Անդրադարձ

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ամերիկահայերը գիտէին, որ իրենք մեծ յաղթանակ տարած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, երբ Թեքսաս դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ամերիկայի 46-րդ նահանգը: Սակայն անոնք չէին գիտակցեր, որ Թեքսասի ճանաչումը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է այդ նահանգի թրքական համայնքի լոպիիստական ջանքերուն վրայ: Turkishnews.comի մէջ հրապարակուած յօդուածով մը դոկտոր Ֆերուհ Տեմիրմեն բացայայտեց յուսահատութեան այն աստիճանը, որ...

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Փոքր Յուշեր Պօղոս Սնապեանէն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գրութիւնս չեմ ուզեր սկսիլ` ներկայացնելով Պօղոս Սնապեանը, որովհետեւ անոր մեծութիւնը ներկայացնող զանազան «մեծ գրիչներ» գրեցին թէ՛ կենդանութեան, եւ թէ՛ յետմահու: Սակայն տողերուս համեստ հեղինակը բախտը ունեցած է զայն ճանչնալու, անոր հետ կարճ պահեր ապրելու, համով-հոտով անոր զրոյցը ըմբոշխնելու: Կը սկսիմ վերջինէն: Մօրեղբօրս` Երջանիկ Կարպուշեանի մահուան քառասունքին, անակնկալօրէն Քեսապ եկան Պօղոս Սնապեանն ու կինը` Աղաւնին: Անակնկալի եկանք, երբ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  «Հայ Ընտանիք…»

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայ Ընտանիք Եւ Հայ Մանուկ». Անընկճելի Միութիւն

ՊԵՏԻԿ «Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ»-ն ու «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ը արդէն կը սահմանեն մեր ազգային կեանքի  ուշադրութեան ամէնէն կարեւոր առարկաները` հայ ընտանիքի բազմացումը եւ հայ մանուկը ու անոնց կարեւորութիւնը` մեր ազգի գոյատեւման մէջ: Հայ մանուկը, որ ընտանիքին հրաշք-պարգեւն է, ազգին կազմութեան բջիջն է, որ ճիշդ ու հայեցի դաստիարակութեամբ, կ՛երաշխաւորէ ազգին գոյատեւումը, մանաւանդ, սփիւռքի մեր մեծ ու փոքր գաղութներուն համար: Ընտանիքը, որուն հովանիին...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն  Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Գ. (Պոլսահայութեան Ընկալումը)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը Պոլսոյ պատրիարքութեան առնչութեամբ կը յայտնէ, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել  ընտրութիւններուն: Հաստատումը անշուշտ բացասական շեշտ ունի, հետեւաբար նաեւ քննադատական: Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ բողոքող պոլսահայ շրջանակները սակայն, անպայման դրական չեն ընկալած Ուաշինկթընի կատարած պաշտօնական այս յայտարարութիւնները: Պարզ ձեւով անոնց խօսափողներէն համարուող «Ակօս»-ի խմբագիրը, օրինակ, շատ սառն տրամաբանութեամբ առողջ մեկնաբանութիւն կատարած է յայտարարուածին մասին: Այսպէս....

Անդրադարձ.  Ողջմտութեան Ու Ահաւոր  Այլընտրանքին Թելադրանքը

Անդրադարձ. Ողջմտութեան Ու Ահաւոր Այլընտրանքին Թելադրանքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հակառակ դրացի երկիրներու եւ մեծ տէրութիւններու ընդդիմութեան, տողատակի սպառնալիքներուն ու զգուշացումներուն, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի շարունակ կը պնդէ, որ մարզի Իրաքէն անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն պիտի չյետաձգուի, անկէ ետդարձ պիտի չկատարուի, ատիկա քիւրտերուն բնական իրաւունքն է, այդ որոշումը անդառնալի է եւ եթէ ատիկա խոչընդոտուի, ապա պատճառ պիտի դառնայ նոր արիւնալի պատերազմի: Քրտական...

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ո՛չ Ստրկութեան, Ո՛չ Ազգայնամոլութեան Եւ …Ո՛չ Խեղկատակութեան

Նոյնքան ահաւոր եւ աններելի էին Սպիտակ տան վարձակալ Տոնըլտ Թրամփի յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները` օգոստոս 12-ին Չարլոցվիլի (Վըրճինիա) մէջ պատահած խռովութիւններուն մասին, որքան` նոյնինքն դէպքերուն իրադարձութիւնները: Քանի մը օրերու, նոյնիսկ քանի մը ժամերու ընթացքին նախագահ Թրամփ կատարեց հակասական եւ հակադրական յայտարարութիւններ` գլխապտոյտ յառաջացնելով դէպքերու իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահող տեղւոյն քաղաքացիին մօտ: Չարլոցվիլի բնակիչին համար յստակ էր ամիսներէ ի վեր, որ շրջանին...

Լռութեամբ Պատգամ Փոխանցող Դաշնակցականը (Ժիրայր Շոքոյեանի Յիշատակին)

Լռութեամբ Պատգամ Փոխանցող Դաշնակցականը (Ժիրայր Շոքոյեանի Յիշատակին)

Սիրելի՛ ընկեր Ժիրօ, Մահէդ ետք անդրադարձայ, որ  դժուար է նկարագիրդ թուղթի յանձնել: Ոչ թէ անոր համար, որ դուն ունեցած ես յարատեւ գործունէութիւն եւ կամ բազմաթիւ ժողովական ելոյթներ, այլ` հակառակը, քու երբեմնի գործունէութեանդ ընդմէջէն դուն կը հաւատայիր գործին, ոչ թէ գործողի տեսակէտին եւ ոչ թէ տեսակէտ դրսեւորողին, գաղափարին, եւ ոչ թէ` գաղափարի դրօշակիրին: Կուսակցական գործելաոճի քու այս դժուար ընտրանքդ նկարագրային գիծդ...

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին Առթիւ.  Անդրադառնալով «Լա՛ւ Որ «Ազդակ»-ը Կայ» Յօդուածին

«Ազդակ»ի 90-ամեակին Նուիրուած Բացառիկը

ԶԵՓԻՒՌ ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ԱՒԱԳԵԱՆ «Ազդակ»-ի 90-ամեակին նուիրուած բացառիկը իր խմբագրականի Ա. պարբերութեամբ կը ներկայացնէր այս հրատարակութեան շարժառիթը հետաքրքրական վերնագիրով մը` «Չտպուած բաժինը», «Ազդակ»-ի առօրեային հետ առնչուող խոհանոցային բաժինը, որ տեսանելի չէ եղած տասնամեակներ շարունակ` թեքնիք բաժինը, աշխատանքային յարաբերութիւնները, խմբագրական կազմի իսկ բառերով` «շատ կարեւոր եւ սպառնալիքի տակ եղող բաժին մը», որուն պատմութեան յանձնելու գործը ստանձնած են «Ազդակ»-ի երբեմնի խմբագիրները, որոնք կազմած են...

Ինքնուրոյն Գոյութեան Աստուածային Իրաւունքը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ 2017 թուականին լրանում է պատմական յեղաշրջիչ իրադարձութեան` ռուսական պոլշեւիկեան յեղափոխութեան եւ խորհրդային պետութեան հիմնադրման հարիւր տարին: Այս փաստը առիթ դարձաւ, որ դեռեւս մէկ-երկու տարի առաջ Ռուսաստանում քննարկումներ սկսուէին յեղափոխութեան արդիւնքների ու հետեւանքների, ինչպէս նաեւ` հետագայում, խորհրդային պատմուճանով վերակենդանացած կայսրութեան քայքայման պատճառների շուրջ: Յայտնի է, որ նախադէպը չունեցած հասարակարգային փոփոխութիւնը հնարաւոր էր դարձել պատմական բնականոն զարգացման հունից Ռուսաստանի շեղուելու,...

«Շարադրութեան Նիւթ»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ազատ նիւթ: Ձեր նախընտրած նիւթի մասին գրեցէք», ըսաւ մեր հայերէնի ուսուցիչը` Մ. Իշխան: Դիւրին չեղաւ նիւթ մը ընտրելը: Այդ օր այն փորձառութիւնը ունեցայ,  որ գրութեան մը ամենադժուար մասը հետաքրքրական նիւթի մը ընտրութիւնն է: Մնացածը  հեշտ է: Երկա՜ր մտածեցի յարմար նիւթի մը մասին: «Մեծ մայրիկս»: Մեծ մայրս տեսնելու բախտին չեմ արժանացած: Մեր թաղի մամիկներէն մէկը որպէս տիպար առնելով`  սկսայ...

Սուլթան Էրտողան Եւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.

Սուլթան Էրտողան Եւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Թուրքիոյ վերջին երկու տասնամեակներու պատմութեան հետեւողը նկատի պիտի առնէ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արագ վերելքը երկրի քաղաքական կեանքին մէջ: Նախ` իբրեւ Պոլսոյ քաղաքապետ (1994-1998), ապա` իբրեւ հիմնադիր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (2001), զոր առաջնորդեց 2002, 2007 եւ 2011 թուականներուն երկրի ընդհանուր ընտրութիւններու յաղթանակներուն ընթացքին, այնուհետեւ` իբրեւ վարչապետ (2003-2014), եւ վերջապէս` իբրեւ նախագահ: Էրտողան, 1988-ին, կարճ ժամանակով մը բանտարկուած է...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ազգային Իրաւունքի Վերականգնում, Քաղաքականութիւն Եւ Քարոզչութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայ ժողովուրդը ազգային իրաւունքի վերականգնումի խնդիր ունի: Շեշտուած կերպով` 1915-էն ի վեր, երբ տեղի ունեցաւ հայրենահանումը: Իրաւունք, որ կ’ընդգրկէ իր հայրենիքի ամբողջացումը, հոն համախումբ ապրելու կարելիութիւնը եւ իր ինքնութեան պահպանումը, որ կ’ըլլայ լեզուով եւ մշակոյթով: Խնդիր ունենալ` տեսութիւն է, եթէ ան չյանգի գործի: Հայը, ուր որ կը գտնուի այսօր, կ’ուզէ՞ վերականգնել իր իրաւունքը: Սառցալերան տեսնուող մասը անգիտացումը պէտք...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն  Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Հետեւողականութիւն բառը այս պարագային հակաքաղաքագիտական կամ զուտ բարոյական առումով պէտք չէ ընկալել: Պարզ է, որ հետեւողականութիւնը քաղաքական գործընթացներու մէջ սկզբունք չէ եւ շատ արագ կրնայ շեղումներու ենթարկուիլ եւ հուն փոխել: Այստեղ խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի ամերիկեան վարքագիծի մը, որ սերտօրէն կապուած է անոր արտաքին քաղաքականութեան` Թուրքիոյ նկատմամբ արձանագրուող ուղղութեան հետ: Ինչպէս մարդկային իրաւունքները, այնպէս նաեւ կրօնական ազատութիւններու պահանջները ունին զուտ...

Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Իրանի Հետ  Իր Զինուորական Յարաբերութիւնները

Անդրադարձ. Թուրքիան` Վտանգաւոր Ու Վճռորոշ Հարցականի Տակ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 15 օգոստոսին իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքերի` ընկերակցութեամբ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հրամանատարին ու Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատարին, ինչպէս նաեւ այլ հրամանատարներու եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էպրահիմ Ռահիմփուրի, այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից զօր. Հուլուսի Աքարի, ինչպէս նաեւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: 1979-ին Իրանի մէջ իսլամական...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Ազրպէյճանի «Սեւ Ցուցակը» Իրականում Խթանում Է Այցելուների Հոսքն Արցախ

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Իրօք, բանը հէնց այդպէս է: Պաքւում ինչքան էլ փորձում են տարաբնոյթ միջոցներով արգելափակել մարդկանց երթն Արցախ, նոյնքան, դեռ շատ ու շատ աւելի, ահագնանում է արտերկրից զբօսաշրջիկների, քաղաքական գործիչների, մշակոյթի եւ այլ ոլորտների յայտնի դէմքերի հոսքը մեր հանրապետութիւն: Համաձայն պաշտօնական տուեալների, միայն այս տարուայ առաջին կիսամեակում Արցախ է այցելել շուրջ 6 հազար զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուայ համեմատ կրկնակի...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. «Քրտական Սփիւռք»-ը Քրտական Ազգայնապաշտութեան Կեդրոնն Է

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Սփիւռքներուն հասարակաց հոգեվիճակը կը կեդրոնանայ լքուած հայրենիքը առասպելական գեղեցկութեան մը վերածելու գործողութեան վրայ: Քանի սերունդներ իրարու յաջորդեն, այս առասպելը աւելի կը զօրանայ: Այս պատճառով ալ սփիւռքի համայնքները շատ աւելի մոլեռանդ կը դառնան, քան թէ` իրենց հայրենիքին մէջ մնացած միւս ցեղակիցները եւ կրօնակիցները: Այստեղ կը կեդրոնանաք այսօրուան Թուրքիոյ  տարածքէն, քրտաբնակ հողերէն հեռացած քիւրտերուն: Արդարեւ, քրտական ազգայնապաշտութիւնը Պոթանի լեռներուն կամ...

Ազրպէյճանի Հասարակութիւնը Պահանջում Է Ալիեւից` Ընդունել Պարտութիւնը (Փաստաթուղթ)

Ազրպէյճանի Հասարակութիւնը Պահանջում Է Ալիեւից` Ընդունել Պարտութիւնը (Փաստաթուղթ)

ՀՐԱՆԴ ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցի հետ կապուած Ազրպէյճանի քաղաքական մտքում, ինչպէս նաեւ հասարակական տրամադրութիւններում հետաքրքիր շեշտադրումներ են ի յայտ եկել վերջին շրջանում: Շարունակելով մնալ յարձակողապաշտ հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան շրջանակներում` Ազրպէյճանի իշխանութիւններն, այնուամենայնիւ, այլեւս չեն կարող չբախուել ժողովրդի կողմից անհասկացուած լինելու պատին, ինչը լրացուցիչ դժուարութիւններ եւ ռիսքեր է առաջացնում Ալիեւի վարչակազմի համար: Ճիշդ է, նրանք շարունակում են պատմել հասարակութեանը իրենց...

«Ուրացման Ճարտարապետները» Ժապաւէնը Պիտի Ծանուցուի «Ամերիքանա»-ի Մէջ

«Ուրացման Ճարտարապետները» Ժապաւէնը Պիտի Ծանուցուի «Ամերիքանա»-ի Մէջ

«Ուրացման Ճարտարապետները» ժապաւէնը ծանուցող պաստառներուն տեղադրումը արգիլող «Ամերիքանա»-ի որոշումին դէմ հինգշաբթի, օգոստոս 17-ին Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ առաջ «Ամերիքանա» շուկայի սեփականատէր «Քարուսօ ըֆի-լիէյթըտ» հաստատութեան փոխտնօրէն Ճեքի Լեւի ստորագրութիւնը կրող եւ Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին հասցէագրուած նամակ մը տեղեկացուց, թէ պաստառները ձրիաբա՛ր պիտի ծանուցուին «Ամերիքանա»-ի մէջ: Լեւի այդ նամակին մէջ նաեւ դատապարտած է աշխարհի տարածքին...

Երկու Խօսք

Տեսակէտ. Ազգ-Եռաբլուր

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ապրիլեան դէպքերէն ետք, երբ Հայաստանի իշխանութեան եւ մանաւանդ պաշտպանութեան նախարարութեան ու բանակի բացթողումներուն համար փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, իրողութիւն մը կար, որ մնաց նոյնը: Մեր ռազմավարական դաշնակիցը` Ռուսիան, ժամանակակից սպառազինութեամբ տակաւին շարունակեց զինել մեր թշնամին: Կը յիշենք եւ չենք մոռնար մեր տղոց բազուկներով պաշտպանելու հերոսական պատմութիւնները: Կը յիշենք եւ չենք մոռնար 80-ական թուականի զէնքերով մեր առաջին դիրքերուն կատարուած սխրանքները:...

Վայրկեան

Տակաւին Երէկ Էր…

(Համազգայինի Խօսքը` Հայ Մշակոյթի Խնկարկու Գալուստ Պապեանի Յիշատակին) ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ պատիւը ունիմ երկու խօսք արտասանելու մեր բոլորին սիրելի ընկ. Գալուստին մասին. թէեւ խօսքերը անբաւարար կը թուին ըլլալ` արտայայտելու մեր խորազգաց սէրն ու յարգանքը անոր հանդէպ: Տակաւին երէկ էր... Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքը իր աւարտին հասած է, որուն ուշադրութեամբ հետեւած է մինչեւ վերջ: Շուրջը աչք մը կը...

Page 601 of 806 1 … 600 601 602 … 806

Արխիւներ