Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Շրջել Ազդեցութեան Գօտիներու Տարրալուծարային Իրավիճակը

Նոյեմբեր 22, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Անկախութեան տօնին նշումը համեմատաբար աւելի գօտեպնդիչ եւ յուսադրիչ պայմաններու մէջ կը կայանայ: Նախագահական աթոռի թափուր մնալը լիբանանեան պետութիւնն ու հասարակութիւնը զրկած էին նաեւ ա՛յս տօնը համալիբանանեան տարողութեամբ նշելու տարրական պարտաւորութենէն եւ իրաւունքէն:

Հիմա, նորընտիր նախագահով եւ նոր նշանակուած վարչապետով, բայց տակաւին չկազմուած կառավարութեամբ, լիբանանեան պետական համակարգը կը դիմաւորէ լիբանանեան բանակի շքերթը:

Միայն այնտեղ չէ, որ Անկախութեան օրուան հիմնական տօնակատարութիւնը կը նոյնանայ ռազմական տողանցքով: Ի վերջոյ, պարզ ճշմարտութիւն է, որ պաշտպանական համակարգին շնորհիւ է, որ ազգերը կ՛անկախանան եւ երկիրները մաս կը կազմեն միջազգային ընտանիքին իբրեւ անկախ պետականութիւն: Առանց այդ երաշխիքին որեւէ անկախութիւն չի տոկար շրջակայ իրադարձութիւններուն, գերտէրութիւններու ախորժակներուն եւ տարածաշրջաններու նկատմամբ կիրարկուող աշխարհաքաղաքական ծրագիրներուն:

Անկախութիւնը գերակայ արժէք է, առանց որուն ազգի արարումն ու զարգացումը կը մնայ թերի: Այդ գերակայ արժէքին երաշխաւորը, պահապանը բանակն է, որ ոչ միայն կը ստանձնէ երկրի տարածքային ամբողջականութեան անսասան մնալը, այլ նաեւ որեւէ զինուորական ոտնձգութիւն, թափանցման փորձ կը կանխարգիլէ:

Արտաքին ներշնչումները, միջամտութիւնները, հովանաւորչութիւնները, երբեմն օժանդակութեան եղանակով, երբեմն մշակութային տարազի տակ, երբեմն կրթական մեթոտաբանութիւն հրամցնելու ուղղութեամբ, երբեմն ուղղակի ֆինանսական, յաճախ ալ կոշտ զինուորական տեսքով ի վերջոյ ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու, քաղաքականութիւն յաջողցնելու համար պարարտ ենթահող պատրաստելու կը միտին:

Զանազան տեսակի օժանդակութիւնները բարեսիրական նպատակ չեն հետապնդեր: Բարեսիրական տեսքով, սակայն ըստ էութեան քաղաքական նպատակներով կատարուող օժանդակութիւնները տեղ մը հարուած են երկրի անկախութեան: Երբ մտայնութիւն, մտածելու եղանակ ձեւաւորելու կը միտին անոնք, երկար շունչի վրայ անպայման կը հարուածեն զուտ ազգայինը, այս պարագային լիբանանեանը` լեզուով, կրթութեամբ, մասնագիտութիւններով, մշակոյթով, ընկալման փիլիսոփայութեամբ:

Ասոնք առաջին, կարճաժամկէտ կտրուածքով անմիջականօրէն այնքան սուր կերպով զգալի չեն դառնար: Յաճախ ալ կ՛ողջունուին իբրեւ այս կամ այն երկրի ու պետութեան կողմէ լիբանանեան պետութեան եւ հասարակութեան նկատմամբ բարի կամեցողութեան դրսեւորում:

Սակայն երկարաշունչ ուղղութիւններու վրայ, յետադարձ գիտակցութեամբ է, որ անդրադարձում կը կատարուի այն զիջումին, որ եղած է տուեալ ոլորտի պարագային ազգայինի հաշուոյն:

Այսպէս եղած է դարերու ընթացքին, երբ ամէն անգամ որեւէ պետութիւն զինուորական գերակայութիւն հաստատելու իր փորձին մէջ ձեռնարկած է կրօնական թէ մշակութային ազդեցութիւն ու քաղաքակրթութիւն ծաւալելու ծրագիրին` հարուածելով այլոց անկախութիւնը:

Լիբանանը ազդեցութեան գօտիներու տարրալուծարանի վերածուած էր: Համայնքներու, դաւանանքներու խայտաբղէտութիւնն ու այդ խայտաբղէտութեան վրայ օրինականացած ու նուիրականացած միջհամայնքային համակարգը իր առաւելութիւններով հանդերձ տեղի տուած էր թափանցման, կամ ազդեցութեան գօտի ձեւաւորելու պարարտ ենթահողի կայացման:

Լիբանանեան անկախութիւնը զինուորական երաշխիքներով պահելու առընթեր, անհրաժեշտութեան առջեւ է ազդեցութեան գօտիներու տարրալուծարանի իր կարգավիճակը շրջելու: Իսկ այս հրամայականը կը վերաբերի տարբեր ոլորտներու: Որպէսզի ո՛չ միայն ներքաղաքացիական լարուած կացութիւնները կանխուին, այլ նաեւ աւելի հեռակայ նպատակով ըստ էութեան չհարուածուի Լիբանանի անկախութիւնը:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?