Պատրաստեց ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Իր անկախութեան 73 տարիներուն ընթացքին Լիբանան ապրած է ու դիմագրաւած` շրջանային տագնապներ, քաղաքացիական պատերազմներ, համայնքային բախումներ եւ յարանուանական լարուածութիւն, որոնք իրենք զիրենք ցարդ կը պարտադրեն:
73 տարիներուն ընթացքին լիբանանցիները իսկական անկախութիւն մը չեն ապրած կամ` զգացած:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ Լիբանանէն ու արաբական այլ շրջաններէ Օսմանեան կայսրութեան հեռացումէն ետք, Ֆրանսա մուտք գործեց Լիբանան եւ իր հոգատարութիւնը պարտադրեց Լիբանանին:
1920 սեպտեմբերին ֆրանսական հոգատարութեան բարձրագոյն յանձնակատար զօր. Կուրօ յայտարարեց Մեծն Լիբանանի ստեղծումը, որուն մայրաքաղաքը Պէյրութն էր: Օրին Մեծն Լիբանանի համար որդեգրուեցաւ նոր դրօշակ մը, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի դրօշներուն միաձուլումն էր: Մեծն Լիբանանի տարածքին մէջ կը մտնէին` Պէյրութը, Սայտան, Սուրը, Մերժայիունը, Թրիփոլին եւ Աքքարը, ինչպէս նաեւ Պեքաան իր չորս գաւառներով` Պաալպեք, Արեւմտեան Պեքաա, Ռաշայա եւ Հասպայա: Այս ձեւով, Լիբանանի տարածութիւնը 3500 քառ. քմ.-էն հասաւ 10,452 քառ. քմ-ի: Բնակչութեան թիւը 414 հազարէն բարձրացաւ 628 հազարի: Իսկ 1926-ին վաւերացուեցաւ երկրին սահմանադրութիւնը, եւ յայտարարուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութիւնը, որուն Ա. նախագահը եղաւ Շարլ Տըպպաս:
Իսլամականները մերժեցին Մեծն Լիբանանի դրութիւնը եւ Ֆայսալ իշխանին գլխաւորութեամբ պահանջեցին, որ արաբական պետութիւնը իր կարգին միանայ Լիբանանին: Սակայն կարգ մը լիբանանցի ղեկավարներ, ինչպէս` Ռիատ Սոլհ եւ Պշարա Խուրի, 1930-1943 մշակեցին Ազգային ուխտը:
Ազգային ուխտին մէջ յստակ կերպով նշուած էր, որ անկախութիւն կերտելու համար ֆրանսացիները պէտք է վերջ տան Ֆրանսայի պաշտպանութիւնը խնդրելու իրենց պահանջին, իսկ իսլամները պէտք է վերջ տան սուրիական-արաբական երկիրներուն միանալու իրենց պահանջին:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկիզբը կացութիւնը սկսած էր աւելի վատթարանալ վիշիական ուժերուն համար, որոնք ստիպուեցան իրենց դաշնակիցներուն պայմանները ընդունիլ եւ անձնատուր ըլլալ 8 յուլիս 1941-ին: Ապա վիշիական Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ միջեւ ստորագրուած զինադուլի համաձայնութեամբ վիշիական ֆրանսացիները հեռացան Լիբանանէն եւ Սուրիայէն:
Այդ փուլէն ետք Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը ստանձնեց ֆրանսացի զօր. Քաթրօ, որ 8 յունիս 1941-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը խոստացաւ լիբանանցիներուն անկախութիւն շնորհել: Սակայն լիբանանցիները մերժեցին Քաթրոյի խոստացած այսպէս կոչուած անկախութիւնը, որովհետեւ երկրին սահմանադրութիւնը չգործադրուեցաւ, իսկ հանրապետութեան նախագահը` Ալֆրետ Նաքքաշ, նշանակուեցաւ ֆրանսացիներուն կողմէ, որոնց վերապահուեցաւ նաեւ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտելու իրաւունքը: Լիբանանցիները բողոքեցին այս կացութեան դէմ, որ նման էր 1936-ի օրերուն:
Այս պատճառով 25 դեկտեմբեր 1941-ին Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ լիբանանեան ընդարձակ հանդիպում մը` նախագահութեամբ Անթուան Արիտա պատրիարքին եւ ներկայութեամբ տարբեր համայնքներու եւ շրջաններու պատասխանատուներուն, որոնց շարքին էին շէյխ Պշարա Խուրի (Սահմանադրական պլոքի ղեկավար) եւ Ռիատ Սոլհ (Ազգային շարժումի ղեկավար):
Հանդիպումին ընթացքին ներկաները մերժեցին Քաթրոյի պարգեւած կեղծ անկախութիւնը եւ պահանջեցին Լիբանանի ամբողջական եւ իսկական անկախութիւնը` միաժամանակ պահանջելով գործադրել սահմանադրութիւնը` կատարել երեսփոխանական ընտրութիւններ եւ կազմել ազգային կառավարութիւն:
Այս համոզումներուն արդիւնքը եղաւ այն, որ 21 սեպտեմբեր 1943-ին Պշարա Խուրի ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, իսկ Ռիատ Սոլհ դարձաւ վարչապետ ու կազմեց իր կառավարութիւնը, որուն անդամակցեցան` Քամիլ Շամուն, Հապիպ Ապու Շահլա, Ատել Օսէյրան, Մաժիտ Արսլան եւ Սելիմ Թաքլա, ապա յայտարարուեցաւ Լիբանանի անկախութիւնը:
Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը որդեգրեց սահմանադրութեան բարեփոխում մը, որուն համաձայն, ազատ եւ անկախ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտութիւն կը նկատուէր լիբանանցիներուն միջեւ համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը: Այս ուխտը նշուեցաւ Ռիատ Սոլհի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, որ կարդացուեցաւ խորհրդարանի նիստին ընթացքին:
Ըստ այս ուխտին`
– Լիբանան անկախ հանրապետութիւն մըն է, որ կը մերժէ օտար հոգատարութիւն կամ արաբական որեւէ այլ պետութեան միացում:
– Լիբանան արաբական աշխարհի մէկ մասնիկն է. անիկա բոլոր լիբանանցիներուն երկիրն է` նկատի ունենալով անոնց տարբեր համայնքներն ու հաւատալիքները:
– Լիբանան ընդհանուր ազատութիւններու երկիր է, ուր քաղաքացիները հաւասար են:
– Իսլամները կը հրաժարին արաբական աշխարհին հետ միացում կամ համադաշնակցութիւն պահանջելէ, որուն փոխարէն` քրիստոնեաները կը հրաժարին Արեւմուտքէն պաշտպանութիւն պահանջել:
Զօր. Քաթրօ այս կատարուածը նկատեց իրեն դէմ գործուած հեգնական մարտահրաւէր մը եւ հրահանգեց ձերբակալել հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ազգային այլ դէմքեր` Ատել Օսէյրան, Քամիլ Շամուն, Ապտել Համիտ Քարամէ եւ Սելիմ Թաքլա, եւ զանոնք բանտարկեց Ռաշայայի բերդին մէջ:
Զօր. Քաթրոյի որդեգրած այս քայլին պատճառով խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ, պաշտպանութեան նախարար Մաժիտ Արսլան եւ նախարար Հապիպ Ապի Շահլա Պշամունի մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին որոշեցին Լիբանանի դրօշակը վերածել երկու կարմիր հորիզոնական երիզներու, որոնց միջեւ` սպիտակ երիզ մը, որուն վրայ պատկերուած է Լիբանանի խորհրդանիշ դալար Մայրին: Անոնք Լիբանանի դրօշակը բարձրացուցին Պշամունի բերդին վերեւ: Այս որոշումին եւ ցուցաբերուած պայքարին շնորհիւ 22 նոյեմբեր 1943-ին յայտարարուեցաւ Լիբանանի անկախութիւնը, որ ճանչցուեցաւ 1 յունուար 1944-ին:
Ֆրանսական ուժերը վերջնականապէս Լիբանանէն հեռացան 31 դեկտեմբեր 1946-ին: Իսկ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան ՄԱԿ-ի անդամակցեցաւ 1945-ին, իսկ Արաբական լիկային անդամակցեցաւ 1947-ին:
Իր անկախութենէն 5 տարի ետք` 1948-ին, Լիբանան միւս բոլոր արաբ երկիրներուն նման պայքարեցաւ Պաղեստինի մէջ իսրայէլեան պետութեան հիմնումին դէմ: Այդ պայքարին մէջ Լիբանան ստանձնած էր արաբական երկիրներուն գումակային զօրակցութիւն տրամադրելու դերակատարութիւնը:
Իսրայէլեան ուժերուն յաղթանակէն ետք Լիբանան Իսրայէլի հետ ստորագրեց զինադուլի համաձայնագիր մը, որ ծանօթ է իբրեւ 1949-ի զինադուլ, որուն լոյսին տակ Լիբանան վերստացաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած բոլոր հողերը: Սակայն պատերազմին պատճառով Լիբանան հասան 100 հազար պաղեստինցի գաղթականներ, որոնք ապրեցան իրենց յատուկ գաղթակայաններուն մէջ:
Պետութեան ձեւաւորումի տարիներէն շուրջ երեսուն տարի ետք` 1975-ին, Ազգային ուխտ ստորագրած եւ համերաշխութեան ու գոյակցութեան հաւատացող Լիբանանի մէջ բռնկեցաւ քաղաքացիական պատերազմ մը, որ տեւեց շուրջ 15 տարի:
22 հոկտեմբեր 1989-ին Թաէֆի համաձայնագիրը լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ վաւերացուեցաւ 5 նոյեմբեր 1989-ին:
Զինուորական առումով, սակայն, քաղաքացիական պատերազմը աւարտեցաւ, երբ սուրիական բանակը 13 հոկտեմբեր 1990-ին հասաւ նախագահական պալատ, ուրկէ հեռացուած էր օրուան զինուորական կառավարութեան վարչապետ զօր. Միշել Աուն:
Քաղաքացիական պատերազմէն ետք, հակառակ քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող լարուածութեան, Լիբանան ապրեցաւ համեմատաբար աւելի լաւ, հանդարտ ու խաղաղ տասնամեակ մը, որուն ընթացքին բարգաւաճեցաւ երկրին տնտեսութիւնը եւ շինարարութեան ու վերակառուցումի հսկայ աշխատանքներ կատարուեցան:
Ներքին լիբանանեան առումով եւս կառավարական եւ պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրեց աշխուժ մթնոլորտ, վերակառուցուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը, շինուեցան կամուրջներ, ճամբաները կուպրապատուեցան, հիւանդանոցները, դարմանատուները, դպրոցները, համալսարանները, մարզահամալիրները եւ ենթակառոյցը վերանորոգուեցան:
Սակայն Լիբանանի անկախութիւնը մնաց պակասաւոր` նկատի ունենալով սուրիական ուժերուն ներկայութիւնը լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:
2000-ին Լիբանան ապրեցաւ պատմական այլ առիթ մը, երբ Դիմադրութեան գործողութիւններուն շնորհիւ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերն ու գործակալները հեռացան: (Հոս հարկ է նշել, որ լիբանանեան պետութիւնն ու Հըզպալլան տակաւին կը պահանջեն Մազարեհ Շեպաան եւ Ղաժար գիւղաքաղաքը` զանոնք նկատելով Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողեր):
1992-1998 եւ 2000-2004 երկրին վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Ռաֆիք Հարիրիի իշխանութեան ընթացքին Լիբանան արաբական աշխարհին համար վերածուեցաւ զբօսաշրջութեան հիմնական կեդրոնի մը:
Հարաւային Լիբանանի ազատագրումով Հարիրի գիտակցեցաւ, որ Լիբանանի իսկական անկախութիւնը անկարելի է իրականացնել` առանց ապահովական կայունութեան:
Բայց եւ այնպէս, 14 փետրուար 2005-ին Հարիրիի սպանութիւնը վերջ մը դրաւ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական խաղաղ փուլին:
Հարիրին սպաննելու առաջին ամբաստանութիւնը Սուրիոյ ուղղելու քայլը պատճառ դարձաւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ուղղուին դէպի սուր երկփեղկում, որուն պատճառով կազմուեցան Մարտ 8-ի քաղաքական ուժեր եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր:
14 մարտին արձանագրուեցաւ Մայրիներու յեղափոխութիւնը, որուն ընթացքին մէկուկէս միլիոն լիբանանցիներ ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ եւ պահանջեցին ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան մը ունենալ, ինչպէս նաեւ պահանջեցին սուրիական ուժերուն հեռացումը Լիբանանէն:
Սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումէն ետք Լիբանան սկսաւ ազգային ինքնորոշման այլ փուլ մը, որ ընդհատուեցաւ 12 յուլիս 2006-ին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմով, որուն աւարտին Դիմադրութիւնը արձանագրեց յաղթանակ մը:
2006-ի դեկտեմբերին լիբանանեան ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն (Մարտ 8) կողմէ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան դէմ կատարած գործադուլը եւ տիրող քաղաքական սուր լարուածութիւնը վերածուեցաւ ապահովական լուրջ հարցի, երբ 5 մայիս 2008-ին կառավարութիւնը Դիմադրութեան սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութեան ենթակառոյցին դէմ փորձեց որոշում մը տալ, ինչ որ Պէյրութի փողոցներուն մէջ բռնկեցուց ապահովական լուրջ շարժում մը` պահանջելով վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հրաժարականը:
Քանի մը օր տեւած այս կացութիւնը աւարտեցաւ Քաթարի միջնորդութեամբ, երբ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ուղղուեցան Տոհա:
Տոհայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին որոշուեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Միշել Սլէյմանը ընտրել հանրապետութեան նախագահ (նշենք, որ 23 նոյեմբեր 2007-էն ի վեր Լիբանանի նախագահական աթոռ թափուր էր), ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` վարչապետ Սինիորայի կազմելիք նոր կառավարութեան մը իշխանութեան ընթացքին:
7 յունիս 2009-ին Տոհայի համաձայնութեան լոյսին տակ եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցան երեսփոխանական միօրեայ ընտրութիւններ:
Երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Սաատ Հարիրի կազմեց նոր կառավարութիւն մը, որ 2010-ի աշնան լուծարուեցաւ, երբ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ կազմող նախարարները հրաժարեցան կառավարութեան կազմէն:
Որոշ ժամանակի համար գործադիր իշխանութիւն չունենալէ ետք, 25 յունուար 2011-ին Լիբանան ունեցաւ իր նոր վարչապետը` Նեժիպ Միքաթին. ան կազմեց նոր կառավարութիւն մը, որ երկիրը կառավարեց մինչեւ 23 մարտ 2013 եւ ապա հրաժարեցաւ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կատարեց վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ.128 երեսփոխաններէն 124-ը առաջադրեցին Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը` զայն դարձնելով համախոհական վարչապետ:
6 ապրիլ 2013-ին վարչապետ նշանակուած Սալամ իր կառավարութիւնը կրցաւ կազմել 15 փետրուար 2014-ին: Սալամի կառավարութիւնը չկրցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, իսկ 25 մայիս 2014-ին նախագահ Սլէյմանի նստաշրջանին աւարտով նախագահական աթոռը դարձեալ մնաց թափուր:
Երկուքուկէս տարի տեւած նախագահական ընտրապայքարէն ետք, քանի մը անգամ իր պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգած խորհրդարանը 31 հոկտեմբեր 2016-ին զօր. Միշել Աունը ընտրեց հանրապետութեան նախագահ, իսկ 3 նոյեմբեր 2016-ին Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ:
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ի վեր երկրին մէջ դրական մթնոլորտը սկսաւ դառնալ տիրական:
Քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցելու պատրաստակամութեան թրթռացումները քիչ թէ շատ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան երկրին եւ լիբանանցիներուն վրայ:
Անկախութեան տօնը, որ տարիներէ ի վեր մոռցուած սովորութիւն դարձած էր, այս տարի զգալի է` նկատի ունենալով բանակին կողմէ անկախութիւնը զինուորական տողանցքով նշելու աւանդութեան վերահաստատումը:
Անկախ երկիր մը ըլլալու Լիբանանի բաղադրիչները արդէն իսկ առկայ են, սակայն հիմնական ու անհրաժեշտ կը գերադասեն հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական լուսանկարը, Պաապտայի վերեւ ծածանող լիբանանեան դրօշն ու վարչապետի մը գոյութիւնը` հասնելով ազգային միասնականութեան ոգիով գործող աշխուժ կառավարութեան, օտար պետութեանց ցուցմունքներէն ու հրահանգներէն հեռու մնալու, երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդմէջէն ժողովուրդին իսկական ներկայացուցիչները խորհրդարան հասցնելու, ի խնդիր Լիբանանի ու լիբանանցիներու շահերուն գործելու առաջադրանքներուն:
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը հիմնուեցաւ 1926-ին, ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին: Հակառակ անոր որ սահմանադրութեան մէջ չէ նշուած հանրապետութեան նախագահին կրօնական պատկանելիութիւնը, 1943-ին ստորագրուած Ազգային ուխտով ճշդուած է, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի համայնքէն:
Նշենք, որ նախքան Ազգային ուխտին ստորագրութիւնը, հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնած են քրիստոնեայ շարք մը անձնաւորութիւններ:
Ստորեւ` ֆրանսական հոգատարութեան եւ անկախութենէն ետք Լիբանանի իշխանութիւնը ստանձնած հանրապետութեան նախագահներու ցուցակները:
Ֆրանսական Հոգատարութեան Շրջան
Նախագահ | Ընտրութեան ձեւ | Իշխանութեան շրջան |
Շարլ Տըպպաս | Ընտրուած | 1 սեպտեմբեր 1926 – 2 յունուար 1934 |
Անթուան Պրիվա Օպուար | Նախագահի տեղակալ | 2 յունուար 1934 – 30 յունուար 1934 |
Հապիպ Պաշա Սաատ | Նշանակուած | 30 յունուար 1934 – 20 յունուար 1936 |
Էմիլ Էտտէ | Ընտրուած | 20 յունուար 1936 – 4 ապրիլ 1941 |
Փիեռ Ժորժ Արլապոս | Նախագահի տեղակալ | 4 ապրիլ 1941 – 9 ապրիլ 1941 |
Ալֆրետ Ժորժ Նաքքաշ | Նշանակուած | 9 ապրիլ 1941 – 18 մարտ 1943 |
Այուպ Թապեթ | Նշանակուած | 19 մարտ 1943 – 21 յուլիս 1943 |
Փեթրօ Թրատ | Նշանակուած | 22 յուլիս 1943 – 30 սեպտեմբեր 1943 |
Պշարա Խուրի | Ընտրուած | 21 սեպտեմբեր 1943 – 11 նոյեմբեր 1943 |
Էմիլ Էտտէ | Նշանակուած | 11 նոյեմբեր 1943 – 22 նոյեմբեր 1943 |
Լիբանանի Անկախութենէն Ետք
Նախագահ | Իշխանութեան շրջան | |
Պշարա Խուրի | 22 նոյեմբեր 1943 – 18 սեպտեմբեր 1952 |
|
Զինուորական կառավարութիւն` նախագահութեամբ Ֆուատ Շեհապի | 18 սեպտեմբեր 1952 – 22 սեպտեմբեր 1952 |
|
Քամիլ Շամուն |
23 սեպտեմբեր 1952 –
|
|
Ֆուատ Շեհապ |
23 սեպտեմբեր 1958 –
|
|
Շարլ Հըլու |
23 սեպտեմբեր 1964 –
|
|
Սլէյման Ֆրենժիէ |
23 սեպտեմբեր 1970 –
|
|
Էլիաս Սարգիս | 23 սեպտեմբեր 1976 – 22 սեպտեմբեր 1982 |
|
Պաշիր Ժեմայէլ | 23 օգոստոս 1982 – 14 սեպտեմբեր 1982 |
|
Ամին Ժեմայէլ | 23 սեպտեմբեր 1982 – 22 սեպտեմբեր 1988 |
|
Զինուորական կառավարութիւն` նախագահութեամբ Միշել Աունի | 23 սեպտեմբեր 1988 – 13 հոկտեմբեր 1990 |
|
Քաղաքացիական կառավարութիւն` նախագահութեամբ Սելիմ Հըս | 23 սեպտեմբեր 1988 – 5 նոյեմբեր 1989 |
|
Ռընէ Մուաուատ | 5 նոյեմբեր 1989 – 22 նոյեմբեր 1989 |
|
Էլիաս Հըրաուի | 24 նոյեմբեր 1989 – 24 նոյեմբեր 1998 |
|
Էմիլ Լահուտ | 24 նոյեմբեր 1998 – 23 նոյեմբեր 2007 |
|
Լիբանանի կառավարութիւն` նախագահութեամբ Ֆուատ Սինիորայի | 24 նոյեմբեր 2007 – 25 մայիս 2008 |
|
Միշել Սլէյման | 25 մայիս 2008 – 25 մայիս 2014 |
|
Լիբանանի կառավարութիւն` նախագահութեամբ Թամմամ Սալամի | 26 մայիս 2014 – 31 հոկտեմբեր 2016 |
|
Միշել Աուն |
31 հոկտեմբեր 2016 –
|
Ծանօթ.-
– 23 օգոստոս 1982-ին Պաշիր Ժեմայէլ ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, սակայն ան իշխանութիւնը պաշտօնապէս ստանձնելու թուականէն առաջ սպաննուեցաւ:
– Նախքան հանրապետութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի նախագահական նստաշրջանի աւարտը, կարելի չեղաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել, հետեւաբար կազմուեցաւ զինուորական կառավարութիւն մը, որուն նախագահեց օրուան բանակի հրամանատար զօր. Միշել Աուն: Աունի կառավարութիւնը մերժուեցաւ կարգ մը այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ, հետեւաբար կազմուեցաւ նաեւ քաղաքացիական կառավարութիւն մը` նախագահութեամբ Սելիմ Հըսի, եւ Լիբանան ունեցաւ երկու կառավարութիւն:
– Հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի ընտրաշրջանը դարձեալ աւարտեցաւ առանց նոր նախագահ մը ընտրելու` նկատի ունենալով քաղաքական ուժերուն երկփեղկուած դրութիւնը, հետեւաբար վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը ստանձնեց երկրին իշխանութիւնը, հակառակ անոր որ ոմանք այդ կառավարութիւնը նկատեցին հակասահմանադրական:
– Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նստաշրջանի աւարտէն առաջ եւս անկարելի եղաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` քաղաքական ուժերու անհամաձայնութեան իբրեւ հետեւանք: Այդ պատճառով վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահած կառավարութիւնը ստանձնեց երկրին իշխանութիւնը, մինչեւ որ 31 հոկտեմբեր 2016-ին կարելի եղաւ զօր. Միշել Աունի ընտրութիւնը` իբրեւ հանրապետութեան 13-րդ նախագահ: