ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ
Վերջին երեք ամիսները եռուզեռի մէջ դրին համաշխարհային քաղաքական կեանքը: Մանաւանդ երբ Թուրքիոյ նախագահը սպառնաց Մընպեժը գրաւել` հակառակ Ամերիկայի զգուշացումին: Իբրեւ հետեւանք այդ սպառնալիքին` աշխարհի ամենազօր երկրին նախագահը այնպիսի սխալ որոշում մը տուաւ, որ ափ ի բերան ձգեց նոյնիսկ իրեն ամենամօտիկ գործակիցները կամ զօրակցողները: Մէկ բան յստակ է` լաւ օրերու մէջ չենք ապրիր:
Դեկտեմբեր 14-ին նախագահ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է նախագահ Թրամփին հետ: Թուրք նախագահը համոզած է ամերիկացին, որ Սուրիայէն քաշէ իր զօրքերը:
Բոլորս գիտենք, թէ Թուրքիոյ նախագահը ինչո՛ւ կը կատարէ այս բոլորը եւ ինչե՜ր կան իր ուղեղին մէջ, զորս ամերիկեան քաղաքագէտները ընդհանրապէս չեն հասկցած եւ չեն ալ կրնար հասկնալ:
Նախագահ Էրտողան տարիներէ ի վեր հետամուտ է Սուրիոյ հիւսիսը գրաւելու, Անտիոքէն մինչեւ Մուսուլ, անցնելով Հալէպէն: Անտիոքը արդէն Թուրքիոյ մաս կը կազմէ` ֆրանսական դաւադրութեամբ եւ Աթաթիւրքի ջանքերով: Սակայն Աթաթիւրք չէր կրցած իր երազած թրքական սահմանագիծը իրականացնել: Այսօր Էրտողան կը փորձէ անոր ծրագրած սահմանները իրականացնել` Թուրքիոյ հողատարածքը ընդլայնելու համար: 2023-ին Թրքական Հանրապետութեան հռչակման 100-րդ տարեդարձը պիտի տօնակատարուի, եւ Էրտողան այդ առիթով պիտի յոխորտայ` ըսելով. «Ինչ որ Աթաթիւրքը երազեց, բայց չկրցաւ իրականացնել, ես կրցայ»:
Իտլիպը Հալէպէն 40 քիլոմեթր հեռու է` դէպի հարաւ- արեւմուտք: Մընպեժն ալ եթէ գրաւէ, Հալէպը երկուքին միջեւ կը մնայ եւ, փաստօրէն, իրեն ենթակայ պիտի դառնայ: Ամերիկայէն զատ` ո՛չ մէկ ուժ կրնայ Թուրքիոյ ախորժակը սանձել, բայց հզօրներու հզօր երկիրը անփորձ ու անգէտ նախագահ մը ունի դժբախտաբար, որ գործարարի վերաբերումով կը կառավարէ երկիրը` առանց ոեւէ մէկու կարծիքը առնելու, եւ մէկ բառով գործէ կ՛արձակէ չհաւնած պաշտօնեան:
Ռուսիոյ հաւանութեամբ եւ Ամերիկայի օրհնութեամբ Աֆրինը առնելէ ետք, հիմա կարգը եկած է Մընպեժին: Ռուսական դիւանագիտութիւնը 1920-ի քաղաքականութեան հետամուտ է Թուրքիան սիրաշահելու համար եւ Ամերիկային եւ այդ երկրին փոխյարաբերութիւններուն միջեւ ցից խրելու համար թուրք պետութեան կը նուիրէ Սուրիոյ հիւսիսը: Նոյնը չէի՞ն միթէ Կարսն ու Արտահանը եւ Արարատը Աթաթիւրքին յանձնելու քաղաքականութիւնը եւ ռուս-թրքական համաձայնագրի ստորագրութիւնը:
Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը աղուէսային է եւ շատ դերասանական, այսինքն` կեղծ ու խաբուսիկ: Լենինը խաբող պետութիւնը կը խաբէ նաեւ Ամերիկան եւ պիտի խաբէ Ռուսիան եւ Իրանն ալ: Իրանը պատրաստ է Իրաքի հիւսիսը` քրտական հայրենիքը նուիրել Թուրքիոյ եւ անոր պատճառները շատ են:
Իրան քրտական խնդիրէ մը կ՛ազատի, որուն անդրադարձը տեղի կ՛ունենայ Իրանի քրտաբնակ շրջաններուն վրայ: Սիւննի հատուածէ մը կը փրկուի եւ Թուրքիոյ միջոցով դէպի Միջերկրական ծով ճանապարհ կը բանայ: Որո՞ւ հոգը, թէ քիւրտերը ի՛նչ ճակատագիր կ՛ունենան:
Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան եւ Ազրպէյճան իրենց սահմաններուն մէջ պաշարած են Հայաստանը: Այս երկիրը նշուած երկիրներու սրտին վրայ է եւ կը մնայ միակ խոչընդոտը` անոնց իրարու միանալու ցանկութեան մէջ:
Իրան կը վստահի Թուրքիոյ` ամերիկեան տնտեսական պաշարումը յաղթահարելու համար: Էրտողան քանի՜ քանի՛ անգամներ յայտարարած էր, որ պիտի չենթարկուէր ամերիկեան պատժամիջոցները կիրարկելու գործին եւ … չես գիտեր` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ամերիկեան նախագահին կողմէ արտօնուեցաւ չենթարկուիլ ամպարկոյին: Ո՞վ պիտի պատժէ Իրանը, կրնա՞ք ըսել:
Թուրքիա ռուսական հրթիռներ ապսպրած էր եւ կատղեցուցած` թէ՛ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները եւ թէ՛ Ամերիկան: Հիմա, որ Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրը վաւերացուած է, Ամերիկա վազեց Թուրքիոյ առաջարկելու իր օդանաւերու եւ հրթիռներու վրայ դրած արգելքը վերացնելու որոշումը եւ անոր տրամադրելու լաւագոյն զինատեսակները:
Այս բոլորէն ետք, պալարը պայթելու վրայ էր ամերիկեան երկերես քաղաքականութեան պատճառով եւ թրքական դիւանագիտութեան պատճառած վէրքով:
Դեկտեմբեր 14-ին, Թրամփ հեռաձայնային զրոյց մը ունենալէ ետք Էրտողանի հետ, որուն ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը դիւրութեամբ (հասկնալի է) կրցած է համոզել ամերիկացին, որ ՏԱՀԵՇ-ը պարտուած է, եւ ամերիկեան ուժերը հեռանալու են Սուրիայէն: ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդացը հետապնդելու յանձնառութիւնը առած է, միա՛յն թէ Ամերիկան հեռանայ:
Անգամ մը եւս թրքական դիւանագիտութիւնը յաղթած էր, իսկ ամերիկեանը` պարտուած:
Ազգին շահերը փնտռող ամերիկացի հռչակաւոր զինուորականը` պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս, հինգշաբթի, դեկտեմբեր 20-ին իսկոյն հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, երբ չկրցաւ համոզել` որ Թրամփի կատարած խոստումը Էրտողանին սխալ էր: Նոյնիսկ փորձած էր համոզել` գէթ յետաձգել որոշ ժամանակ մը: Նախագահը յայտարարեց, որ Մաթիս հանգստեան կը կոչուի: Մաթիս հակազդեց` ըսելով, որ հրաժարած է եւ ոչ թէ` հանգստեան կոչուած:
Քոնկրեսականներ, նոյնիսկ` հանրապետական շրջանակներ, դատապարտեցին որոշումը:
Պրեթ ՄքՔուրք` Ամերիկայի պատուիրակը, որուն պաշտօնն էր համակարգել դաշնակիցներուն հետ կապն ու գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ, շատ աւելի ուժեղ հակազդեց իր հրաժարականով` հետեւելով Մաթիսի օրինակին, ուրբաթ, դեկտեմբեր 21-ին: Միայն տասը օր տուաւ նախագահին, այսինքն` մինչեւ դեկտեմբեր 31: Նախագահը իր պատուիրակը նսեմացնելու համար զայն «ոչնչութիւն» կոչեց` առանց ամչնալու:
Ամերիկայի դաշնակիցները անակնկալի եկան` այս անկարելի եւ դատապարտելի որոշումը լսելով: Տակաւին յստակ քայլեր չկան, բայց շուտով կը հրատարակուին դատապարտութիւնները:
Այս բոլորը արդեօք թրքական տեղական քաղաքականութեան վրայ ազդելու համար պատրաստուած զաւեշտ չե՞ն: Շաբաթներէ ի վեր Պոլսոյ փողոցներուն եւ այլ քաղաքներու մէջ հակապետական ցոյցեր տեղի կ՛ունենան: Ժողովուրդը դժգոհ է սղաճէն: Պաստառներու վրայ գրուած են` «գործ ու հաց», «հաց եւ ազատութիւն», նաեւ «Յունիս» բառերը: Յունիսը կ՛ակնարկէ 2013-ի յունիսի ցոյցերուն` նախագահ Էրտողանի դէմ, Պոլսոյ Կիզէ Փարքի բողոքի ցոյցերուն: Իր ներքին դժուարութիւնները քողարկելու համար նախագահ Էրտողան արտասահմանի մէջ յաղթանակ կ՛որոնէ Թուրքիոյ համար, որուն ազգային լիրան 25 տոկոսով արժեզրկուած է այս տարի, եւ ժողովուրդը կը տուժէ տնտեսական քաղաքականութեան սխալ գործելակերպին պատճառած սղութենէն եւ անգործութենէն:
Ամերիկեան դիւանագէտները կամ ապահովութեան պատասխանատուները մոռցա՞ծ են, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, աւելի ճիշդ` Էրտողան, օգնած են եւ թիկունք կանգնած` ՏԱՀԵՇ-ին եւ օգտուած են անոր ընձեռած շահաբեր առիթներէն:
Մոռցա՞ծ են, որ Էրտողան քանի՜ քանի՛ անգամ մերժեց Ինճիրլիքի օդակայանը տրամադրել Ամերիկայի եւ դաշնակիցներուն, որուն պատճառով Գերմանիան հրաժարեցաւ Ինճիրլիքի խարիսխէն:
Մոռցա՞ծ են, որ տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ Թուրքիա բացագանչած էր, որ պիտի չենթարկուէր Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն: «Ո՛չ մէկ ուժ կրնայ մեզի պարտադրել իր կամքը կամ որոշումը», եւ նման` խօսքեր:
Քրտական հակազդեցութիւնը եւ քրտական կազմակերպութիւնները «դաւաճանութիւն» որակեցին Թրամփին որոշումը: Անոնք կը նախզգան, որ ցեղասպանութեան պիտի ենթարկուին, ինչ որ ճիշդ է: Էրտողան բազմիցս յայտարարած էր եւ` խոստացած, որ` «վերջ պիտի դնէ քրտական հարցին եւ պիտի բնաջնջէ կամ լուծէ այդ ժահրը»: Այդ պարագային, ո՞վ պիտի բռնէ Թուրքիոյ ձեռքը, որ չխողխողէ քիւրտ ժողովուրդը:
Նոյն այս քաղաքականութինն էր, որ Թալէաթ 1910-ի երիտթուրքերու յեղափոխականներու քոնկրեսին առաջարկեց` «ձերբազատիլ փոքրամասնութիւններէ եւ վերջ դնել «Հայկական հարց»-ին: