Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթավերջին ուշագրաւ զուգադիպութիւն մը արձանագրուեցաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ` այլուր: Հրապարակային բողոքի մեծ ցոյցեր եւ հաւաքներ տեղի ունեցան իրերանման դրդապատճառներով: Եթէ ուզենք հասարակ յայտարար մը գտնել, անշուշտ որ կրնանք. ցոյցարարները կը մերժէին իշխանաւորին կամայական, հակաժողովրդավարական եւ մենատիրական արարքները, բռնի ուժի անհամաչափ կիրարկումը:
«Ո՛չ Թագաւորներու»
Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 2500 (ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու` 2700) քաղաքներու մէջ աւելի քան 7 միլիոն ցուցարարներ ողողեցին մեծ ու փոքր քաղաքներու հրապարակներն ու խորհրդանշական կեդրոնները: Բողոքը ուղղուած էր մասնաւորաբար նախագահ Տանըլտ Թրամփի, նաեւ իր «պոչիկները» հանդիսացող հանրապետական կուսակցականներու դէմ (նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, նահանգապետներ եւ այլ): Ընդհանուր խորագիրը` «Ո՛չ թագաւորներու», ինքնին շատ բան կը բացատրէր: Մարդիկ շատո՜նց տեսած են, որ Թրամփ կը գործէ բռնակալ-մենատէր-միապետի մը պէս, ոտնատակ ըրած է սահմանադրութիւն եւ օրէնքներ, իր ափին մէջ կեդրոնացուցած է իշխանութեան երեք թեւերուն` օրէնսդիրին, գործադիրին եւ դատականին, ղեկավարութիւնները, որոնք կորսնցուցած են ժողովուրդին վստահութիւնը (քննադատները այդ խամաճիկները կը կոչեն Թրամփի ձեռքը, ոտքն ու այլ տեղ համբուրողներ, դեմոկրատ ընդդիմադիրները կը ստանան դժգոհութեան իրենց բաժինը), կամայական ձեւով գործի լծած է ոստիկանութիւն եւ ազգային ուժեր (բանակ եւ այլ): Դժգոհութեան ալիքներ բարձրացուցած են մասնաւորապէս օտարականներու դէմ իշխանաւորին արշաւները (ICE-ի` Ներգաղթի եւ սահմանակայաններու հսկողութեան ուժերու բռնարարքները), ընկերային ապահովութեան կալուածին տրուած հարուածները, տնտեսութեան դէմ իրողական սպառնալիքները եւ… շարքը երկար է: Դժգոհութեան նորագոյն պատճառներէն մէկն ալ կառավարութեան պիւտճէին անվաւեր մնալուն պատճառով` բազմահազար պաշտօնեաներու եւ աշխատողներու գործէ արձակումն է, հետեւաբար` որոշ մարզերու մէջ ստեղծուած քաոսը, առանց մոռնալու լատինամերիկեան երկիրներու դէմ զինեալ գործողութիւններու նորագոյն արշաւները, որոնք, ի դէպ, հաւասարապէս դժգոհութիւն ստեղծած են խորհրդարանական երկու կուսակցութիւններուն` Հանրապետական եւ Դեմոկրատ շարքերուն մէջ:
Ցոյցերը տարածուեցան` Պոսթըն-Նիւ Եորքէն Ուաշինկթըն, Շիքակօ, Տենվըրէն Սիէթըլ, Սան Ֆրանսիսքոյէն Լոս Անճելըս ու Սան Տիեկօ, Մայէմիէն Ֆիլատելֆիա եւ այլուր, ամբողջացնելով երկիրը կլանող օղակը: Սա երկրորդ անգամն է, որ երկիրը կը մատնուի նման «ցունամի»-ի. առաջին շարժը տեղի ունեցած էր 4 ամիս առաջ, յունիսի կէսերուն, իբրեւ անմիջական շարժառիթ ունենալով բանակի 250-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնահանդէսը, որ վերածուած էր Թրամփի տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսի: Այդ օրերուն ալ, շուրջ 2000 քաղաքներու մէջ մօտաւորապէս 5 միլիոն մարդ բողոքի ելած էր Թրամփի կամայական եւ մենատիրական, ինքնագլուխ քայլերուն դէմ: Այդ օրերուն ալ Թրամփ եւ գործակիցներ համեմատուած էին Հիթլերին, Մուսոլինիին եւ նման «պատմակերտ հերոսներու»…
Չանտեսենք մետալին միւս երեսը: Թրամփ եւ իր մականին ենթակաները կը փորձեն քարոզչական մունետիկներու միջոցով հանրութիւնը համոզել, թէ` իրենց ըրածներուն մէջ թագաւորական ոչինչ կայ, թէ ցուցարարները «Ամերիկան ատողներ են», ծայրայեղ ձախակողմեաններ, համայնավարամիտներ եւ այլ: Ի՞նչ ընել, երբ մարդիկ չեն համոզուիր նման սուտերով, որովհետեւ բաց աչքերով եւ ուղեղներով կը տեսնեն, որ իշխանաւորը լիարժէք մենատէր-բռնատէրի պէս կը գործէ, իրենց մորթին վրայ կը զգան քաղաքայիններու, ցուցարարներու դէմ իշխանաւորին մատի շարժումներով գործող պահակագունդերուն բռնարարքները: Մարդիկ հիմա շատ աւելի համարձակ կերպով կ՛արտայայտեն թրամփական օրինազանցութիւններուն դէմ իրենց ընդվզումը, վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ ժողովուրդին շուրջ 58 առ հարիւրը դժգոհ է նախագահին ընթացքէն, կը զգան նաեւ, որ իշխանաւորին ստեղծած շինծու փոթորիկները կը ծառայեն անոր այլ օրինազանցութիւններուն ու անբարոյ վարքագիծին քողարկման: Մարդիկ չեն մոռցած, որ Թրամփ վերընտրուեցաւ, երբ շալակին ունէր աւելի քան 30 մեղադրագիր, նաեւ` պաշտօնազրկման երկու վճիռ: Ի վերջոյ, մարդիկ կը տեսնեն ու կը զգան, որ ժողովրդավարութեան ախոյեան մը հռչակուած այս երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ շա՜տ ու շատ արժէքներ ոտնակոխ կ՛ըլլան ամէն օր, աւելի՛ն, իշխանական կուսակցութիւնը կ՛աշխատի աւելցնել իր մենատիրական… մենաշնորհները եւ խաղքութիւններ կը ստեղծէ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն ընդառաջ:
Սահմաններէն Անդին
Թրամփականութեան դէմ բողոքի ցոյցերը անցան Միացեալ Նահագներու սահմաններէն անդին եւ արձագանգ գտան Քանատայի ու եւրոպական երկիրներու մէջ. Մատրիտի, Լոնտոնի, Փարիզի, Հռոմի, Պերլինի եւ այլ քաղաքներու մէջ, հրապարակներ ու ամերիկեան դեսպանատուներու փողոցները ժամադրավայր եղան բացմահազար ցուցարարներու (նկատեցի՞ք, որ շատեր ունին Թրամփի համակիր, հլու-հնազանդ վարիչներ…): Հոն, բողոքողները ունէին այլ նշանախօսք մըն ալ. «Ձեռքդ քաշէ՛ մեր երկիրներէն»…
Կարգ մը դիտողներու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն, որ Փարիզի մէջ այս ցոյցերը կը զուգադիպին կառավարական քաշքշուող տագնապին, հոն ալ ընկերային ապահովութեան, աշխատուժի եւ զանգուածներու իրաւունքները ոտնակոխ ու խաղալիք դարձած են նախագահին ու «շքախումբին» լարախաղացութիւններուն, իշխանութիւնը վարկաբեկուած է, քաղաքական դաշտը մատնուած` այլ տեսակի քաոսներու:
Երեւանի Մէջ Նոյն Դժգոհութիւնները
Երեւան եւս շաբաթ օր բեմ դարձաւ բողոքի եւ արդարութեան պահանջի մեծ ցոյցի մը. հոն ալ շարժառիթները նման էին ամերիկացիներու դժգոհութիւններուն, հոգ չէ թէ այս ալիքը ունէր յատուկ մտասեւեռում` իշխանութիւնը քննադատող կրօնական եւ քաղաքային դէմքերու բանտարկութիւնը, անոնց դէմ սաստկացող հալածանքները եւ սահմանադրութեան, օրէնքի, մարդու իրաւունքներու ոտնակոխման «ուլունքաշարը»: Արդէն աւելի «անմիջականօրէն» կը խօսուի կաթողիկոսի ձերբակալման հաւանականութեան եւ Եկեղեցին ջլատելու ծրագիրներու մասին…
Անմիջականօրէն աւելի քան տասնեակ մը կալանաւորներու եւ դատապարտեալներու ազատ արձակման պահանջին կողքին, ցուցարարները ունին բազմաթիւ հին ու նոր դժգոհութիւններ: Հայաստանի մէջ ալ տնտեսական եւ ընկերային վիճակներու անկում կայ, մշակոյթի եւ Դատի ոտնակոխում, հոգ չէ թէ ՔՊ-ական իշխանապետն ու իր մանկլաւիկները ոգի ի բռին կ՛աշխատին ժողովուրդը համոզել, որ իրենց տեսածն ու մորթին վրայ զգացածը ճիշդ չէ, իրենց ըսածն է ճիշդը (այսինքն` անքողարկելի սուտերը): Որոշ գիղերու մէջ թրամփականներ եւ նիկոլականներ կը նոյնանան իրենց ստապատիր հաւաստիքներուն մէջ:
Անշուշտ հիմնական տարբերութիւններ ալ կան` Երեւանի եւ մօտաւորապէս 9000-է 14000 քիլոմեթր հեռու տեղի ունեցած ցոյցերու շարժառիթներուն միջեւ: Հայաստանի մէջ բողոքի այս ու նման ալիքները չեն կրնար մոռացութեան տալ` Արցախի կորուստը, Հայաստանէն պատառիկներու թշնամիին եւ «բարեկամներու» յանձնումը, պատերազմներու մէջ կորսուածներու թղթածրարին անտեսումը, Պաքու մէջ պատանդներու դատավարութիւնը եւ մեր պատմութեան ու անվիճելի իրաւունքներուն վրայ գիծ քաշելու իշխանախումբին ընթացքը, պարզ խօսքով` հայն ու Հայաստանը քարտէսէն ջնջելու ելած թշնամիին գործակատարը դարձած ըլլալու իրողութիւնը (չշարունակենք):
… Ցաւալի նմանութիւն մըն ալ այն է, որ իշխանախումբին անիրաւութիւններուն եւ վնասարար ընթացքին դէմ բողոքի հրապարակային ցոյցերն ու հաւաքները տակաւին կը մնան ապարդիւն, որքան ալ որ արդար ու հիմնաւորուած են անոնք: Իշխանաւորները կը շարունակեն գործել իբրեւ մենատէր-բռնակալներ, թագաւորներ: Պէտք չէ մոռնալ, որ նման վիճակ չի կրնար վերջնականապէս նուիրականանալ: Ատենին, Անգլիոյ մէջ ինքզինք անքննելի հռչակած Չարլզ թագաւոր մը ի վերջոյ գլուխը վրայ տուաւ, ֆրանսացիք կառափնատ (կիոթին) կանգնեցուցին Մարի Անթուանեթի եւ չարաշահ դաւաճաններու բազմութեան համար, հիթլերներու, մուսոլինիներու եւ այլ «թագաւորներու» անբարունակ վախճանը ունի իր պատմութիւնը:
Արդարութիւն ու իրաւունք կարելի չէ լռութեան մատնել ընդմիշտ:
19 Հոկտեմբեր 2025





