Անդրադարձ

Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

Անդրադարձ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներածականը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հայկական մամուլը իր էջերուն վրայ տեղադրեց արդէն եւ համացանցի վրայ շրջագայեցաւ տեղեկատուութիւնը Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնած այն խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր սփիւռքի այժմու եւ վաղուան սերունդներու ազգային ինքնութեան  քննարկման եւ ընդհանրապէս այն ստորոգելիներուն, որոնք յենասիւնը կը կազմեն  ինքնութեան մշակումին: Այդ առիթով անդրադարձ մը` չորս կէտերու մէջ խտացուած. 1.- Առօրեայ-կենցաղային խօսակցութիւններու ընթացքին, յաճախ նաեւ մամուլի մէջ երեւցող գրառումներով...

Առաջին Տարելից Նիսի Ահաբեկչութեան. Սէրը Միշտ Պիտի Յաղթէ

Առաջին Տարելից Նիսի Ահաբեկչութեան. Սէրը Միշտ Պիտի Յաղթէ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Տարի մը անցաւ 14 յուլիսի գիշերէն, երբ ծովափէն դիտեցինք երկնքին մէջ պայթող բազմերանգ հրապուրիչ աստղերուն փշրուիլը ծովուն սեւ ջուրերուն մէջ: Աւարտի ծաղկեփունջէն ետք, տունը, հեռատեսիլէն Փարիզինը դիտած ատեն, վայրկեաններ առաջ Նիսի սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան մասին գրուածներուն չուզեցինք հաւատալ: Աստուա՜ծ իմ, այնտեղերն էինք: Այս յուլիս 14-ի առտուն նոր վերակառուցուած Անգլիացիներու շքեղ ճեմուղին անապատի պէս դատարկ է աչքիս. շատ...

Ակնարկ.  Նոր Աշխարհակարգն Ու Լիբանանը

Ակնարկ. Նոր Աշխարհակարգն Ու Լիբանանը

Լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումները մաքրազտելու գործողութիւնները գրեթէ իրենց լրումին հասած են: Մաքրագործման գործողութիւնները ընթացան արագ, յատկանշուեցան հատու հարուածներով եւ տուին նոյնքան արագ եւ անմիջական արդիւնքներ: Թէ՛ սուրիական եւ թէ՛ լիբանանեան կողմերէն աքցանումի միտուած զինուորական քայլերը ոչ միայն չէզոքացուցին ահաբեկիչ տարրերու շարժումները, այլ ընդհանրապէս վերացուցին այդ տարածքները թափանցած եւ տեղակայուած ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները: Սուրիական կառավարական ուժեր-Հըզպալլա-լիբանանեան բանակ եռակողմ...

Բարի Սովորութիւն Մը` Լիբանանահայ Տպագիր Մամուլի Յոբելենական Տարեդարձներու Նշումը

Գրախօսական` Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորին

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Գէորգ Պ. Յակոբեան ծանօթ անուն մըն է պոլսահայ հրապարակագրութեամբ, մամուլով եւ մանաւանդ բանասիրութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Ան հեղինակած է ուշագրաւ հրատարակութիւններ պոլսահայ իրականութեան մասին`  պիտանի տեղեկութիւններ պարունակող օրացոյցներ, յուշամատեաններ` նուիրուած Խաչատուրեան պատրիարքին, Տերոյենց պատուելիին, Շնորհք պատրիարքին:  Կեսարիոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը պարունակող նկարազարդ ալպոմը հանդիսացաւ իր լաւագոյն հեղինակութիւնը` մինչեւ լոյս տեսնելը «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական...

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորը

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորը

Վերջերս Պոլսոյ մէջ «Փարոս» հրատարակութեան կողմէ լոյս տեսաւ նախկին պոլսահայ, այժմ լոսանճելըսաբնակ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ, 800 էջերէ բաղկացեալ ստուար հատորը: Ստորեւ կը ներկայացնենք գիրքին շնորհահանդէսին ընթացքին հեղինակին քրոջ` «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խօսքը:   Այսօր «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ սոյն հատորի շնորհահանդէսին առթիւ,  նախ պիտի ուզեմ...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանի Իրապաշտ Քաղաքականութիւնը Եւ Ծոցի Տագնապը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Մինչ Ծոցի տագնապը նոր փուլ մը կը թեւակոխէ, Քաթարի շրջափակումը կը շարունակուի, իսկ Թուրքիա մոլորեցուած արտաքին քաղաքականութեամբ անկում կ՛ապրի, անդին` Հայաստանը իր իրապաշտ արտաքին քաղաքականութեամբ կարելիութիւնը ունի որոշ կէտեր արձանագրելու: Գաղտնիք չէ, որ Հայաստան արտաքին ճկուն քաղաքականութիւն չի կրնար վարել, տրուած ըլլալով, որ Հայաստան տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն կախեալ է Ռուսիայէն. անկարելի է վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ չի...

«Քուէյթի Ազգային Վարժարանը Քուէյթահայութեան Բաբախող Սիրտն Է»,  Կ՛ըսէ Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան

Ո՞վ, Ինչո՞ւ

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Երկինքն էր սառել ու չկար Աստուած... Բայց ահա՛, ահա՛, հեքիաթ թէ հրաշք, Ծառացաւ մի մարդ, Հրաշքից փախած ու հրա՛շք մի մարդ. Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան, Դիակների մէջ ու ագռաւների. Եւ հաւատքն արած պողպատեայ վահան, Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի` Սոված, սարսափած մարդկանցից վհատ Դարբնեց մի բանակ, Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ` Խփեց ոսոխի ճակտին անարգ......

Խմբագրական.  Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք,  Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձներն Ու Համահայկական Հռչակագիրի Հիմնադրոյթները (Լիզպոնի Գործողութեան 34-Ամեակին Առիթով)

Լիզպոնի գործողութեան նախօրեակին անձնազոհ հերոսներու փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման գոյութիւն ունի հայրենիք ազատագրելու գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերութեան հեռահար նպատակը Արեւմտահայաստանի ազատագրումն է, որուն համար նախ պէտք էր քանդուէր լռութեան պատը, ճանաչում ապահովուէր Ցեղասպանութեան եւ ապա պարտադրուէր հատուցումը: Լռութեան պատի ճարճատումը սկսած էր արդէն զինեալ գործողութիւններու իբրեւ անմիջական արդիւնք, այնուհետեւ Լիզպոնով սկսած երթը թէ՛ իբրեւ անձնուիրութիւն, թէ՛ իբրեւ գործողութիւն եւ...

«Արեւմտահայերը Միշտ Իրենց Հողէն Դուրս Գրականութիւն Ստեղծած Են». Գրիգոր Պըլտեան

«Արեւմտահայերը Միշտ Իրենց Հողէն Դուրս Գրականութիւն Ստեղծած Են». Գրիգոր Պըլտեան

Ձախէն աջ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան. Գրականագէտներու հրաշալի երրորդութիւն մը: «Սփիւռքահայ գրականութեան վերջին փուլը 1980-90ականներուն էր, երբ գրողներու առաջին սերունդը անհետացաւ, երկրորդ սերունդը ձեւաւորուեցաւ գլխաւորապէս Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի պատերազմէն ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակութեան հետեւանքով, գրողները տարբեր ուղղութիւններով հեռացան», «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց սփիւռքահայ նշանաւոր գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան՝ խօսելով...

Անսակարկ Զոհաբերում` Ազգի Յաւերժացման Բագինին Առջեւ

Լիզպոնի Տղոց «Հեքիաթ»-ը (27 Յուլիս 1983)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կար ու չկար... Այսպէս կը սկսէին, աւանդաբար, հեքիաթներու աշխարհի պատումները: Այս հրաշալի պատումները ունէին դաստիարակիչ բնոյթ: Անոնք ազդու էին իրենց պարփակած նիւթով, գեղեցիկ` ընդգրկած պատկերներով եւ հմայիչ` երեւակայական թռիչքով: Բախտաւոր են եղած այն մատղաշ սերունդները, որոնք հասակ են առած տարաբնոյթ հեքիաթներու աշխարհին ծանօթանալով:  Աւելի՛ն. անոնք եղած են ստեղծարար, ընդունակ, ազնիւ, գիտակից եւ յանձնառու անհատներ: Այլապէս ալ անոնք իրենց...

Լիզպոնի Գործողութեան  Յիշատակի Նշում` Երեւանի Մէջ

Տեսակէտ. 21-րդ Դարուն Կը Շարունակուի Լիզպոնի Հինգ Տղոց Պայքարը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Լիզպոնի գործողութիւնը կատարողները երիտասարդներ էին: Անոնք իրենց կեանքերը նուիրեցին հայ ազգի ազատագրութեան դատին եւ արթնցուցին պայքարի հոգին ամբողջ սերունդի մը մէջ, որ այդ սուրբ հինգ տղոց ջահը վառ պահեց: Ներշնչուած ըլլալով այդ տարիներու ուժային պայքարներէն` մղուած պաղեստինեան եւ իրլանտական կազմակերպութիւններուն կողմէ, հիմնուեցաւ Հայ յեղափոխական բանակը եւ տասնեակ մը գործողութիւններ կատարեց` ի նպաստ հայ ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ միջազգային...

Խմբագրական.   Լիզպոնը Եւ Անգարայի Բարձրագոյն Նիստերը

Լիզպոն 34

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ 34 տարի առաջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը: Ժամանակ մը, որ անծանօթ է մեզի` անկախութեան սերունդիս: Ժամանակահատուած մը, որ կը պահանջէր տարբեր մօտեցում, ոչ քաղաքական մօտեցում,  ի տարբերութիւն` ներկայի զուտ քաղաքականին, եւ այդ մօտեցումը դրսեւորուեցաւ զինեալ պայքարով: 27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի մէջ կատարուածը պայքարի, կամքի եւ արդարութեան հանդէպ հաւատքի, հայ ժողովուրդին յարատեւ մաքառումին մէկ փաստն էր, որ յաջողեցաւ բարձրացնել...

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն

Լիզպոն 34

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Եւ ահա ձեր նահատակութիւնը կը բոլորէ երեսուն եւ չորս տարիներ: Ձեր նահատակութեան թուականէն մինչեւ օրս որքա՜ն ու որքա՛ն նոր տողեր աւելցան պատմութեան էջերուն: Հայաստանը վերանկախացաւ, Շուշին ազատագրուեցաւ, բայց տակաւին սահմանի վրայ կը նահատակուին սահմանապահ զինուորներ. կարծես հայուն ճակատագիրն է այդ: Մնաց Արեւմտահայաստանը, մնաց վրէժը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնց համար զոհուեցաք դուք: Երեսուն եւ չորս տարիներու ընթացքին շատեր միացան...

Տեսակէտ.  21-րդ Դարուն Կը Շարունակուի Լիզպոնի Հինգ Տղոց Պայքարը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիզպոնի «Աքթը»

Յ. Տ. ՅՈՒՍԻԿԵԱՆ Հինգ դաշնակցական «խենթ» տղաներ, Հայկեան աղեղէն արձակուած նետեր: Արա, Վաչէ, Սեդրակ, Սարգիս եւ Սիմոն, Լիբանանէն մէկիկ-մէկիկ հասան Լիզպոն... Վասն Հայ դատին եւ արդարութեան, Իմացեալ մահը իրենց նշանաբան Ընտրեցին ճամբան նահատակութեան... Յուլիս ամսուն քսանեօթին, Խանասորի յիշատակին, Հինգ կտրիճներ գրոհ տուին, Թուրքին դեսպանատունը գրաւեցին... Սարսռաց յանկարծ աշխարհն արար, Սարսափեցան դատաւորներն անարդար, Բազում քծինք, սին խոստումներ անհատոյց, Մեր տղաներուն «Պանք...

Արամ Ա. Վեհափառ Հօր Մտերմութեան Մէջ Հոգեմտաւոր Պատնէշներ

Արամ Ա. Վեհափառ Հօր Մտերմութեան Մէջ Հոգեմտաւոր Պատնէշներ

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ  «Մաթ մալեք ալ արման» (հայոց թագաւորը վախճանեցաւ). այս բառերը վերյիշեցի, երբ վերջերս Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի ատենապետ Յակոբ Հանտեանի, այցելեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հօր, Պիքֆայայի իր ամառնային նստավայրին մէջ: «Հայոց թագաւոր» որակումը խորապէս տպաւորած էր զիս ու ասիկա նախընթաց մը չէր: Պատմութեան դասերէն ալ իմացած ենք, թէ Բիւզանդիոնի Վաղէս կայսրը...

Ո՞ւր Են Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն

Ո՞ւր Են Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն

Լիբանանահայ գաղութի դժուարութիւններու դիմագրաւման եղանակներու ճշդումի մեր հաւաքական ճիգին մէջ՝ «Ազդակ»-ի 8 յունուար 1976-ի առաջնորդող յօդուածը կը վերատպենք` նկատի ունենալով դաշնակցական հրապարակագրութեան ամէնէն իւրայատուկ դիմագիծի փայլուն արտայայտութեան փաստը ըլլալու հանգամանքը: Յօդուածը ուղղակի օրինակ է լիբանանահայութեան հիմնախնդիրներու ինքնաքննարկումի, յանդուգն ձեւով հարցերը դիմակայելու եւ գաղութի իրավիճակին ճի՛շդ, առարկայական գնահատական տալու: «Խմբ.» Ժամանակն է, որ հարցումը փողոցէն դուրս բերուի եւ շեշտակիօրէն հրապարակուի մամուլով:...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Մէկ Ծաղիկով Ալ Գարուն Կու Գայ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Անցեալ տարի դարձեալ Երեւան էի: Այդ օրերուն տակաւին օգոստոս էր եւ` անոր երեւանեանը, ու երկինքը բաւական մեծ ջերմութեամբ կը ժպտար: Կ՛ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ: Թէեւ քաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլենէն խնդրած էի քանի մը «անանուն» գրադարաններ ալ այցելել: Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի միշտ լսել հայ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Յուլիս Գ. – Սփիւռք-Հայրենիք Համահայկական Ժողովի Նախօրէին

Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն, փոխադարձ ճանաչողութեան,  փոխանակումներուն  25 տարուան փորձառութիւնն ու արձանագրուած արդիւնքները ենթահող պիտի ծառայեն, բնականաբար, Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համահայկական երկօրեայ ժողովի նախօրեակին քննարկումներ կատարելու եւ սփիւռքի ու հայրենիքի ներկայ իրավիճակներուն լոյսին տակ նոր առաջարկներով հանդէս գալու: Յետադարձ հայեացք մը նետելով սուրիահայութեան դիմաց պարզուած յատկապէս վերջին` պատերազմական տարիներու պատկերին վրայ, կրնանք հաստատել, որ պատերազմը պատճառ հանդիսացաւ, որ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները շատ աւելի արագ...

Հալէպ Կը Թօթափէ Պատերազմի Փոշին

Հալէպ Կը Թօթափէ Պատերազմի Փոշին

Հալէպի ազատագրման յաջորդող օրերուն, քաղաքի  ամբողջ տարածքին, կեանքը օրըստօրէ  իր բնականոն հունին մէջ սկսած է մտնել: Ծառայողական ոլորտի հաստատութիւնները` ճաշարաններ, սրճարաններ, պանդոկներ իրենց դռները բաց կը պահեն քաղաքացիներուն դիմաց մինչեւ ուշ գիշեր: Ուշադրութեան արժանի է Հալէպի բերդին շրջակայքը գտնուող ճաշարաններու եւ հանգստեան վայրերու, յատկապէս «Խան Հարիր» սրճարանի վերանորոգումը, եւ պետական մարմիններու յանձնառութիւնը` աստիճանաբար վերաշխուժացնելու զբօսաշրջութիւնը: Հալէպի զբօսաշրջութեան գրասենեակի տնօրէն Պասեմ...

Խենթանոց

Գառնիկ Բանեան Եւ Մուշեղ Իշխան

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ                          Գառնիկ Բանեան                                                          Մուշեղ Իշխան Հին ճարտարապետական կառուցուածք մըն է Ն. Փալանճեան Ճեմարանի մայր շէնքը, եւ իր մարմարէ հսկայ...

Page 607 of 806 1 … 606 607 608 … 806

Արխիւներ