ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը նշանակուեցաւ Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ, եւ անոր անդրանիկ նիստը տեղի ունեցաւ 1 օգոստոս 1918-ին: Այնուհետեւ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարուեցան, ընտրական օրէնք մշակուեցաւ 21 յունիս 1919-ին պատմութեան մէջ առաջին ժողովրդային ընտրութիւններ կատարելու համար: Ստորեւ «Զանգ» թերթի 2 ապրիլ 1919-ի խմբագրականը` «Ընտրական օրէնքը» խորագիրով, արեւմտահայերէնի վերածուած:
«Հայաստանի խորհրդարանը, որ առժամեայ հիմնարկութիւն էր, իր վերջին նիստերուն խորհրդարանի կազմութեան մասին ընտրական օրէնքը (մշակեց), քուէարկեց եւ ընդունեց: Միաժամանակ ընտրութեան թուականը 21 յունիս 1919 որոշեց եւ ընկ. Ս. Խաչատրեանը ընտրական յանձնաժողովի նախագահ նշանակեց: Եթէ արտաքին ձախորդ պատահարներ տեղի չունենան եւ չխանգարեն մեր հանրապետութեան կեանքին կանոնաւոր ընթացքը, երեք ամիս ետք մենք նոր խորհրդարան կ՛ունենանք` ժողովուրդին քուէներով կազմուած, անոր վստահութեան արժանացած, լիազօրուած անոր անունով խօսելու եւ անոր համար օրէնքներ սահմանելու: Այս օրէնքին քուէարկութիւնը մեծագոյն գործն է, որ Հայաստանի խորհրդարանը իր ութամսեայ գոյութեան ընթացքին կատարած է, ամէնէն աւելի մնայուն աշխատանքը, որ ան իրագործեց, կրնանք ըսել` ոչ ինքնաբերաբար, այլ` ժողովուրդին բուռն փափաքին ընդառաջելով:
«Կուսակցական եւ հանրային գործունէութեան մէկ նոր ասպարէզ կը բացուի. աշխատանք մը պիտի սկսի, որ երեք ամիս մեր բոլոր ընկերներուն եւ հանրութեան ուշադրութիւնը պիտի գամէ: Մեր երկրի բոլոր մտաւորական կազմակերպ հոսանքները փորձարկութեան պիտի ենթարկուին: Ժողովուրդին լայն զանգուածները պէտք է իրենց հաւանութիւնը կամ թէ պարսաւը յայտնեն ցարդ գործող մեր ղեկավարներուն եւ անոնց ընթացքին, հանրային եւ քաղաքական գործունէութեան: Դաշնակցութիւնը իբրեւ հայ կեանքի ղեկավար կուսակցութիւն` անգամ մը եւս հանդէս պիտի գայ ստուգելու հայ ժողովուրդին այն վստահութիւնը, որ ունէր անցեալին, կը վայելէ նաեւ այսօր, եւ համոզուած ենք, որ այս անգամ եւս կը ստանայ:
«Իր դարաւոր պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, որ հայ ժողովուրդը հանդէս պիտի գայ իր քաղաքական կեանքը վարելու եւ իր վիճակը տնօրինելու` ընտրելով մարդիկ, այնպիսի ժողովրդավար կարգով եւ այնքան ազատ, որուն նմանը բնաւ չէ տեսած ո՛չ իր հայրենի իշխանութեան ժամանակ եւ ո՛չ օտար տիրապետութեան օրով: Այս ընտրութիւնները պատմական են եւ չափազանց բախտորոշ` մեր քաղաքական կացութեան համար: Արդեօք կ՛ունենա՞նք ազատ, միացեալ եւ

ապահով Հայաստան, կախեալ է, թէ մեր պետական կեանքը ո՛վ պիտի ղեկավարէ, թէ որո՞նք անոր համար օրէնքներ պիտի մշակեն, որո՞նք եւ ի՞նչ պիտի խօսին իր անունով հեռաւոր եւ մերձաւոր պետութիւններուն հետ, որո՞նք անոր բոլոր ներքին գործերուն ընթացք պիտի տան:
«Յեղափոխութիւնը ռուս թագաւորն ու անոր բռնակալ իշխանութիւնը վերցուց: Նոյն յեղափոխութեան պատճառով հայոց կաթողիկոսը դադրած է եւ չի կրնար, եթէ նոյնիսկ կամենայ, հայ ժողովուրդին անունով խօսիլ եւ հայութիւնը պաշտօնապէս ներկայացնել: Ժողովուրդը ինքն իր տէրն ու տնօրէնն է եւ ազգային ու դասակարգային գործերուն լաւ ու վատ ընթացքը իրմէ կախեալ է: Ժողովուրդը իր ընտրած եւ խորհրդարան ուղարկած երեսփոխաններուն միջոցով ամէն բան կրնայ ընել: Եթէ կարողանայ հաւատարիմ, աշխատասէր եւ ազնիւ մարդիկ ընտրել եւ խորհրդարան ուղարկել, կրնայ վստահ ըլլալ, որ կ՛ունենայ ժողովրդասէր կառավարութիւն եւ օրէնսդրութիւն: Իսկ եթէ չգիտցաւ իր լաւն ու վատը, գործողին եւ պոռոտախօսին միջեւ զանազանել, փորձուածը պատահականէն զանազանել, այն ատեն, լաւ օրերու փոխարէն, որոնք կը մօտենան, ան աւելի ծանր ու վատթար օրեր կը տեսնէ:
«Ամէն գիւղացի, ամէն բանուոր, ամէն մտաւորական պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ի՛նչ ժամանակ կ՛ապրինք, այսօրուան կացութիւնը երկրին մէջ թէ դուրսը` աշխարհին մէջ մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ, մեր կեանքին հերթական խնդիրները որո՞նք են, որ պէտք է լուծել, որո՞նք են մեր ժողովուրդին հիմնական շահերը, որ պէտք է պաշտպանել, եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր ձայնը պէտք է տայ այն մարդոց, որոնք կարողութիւնը ունին բոլորէն աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը, այդ կացութիւնը ըմբռնելու, այդ խնդիրները լուծելու եւ այդ շահերը պաշտպանելու:
«Ցարդ, տասնեակ տարիներ արիւն-քրտինք թափելով հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, կռուելով ներսի եւ դուրսի թշնամիներուն դէմ, եկած ու հասած է վերջնական ազատութեան շեմին. ժողովուրդը իր ղեկավարը չի լքեր, այնպէս` ինչպէս ղեկավարը (չի լքեր) իր ժողովուրդը, եւ երկուքը միասին կը մտնեն ազատութեան փառահեղ սրահը` ազգերու ազատութեան մեծ տօնին, այնպէս` ինչպէս բռնութեան ձեռքին տակ միասին տառապեցան:
«Նոր ընտրութիւնները մեր բարեկամին ու թշնամիին այդ ցոյց պիտի տան. եւ ամէնուրեք ցրուած ընկերները պէտք է ջանան, որ ընտրութիւնները այլ բան ցոյց չտան»:
Այս խմբագրականը այժմէական տարողութիւն ունի, այժմու խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, յատկապէս` «Իսկ եթէ չգիտցաւ իր լաւն ու վատը, գործողին եւ պոռոտախօսին միջեւ զանազանել, փորձուածը պատահականէն զանազանել, այն ատեն, լաւ օրերու փոխարէն, որոնք կը մօտենան, ան աւելի ծանր ու վատթար օրեր կը տեսնէ»: «Ամէն գիւղացի, ամէն բանուոր, ամէն մտաւորական պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ի՛նչ ժամանակ կ՛ապրինք, այսօրուան կացութիւնը, երկրին մէջ թէ դուրսը, աշխարհին մէջ մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ, մեր կեանքին հերթական խնդիրները որո՞նք են, որ պէտք է լուծել, որո՞նք են մեր ժողովուրդին հիմնական շահերը, որ պէտք է պաշտպանել, եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր ձայնը պէտք է տայ այն մարդոց, որոնք կարողութիւնը ունին բոլորէն աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը, այդ կացութիւնը ըմբռնելու, այդ խնդիրները լուծելու եւ այդ շահերը պաշտպանելու»:
6 դեկտեմբեր 2018
(1) «Զանգ» Գ. տարի, թիւ 37, 2 ապրիլ 1919, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, 2-րդ էջ, խմբագիր` Նիկոլ Աղբալեան: