Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդ Իր Երկրային Կեանքին Մէջ Կ՛ապրի Այնքան, Որքան` Իր Անունը

Նոյեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ ՍԱՐԳԻՍ ԳՈԹՈՒՆԵԱՆ

sarkis-kotounian_112116Երախտապարտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող ազնիւ տարրերէն մէկն է, իսկ արժանիքները ճանչնալն ու մեծարելը` յատուկ առաւելութիւն է:

Ժողովուրդի մը գոյատեւման հիմնաքարը կը հանդիսանայ մշակոյթը, ան կը շարունակէ գոյատեւել, երբ կ՛ունենայ գիտակցութիւնը յարգելու եւ մեծարելու իր ռահվիրաները: Հետեւաբար ազգային, մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ անձեր պատուելը անհրաժեշտութիւն մըն է, յատկապէս դաստիարակչական հեռանկարով, եւ որպէսզի հետագայ սերունդները դաստիարակուին անոնց օրինակով:

Հայ ժողովուրդը իր ունեցած ազգային բազում արժանիքներուն ու սովորութիւններու կողքին, ունի նաեւ յարգանքի մասնաւոր մենաշնորհ մը, ուր չի զլանար յայտնելու իր զգացած ազնիւ զգացումները այնպիսի անձնաւորութիւններու նկատմամբ, որոնք իրենց եզակի ներդրումներով սատար կանգնած են ազգին, եկեղեցւոյ կամ հայրենիքին:

Վստահօրէն կրնանք ըսել, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եւ իրաքահայ գաղութի պատմութեան մէջ մասնաւորապէս, եղած են ու կան նուիրեալ անձեր, փառք կերտող հսկայ ջահակիրներ, որոնք արժանի են կամ էին այս պատիւին, եւ որոնք պատմութիւն կերտեցին` պահելով ու պահպանելով մշակոյթն ու լեզուն:

Սակայն անոնցմէ շատեր դժբախտաբար մեզի հետ չեն այլեւս, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք մահացած են եւ իրենց յաւիտենական հանգիստը կը վայելեն (յարգանք անոնց անմոռանալի յիշատակին), իսկ այստեղ եղողներուն կամ այլ երկիրներ գաղթածներուն առջեւ կը խոնարհինք ու կը մաղթենք քաջառողջութիւն ու երկար տարիներ:

Իրաքահայութիւնը յիսուն տարի առաջ կորսնցուց նման անձնաւորութիւն մը. արդարեւ, Իրաքի մէջ հրատարակուող «Գոյամարտ» թերթի բազմավաստակ խմբագիր, եզակի մտաւորական Լեւոն Ստեփանեանի մահով գաղութը կորսնցուց իր արժանաւոր եւ բացառիկ զաւակներէն մին, որ կարճատեւ, բայց լուսառատ ներկայութիւն մը եղաւ մեր կեանքին մէջ, անցաւ ասուպի մը պէս, իր ետին թողելով քաղցր յիշատակը հանրային շատ երախտիք ունեցող գործիչի եւ զգայուն բանաստեղծի:

Բնիկ սասունցի Լեւոն Ստեփանեան, գրական անունով Լեւոն Գարմէն, ծնած է 1915 թուականին, Հալէպ: Հայկազեան վարժարանին մէջ իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք, պատանի հասակին, ծնողքին հետ մեկնած է Պաղտատ, ուր ստացած է երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսումը` Անգլիական քոլեճին մէջ:

1930 թուականէն մինչեւ 1960-ական թուականներ ապրեցաւ Պաղտատի մէջ (Իրաք): Այդ շրջանին ընկ. Լ. Ստեփանեան, տարիներ շարունակ բարձր պաշտօններ վարած է «Քէյ. Օ. Սի.» քարիւղի ընկերութեան մէջ, նաեւ վարած է ազգային եւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ` սիրուելով եւ յարգուելով անխտիր գաղութի բոլոր անդամներէն:

Գրականութեան մէջ իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործեց 1947-ին` լոյս ընծայելով «Վայրկեաններ» քերթուածներու հատորը, ապա, քանի մը տարի ետք, «Բաբելոնեան տոմարը», որոնք զգայուն բանաստեղծի մը վկայութիւնը կը բերէին. ան ունի նաեւ հրատարակելի գործերու բազմաթիւ կապոցներ:

1948-էն մինչեւ 1958 վարած է Իրաքի մէջ հրատարակուած «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի խմբագիրի պաշտօնը, իսկ 1966 թուականին ընկ. Լ. Ստեփանեան կոչուած էր ստանձնելու Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, երբ փակեց աչքերը` նոյն տարուան օգոստոս 26-ին յանկարծամահ ըլլալով:

Լ. Գարմէն լուրջ, խոհուն, պատրաստուած մտաւորական մըն էր, հօր կողմէ սասունցի, Յովսէփ Ստեփանեանի զաւակը լեռնականի ուժեղ առանձնութիւնը կ՛ապրէր, երբ հարցը իր հոգեկան աշխարհին ու ապրումներուն կը վերաբերէր:

Ասպարէզի ընդարձակ տարածքի մէջ ազգային-եկեղեցական գործունէութեան դաշտէն աւելի իր խառնուածքին ու հոգեկան պահանջներուն համապատասխան վայրը կը գտնէր քաղաքական, կազմակերպական, կուսակցական գործադաշտին մէջ:

Դաշնակցական էր ո՛չ միայն կուսակցութեան պատկանելիութեամբ, այլ նաեւ հոգեկան կառոյցով, զգացական մղումներով, մտածումի պայծառ համոզումով ու հաւատքով:

Հայրենասէր էր ՀԱՅ մարդու հայրենասիրութեամբ, դաշնակցականի յատուկ հայրենասիրութեամբ` ամբողջական խարսխուած հայրենի թէ՛ հողին, թէ՛ ոգեղէնին վրայ, թէ՛ անցեալին, եւ թէ առօրեայ անմիջական ներկային վրայ, ինչպէս նաեւ` գալիք լուսաւոր ապագային: Հայրենասիրութիւն, որ ատելութեամբ սերմանուած չէ, որ սէր է, պաշտամունք միայն ժողովուրդի յաւիտենական ձգտումներուն, ներքին էութեան, որուն արմատները հողին մէջ են, հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ են:

Իր մահով հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս, եւ իրաքահայութիւնը մասնաւորաբար, կորսնցուց գրական արժէքաւոր մշակ մը եւ ներհուն հրապարակագիր մը:

Կայ ընդհանրացած ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ, թէ` մահը մերն է, մենք` անոր, մարդու գործն է միշտ անմահ եւ մարդ իր երկրային կեանքին մէջ կ՛ապրի այնքան, որքան կ՛ապրի իր անունը:

Այս սկզբունքէն մեկնելով, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան եւ Թեմական խորհուրդը, համագործակցաբար «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ, որոշեցին իրականացնել այս ասացուածքը, «Ազդակ»-ի խմբագրասենեակներէն մէկը Լեւոն Գարմէնի անունով կոչել` անոր յիշատակը յաւերաժացնելու համար:

Այդ երազանքը այսօր կեանք ստացաւ եւ վերածուեցաւ իրականութեան, երբ բոլորս միասնաբար հաւաքուած «Ազդակ» օրաթերթի յարկին տակ կը մասնակցինք Լեւոն Գարմէնի յիշատակը յաւերժացնող ձեռնարկին:

«Գոյամարտ»-ին մասին ըսենք հետեւեալը:

1948-ին Իրաքի ազգայինները, Արամ Տիւզեանի նախաձեռնութեամբ, զգալով հայերէն մամուլի կարիքը, կրցան շաբաթաթերթ մը հրատարակելու արտօնութիւն ստանալ:

Շաբաթաթերթը կոչուեցաւ «Գոյամարտ»: Խմբագրական բաժինը ստանձնեցին տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ Լեւոն Գարմէն: Այս երեքին հետ եղած են նաեւ Մարգար Սօսոյեանը եւ տպարանատէր Յակոբ Տէր Ներսէսեան:

«Գոյամարտ»-ի առաջին թիւը հրատարակուեցաւ 1948-ի նոյեմբեր 6-ին: Շաբաթաթերթին աշխատակցած են, ի շարս ուրիշներու, Յակոբ Իրազմիկ, Հայկ Օհանեան, տոքթ. Գրիգոր Ասթարճեան, Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեան, տոքթ. Գուրգէն Փափազեան, Գալուստ Սուրմէնեան, Մարգար Սօսոյեան, Դաւիթ Թադէոսեան եւ ուրիշներ:

Թերթին մէջ լոյս տեսած են բանաստեղծական շնորհ ունեցող երիտասարդներու գործերը, ինչպէս` Սմբատ Միրոյեանի, Ռուբէն Մոմճեանի եւ Մելինէ Սուրմէնեանի, որոնք դժբախտաբար չեն շարունակած իրենց այս շնորհին մշակումը:

Գոյամարտը, որ կարեւոր բաց մը կը լրացնէր իրաքահայ գաղութին մէջ, քաղաքական որոշ պատճառներով կը փակուի 26 օգոստոս 1954-ին` կառավարական հրամանով:

1958-ին «Գոյամարտ»-ը վերստին կը սկսի հրատարակուիլ, այս անգամ արտօնատէրն էր Նիկողոս Ալեքսանդրեան, իսկ խմբագիրներն էին Լեւոն Գարմէնն ու տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը: Դժբախտաբար «Գոյամարտ»-ը երկար կեանք չունեցաւ եւ վերջնականապէս փակուեցաւ նոյն տարուան օգոստոսին»:

Նկատի ունենալով Իրաքի մէջ 2014-ին տեղի ունեցած դէպքերը, դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, Պաղտատի մեր ազգայինները յաջողեցան «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի ամբողջական հաւաքածոն, բնագրային վիճակով, մայիսին հասցնել «Ազդակ»:

Թէեւ ժամանակի մաշումի գործօնը իր հետքը ձգած էր առաջին թիւերու վրայ, այդուհանդերձ, կարելի եղաւ «Ազդակ»-ի յարկին տակ փրկել համարները, նկարահանել եւ թուայնացնել զանոնք:

«Գոյամարտ» շաբաթաթերթի ամբողջական հաւաքածոն թուայնացնելը նաեւ կը նշանակէ հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել անոր բովանդակութիւնը` դիւրահասանելի ու անզուգական բանասիրական ատաղձ տրամադրելով սփիւռքահայ պատմութեամբ հետաքրքրուած բոլոր ուսումնասիրողներուն:

Արդարեւ «Ազդակ»-ի յարկին տակ «Ժիրայր Պուտագեան» ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին մէջ կարելի եղաւ թուայնացնել, մաշումէ եւ փճացումէ փրկել ո՛չ միայն «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի ամբողջական հաւաքածոն, այլ նաեւ` թուայնացուեցան եւ կորուստէ փրկուեցան «Ազդակ»-ի հաւաքածոները եւ այլ թերթեր ու գրական հատորներ` զանոնք դնելով աշխարհասփիւռ հայութեան տրամադրութեան տակ: Եւ Այդպիսով կարելի է ըսել կամ խոստովանիլ թէ «Ազդակ»-ը մնայուն կերպով քայլ պահեց արհեստագիտութեան եւ արձանագրուող նորօրեայ զարգացումներուն հետ:

Մեր այսօրուան առիթէն օգտուելով, «Ազդակ» թերթի տնօրէնութեան, խմբագրութեան եւ աշխատակազմին պիտի ըսենք վարձքերնիդ կատար եւ ընդգծեմ, թէ դուք «Ազդակ»-ի մէջ կը տանիք հետեւողական, գովելի ու եզակի աշխատանք, որուն համար կը մաղթենք ձեզի յարատեւութիւն եւ կորով որպէսզի կարելի ըլլայ «Ազդակ»-ը հասցնել հոն, ուր որ կը ծրագրէք եւ կ՛աշխատիք հասցնել:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Լեւոն Գարմէնի Բնութագրած Պատը (Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?