Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, ծագումով լիբանանցի Տարել Իսան ներկայացուց «Խաղաղութեան օրէնք» կոչուող օրինագիծ մը, որուն յայտարարուած նպատակը Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի հետագայ յարձակումի կանխարգիլումն է եւ, կանխարգիլման ձախողման պարագային, Ազրպէյճանի քաղիւղի պետական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը:
Օրինագիծը կ՛անտեսէ ներկան ու մօտիկ անցեալը եւ իր հայեացքն ու ամբողջ կեդրոնացումը կը սեւեռէ ապագայի վրայ: Անիկա կ՛անտեսէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներու բռնագրաւման եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար հայ պատանդներու պահման ու շինծու դատավարութեան ներկայ իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ` մօտիկ անցեալին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը, Արցախի հայաթափումը եւ անկէ բխող արցախահայութեան միջազգային օրէնքով ամրագրուած, անվտանգ ու արժանապատիւ տունդարձի իրաւունքը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը սրբագրելու համար օրինագիծին այս աչք ծակող թերութիւնը` առաջարկեց բարեփոխել զայն եւ անոր մէջ ներառել Ազրպէյճանի մօտիկ անցեալի եւ շարունակուող յանցագործութիւններու սրբագրման համար գէթ կոչ մը: Դժբախտաբար այդ առաջարկը մերժուեցաւ: Իրողութիւն մը, որ յստակ դարձուց, թէ օրինագիծին իսկական նպատակը անցեալի ու ներկայի յանցագործութիւններու դիտաւորեալ անտեսումն է, անոնց բնականոնացումը եւ օրինականացնելու փորձը: Այլ խօսքով, առաջարկուող օրինագիծը ոչխարի մորթով ծպտուած գայլ մըն է…
Ի տես այս իրողութեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին չէր մնար այլընտրանք բացի մերժել «անցուկը մոռցուկ է»-ի օրինագիծին զօրակցիլ: Այդ կեցուածքը ահազանգ հնչեցուց` եւ ստեղծեց նշեալ օրինագիծի տապալման լուրջ հեռանկարը` խուճապի մատնելով անոր առնչակից կողմերը, որոնք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին դէմ շղթայազերծեցին համակարգուած արշաւ մը` այն անհեթեթ ամբաստանութեամբ, թէ յանձնախումբը ՍՈՔԱՐ-ի դէմ պատժամիջոցներու հաստատման դէմ է` այդպիսով փորձելով ստեղծել այն կեղծ տպաւորութիւնը, թէ խօսքը ՍՈՔԱՐ-ի դէմ անմիջական պատժամիջոցներու մասին է, երբ օրինագիծը միայն Պաքուի կողմէ ապագայ ոտնձգութեան պարագային, ապագայ պատժամիջոցներու հաստատման կարելիութեան մասին կը խօսի:
Աւելի՛ն. պատժամիջոցներ հաստատելու այդ խոստումը թէական է, որովհետեւ արմատական կերպով կը հակասէ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած ուժանիւթի ոլորտի մէջ գործակցութեան զարգացման համաձայնութեան ոգիին ու նպատակին, ուստի եւ արդար հարցականներ կը ստեղծէ առաջարկուած օրինագիծին գործնական արժէքին եւ լրջութեան շուրջ:
Այդ արշաւի հեղինակները մեծապէս կը սխալին, եթէ կը կարծեն, թէ շղթայազերծուած յարձակումով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի ահաբեկեն եւ զայն մղեն իրենց կամքին ենթարկուելով` իր սկզբունքային ու արդար կեցուածքէն նահանջելու: Միակ իրատեսական ընտրանքը յանձնախումբին առաջարկած հայանպաստ բարեփոխումները որդեգրելն է:
«Խաղաղութեան օրինագիծ»-ը Ազրպէյճանը իր կատարած յանցագործութիւններուն համար հաշուետուութենէ զերծ պահելով, անոնց նկատմամբ աչք փակելով, իրականութեան մէջ խաղաղութիւնը չէ, որ կ՛երաշխաւորէ, այլ` Պաքուի կողմէ ապագայ յանցագործութիւններու կատարումը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը բնականաբար Ազրպէյճանի եւ անոր քարիւղի ընկերութեան դէմ պատժամիջոցներու հաստատման դէմ չէ եւ չի կրնար ըլլալ, այլ պարզապէս ապագայ յանցագործութիւններու դէմ պատժամիջոցներու հաստատման խոստումի թզենիի տերեւով անցեալի յանցագործութիւններու ծածկելուն եւ այդ էջի փակման փորձին դէմ է:
Այս բոլորէն ետք, յաւելեալ ի՛նչ ըսել անոնց, որոնց համաձայն, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայաստանի պետութեան դէմ կը գործէ: Ո՞վ կը մերժէ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած հողերէն հրաժարիլ, եւ այդպիսով երկրի գերիշխանութեան նկատմամբ նախանձախնդիր կ՛ըլլայ, եթէ ոչ` պետականամէտը: Յանձնախումբը իր ողն ու ծուծով պետականամէտ է, վկայ Հայաստանի օժանդակութեան, աջակցութեան ու հայանպաստ այն բազմաթիւ օրինագիծներն ու բանաձեւերը, որոնց երկար տարիներու ընթացքին ոչ միայն աջակցած է, այլ իր իսկ կողմէ առաջարկուած եւ իր լոպիինկով որդեգրուած են:
Վերոնշեալ ամբաստանութիւնը, սակայն, թերեւս կը բխի ոմանց մտքին մէջ իշխանութեան եւ պետութեան միջեւ շփոթէն: Միայն ամբողջատիրական գաղափարախօսութիւններու եւ մենատէրերու հետեւորդներն են, որ այդ թակարդը կ՛ինան:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս երկուքը միշտ ալ յստակօրէն զատորոշած է, կը զատորոշէ եւ ապագային ալ պիտի շարունակէ զատորոշել. ի վերջոյ ատիկա զայն ծնած կուսակցութեան գաղափարախօսութեան ակունքներէն կը բխի եւ, ատկէ անկախ ալ քաղաքական գիտութեան եւ ժողովրդավարութեան պարզագոյն սկզբունքներէն մէկն է: