Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Լիզպոնեան Անքակտելի Եւ Թարմ Յուշեր
Այդ օրերուն չկային ելեկտրոնային քարոզչական սարքեր: Գոյութիւն չունէին, կամ աւելի ճիշդը` որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը, Ինսթակրամն ու ապագային ստեղծուելիք համակարգչային քարոզչական այլ կառոյցներ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի բանեցնէին կեանքի վրայ` յեղաշրջելով մշակութային, ընկերային թէ քաղաքական իրավիճակները: Այսպէս, 27 յուլիս 1983-ին Արա Քրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը ժամանած էին «ճերմակ քաղաք»` Լիզպոն, սուրբ երազը...


















