Թումանեանի Ստեղծագործութիւնները Եւրոպական Լեզուներով Հրատարակելու Քայլեր Կը Ձեռնարկուին
Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Թումանեանի միջազգային հանրահռչակման նպատակով անոր ստեղծագործութիւնները եւրոպական լեզուներով հրատարակելու քայլեր կը ձեռնարկուին: Թումանեանի 150-ամեակին ընդառաջ, պիտի հրատարակուին շարք մը գիրքեր, իսկ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկը կ՛իրականացնէ նաեւ Թումանեանի կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութեան 4 հատորներու կազմութիւնը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, 25 յուլիսին տեղի ունեցած ասուլիսին հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան յոյս յայտնեց, որ Թումանեանի ներկայացման խնդիրը նաեւ...


















