
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք, դեկտեմբեր 1-ին եւ 2-ին Մելպըրնի եւ Սիտնիի մէջ ՀՅԴ օրուան առիթով Խաժակ Մկրտիչեանին արտասանած խօսքերուն համադրումը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ամբողջ 128 տարի, ինքնակամ ու հպարտ, միշտ կանգնած է իր ժողովուրդին ընդառաջ, իր ամբողջ հասակով, իր գաղափարով ու պանծալի պատմութեամբ, իր սխրագործութիւններով ու թերացումներով, իր նուաճումներով ու ձախողութիւններով, միշտ հաւատարիմ մնալով «ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» նուիրուած ըլլալու իր երդումին:
Դաշնակցութեան ծնունդին անմիջապէս յաջորդեց հակադաշնակցականութեան ծնունդը: Սուլթանական Թուրքիայէն մինչեւ ցարական Ռուսիա, վայրի դրամատիրութենէն մինչեւ ամբողջատիրական համայնավարութիւն, չէին կրնար հանդուրժել հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած էապէս յեղափոխական, ազգային ու ընկերվարական այս շարժումը: Որովհետեւ Դաշնակցութեան համար ընկերվարութիւնը լոկ դասակարգային պայքար չեղաւ, միայն ընկերային արդարութիւն պահանջող ընկալում չեղաւ, այլ նաեւ ազգերու միջեւ տիրող անարդարութիւնը վերացնելու յանձնառութիւն է: Ինչպէ՞ս կարելի էր հանդուրժել յեղափոխական ու ընկերվարական այս շարժումը, երբ անոր հիմնադիր ռահվիրայ Քրիստափոր կը բարձրաձայնէր` «Պատռե՛լ է հարկաւոր այս կամ այն աւազակապետի ձեռքով գծուած կեղծ սահմանները»: Պարզ չէ՞ որ աւազակապետները ամէն ինչ ի գործ պիտի դնէին ճզմելու համար հայ ժողովուրդի իղձերն ու ձգտումները մարմնաւորող այս շարժումը: Հալածեցին, բանտարկեցին, կացինահարեցին, աքսորեցին, կախաղան բարձրացուցին, փորձեցին պառակտել, ժողովուրդի թշնամի որակել, տեղ մը դրամատիրութեան գործակալ նկատեցին, ուրիշ տեղ` համայնավարութեան ու ՔԿՊ-ի գործակալ, բայց Դաշնակցութիւնը մնաց կանգուն ու իր երդման հաւատարիմ` «Իսկ եթէ հարկ լինի, նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Կեանքի գնով ծառայելու կարմիր գիծը երկարեցաւ Վիտոշի լանջին Քրիստափորի նահատակութենէն մինչեւ Բաբգէն Սիւնի, Խանասոր, Սարդարապատ, Փետրուարեան ապստամբութիւն, Սերժ Թովմասեան, Լիզպոն, Արցախի ազատամարտ ու Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ նահատակուած Պչաքճեան Րաֆֆի:
Հակադաշնակցականները փոխուեցան, սուլթանները փոխարինուեցան իթթիհատականներով ու քեմալականներով, ցարերը փոխարինուեցան լենիններով ու ստալիններով, եւ հայանուն համայնավարները փոխարինուեցան ՀՀՇ-ականներով, բայց հայոց Դաշնակցութիւնը շարունակեց իր երթը արդէն 128 տարի, որուն 98 տարին հայրենազուրկ, բայց միշտ` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք կերտելու երազանքով:
Այդ երազանքի առաջին քայլը իրականութիւն դարձաւ անկախ պետականութեան հաստատումով, որուն հարիւրամեակը կը նշենք: Շատեր հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին, որ Գողգոթա բարձրանալէն երեք օր ետք յարութիւն առաւ: Հայ ժողովուրդն ալ իր դարասկիզբի գողգոթայէն երեք տարի ետք յարութիւն առաւ` անկախ պետութիւն ստեղծելով: Եթէ Քրիստոսի յարութեան արարիչը Աստուածային ուժն էր, ապա հայ ժողովուրդի յարութեան արարիչ ուժը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր:
Այստեղ եւս հակադաշնակցականութիւնը գործի վրայ էր եւ հայանուն համայնավարները ամէն ջանք ի գործ դրին անկախութեան երթը խափանելու: Բայց Դաշնակցութիւնը կրկին յաղթեց, երբ անկախութեան գաղափարն ու անկախ պետականութեան խորհրդանիշները վերադարձուց վերանկախացած հայրենիք:
Որո՞նք են այսքան մեծ ու դեռ շարունակուող հարուածներուն դէմ դնելու գաղտնիքները:
Առաջին. Դաշնակցութիւնը ծնած է հայ ժողովուրդի ծոցէն` ծառայելու համար Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին` անկախ հայութեան գտնուած աշխարհագրական վայրէն: Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Արեւելահայաստան, Պարսկաստանէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներ ու մինչեւ Սուրիոյ ներքին պատերազմ, Սարդարապատէն մինչեւ Հայաստանի վերանկախութեան համար մղուած պայքար, արցախեան գոյամարտէն մինչեւ ջաւախահայութեան ազգային ու մարդկային կեանքի բարելաւման համար տարուած աշխատանք, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ցուցական ու քաղաքական գործէն մինչեւ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ անխոնջ կռիւ, Դաշնակցութիւնը, առանց ամբոխային տրամաբանութեան տուրք տալու, մնաց իր ժողովուրդին հետ:
Երկրորդ. Ամուր կարգապահութիւնը մնաց յեղափոխական այս շարժման առանձնայատկութիւնը: Դաշնակցութեան մէջ չկային ու չկան մենաշնորհներ: Ազգին ու հայրենիքին համար կատարած մեծ սխրագործութիւններն անգամ իրաւունք չեն տուած ոեւէ մէկուն, որ ինքզինք դաշնակցական կարգապահութենէն վեր դասէ: Մեր պատմութեան մէջ շատ են այն օրինակները, որոնք կը հաստատեն դաշնակցական կարգապահութեան ամրութիւնը, եւ որոնք շատ յաճախ կարգ մը հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ չարաշահութեան առարկայ կը դառնան:
Երրորդ. Ամուր կարգապահութեան զուգահեռ, դաշնակցական ինքնաքննադատութիւնն ու ինքնավերանորոգման բնազդը կը հանդիսանան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպական կարեւոր կռուաններ: Բարձրաձայն խօսքս կ՛ուղղեմ մերօրեայ բոլոր հակադաշնակցականներուն` ի զուր ժամանակ ու միջոց մի՛ սպառէք Դաշնակցութեան թերացումները մատնացոյց ընելու համար եւ հաւատացէք, որ Դաշնակցութիւնը իր ինքնաքննարկման մէջ այնքան անողոք ու դաժան է, որ ձեր մատնանշած թերութիւնները շատ թեթեւ կը կշռեն անոր դիմաց, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իր ծննդեան օրէն իսկ կը հաւատայ, որ երիտասարդ, գործունեայ ու նպատակասլաց մնալու միակ երաշխիքը հետեւողական ինքնասրբագրումն է:
Այսօր, Դաշնակցութեան գործը քննադատող թափ առած արշաւը, ակամայ, ինծի յիշեցուց 90-ականներուն սկիզբը, երբ բացայայտ փորձ կը կատարուէր մեզ բաժնելու լաւի ու վատի, ներսի ու դուրսի, մարուխեանականի ու հակամարուխեանականի միջեւ: Այս բեմէն իմ համոզումս ու հաւատս կը յայտնեմ առ այն, որ շարքային կամ ոչ շարքային բոլոր ողջամիտ դաշնակցականներու հաւաքական ճիգով, նախորդ փորձառութեան ոգիով ու կամքով պիտի մերժուի այդ կասկածելի բաժանարար քարոզչութիւնը, եւ մենք ամուր կառչած կը մնանք մեր գաղափարական կեդրոնացումին ու կը հաւատանք մեր կազմակերպութեան ինքնավերանորոգման պատմական բնազդին:
Նոյն այդ ինքնասրբագրման պատրաստ ըլլալու կարեւոր ապացոյցն է ամէն տարի Դաշնակցութեան օր նշելու աւանդոյթը, երբ մեր շարքերուն ու համակիրներուն դիմաց կը կանգնինք խօսելու համար մեր ըրածին ու չըրածին մասին, որովհետեւ ամբողջապէս համոզուած ենք, որ միայն մեր ժողովուրդի փոքր մասը հանդիսացող շարքերով կարելի չէր եւ չէ այսքան մեծ գործ կատարել, եթէ չունենայինք մեր համակիրներու հսկայ բանակը, որ նոյնքան ու աւելի կը հաւատայ Դաշնակցութեան գաղափարին ու գործին:
Դաշնակցութեան օր նշելու աւանդոյթը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հասցէին գովասանքի խօսքեր շռայլելու նպատակ չունի: Այդ պիտի չընենք նաեւ այսօր: Նպատակը մէկ է` առարկայականօրէն մեր ժողովուրդի դատին ներկայացնել մեր որդեգրած սկզբունքները, տարած աշխատանքները, արձանագրած յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները եւ ականջալուր դառնալ ինքնասրբագրման ծառայող տեսակէտներուն ու կարծիքներուն:
Մենք եկած ենք խօսելու այն կուսակցութեան մասին, որ իր ողջ կազմակերպական կառոյցով, ուղեկից միութիւններով, Հայ դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներով, հայրենիքի կամաւոր պաշտպան ազատամարտիկներով ու երիտասարդութեամբ, ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ կը պայքարի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ու ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման համար:
Մենք կը նշենք գաղափարական այն կուսակցութեան օրը, որ իր հնարաւոր բոլոր միջոցները ի գործ դրաւ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմի կիզակէտին մէջ յայտնուած սուրիահայութեան պաշտպանութեան գործին, աջակցեցաւ այդ պատերազմին պատճառով գաղթական դարձած հայորդիներուն ու այդ ճամբուն վրայ չզլացաւ իր հաւատաւոր ընկերներու կեանքն անգամ:
Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ քառօրեայ պատերազմի օրերուն իր մօտաւորապէս հազար կամաւոր ազատամարտիկներով շտապեց հայրենի երկրի առաջնագիծը հանդիսացող Թալիշի պաշտպանութեան:
Դաշնակցութեան Հայ դատի գրասենեակները ամէն միջոց ի գործ դրին Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար: Աւելցաւ Ամերիկայի այն նահանգներուն թիւը, որոնք ճանչցան Արցախի անկախ ապրելու իրաւունքը: Լրատուական հոսքի ամենամակերեսային ակնարկով նոյնիսկ կարելի է նկատել Եւրոմիութեան քաղաքական ներկայացուցիչներու Արցախ կատարած այցելութեան հոսքը, որ կը կազմակերպէր Պրիւքսէլի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը:
Անկախ ընդդիմադիր կամ իշխանական կուսակցութիւն ըլլալու կարգավիճակէն` ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները անխափան շարունակեցին աջակցիլ Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան` աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու ու միջազգային ատեաններու մէջ:
Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ մեկնելով իր դաւանած ազգային շահերու եւ ազգերու արդար իրաւունքներու էապէս ընկերվարական ընկալումէն` գործակցութեան ուղիներ բացաւ քրտական տարբեր միաւորներու հետ: Այդ համագործակցութեան ընդմէջէն ճիգ տարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դարձնել:
Հակառակ անոր որ այսօր սուր քննադատութեան կ՛արժանանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներհայաստանեան քաղաքականութիւնը, ընդունելով հանդերձ, որ անպայման եղած են կարգ մը անյաջողութիւններ, կարելի չէ չտեսնել այն, որ Դաշնակցութիւնը հետեւողական եղաւ հայ-թրքական փրոթոգոլի չեղարկման, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամրագրումին, Արցախի անկախութեան ամրապնդման, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգ հաստատելու, հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի եւ մեր ժողովուրդի շահերուն վնասող պարտադիր կուտակայինին առնչուող օրէնսդրական քայլերու կապակցութեամբ:
Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որուն անդամ գիւղապետը մերժեց փտածութիւն ենթադրող գործարքներու մէջ մտնել, եւ որուն պատճառով զոհ դարձաւ հայանուն ստոր արարածի դաւադիր գնդակին: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որուն անդամ նախարարը բաց երկխօսութեան մէջ մտաւ բնապահպանական հասարակական կառոյցներու հետ: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ մինչեւ վերջ պնդեց եւ կը շարունակէ պնդել եկամուտներու արդար բաշխման սկզբունքը: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որուն անդամ մարզպետը միակ բարձրաստիճան պաշտօնեան էր, որ ապրիլ-մայիս ամիսներուն ընթացող ժողովրդային ցոյցերուն ամէնօրեայ երկխօսութեան մէջ էր ցուցարարներուն հետ: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ ամէն ճիգ թափեց Հայաստանը զերծ պահելու ներքին արիւնահեղութենէն: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրաւ` յանուն ներքին համերաշխութեան ու ազգային համաձայնութեան գոյացման:
Այստեղ հարց կը ծագի` իսկ սխալներ ու թերացումներ չէ՞ ունեցած Դաշնակցութիւնը: Անկասկա՛ծ, որ ունեցած է, ու չենք ալ խուսափիր զանոնք բարձրաձայնելէ, ախտաճանաչումներ կատարելէ եւ ինքնասրբագրման միջոցներ որոնելէ: Բայց թոյլ չենք տար, որ մեր անխուսափելի անյաջողութիւնները մեկնաբանուին իբրեւ անսկզբունքայնութիւն, այլակերպում կամ գաղափարական շեղում: Հակառակ անոր որ գիտենք, թէ մեր ժողովուրդին սպասելիքները շատ մեծ են, շատ մեծ են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հնարաւորութիւններն ու միջոցները, բայց միաժամանակ մենք յաւակնութիւնը չունինք մեզ մատուցելու իբրեւ ամենակարող ուժ եւ պիտի ընդունինք, որ քաղաքական կեանքին մէջ վճռական են քաղաքական ուժին տրուած պայքարի լծակները:
Ճիշդ է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ունեցած լծակներով կրցաւ ներազդել Արցախի հարցով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով եւ ազգային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցերով: Բայց նաեւ ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը չկրցաւ քաղաքական իր գործընկերոջ բերել այն համոզումին, որ ներքին տնտեսական ու ընկերային անարդարութիւններու, կաշառակերութեան ու եկամուտներու անարդար բաշխման երեւոյթներու վերացումը նոյնքան ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Երբ ակնյայտ է, որ ընկերա-տնտեսական մենաշնորհն ու չարաշահումը եւ արդարութեան բացակայութիւնը էապէս կը հարուածեն մեր պետականութեան հիմքերը, պատճառ դարձած են արտագաղթի ահագնացող աստիճանի ու կը վտանգեն մեր պաշտպանողականութիւնը, ապա այդ չարիքներու առկայութիւնը նոյնքան ազգային անվտանգութեան խնդիր է, որքան Արցախի վրայ կատարուած յարձակումը:
Հայաստանեան մեր կառոյցը մշակեց արտագաղթը կանգնեցնելու ռազմավարական ծրագիր, բայց ցաւ ի սիրտ կ՛ըսենք, որ ատիկա կեանքի չկոչուեցաւ եւ մնաց լոկ ծրագիր:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի տնտեսական գրասենեակը մշակեց ու հանրութեան քննարկման հրամցուց ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ, որոնց գլխաւոր ու կարեւորագոյն ուղեցոյցն է Հայաստանի մէջ եկամուտներու արդար վերաբաշխումը: Իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն` նման ծրագիր պէտք էր մշակուէր շատ աւելի շուտ, որովհետեւ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական հարցերը անկախութեան առաջին օրերէն իսկ, Դաշնակցութեան համար պէտք էր ըլլային գերխնդիր:
Ի վերջոյ, մենք գացինք համախոհութիւն մը ստեղծելու քայլին, ուր չունէինք մեր սկզբունքները պարտադրելու բաւարար լծակներ եւ լծակներուն տիրապետողներու բացասական արարքներուն հետեւանքները պիտի տարածուէին նաեւ մեր վրայ:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յոյս տեսաւ, որ ի վիրջոյ ընկերային-տնտեսական բնագաւառի մէջ տիրող յոռի երեւոյթները կարելի է վերացնել, եւ այդ գործը ազգային համաձայնութեան իրական մթնոլորտի մէջ առաջ տանելու իր անկեղծ պատրաստակամութիւնը արտայայտեց: Առանց ամբոխային տրամաբանութեամբ տարուելու` Դաշնակցութիւնը ի սրտէ ուզեց, որ իշխանափոխութիւնը արդարացնէ հայ ժողովուրդի սպասելիքներն ու յոյսերը, որովհետեւ համոզուած է, որ անոր ձախողութիւնը շատ մեծ յուսախաբութիւն կրնայ յառաջացնել` անկէ բխած բոլոր հետեւանքներով: Ազգային համաձայնութեան մը առաքելութիւնը մենք ընկալեցինք կազմաւորուած կառավարութեան համաձայնեցուած ծրագրին ընդմէջէն: Շարունակեցինք պնդել մեր նոյն սկզբունքներուն վրայ, պահանջեցինք պարտադիր կուտակայինը մերժել, ընտրական օրէնսգիրքէն վարկանշայինը վերացնել, պահպանել սահմանադրական ընթացքը եւ ամրապնդել խորհրդարանական նորաստեղծ համակարգը, Հայաստանն ու Արցախը զերծ պահել անկանխատեսելի ներքին ցնցումներէ, պահպանել Հայաստանի ժողովրդավարական միջազգային բարձր վարկը, եւ այդ սկզբունքներուն համար չվարանեցանք մեր որոշ անհամաձայնութիւններուն մասին բարձրաձայնել, որովհետեւ համոզուած ենք, որ միայն ծափահարելով գուցէ կ՛արժանանաս պահի տակ դրսեւորուած ժողովրդային համակրանքին, բայց չես նպաստեր իշխանափոխութեան յաջողութեան:
Մենք անցանք Երեւանի քաղաքապետարանի արտահերթ ընտրութիւններու մէջէն, որուն մասին տուած ենք մեր գնահատականը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի պաշտօնական յայտարարութեամբ: Այսօր կը գտնուինք Հայաստանին պարտադրուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իբրեւ հայ իրականութեան մէջ գործող կարեւոր քաղաքական ուժ` չէր կրնար զերծ մնալ էապէս քաղաքական այս իրադարձութենէն: Անգամ մը եւս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւններու մօտեցումները, ազգային անվտանգութեան, Արցախի հարցի ու ընկերային-տնտեսական խնդիրներու իր պատկերացումները ամփոփած է յստակ ուղղութիւն առաջարկող նախընտրական փլաթֆորմի մը մէջ ու զայն յանձնած է Հայաստանի քաղաքացիի դատին: Առաջարկուած ծրագրի գործադրման համար ակնյայտ են նաեւ ՀՅԴ հայաստանեան, արցախեան ու սփիւռքեան ունեցած հնարաւորութիւնները, կը մնայ, որ Հայաստանի քաղաքացին մեզ դատէ մեր գաղափարներով ու հաւատայ մեր երդումին:
Ոմանք արդէն շտապած են կանխագուշակել, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յաջորդ խորհրդարանի մէջ ըլլալու ժողովրդականութիւն չունի: Այդ գուշակութիւններուն հաւատացողներուն ու չհաւատացողներուն կ՛ուզենք հաւաստիացնել, որ յոռեգոյն արդիւնքներու պարագային իսկ Դաշնակցութիւնը իր պատմական փորձով, ինքնավերանորոգման առողջ բնազդով, համահայկական լայն հնարաւորութիւններով է՛ եւ կը մնայ առաջամարտիկ` ծառայելու Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին ու դրօշակիր` մեր ազգային իտէալներուն, արդար ու անվտանգ հայրենիք կառուցելու գործին:
Կեցցէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ յաղթական երթ` անոր շարունակուող արշաւին:


