Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեզի՛ Համար, Հայաստան…

December 25, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Ն.

Շաբաթ երեկոյեան, 22 դեկտեմբեր 2018, 2019-ի Ամանորը եւ Յիսուսի ծնունդը կանխող տօնական օրերուն, Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական երգչախումբը Պէյրութի մէջ հանդէս եկաւ Լիբանանի երգերու փառատօնի շրջագիծին մէջ:

Հայութեան համար հպարտութեան եզակի առիթ մըն էր այս համերգը, որովհետեւ եկեղեցին լեցուցած հայ եւ օտար երաժշտասէր հասարակութիւնը Ս. Ծննդեան աւանդական երգերուն հետ ըմբոշխնեց Մակար Եկմալեանի դաշնաւորած սուրբ պատարագէն շարականներ եւ որոտընդոստ ծափերով գնահատեց վերջին երգը` Շարլ Ազնաւուրի «Քեզի՛ համար, Հայաստան»-ը:

«Քեզի՛ համար, Հայաստան»-ը զիս տարաւ հայութեան Բեթղեհէմը` մեր յաւերժական հայրենիքը, ուր Քրիստոս Իր սուրբ անունով մեզ հայ-քրիստոնեայ մկրտեց եւ երկնային անջնջելի կնիքով մեր ինքնութիւնը դրոշմեց:

Երբ հայ նոր սերունդի շրթներէն «գարունդ դարձեալ կը ծաղկի, լաւ օրերդ նորէն կու գան եւ կենաց ծառդ կը պտղաբերի» բառերը կը ծորէին, ես հրաշագործ թեւածումով Հայաստան փոխադրուած էի. երէկուան, այսօրուան եւ վաղուան Հայաստա՛նը. անցեալի, ներկայի եւ ապագայի Հայաստա՛նը. ժամանակը, իշխողներն ու վարչակարգերը անդրանցող Հայաստա՛նը. մշտադալար կաղնի Հայաստա՛նը, որուն շուքին տակ երկրաշարժով պատուհասուած մեր երկիրը 30 տարի ետք ոտքի կանգնած էր Լիբանանէն Հայաստան հասնող հայ երգի կշռոյթով, եւ աշխարհին կ՛աւետէր` ի տես մանկացեալ Աստուածորդիին բուժարար հպումով մեր հողերուն սպիացման.- «Եկած է երգելու օրը, երբ մեր մանուկները դարձեալ զօրացած են» :

Նոր տարուան սեմին «Քեզի՛ համար, Հայաստան»-ը այս գիշեր զգօնութեան հրաւէր մըն էր նո՛ր Հայաստանը, մեր երազա՛ծ Հայաստանը, համա՛յն հայութեան Հայաստանը, հայրենաբնակ եւ աշխարհաքաղաքացի հայութեան միա՛կ Հայաստանը, համահայկական աւելի՛ լաւ Հայաստանը սիրով գրկելու ու յոյսով համբուրելու եւ մեր բախտը վճռականօրէն մեր ձեռքերուն մէջ առնելու ու պահելու համար:

Քեզի՛ համար, Հայաստան այս բոլորը եւ նոյնիսկ աւելին քիչ են, որովհետեւ դուն բառ չես, երգ չես, հող չես, սակարան չես. դուն հայօրէն ապրող հա՛յ մանուկներուն աչքերուն փայլքն ես, հա՛յ պատանիներուն հուրհրան կայծն ես, հա՛յ երիտասարդներուն երկնուղէշ հասակն ես, հա՛յ յաւիտենական արժէքները կերտած մեր նախնիներուն սրբազան մասունքն ես: Դուն ամէ՛ն տեղ մեզի հետ ես…

 

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ընկերային Յանձնախումբին. Աւելի Քան Հարիւր Մանուկներ Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ռումբի Մը Պայթումին Համազօր Գրառումը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.