Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարօրինակ Եւ Զարմանազան «Հրաշք»-ներու Երկիրը (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Նոյեմբեր 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

independence-day_112216Կը թուի, թէ իր անկախութեան հռչակումէն (1943) ի վեր, մայրիներու երկրի` Լիբանանի իւրաքանչիւր օրը եղած է յոյսի եւ լոյսի հեքիաթային աշխարհ մը, որով ան կը տարբերի իր շրջապատի երկիրներէն եւ ժողովուրդներէն:

Հաւանաբար հարց տրուի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հեքիաթային յորջորջել երկիր մը, որ ունի դարերու կեանք, ապրած է այլազան քաղաքակրթութիւններու արանքին, իր մորթին վրայ շիկացած են գաղութարարներու վայրագ վարքագիծերը, զազիր վերաբերումներն ու սպանդի քաղաքականութիւնը, ունեցած է հերոսական որոշակի պատմութիւն, իր ծոցէն ծնունդ առած են հեղինակաւոր մտաւորականներ, գրողներ, գիտնականներ, արուեստի գործիչներ, նուիրեալներ, հայրենասէրներ, որոնց ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական ներդրումը մեծ է եղած այս հողատարածքի, այսպէս ըսած, ինքնութեան ձեւաւորման, բիւրեղացման եւ միջազգային ճանաչման մէջ:

Աւելի՛ն. մօտիկ անցեալի միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններու բերումով, այս երկիրը կրցած է ձեռք ձգել իր անկախութիւնը (ձերբազատելով ֆրանսական գաղութարարութենէ), ամէն ճիգ ի գործ դրած է պետականութեան ամրակայման, գերիշխանութեան առաւել խորացման, բայց մանաւանդ` անասելի զոհողութիւններու գնով (եղբայրասպան պատերազմ ու երկրի քանդում) տոկացած է, փորձ կատարած է եւ կը շարունակէ իբրեւ այդպիսին` կերտելու նոր Լիբանանը:

Այո՛, նո՜ր Լիբանան մը ունենալու ձգտումով եւ յաւակնոտութեամբ ապրած են այս երկրի ղեկը ստանձնած  նորոգեա՜լ անձնաւորութիւններ, իմա` պետական գործիչներ:

Ըստ երեւոյթին, այս երկրի թշուառ ու կեղեքուող հասարակութիւնը, այսինքն` ճնշող մեծամանութիւնը, դեռ երկար պիտի երազէ տեսնելու կերտումը նոր Լիբանան մը, որուն կապուտազարդ երկնակամարին տակ ազատ ու անկախ պիտի շնչեն սերունդներ, ապահով եւ պատուով պիտի ապրին ազնիւ մահկանացուներ:

24483867_112216Ի դէպ, յարգելով հանդերձ լիբանանցի տառապեալ ժողովուրդը, նոր Լիբանանի կերտումին մէջ անոր դերակատարութիւնը չենք տեսներ, պարզապէս որովհետեւ համազգային պարունակի ձեւաւորման թէ պետական կառուցուածքի ամրապնդման մէջ ժողովուրդի լայն զանգուածին վերապահուած բաժինը շատ չնչին է, գրեթէ անգոյ: Հակառակ Լիբանանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ընծայած  ժողովրդավար կառոյցին եւ դիմագիծին, հասարակութիւնը անզօր է պիտանի եւ արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնելու: Պատճա՞ռը, յստակ ու մեկին. Լիբանան երկիրն ու հասարակութիւնը կը տուայտին այնպիսի անբուժելի ախտէ մը, այսպէս ըսած, համայնքայնութեան քաղցկեղէ, որ իր խենեշի եւ տզրուկի արտայայտութիւններով արդէն թափանացած է քաղաքացիական ապրելակերպէն եւ ներաշխարհէն ներս:

Արդ, մէկ կողմէ կը փորձենք ամէն քայլափոխի յաչս աշխարհին յիշեցնել, թէ Լիբանանի իւրայատկութիւնը կը կայանայ համակեցութեան, իշխանութեան բաժնեկցութեան եւ փոխադարձ ընկալումի մէջ, եւ միւս կողմէ մտահան կ՛ընենք իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ այս երկրին քաղաքական վերնախաւը ինքն է, որ կը սնուցէ քաղաքական նման փտած համակարգ, որուն հիմքը համայնքայնութիւնն է` աւատապետական դրութեամբ եւ մտայնութեամբ յագեցած:

Յայտնենք, որ լիբանանցիին համար «նոր»-ի եւ «հին»-ի հասկացողութիւնը պարզապէս ըսելաձեւ մը եղած է, տեսակ մը ինքզինք խաբելու միջոց, աւելի՛ն. հաւաքական ինքնարդարացում մը, քօղարկելու համար նախկինի եւ կամ նախորդի գործած քաղաքական ահաւոր սխալները, տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառի անհաշուելի ոճիրները, փտածութեան անհամեմատելի տարողութիւնն ու ամէն ինչ յափշտակելու լիբանանցիական բնազդը:

Այլ խօսքով, լիբանանցի քաղաքագէտը` «հին» թէ «նոր», իրազեկ ըլլալով այս դժխեմ եւ արտառոց իրավիճակին, ինչքան ալ տքնի, աշխատի, փորձէ, մտածէ ու գործէ սրբագրելու եւ կամ նոր կառուցելու, ան կը հանդիպի պնդացած «պատ»-ի մը, որուն զարնուելով կը փշրուին ամէնէն նուիրական զգացումներն ու ապրումները, ցաւ ի սիրտ:

Սա չի նշանակեր, անշուշտ, որ տուեալ հողամասին վրայ ապրող ժողովուրդը չէ ունեցած եւ կամ ցարդ չունի երազանքը կերտելու հայրենիք մը, որուն անունն է Լիբանան, եւ այդպիսով ապահովելու սերունդներու ապագան:

Այս օրերու զուգադիպութեամբ, Լիբանան երկիրը ունեցաւ իր նախագահը: Եւ ահա աւելի քան երկու տարի նախագահական «գահ»-ը թափուր մնալէ ետք, ի յոյս եւ լոյս աշխարհին, աւետեաց հողատարածքին վրայ եւ նոյնինքն իրարամերժ ուժերու, հոսանքներու եւ քաղաքական խմբակցութիւններու «մաքրամաքուր» ձեռամբ, ջերմ ու սիրալիր, հոգեթով եւ բարեպաշտի պատմուճանը հանդերձած մարդիկ, յանկարծ կը համաձայնին ցոյց տալու իրենց հեզահամբոյր դիմակը եւ առանց խպնանքի կ՛ընտրեն երազուած նոր Լիբանանի նախագահը:

Իսկապէս, ամբողջ մարդկութիւնը ականատեսի վկայութեամբ հաստատեց, որ երբեմնի զիրար յօշոտող վերոնշեալ պետական անձնաւորութիւնները, հոգեկան սրբութեամբ մը պարուրուած, կ՛որոշեն վերջ տալ իրենց իսկ կողմէ սարքուած թատրոնին եւ անյապաղ լծուիլ երկրի կառուցման աշխատանքին` կրկին ու կրկին երազուած նոր Լիբանանի կերտումին:

Եթէ երբեք սրամիտ պատանի մը իր անմեղունակ հայեացքները ուղղելով   բոլոր անոնց, որոնք իրենց քմահաճոյքին առարկան են դարձուցեր ամբողջ պետութեան կարգ ու սարքը, կողոպտեր, թալաներ, սառնասիրտ խաղացեր ժողովուրդի մը ճակատագիրով,  հարց տար, թէ ինչո՞ւ զարմանազան «հրաշք»-ներ գործելու եղանակէն չեն ձերբազատիր եւ չեն ապաւինիր մարդու տրամաբանութեան եւ հայրենասիրական զգացողութեան, ապա վստահաբար անոնց պատասխանը միաբերան պիտի ըլլայ.- Լիբանան երկիրը ծուռ արմատներ ունի, հետեւաբար զայն կարելի է փրկել, բացառաբար տարօրինակ եւ զարմանազան «հրաշագործութիւն» կատարելով, եւ այդ հրաշքը գործողները նոյնինք այդ վերնախաւի մարդիկն են, որոնք աճպարարի հոգեբանութեամբ օժտուած են, գիտեն կախարդել ամբողջ ժողովուրդ մը  եւ ստուերային գործելակերպերու տիտղոսակիր ըլլալով, հասարակութեան ներկայանալ իբրեւ ծառայասէր եւ հայրենասէր պետական անձնաւորութիւններ:

Այս երկրի տարօրինակութիւններէն է ժողովուրդը «սահմանադրականօրէն» կեղեքելու երեւոյթը, երբ պետական ոեւէ գործիչ կամ համայնքի մը ներկայացուցիչ իր թալանի ու կողոպուտի արարքը կը հիմնաւորէ նոյնինքն սահմանադրութեամբ իրեն տրուած իրաւունքով: Եւ այս առիթով տուեալ համայնքի մասսան, ի  ուրախութիւն բոլորին, կը ծափահարէ եւ գովքը կը հիւսէ իր ղեկավարին:

Լիբանանցիական նեղմտութիւնը այնքան մը արմատացած է, որ երբ հարցը կը վերաբերի երկրին բարգաւաճման, տնտեսութեան զարգացման, ընկերային հարցերու բարւոք լուծման, կենսոլորտի բարելաւման, կրթական համակարգի որակաւորման, արհեստագիտութեան թէ բազում ասպարէզներու յառաջդիմութեան, կը գոհանան տեղի-անտեղի ցոյցերու կազմակերպումով (այդ ալ տարբեր ազդեցութիւններու եւ հրահրումներու ենթակայ ըլլալով), կը պոռթկան, կը ցաւին, կը նեղանան եւ քանի մը օր ետք յանձնուած դաժան «պատ»-ին` պետական մակարդակի անտարբերութեան, կը քաշուին իրենց պատեանին մէջ եւ կ՛ողբան յանուն նոր Լիբանանի կերտումին:

Ըսուածին ամէնէն դիպուկ օրինակը աղբակոյտերու յամեցող երեւոյթն է:

Լիբանան երկրի անսրբագրելի ու դաժան երեւոյթի էութիւնը կը կայանայ հետեւեալ պատկերին մէջ. երբ հարցեր ախտաճանաչողն ու կեղեքողը նոյն անձն է, աւելի՛ն. նոյնատիպ մարդիկն են, որոնք շահագործելով իրենց դիրքն ու փառքը, անամօթաբար եւ բացայայտօրէն կը գործեն յանուն Լիբանանի կերտումին:

Փաստօրէն, չկայ պետական անձնաւորութիւն մը, որ չ՛ընդունիր, թէ պետական կառոյցները ոչ միայն փտած են, այլեւ` հիւծած եւ այլանդակ դարձած, ի բաց առեալ բանակին, որ կը մնայ այն միակ ապաւէնը` մէկ կողմէ պաշտպանելու ժողովուրդն ու երկիրը, եւ միւս կողմէ պահպանելու «հայրենասէր»-ներու ապարանքները:

Իրաւամբ, ըսուած է, որ Լիբանան երկիրը անեքթոտ մըն է, որ կԲապրի ու կը շնչէ գերմարդկային պատգամով մը. ազգային միասնականութիւն կոչուած աղօթքով: Խորքին մէջ կարգախօս մըն է, որ կը նմանի պճնասէր օրիորդի մը շրթնաներկին, եւ որուն արտաբերումը կ՛ընթանայ այնքան հեզասահ ու սրտաճմլիկ, որ երբ զայն լսենք մանաւանդ պետական մակարդակի կեղեքիչներու բերնէն, երկինքի հրեշտակներն անգամ կը հմայուին եւ երկիւղածաբար կը խոնարհին անոր սրտառուչ իմաստին դիմաց:

Այսուհանդերձ, Լիբանանի ժամանակակից պատմութիւնը արձանագրած է տիպար ու եզակի նախագահի մը անունը, յանձին Ֆուատ Շահապի, որ հանդիսացած է այն միակ ղեկավարը, որ յանդգնած է երազել եւ աշխատիլ յանուն նոր Լիբանանի մը կերտումին, եւ որուն իշխանութեան օրով` լիբանանցի հասարակութիւնը զգացած է հայրենիքի մը գոյութիւնը եւ տեսած իսկական ղեկավարի շնորհը:

Այսօր, եւ սրբազան այս տօնին առիթով, բոլորին յոյսերն ու հայեացքները ուղղուած են նորընտիր նախագահ Միշել Աունի, որուն երդման ճառն ու անհատական կազմաւորումը յուսադրիչ տարրեր կը պարփակեն կրկին երազելու նոր Լիբանանի մասին:

Միւս կողմէ, նորահաս սերունդներ իրաւամբ կը հարցադրեն, թէ մայրիներու օրրան Լիբանանը, որ աւելի քան 70 տարիէ կ՛երազէ ըլլալ անկախ, գերիշխան եւ բարգաւաճ, արդեօք երբեւէ պիտի կարենա՞յ իրականացնել այն երազանքը, որուն իրականացման համար զոհուեցան շատ շատեր: Թէ, ըստ երեւոյթին, հարկ է սպասել երկնային հրաշքներու եւ պետական մարդոց նորովի կազմաւորումին:

 

Նախորդը

Հազար Դրամը Անշո՛ւշտ Պէտք Է Տալ

Յաջորդը

Աւելի Քան Կրթական Համալիր Մը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?