ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, մասնաւորաբար երկու հիմնական կառոյցներու՝ Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ սուր բնոյթ ստացող իրավիճակին: Կառոյցներ, որոնք հայ սփիւռքին առընթեր առանցքային դեր ունին մեր ազգային գոյատեւումին համար:
ՀԲԸՄ-ը կրկին անգամ զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան կոչ կ’ուղղէ: Ինչպէս բազմիցս նշած ենք, անհրաժեշտ է յարգել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործընթացը, ինչպէս եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ինքնավար կառոյցը, քաղաքականութիւնը եւ կանոնագրութիւնը, նկատի ունենալով, որ ան աւելի քան 1700 տարիներ, եղած է հայ ինքնութեան անսասան հիմնասիւնը:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը մեր ազգի պատմութեան վճռորոշ պահերուն, միշտ, յստակ կեցուածք ցուցաբերած է բարոյական սկզբունքներու վերաբերեալ, անկախ այն իրականութենէն թէ Հայաստանը եղած է անկախ պետութիւն, թէ միջազգային սահմաններ չունեցող երկիր՝ ենթակայ օսմանեան տիրապետութեան կամ խորհրդային կարգերու:
Այս վճռորոշ պահուն, աշխարհագրական անորոշութիւններու այս պայմաններուն տակ, անհրաժեշտ է որ մեր ազգային բոլոր հաստատութիւնները մնան հաստատ եւ կարենան պատշաճ կերպով կատարել իրենց դերը: Մինչ մեր կառավարութիւնը կը փորձէ առաջնորդել մեր տակաւին երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը, հաւասարակշռելով անվտանգութեան, բարեփոխումներու եւ հասարակական ներդաշնակութեան վերաբերեալ խնդիրները, մեր Եկեղեցին կը շարունակէ իր կենսական պատմական առաքելութիւնը՝ պահպանելով մեր ինքնութիւնը, ժառանգութիւնն ու հաւատքը:
Որեւէ գործողութիւն, որ կը տկարացնէ Պետութեան կամ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը իրականացնելու կարողութիւնը, ներառեալ` եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու ձերբակալութիւններն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին հնչեցուած սպառնալիքերը, նաեւ կը վտանգէ մեր ազգի ամրութիւնը թէ երկրէն ներս թէ միջազգային հարթակներու վրայ:
Մեր ազգին եւ ժողովուրդին համար հնարաւորութիւններով եւ վտանգներով յատկանշուող այս բախտորոշ պահուն, աւելի քան երբէք՝ կարեւոր է որ մեր ազգային կարեւորագոյն կառոյցները հզօրացուին եւ ոչ թէ քանդուին, որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարենայ կատարել իր դերը մեր ազգի յառաջդիմութեան համար:
ՀԲԸՄ-ը միշտ կը ոգեշնչուի իր հիմնադիրներու կարգախօսով՝ «Միութիւնը Զօրութիւն է»: