45 տարի առաջ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը չէր սկսած:
45 տարի առաջ Հայ դատի հետապնդումը նոր անկիւնադարձ մը չէր ապրած:
45 տարի առաջ արցախեան գոյամարտը չէր սկսած:
45 տարի առաջ Հայաստանը չէր անկախացած:
45 տարի առաջ ՀՅԴ կանոնագիրին եւ ծրագիրին բոլորովին անյարիր` Լիբանանի ՀՅԴ կառոյցը իգական սեռէ շարքայիններ չունէր: Աւելի՛ն. դասակարգային խտրութեամբ մը միայն ուսանողուհիներու իրաւունք տրուած էր ՀՅԴ-ին անդամակցիլ եւ նոյնիսկ դաշնակցական երդում տալէ ետք, երբ տարիքի բերումով դադրէին ԶՈՄ-էն, չէին կրնար կոմիտէութեան մը մաս կազմել, այլ կը փոխանցուէին ԼՕԽ:
45 տարի առաջ Պատանեկան միութիւն կա՛ր, սակայն` ո՛չ երկսեռ: Անոր անդամները երբեմն 30 տարիքը անց կ՛ըլլային, որովհետեւ ժամանակ առ ժամանակ, բիւրեղացումի պատճառով, շարքերը նոր անդամներ չէին առներ, եւ պատանի կոչուած այդ հասուն երիտասարդները կը շարունակէին գործել ու մնալ պատանեկան միութիւններու մէջ:
45 տարի առաջ, սակայն, ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին ներկայ պատգամաւորները, անդրադառնալով ՀՅԴ-ին համար երիտասարդութեան դերի կարեւորութեան, գաղափարը ունեցան ստեղծելու ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը, որուն կրնար անդամագրուիլ 16-25 տարեկան ամէն անհատ` առանց սեռի եւ դասակարգի խտրութեան:
Շուտով Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ կազմուեցան երիտասարդական կորիզներ, որոնք նախաձեռնեցին մասնաճիւղերու կազմութեան:
ԼԵՄ-ը հիմնուած է իբրեւ ՀՅԴ-ի դաստիարակչական միաւոր: Միաւոր, որ նախ պիտի դաստիարակուի` ծանօթանալով ՀՅԴ-ի պատմութեան եւ հերոսներուն: Միաւոր, որ պիտի սորվի ու հասկնայ ՀՅԴ կանոնագիրն ու ծրագիրը: Միաւոր, որ ամէն բանէ վեր պիտի դասէ հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը: Միաւոր, որ գործի մէջ խտրութիւն պիտի չդնէ: Միաւոր, որ պիտի գիտնայ ծառայել պատերազմի եւ խաղաղութեան մէջ: Միաւոր, որ Հայ դատը պիտի դարձնէ իր մտասեւեռումի առարկան: Միաւոր, որուն մէջ պիտի թրծուի նաեւ ՀՅԴ-ի հաւատարիմ համակիրը:
Դժբախտաբար, սակայն, իր ծնունդէն երկու տարի ետք պայթեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
ԼԵՄ-ի դաստիարակութիւնը փորձաքարի զարնուեցաւ եւ յաջող ու հպարտ դուրս եկաւ ան: Երկու տարեկան ԼԵՄ-ը եւ ԼԵՄ-ականները շնորհիւ իրենց դաստիարակութեան` պատրաստ էին ստանձնելու մերթ պաշտպանողի, մերթ Կարմիր խաչի, մերթ մատակարարողի դերը: Վերջապէս, ԼԵՄ-ը հոն էր, ուր կարիք կար եւ ամէն ճակատի վրայ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը:
Քաղաքացիական պատերազմը երկարեցաւ, եւ ԼԵՄ-ի առաջին սերունդը իր գործը կուսակցութեան շարքերուն մէջ շարունակեց եւ ԼԵՄ-ի ջահը փոխանցեց պատերազմի օրերուն անդամագրուած երիտասարդներու: Իշխողը քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտն էր, սակայն երբեք կանգ չառաւ ԼԵՄ-ականի դաստիարակչական բաժինը: Յաճախ հաղորդակցելու դժուարութեան պատճառով որդեգրուեցան ինքնազարգացման ձեւեր:
Պատերազմ… առա՞նց զոհի… երանի՜: Դժբախտաբար ԼԵՄ-ն ալ վճարեց սուղ գին: Անդրանիկ Տումանեան, Երուանդ Խզարճեան, Գէորգ Թէքէեան, Կարպիս Պարսումեան, Եղիկ Գայայեան, Հրայր Վարդանեան, Րաֆֆի Զատիկեան, Գէորգ Աշճեան, Ժոզեֆ Պլեզիկճեան, Պարոյր Տուտագլեան, Կարօ Գափլանեան, Յարութ Խշուաճեան` ճակատի վրայ կամ ակումբի մէջ կորսնցուցին իրենց երիտասարդ կեանքը, որպէսզի իրենց ազգակիցները ապրին: Յարգա՛նք ձեզ, վստահ եղէ՛ք, որ այսօր դուք կ՛ապրիք ամէն մէկ ԼԵՄ-ականի սրտին ու հոգիին մէջ:
1975-1983 ժամանակաշրջանը նոյն ատեն կը զուգադիպի Հայ դատի պայքարի նոր փուլի մը` զինեալ պայքարի: Ցոյցերը, բողոքագիրները, քայլարշաւները չէին տուած սպասուած արդիւնքը: Եւ ահա «ձայն մը հնչեց» Վիեննայէն: Բացուեցաւ նոր փուլ մը, որ վերջ գտաւ Լիզպոնի անձնասպանական գործողութեամբ: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ քաղաքական բանտարկեալներ, բոլորը անխտիր` երիտասարդականի անդամներ, որոնց վերջինը` սքանչելի Համբիկ Սասունեանը, տակաւին կալանաւոր կը մնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իսկ ի՜նչ ըսենք Լիզպոնի Սիմոնին, Վաչէին, Սագոյին, Արային եւ Սեդոյին մասին, բացի խոնարհելէ անոնց արարքին մեծութեան առջեւ:
Երբ կը յիշենք այս բոլորը, երբ կը մէկտեղենք այս բոլորը, միայն այն ատեն կ՛անդրադառնանք կատարուած գործին տարողութեան եւ կը զարմանանք ու կը հիանանք նոյն ատեն, թէ այդ ի՜նչ մղում էր, ո՞ւր թաքնուած էր այդ քաջութիւնը, կազմակերպութիւնը` մինչեւ 1973: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նոր Սերոբ Աղբիւրներ, Գէորգ Չաւուշներ, Նիկոլ Դումաններ ծնած էին կարծէք: Իսկ Հայ դատի մարտիկները կարծէք երէկ կը գործէին Դրոներու, Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու հետ, հակառակ անոր որ 50-է աւելի տարիներ կը բաժնէին զիրենք անոնց ժամանակաշրջանէն:
Եւ մտածե՜լ ու երեւակայե՜լ, հապա՞ եթէ ԼԵՄ-ը չըլլար, ի՞նչ պիտի պատահէր, ո՞վ պիտի կատարէր այդ բոլորը: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուէր երիտասարդութիւնը հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս, որպէսզի կարողանար հասնիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն:
Այսօր, 45 տարի ետք, կրնանք յայտարարել, որ ԼԵՄ-ը արդարացուց իր հիմնադիրներուն կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը: ԼԵՄ-ը յաջողած է միշտ գործօն ներկայութիւն ըլլալ Լիբանանի գաղութի կեանքին մէջ: «Ո՞ւր են ԼԵՄ-ականները…», «Կանչեցէ՛ք ԼԵՄ-ականները, որպէսզի աֆիշ փակցնեն», «Թող ընեն այս գործը…» կամ «այն գործը…»: Սովորական եւ յաճախ լսուած խօսքեր են ասոնք մեր ակումբներուն մէջ: ԼԵՄ-ականին համար թերեւս անհաճոյ այս արտայայտութիւնները, եթէ լաւ մտածենք, պէտք է ուրախացնեն ձեզ, որովհետեւ այդ արտայայտութիւններէն ի յայտ կու գայ ԼԵՄ-ի կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը մեր կուսակցական եւ ազգային կեանքին մէջ:
«Մենք, երբ որ ԼԵՄ-ական էինք…». այս արտայայտութիւնն ալ յաճախ լսուած է պատասխանատուներու կողմէ. «Ինծի համար այդ ալ հաճելի կը թուի, որովհետեւ այսօր մեր կուսակցական մարմիններու անդամները մեծ մասամբ ԼԵՄ-ի մէջ թրծուած ընկերներ են եւ գիտեն, թէ ի՛նչ պէտք է ակնկալեն ԼԵՄ-ականներէ, որովհետեւ կուսակցութեան ապագան անոնց է:
ԼԵՄ-ականը խորապէս պէտք է ըմբռնէ ՀՅԴ զինանշանով, ծրագիրով ու կանոնագիրով փոխանցուած խորհուրդները եւ ըստ այնմ պէտք է գործէ: ՀՅԴ-ն պէտք ունի մտաւորականներու, որոնք իբրեւ գործիչներ պիտի ծանօթացնեն կուսակցութիւնը եւ Հայ դատը` տանելով համապատասխան քարոզչական աշխատանք: ՀՅԴ-ն նոյն ատեն պէտք ունի մարտիկներու, որոնք ի հարկին պիտի ստանձնեն գաղութի կամ հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Մարտականը, սակայն, զէնք գործածել գիտցողը չէ: Զէնք գործածել սորվիլը դիւրին է, դժուարը, սակայն, զայն գործածելու որոշում տալն է: Դժուարը յարմար ժամանակին զայն գործածելն է, իսկ ա՛լ աւելի դժուարը զայն չգործածելն է եւ առանց արիւնահեղութեան լուծումներ գտնելն է…
Թիւր հասկացողութեամբ մը մեր ժողովուրդին մէջ կայ այն տպաւորութիւնը, որ ԼԵՄ-ը կուսակցութեան զինուոր պատրաստելու թեւն է, վարկած մը, զոր մեր հակառակորդներն ալ կ՛օգտագործեն վնասելու համար ԼԵՄ-ի դիմագիծին: Վարկած մը, որ յաճախ ԼԵՄ-ականներն ալ կը յայտարարեն եւ սխալ մեկնաբանութեամբ մը կը բացատրեն ՀՅԴ-ի յեղափոխական կուսակցութիւն ըլլալու իրականութիւնը: Յեղափոխութիւնը, սիրելի՛ ընկերներ, գաղափար մը, կառոյց մը, իշխանութիւն մը արմատէն փոխելու գործընթացն է, եւ զէնքը յեղափոխութեան միջոցներէն մէկն է միայն, եւ պէտք է գործածել զայն, երբ խաղաղ բոլոր միջոցները սպառած են: Եւ ճիշդ վերը նշուած պատճառներուն համար ԼԵՄ-ականը պէտք է ըլլայ զարգացած (ակնարկը ուսումի չի վերաբերիր, ինքնազարգացումը լաւագոյն միջոցն է զարգանալու) մարզուած եւ պատրաստակամ, որպէսզի ամէն կացութեան մէջ տալիք ունենայ:
Փառաւոր 45 տարիներ, հարուստ պատմութիւն մը, որ սակայն կը դժուարացնէ ներկան: Այսպիսի անցեալ ունեցող միութեան մը անդամ ըլլալը հպարտալի է, բայց նախորդներու գործը շարունակելը` դժուար: Դժուար է նաեւ անոնց արժանի ըլլալը եւ ոչ թէ` անոնց «փառքերով» հպարտանալը: Դժուար է դիմագրաւել անծանօթ ապագան, բայց` ո՛չ անկարելի:
Այսօրուան ԼԵՄ-ականը անցեալի փորձառութենէն ունի ամուր հիմեր, որոնց վրայ պէտք է կառուցէ յարկեր, բայց նաեւ ունի անկախ Հայաստան եւ անկախ Արցախ, 45 տարի առաջ անկարելի եւ երազային թուող փափաքներ: Անոնք ո՛չ միայն շօշափելի իրականութիւն դարձած են, այլ կը բարգաւաճին ու կը զարգանան: ԼԵՄ-ականը հայրենի հողին վրայ բանակում կ՛ընէ, գործուղումներ կը կատարէ դէպի Հայաստան եւ Արցախ` ուղղակի շփում հաստատելով հայրենիքի երիտասարդութեան հետ:
Այսօր ԼԵՄ-ը ճանչցողները յարգանք եւ հպարտութիւն պիտի զգան: Մեր նահատակ եւ մահացած ընկերները թող ննջեն խաղաղ, որովհետեւ իրենց գործը շարունակող ԼԵՄ-ականը պատնէշի վրայ է միշտ եւ երբեք չի մտածեր յանձնուելու մասին:
Այսօրուան ԼԵՄ-ը, ի տարբերութիւն նախորդներուն, տարբեր տեսակի ճակատամարտեր մղելու պարտաւորութեան տակ է: Այդ ճակատամարտերը կը կոչուին ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ, ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ, ԱՊԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՁՈՒԼՈՒՄ: Եւ որպէսզի այս պատերազմներէն յաղթական դուրս գան, պէտք ունին համապատասխան ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ` միշտ պահելով դաշնակցական գաղափարական եւ կազմակերպական պատրաստութեամբ հաւատաւոր երիտասարդին դիմագիծը:
Շնորհաւոր 45-ամեակդ, սիրելի՛ ԼԵՄ, հաւատացէ՛ք, մէկը, որ ԼԵՄ-ական եղած է, միշտ սրտին խորը կը մնայ ԼԵՄ-ական:
Նորանոր տարեդարձներ եւ յաջողութիւններ կը մաղթեմ այս սիրելի միութեան: