Մեզ Դատեցէք Մեր Գաղափարով Ու Ամբողջական Գործով Եւ Հաւատացէք Մեր Երդումին
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք, դեկտեմբեր 1-ին եւ 2-ին Մելպըրնի եւ Սիտնիի մէջ ՀՅԴ օրուան առիթով Խաժակ Մկրտիչեանին արտասանած խօսքերուն համադրումը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ամբողջ 128 տարի, ինքնակամ ու հպարտ, միշտ կանգնած է իր ժողովուրդին ընդառաջ, իր ամբողջ հասակով, իր գաղափարով ու պանծալի պատմութեամբ, իր սխրագործութիւններով ու թերացումներով, իր նուաճումներով ու ձախողութիւններով, միշտ հաւատարիմ մնալով «ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» նուիրուած...




















