«Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Պահպանումը Համաքրիստոնէական Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 13 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարի վերջին նիստին իր տուած դասախօսութեան ընթացքին, իբրեւ համագումարի եզրափակիչ խօսք Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներու վկայութեան յաւելեալ հզօրացման հրամայականը, իսկ շրջանին մէջ եկեղեցիներու պահպանումը նկատեց համաքրիստոնէական առաջնահերթութիւն: Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Արեւելեան պապական համալսարանի (Փոնթիֆիքըլ Օրիենթըլ Ինսթիթութ) կողմէ, համալսարանի 100-ամեակին առիթով, որուն ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ...




















