առարկայ դարձնել գանձուելիք գումարներու ճակատագիրը: Ըսել չենք ուզեր, որ խնդրոյ առարկայ դարձնողները ճիշդ են. բանակը վեր պէտք է պահել նման մօտեցումէ: Բանակին նկատմամբ մեր վերաբերումը չի կրնար պայմանական ըլլալ:
Ոչ ոք թող կասկածի տակ առնէ մեր ժողովուրդին (Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի) սէրը, նուիրումը եւ զոհողութիւնը բանակին նկատմամբ: 1000-ական դրամի ծրագիրին մասնակից պիտի ըլլանք բոլորս, անխտիր, առանց տրտնջալու: Իսկ այս դրական վերաբերումը պարզապէս կարելի է բազմապատկել, երբ զուգահեռաբար սկսին առնուելու այնպիսի քայլեր, որոնք կը փակեն թերահաւատութեան տանող բոլոր ուղիները ու այս անտեղի վէճն ալ կարելի էր խնայել մեր հանրութեան:
Այնպէս որ, վերադառնալով Արքիմետեսին, մեր խօսքը կ՛ուղղենք կառավարութեան: Արժանացած էք խորհրդարանի վստահութեան քուէին, հիմա եկած է պահը, որ արժանանաք նաե՛ւ ժողովուրդին վստահութեան, հաւատք ներշնչեցէք անոր: Ու այն ատեն, կ՛ունենաք այն «յենելու տեղը», ուրկէ կրնաք «շարժել» ամբողջ հայկական աշխարհը:
Մինչ այդ 1000-ական դրամը պիտի տանք առանց դժգոհելու, Սողոմոն Իմաստունի դրուագի այդ հարազատ մօր նման: Որովհետեւ մեր բանակը «անվիճելի» է ու անճառելի:
Լոս Անճելըս,
17 Նոյեմբեր 2001