Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հպարտ» Բանաստեղծը…

Դեկտեմբեր 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես բանաստեղծ չեմ, որպէսզի կարենամ գրախօսական մը գրել քու նոր հրատարակած երկու գիրքերուդ համար»:

Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն, որ անցած է անհատական բարեկամութենէ` հասնելով ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններու եւ հանդիպումներու: Իր երկու նոր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հատորները` «Երազէն անդին», որոնք լոյս տեսած են Երեւան, ինծի եւ ընտանիքիս մակագրեց ու նուիրեց: Ինչ խօսք` մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր ինծի համար տեսնել իմ բանաստեղծ բարեկամիս նոր իրագործումը: Նկատի ունենալով, որ մեր հանդիպումներուն մէջ բացակայ չեն նաեւ կատակ-դիպուկները, չուշացաւ իմ խօսքը. «Ես բանաստեղծ չեմ… Գրախօսական չեմ կրնար գրել»: Չուշացաւ Խաչիկին արագ եւ նոյնքան կատակ-սրամիտ պատասխանը. «Գործէն փախչելու լաւ պատճառաբանութիւն»:

Ճիշդ էր Խաչիկ Տէտէեանը: Ես պէտք էր յիշէի, որ աշակերտական տարիներուս որքան հայ բանաստեղծներու քերթուածները գոց կը սորվէի եւ ատենամարզանքի պահերուն կը մասնակցէի մրցոյթներու: Հայ բանաստեղծութիւնը միշտ ալ ինծի հետ «քալած» է տարիներու ընթացքին:

Խաչիկին հետ մեր զրոյցներուն մէջ նաեւ անպակաս չեն ազգային-հայրենական ու եկեղեցական-միութենական եւ գաղութային հարցերը, որոնց մէջէն անպայմանօրէն դուրս պիտի ելլէին հոգեներաշխարհային մտահոգութիւններ եւ տագնապներ, որոնցմէ մէկը` «Ես յոռետես անձ եմ», որ քանիցս ըսած է Խաչիկ:

Իր երկու նոր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հատորները կարդալով` ըմբոշխնեցի իմ բանաստեղծ բարեկամիս մէկ կողմէ «ներաշխարհ»-ը, միւս կողմէ ալ` այն բոլոր «յոռետես» վիճակները, որոնք կը տագնապեցնեն զինք… Ճիշդ է, որ այս «յոռետեսական» հարցերը երբեմն կը քննարկենք իրարու հետ, բայց տարբեր զգացի, երբ կարդացի զանոնք իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Հոն տեսայ իմ բանաստեղծ բարեկամս իր «ամբողջութեան» մէջ:

Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը, որ հայրենի ու հայկական ընդհանրական իրականութեան մէջ ունի իր արժանի դիրքը եւ վաստակը` որպէս մտաւորական-գրող եւ արուեստաբան, խմբագրած եւ կազմած է Խաչիկին հատորները: Ան յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. « Խաչիկ Տէտէեանը բազմաթեմա բանաստեղծ է եւ` անսովոր բազմաթեմա»:

Այս «անսովոր բազմաթեմա»-ն էր, որ ապրեցայ եւ ընկալեցի Խաչիկին երկու հատոր նոր քերթուածներու հաւաքածոյին մէջ: Տեսայ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Խաչիկ Տէտէեանը «յոռետես» անձ-բանաստեղծն է: Բայց իրարու հետ շաղկապուած իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ տեսայ «յոռետեսութիւն»-ը, որ սակայն կեցած ու անշարժ չէր, այլ` քալող, եւ ինչպէս Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը որակած էր, «շարունակուող» բանաստեղծ-բանաստեղծութիւնն մըն է: Ան միշտ ամուր կանգնած է, բայց նաեւ պայքարած ու  պոռթկացած է, եւ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին նկարագրականով` «սփիւռքահայ հոգեբանական եւ հոգեկան ներկայ վիճակներու, որոնք այլ են»` իմա հեռու մարդկային-ազգային արժէքի խորքային գիտակցութենէ: Խաչիկ Տէտէեանը իր յոռետեսութիւնը զարգացուցած է, իմա՛ «շարունակած», որպէսզի ինք հասնի, բայց նաեւ հասցնէ հայը, ազգը, հայրենիքն ու, տակաւին, մարդկութիւնը այս արժէքի գիտակցութեան:

Բանաստեղծութիւններու այս երկու հատորներուն մէջէն սկսայ քակել մէկ-մէկ «բազմաթեմա» նիւթերը եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Խաչիկը իւրաքանչիւր յոռետեսական տագնապները շարունակած է հասցնել արժէքի կեանքին, որ պէտք է շարունակուի:

Իսկ Խաչիկ Տէտէեանի աշխարհը մարդն է իր «սիրոյն» մէջ, «վիշտին», «բնութեան», «մահուան», «անորոշութեան», «կեանքին», «պարզութեան» ու այս բոլորը` իր «հոգիի թռիչքին» մէջ ու մէջէն: Մարդուն մասին է, որ կը խօսի եւ կը յայտնէ, թէ «ո՛ւր կ՛երթայ…» եւ «կը խարխափէ անյոյս ճակատագրով մը»: Տակաւին, ան «կ՛որոնէ իմաստը այս բոլոր անդուլ վազքին» եւ կը տեսնէ աշխարհ մը` «կ՛երպարանափոխուած եւ անիծուած»: Այս բոլորին մէջէն ան կ՛ուզէ կորսուիլ. «Կորսուիլ կ՛ուզեմ հորիզոնի անհունին մէջ»: Բայց այս «անյոյս ճակատագրին» ան կու տայ ընթացք, եւ իր «կորսուելու փափաք»-ն ալ կը դառնայ նպատակասլաց:  Ան կը փնտռէ  «նոր հաւատք ու երազ ներշնչող» իրականութիւնները` թափ տալով իր հոգիի թռիչքին: «Պիտի ուզէի որոտալ, ժայթքիլ, դուրս գալ նոր երազի մը ուղիով»: Եւ այս նոր երազին մէջ պէտք է տեսնել յոռետես բանաստեղծին շարունակուող սլացքը` հասնելու եւ ձգտելու համար արժէքին «ճշմարտութեանը», որ «աղջամուղջին մէջ կորսուած» է: «Ճշմարտութիւնը» բանաստեղծը կը գտնէ հաւատքին մէջ: «Տո՛ւր ինծի իմաստութիւն, տէ՛ր»: Այս այն «իմաստութիւնն» է, որ «խաւար իր կեանքին համար դառնայ ջահը անմար»: Ան կ՛ուզէ քալել այս «ջահին» ուղղութեամբ, որպէսզի կարենայ ըմբռնել Տիրոջ «խորհուրդները խորհրդաւոր»:

Խաչիկ Տէտէեանը հայն է, սփիւռքահայը եւ Հայաստան հայրենիքը սիրող, բայց եւ որուն «ապագան զինք կը յուզէ»: Ան կը տեսնէ իր ժողովուրդին «նահանջը` կամաւոր եւ այլասերող»:  Ան այս իրականութիւնը վերածած է «վիշտի»: «Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ… կ՛երթանք կորստեան ուղիներէ… Կը զոհաբերուին սրբութիւններ, արժէքներ, հայրենիք, ազգ, լեզու, անցեալ, կը նուազի յոյսը. կ՛աղաւաղուի դիմագիծը` մարդուն սրբակենցաղ, որ տեսակ է հազուագիւտ: Ո՞ւր է ան`այդ տեսակը կորսուած»: Ան այս բոլորը կ՛որակէ որպէս` «Տագնապն է ան հայուն ներկային, հայրենիքէն դուրս նահանջող հայուն»:

Ան կ՛ակնարկէ հայուն մեծ երազի ճամբու իտէալին եւ տեսիլքներուն, որոնք` «զիջեցանք զանոնք տեղայնական մտայնութեամբ»: Խաչիկ Տէտէեանին համար «հայութիւն, հայրենիք ամէն բանէ վեր» են: Իր յոռետեսութիւնը այն է, որ հայը միաբան չէ: Ան կը ձգտի միաբանութեան: Հոս դարձեալ ակնյայտ է շարժող յոռետեսութիւնը, եւ ան կ՛ըսէ. «Մէկը ամբողջին ու ամբողջը մէկին կարգախօսով, հաւաքական գործին հաւատացած»: Խաչիկը իր հայրենասիրութեան թռիչք-սլացքը կը հասցնէ «ուրիշ» մը ըլլալու գիտակցութեան. «Ահա այն ատեն միայն հաւատացի, որ մերն իրաւամբ ուրիշ է… որ Հայաստան աշխարհ կոչուած այս դրախտը իրաւամբ հրաշք մըն է հողեղէն…»: Բայց Խաչիկին սլացքը տակաւին վեր է. «Պիտի հասկնանք ուշ կամ կանուխ, անպայման, թէ հայրենիքն է միայն փրկութեան լաստը վերջին»: Ան կը վստահեցնէ` մեկնելով իր սփիւռքահայու փորձէն, որ`   «օտար ամայի ճամբէքի վրայ չկայ խաղաղութիւն»:

Խաչիկ Տէտէեանը պահանջատէր բանաստեղծ է իր ժողովուրդի ահաւոր Ցեղասպանութեան փորձառութեան մէջ. «Սպաննեցիր մարմինը, բայց չբեկանեցիր անոր կամքը: Լսէ՛, հայը կը բախէ դուռդ հիմա` ուժգնօրէն, արեան մուրհակները ձեռքին, արդար վրէժխնդրութեամբ. յարութեան ղօղանջները կը հնչեն ծագէ ծագ, յարութեան շունչով զօրացած»:

Խաչիկ Տէտէեանը կը հաւատայ եւ ամուր կառչած է մայրենիին. «Հայուն դժուար երթին դուն աղաղակող օրագրութիւն»: Բոլոր «փոթորկոտ ու փոխուող» օրերուն մէջէն ան կը հաստատէ չփոխուող իրականութիւնը, որ` «Կը մնան փորագրուած երեսունվեց տառեր հրաշագործ` որպէս անջնջելի, նուիրական սխրանք իւրայատուկ»:

Կայ նաեւ Խաչիկ Տէտէեան «Տեսիլքի» բանաստեղծը: Հոս դարձեալ իր յոռետեսութիւնը կը շարժի… «Կը տեսնեմ երկիր ազատ ու արդար, պետութիւն, ժողովուրդ ձեռք-ձեռքի տուած, կը կերտեն նոր, ազատ հայրենիք, նոր սխրանք, ուժեղ ապագայ»:

Խաչիկ Տէտէեանը կը հաւատայ նաեւ իր ծննդավայր Լիբանանին. «Չէ՞ որ իմ հայրենիքն է նաեւ ան, այդ որդեգիր ծնողքս հարազատ»:  Բայց նաեւ կ՛ափսոսայ Լիբանանին վիճակուած սեւ ճակատագրին, որ ան ապրած է ամէն հարազատութեամբ. «Մնացիր եւ միայնակ ճակատագրին դէմ…»: Ան կը գիտակցի մեծերուն բոլոր խաղերուն. «Կ՛օգտագործեն քեզ մեծերը այս աշխարհի»: Խաչիկ Տէտէեանը կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս «Երկիրն այս, նահանջի ու կորստեան ուղին է բռնած», եւ այդ պատերազմի արհաւիրքին մէջ ան կը գծէ` «ատելութեան դիմագիծը», «նախանձը անհանդուրժող», «անարգ ոճիր»-ը եւ այդ բոլորը կը սեղմէ իր մէջ` որպէս «քաոս իմ ներսիդիս»:

Բայց Խաչիկ Տէտէեան յոռետեսը կրնայ տեսնել «նոր Լիբանան»: Լիբանանը, «որ կը ցցէ գլուխը յաղթական` մահաքունէն զարթնած»:

Խաչիկ Տէտէեանին յոռետեսութիւնը իրաւամբ շարժող է, որովհետեւ ան գիտէ դէմ կենալ ներկայ օրերու ընթացքին, որ «այլ» է: Բայց ինք հոն չէ, քանի գիտէ դիավարել «անտարբերութեան» մէջէն, որ «ախտ» է եւ «կը սուրայ մոլագար»: Խաչիկ Տէտէեանը «անցեալի տխուր յուշերը վանած» է ու, տակաւին, «ամօթի ու պարտութեան բարդոյթէն ձերբազատած», ան կը նայի «վաղուան օրուան յաղթութեան` հպարտութեամբ գօտեպնդուած»:

Այս յաղթութեան հպարտութիւնն է, որ Խաչիկ Տէտէեանը դարձուցած է «հպարտ» բանաստեղծ… Հպարտը երբեք գերակայութեան համար չէ: Ինչպէս որ ինք կ՛ըսէ` «Աժան ու սին ինքնապարծութեամբ»: Այլ հպարտութիւն մըն է, որ Խաչիկ Տէտէեան յոռետես բանաստեղծը վերածած է շարժող եւ շարժուն: Շարժուն` կեանքի մէջ արժէքին տենչալով եւ հասնելու ձգտումով: Ահա թէ ինչո՛ւ իր բանաստեղծութիւնը «շարունակուող» է, քանի արժէքի կեանքի ձգտումը երբեք պէտք չէ կենայ:

Իսկ արժէ՞քը… Ան հպարտ է` «հայ ծնած ըլլալով», հպարտ է` «հայու արիւն կրելով»: Այս հպարտութիւնը իր մէջ կերտած է «հաւատք» մը, որ միշտ «վառ» է, կենդանի, ապրող եւ շարժող: Տակաւին, կեանքի նկատմամբ «համոզմունքով» մը, որ իր անձը եւ ապրած օրերը վերածած են «ջերմութեան»: Այս «համոզմունքը» եւ «ջերմութիւնը» Խաչիկ Տէտէեան, հպարտ բանաստեղծը եւ մեզ բոլորս կը տանին յոռետեսութենէն դէպի արժէքի կեանքը տեսնելու եւ կերտելու մարտահրաւէրին:

Շնորհակալութի՛ւն, Խաչիկ Տէտէեան, այս արժէքին ու ինքնութեան գիտակցութեան համար: Քեզի, մեզի եւ մեր բոլորին:

Խաչիկ Տէտէեան` հպարտ բանաստեղծը, որ կը խթանէ մեզ բոլորս, որ մենք հպարտ հայեր ենք…

Հպարտ բանաստեղծը: Ան, որ յոռետես իրավիճակները կը շարժէ հասնելու եւ հասցնելու համար մեզ բոլորս արժէքի գիտակցութեան:

 

Նախորդը

Ընկերային Ցանցը Ձեզի Օգտակա՞ր Է, Թէ՞ Վնասակար

Յաջորդը

Վերանում Է Նաեւ Ջաւախահայութեանը ՀՀ-ի Հետ Կապող Օղակը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?