Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Առաջին Կուսակցական Խմբագիրը Իր Մնայուն Տեղը Ունեցաւ Խմբագրատան Մէջ

Նոյեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

shahan_112116Նախ կ՛ուզեմ ողջունել բոլորիդ ներկայութիւնը այստեղ եւ յատկապէս յիշել իրաքահայութեան առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը, Իրաքահայութեան Ազգային վարչութեան

փոխատենապետ Սարգիս Չոլաքեանը, եւ վարչութեան անդամներ Կարապետ Գալուստեանը եւ Սարգիս Գոթունեանը, ինչպէս նաեւ Աւագ սրբազանին օգնականը Վահէ Աւետիսեան, որոնք յատկապէս այստեղ են ներկայ գտնուելու  «Ազդակ»-ի առաջին կուսակցական խմբագիր Լեւոն Գարմէնի անունով խմբագրասենեակի բացման թէեւ անպաշտօն, բայց մտերիմ այս հանդիպումին: Խմբագրասենեակին անուանակոչումը կը զուգադիպի իրաքահայ մտաւորականին մահուան յիսնամեակին եւ ծննդեան հարիւրամեակին:

Այս մտածումը իբրեւ նախնական խօսակցութիւն մենք ունեցանք Երեւանի մէջ, իրաքահայ համայնքի պատասխանատուներէն Պարոյր Յակոբեանի եւ հետագային Մելքոն Մելքոնեանի հետ:

Մտածումը այն էր, որ Լեւոն Գարմէն, որ նաեւ մեզմէ շատ շատերու համար անծանօթ անուն էր,  պէտք է ծանօթացուէր «Ազդակ»-ի ճամբով ընթերցողներուն, հանրութեան: Այս առիթով մեր խմբագրութիւնը «Ազդակ»-ի արխիւներէն հանեց Լեւոն Գարմէնի պաշտօնավարութեան կարճ ժամանակամիջոցին գրուած յօդուածները, խմբագրականները, թիւով ութ հատ, ուր անդրադարձանք քաղաքական մտածողութեան, լուրջ վերլուծական մտքի եւ գաղափարախօսական ամուր հենքի վրայ կառուցուած մտածումներու հրապարակագրութեան հետաքրքրական ոճին: Փաստօրէն, ան յաջողած է համատեղել թէ՛ բանաստեղծը եւ թէ քաղաքական հրապարակախօսը:  Անկէ ետք անոր մահուան լուրը, բազմաթիւ գրութիւնները, իր մասին դամբանականներն ու վկայութիւնները կարդալով անդրադարձանք, որ մեծ կորուստ եղած է իր  մահը մամուլին, սփիւռքահայ կեանքին եւ կուսակցութեան համար:

Եւ որովհետեւ Լեւոն Գարմէն նաեւ շատ աշխուժ կերպով մասնակցած է իրաքահայութեան մամուլին, «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի խմբագրապետութեան օրերուն, թերթը դադրած է 1954-ին քաղաքական պատճառներով եւ վերահրատարակուած 1958-ին՝ արտօնատէր Նիկողոս Ալեքսանդրեան, մեր խորհրդակցութիւնները իրաքահայ մեր ընկերներուն հետ յանգեցան «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոն թուայնացնելու անհրաժեշտութեան: Որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք Պաղտատի մեր ազգայիննները յաջողեցան 8 նոյեմբեր 1948-էն ի վեր լոյս տեսած «Գոյամարտ»-ի ամբողջական հաւաքածոն բնագրային վիճակով հասցնել «Ազդակ»: Այսօր ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքը աւարտած կարելի է համարել. «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ կեդրոն»-ին մէջ այսօր կը թուայնացուին ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի այլ նաեւ հայ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Շուտով «Գոյամարտ»-ի ելեկտրոնային հաւաքածոն կ՛ուղարկուի Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի կարեւորագոյն գրադարաններ եւ ուսումնասիրողը կարելիութիւն կ՛ունենայ իրաքահայութեան կարեւոր ժամանակահատուածի պատմութիւնը ուսումնասիրելու:

«Ազդակ»-ն ու իրաքահայութեան պատասխանատու մարմիններ այս համագործակցութեամբ երկու կարեւոր գործառոյթ իրականացուցած կ՛ըլլան: Նախ` «Ազդակ»-ի առաջին կուսակցական խմբագիրը կը ծանօթացուի  եւ իր մնայուն տեղը կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի յարկին տակ. երկրորդ` իրաքահայ մամուլի կարեւոր ներկայացուցիչը ` «Գոյամարտ»-ը կը փրկուի փճացումէ եւ հասանելի կը դառնայ ուսումնասիրողներուն համար:

Մեր համագործակցութիւնը այստեղ չ՛աւարտիր: Մենք համաձայնած ենք արդէն, որ իրաքահայութեան գործունէութեան լուրերը հերթական կանոնաւորութեամբ իբրեւ թղթակցութիւն պիտի ուղարկուին «Ազդակ»-ին եւ «Ազդակ»-ի ճամբով նաեւ հասնին հազարաւոր ընթերցողներու:

Շնորհակալութիւն սրբազան հայր, շնորհակալութիւն Իրաքի հայոց թեմի ժողովականներ եւ բոլորիդ, որոնք ներկայ եղաք եւ քաջալերեցիք մեզ:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Գարմէնի Բնութագրած Պատը (Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ)

Յաջորդը

«Լրագրողները Օգնում Են Պետութիւն Ու Հերոսներ Կերտել». Արմէն Հարէեան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?