Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Գարմէնի Բնութագրած Պատը (Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ)

Նոյեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԱԳ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմին

arch-avak-assadourian_112116Սա պահուն, նուիրական պարտականութեամբ մը մէկտեղուած ենք այստեղ: Պարտականութիւն, որ մեզ կը տանի կէս դար դէպի ետ, անգամ մը եւս հանդիպելու վաղամեռիկ խմբագիր Լեւոն Գարմէնին (Լեւոն Ստեփանեան) եւ մեր արժանի յարգանքի տուրքը մատուցելու իրեն «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրասենեակներէն մէկը մկրտելով իր անուամբ:  Արդարեւ, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան առաջարկով եւ Իրաքի Հայոց թեմի  նիւթական աջակցութեամբ, այդ առաջարկը իրականութիւն կը դառնայ այսօր, Լեւոն Գարմէնի մահուն 50-ամեակին առիթով` առ ի մեծարանք եւ յերախտագիտութիւն հանգուցեալ խմբագիրին:

Լեւոն Գարմէն կարճ ժամանակ մը Պաղտատի մէջ խմբագրած է «Գոյամարտ» շաբաթաթերթը, ապա ստանձնած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետութիւնը, զոր վարած է մինչեւ իր կանխահաս մահը:

Տարիքի տարբերութեան պատճառով, անձնապէս ծանօթ չեմ եղած հանգուցեալ Ստեփանեանին, սակայն տեսած եմ զինք թէ՛ աշխատանքի գրասենեակին մէջ, եւ թէ Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան յարկին տակ: Այդքան միայն…: Հետեւաբար, անձնական վկայութիւն մը կը պակսի ինծի, թէեւ կարդացած եմ, որ  լուսահոգի Ստեփանեանը եղած է «զգայուն բանաստեղծ, հանրային անսակարկ գործիչ, հաւատաւոր գաղափարական ու գրական արժէքաւոր մշակ»:

Այժմ կը փափաքիմ ակնարկ մը սեւեռել Լեւոն Գարմէնի վերջին խմբագրականին վրայ, որ, ինչպէս գիտէք, կը կրէ «Պատը» վերնագիրը: «Պատը» Պերլինի պատն է, եւ, Գարմէնի բնորոշմամբ, 20-րդ դարու մեծագոյն ամօթը կը նկատուի: Ինչո՞ւ. որովհետեւ իրարմէ կը բաժնէ «ազատ մտածողութեան ու ստրկամտութեան» երկու աշխարհները: Պերլինի պատը անբարոյականացնող երեւոյթ մըն էր 20-րդ դարու մարդկութեան ճակատին վրայ ծանրօրէն դրոշմուած` որպէս «հոգիներու գերութեան խորհրդանիշ» եւ «ամօթի պատ», ինչպէս կ՛ըսէր Արեւմտեան Գերմանիոյ ժողովուրդը:

Լեւոն Գարմէնի վերջին խմբագրականը գրուած էր մարգարէի մը ոճով եւ արտաքին ազդակներուն արձագանգելու ունակութեամբ:  Բայց ի՞նչ է «Մարգարէ» բառին ճշգրիտ իմաստը: Քրիստոնէական պրիսմակէն դիտուած, մարգարէն ապագան գուշակող մը չէ, թէեւ բառը ընդհանրապէս այդ ըմբռնումով կը գործածուի: Մարգարէն ան է, որ յատուկ զգայնութիւնը ունի Աստուծոյ կամքը ըմբռնելու, հասկնալու ու մարդկանց հասցնելու:  Լրջամիտ կշռադատութեամբ, վերեւ մատնանշուած երկու առումներով,  Գարմէն մօտեցած է այդ «Պատին» իր վերջին խմբագրականին մէջ:

Լեւոն Գարմէն «Պատին» մէջ տեսաւ գերմանացիներու միմիանց նկատմամբ ունեցած փոխադարձ կապուածութիւնը խոչընդոտող ցցուածք: Ըստ իրեն, այդպէս ուզեցին այդ օրերու ստրկամիտ ղեկավարները, եւ  այդ «Պատը»  դիզողները, որոնք իրենց իսկ պարտութեան ապացոյցը կրեցին` հոն հաստատելով եւ արձանացնելով իրենց «հոգեկան գերութիւնը»:

Ինչպէս գիտէք, կան բառեր, որոնք կը պարունակեն դրական իմաստ, իսկ այլ բառեր կը թողուն բացասական տպաւորութիւն: «Պատը» խմբագրականին մէջ Գարմէն կը գործածէ «կառոյց», «շինութիւն» եւ «բարձրացում» բառերը: Սոյն բառերը դրական արժէք եւ բովանդակութիւն ունին մեր գրականութեան մէջ:  Շինութեամբ զբաղիլը արդիւնքն է հոգեկան բարձրորակ իրավիճակի եւ ցուցանիշ ժողովուրդի մը ստեղծագործ հանճարի:   Հայ շարականագիրը մեր զաւակները հրաւիրեց կառուցելու Աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ յօրինուածքներ` դայլայլելով. «Եկայք շինեսցուք Սուրբ զխորանն լուսոյ»…, իսկ ինչ կը վերաբերի «բարձրանալու» վեհացնող գաղափարին, ապա ՀՄԸՄ-ը մեզի կը յորդորէ կրկնելով «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանը: Նոյն իմաստով Վահան Թէքէեան գրեց` «Եկեղեցին հայկական դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»:

Լեւոնի նշած «Պատը» չկառուցուեցաւ, չշինուեցաւ: Ո՛չ ալ բարձրացաւ, այլ իրար վրայ կուտակուած աղիւսներու շարան մը եղաւ: Աւելի՛ն. ան եղաւ դիզուած քարերու կոյտ, որովհետեւ, ըստ ինծի, այդ պատը զուրկ էր ոգեկանութենէ եւ  բնաւ մարդկային արժէք չի պարունակեր: Գարմէնի նկարագրութեամբ «Պատը» հիւսուեցաւ:

Մարգարէաշունչ խորք ունեցող Լեւոն Գարմէնի խմբագրականը կու գայ յիշեցնելու, թէ մարդկային ազատութեան դէմ դիզուած կոյտերը անպայման կը խորտակուին «մարդ անհատին ազատութեան ձգտումի հոսանք»-ին դիմաց:

Եւ այդպէս ալ եղաւ:  Պերլինի Պատը  «կոյտացաւ»` իբրեւ փաստ հոգեկան պարապութեան եւ պարտութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ «Պատը» չգոյատեւեց: Որովհետեւ ան 1961-1989` 28 տարիներու վրայ տարածուած խաբկանք մըն էր, որ տեղի տուաւ մարդկային ազատութեան վեհ ձգտումին ու գերմանացի ժողովուրդին յանդուգն միջամտութեամբ փուլ եկաւ մօտաւորապէս 28 տարիներ առաջ: Ս. Աւետարանի բնութագրութեամբ պիտի ըսէինք «… էր կործանումն նորա մեծ յոյժ (Մատթ. Է. 25-27):

Այսօր, իր մահէն 50 տարիներ ետք, Լեւոն Ստեփանեանի շարադրած խմբագրականին միտք բանին պէտք է նկատել խոչընդոտներու խորտակումն ու վերացումը  մեր անհատական, ընտանեկան, ընկերային, հասարակական եւ ազգային իրավիճակներուն ընդմէջէն:  Մարդկային պատմութեան դժբախտ երեւոյթներէն յոռեգոյնը «Պատ»-երու «կոյտացումն» է: Զգո՛ւշ. պէտք չէ պատեր կուտակուին ընտանիքի անդամներուն միջեւ, հայ հասարակութեան սպասարկող գաղափարական համակարգերու միջեւ, հայրենի պետութեան եւ իր ժողովուրդին միջեւ, մեր մայրենի եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ իր զաւակներուն միջեւ:

Տեսիլք ունեցող ու տեսլապաշտ մեր ժողովուրդը իր հինաւուրց բայց ոչ հինցած պատմութեան ընթացքին գիտցած է խորտակել այն «պատ»-երը, որոնք կը միտին հայերը իրարմէ բաժնել:

Ահաւասիկ աւանդը լուսահոգի Լեւոն Գարմէնին:

Եւ խորապէս շնորհաւորելի է «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան մեծարանքի այս նախաձեռնութիւնը` նման «աւանդ» փոխանցող անձերու նուիրուած: Այս առիթով կը գնահատենք նաեւ Իրաքի Հայոց թեմի Ազգ. կեդրոնական վարչութիւնը, որ Իրաքահայ թեմի առաջնորդարանի նիւթական աջակցութեամբ իրականութիւն դարձուց այս իմաստալից նախաձեռնութիւնը:

Շնորհակալութիւն բոլորիդ:

 

 

Նախորդը

Մարդ Իր Երկրային Կեանքին Մէջ Կ՛ապրի Այնքան, Որքան` Իր Անունը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Առաջին Կուսակցական Խմբագիրը Իր Մնայուն Տեղը Ունեցաւ Խմբագրատան Մէջ

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025
Եռամիասնութեանց Ուղեւորը
Անդրադարձ

Խստապահանջ ու Պարտաճանաչ Դաշնակցականը` Նազարէթ Սապունճեան

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?