Բարձունքներու Ազատագրումը Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Յաղթանակն Է
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Անցնող օրերուն հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած պատերազմը արդէն իսկ, յաղթական մարտնչումներով իր լրումին կը հասնի յառաջիկայ օրերուն, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ: Նախապէս եւ քանի մը օրուան տարբերութեամբ, Արսալի բարձունքները ազատագրուեցան Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններով: Ու եթէ երբեք լիբանանեան ներքին թատերաբեմի քաղաքական դասաւորումները որոշ վերապահութիւններ կը յառաջացնէին Դիմադրութեան յաղթանակին նկատմամբ, լիբանանեան բանակի գրոհներն ու արձանագրած...



















