Անդրադարձ

Մենք Մեր Կատարած Բարեգործութիւնները «Չենք Ծախեր»

Մենք Մեր Կատարած Բարեգործութիւնները «Չենք Ծախեր»

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Լիբանանի մէջ, ժողովրդային ընդվզումին զուգահեռ, օրըստօրէ սկսաւ զարգանալ կարիքաւոր ընտանիքներու ընկերային-տնտեսական պայմաններու տեղեկատուական եւ երբեմն ալ ապատեղեկատուական վաճառքը: Բազմաթիւ կողմեր ընտանիքի մը խեղճ կացութիւնը, այլ տեղ կարիքաւորի մը անտուն վիճակը, ուրիշի մը դպրոցական կրթաթոշակ ապահովելու դժուարութիւնը եւ կամ ալ դեղորայքի բացակայութիւնը սկսան օգտագործել, այսպէս կոչուած, համաժողովրդային ընդվզումի ջաղացքին ջուր մատակարարելով եւ, առաւել եւս, տասնեակ տարիներ գործող կառոյցներու դերակատարութիւնն...

Բա՛ւ Է

Բա՛ւ Է

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Լիբանանի տնտեսական տագնապը բնականաբար իր ծանր ազդեցութիւնը կը ձգէ բոլորին վրայ, իսկ լիբանանահայութիւնը անմասն չի մնար: Կուսակցութիւններ, միութիւններ, առաջնորդարան` բոլորն ալ ճիգ չեն խնայեր իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու հայ կարիքաւորներուն: Տօնական այս օրերուն, հակառակ երկրի տնտեսական դժուար փուլին, ամէն տեղ կը տեսնենք մարդասիրական աշխատանքներ, ծրագիրներ, որոնց գլխաւոր նպատակն է օգնել կարիքաւորներուն: Շա՛տ բարի: Սակայն, միւս կողմէ, լիբանանեան...

«Հայաստանը Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Դէմ Պայքարի Առաջամարտիկ Է». Մնացականեան

«Հայաստանը Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Դէմ Պայքարի Առաջամարտիկ Է». Մնացականեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան խօսք առաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան նուիրուած նախաձեռնութեան ընթացքին` շեշտելով, որ նման հաւաքներ կարեւոր են կրթութեան եւ գիտութեան միջոցով ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման հիմնահարցերը ուսումնասիրելու, ցեղասպանութեան մասին կրթութեան վերաբերող մարտահրաւէրները բարձրաձայնելու եւ այդ մարտահրաւէրներուն դիմակայման քայլերն ու արդիւնաւէտ մեթոտները քննարկելու: Անդրադառնալով 9 դեկտեմբեր 1948-ին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին»...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Անկրկնելի Հալէպը. Թիլելի Ակումբի Բնակիչները

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Սփիւռքը հայապահպանման եռանկիւն յենարան մը ունի` եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ: Մեր ակումբները  այլ տեղեր կը կոչուին «Ժողովրդային տուն», այս անուանումը ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ակումբներուն տրուած է: Բառարանային իմաստով, ակումբ կը նշանակէ ժողով, երաստ, ընկերութիւն: Բառային այս չոր բացատրութիւնը բաւարար չէ ներկայացնելու մեր հասկացողութեամբ գաղթաշխարհի ակումբներու դրութիւնը` սկսելով ղեկավարման ձեւէն, մթնոլորտէն, հոն յաճախող հանրութեան կենցաղէն ու շատ մը այլ երեւոյթներէ,...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Նամակի Մը «Ոդիսականը»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Երեկոյ էր, մեր գթասիրտ Հալէպ քաղաքի աշնանային անուշ երեկոներէն մէկը: Ու ես յոգնած եւ օրուան խոնջէնքէն անձնատուր եղած` տուն կը դառնայի: Հազիւ մեր թաղի ծայրամասին հասած էի, նկատեցի, որ մէկը «պարո՛ն, պարո՛ն» կը պոռար: Բնականաբար արագ մը դարձայ ձայնին կողմը: Ապու Միշոն էր` Միշելին հայրը: Նորութիւն մը չէր, որ մեր մօտ ալ ընդհանրապէս հայրերը իրենց զաւկի անունով կը...

Անդրադարձ.  Յարաբերութիւնները Խաթարող Հարցը

Անդրադարձ. Յարաբերութիւնները Խաթարող Հարցը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Երեք ծերակուտականներ արգելակեցին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւին որդեգրումը` նշելով, որ այդ ճանաչումը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այն հարցը չէ, որ կրնայ վնասել Միացեալ Նահանգներու կամ որեւէ այլ երկրի` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Իրողութիւն մը, որուն անդրադառնալու համար ծերակուտական Կրահամ, Փըրտիու, Քրէյմըր կամ ուրիշներ պէտք է վերյիշեն 1975-ին եւ 1984-ին Ներկայացուցիչներու...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Թրքական Գումարները Ծերակուտական Կրեհեմը Դրդած Են Արգելափակելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 13 նոյեմբեր 2019-ին ծերակուտական Լինզի Կրեհեմի կողմէ (հանրապետական, Հարաւային Քարոլայնա) Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի վերաբերեալ ծերակոյտի քուէարկութեան արգելափակումը մտորումներու տեղի տուաւ, թէ ի՛նչ բան դրդած է զայն` այդպէս վարուելու: Պատճառները կը տատանէին` սկսած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սպիտակ տան մէջ իր հանդիպումէն` անոր քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ, մինչեւ անոր կտրուկ շրջադարձերը քանի...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Ցեղասպանութեան Ուխտի Դէմ Յանդիման

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Դեկտեմբեր 9-ը կրնայ սովորական թուական մը թուիլ: Բայց hայութեան համար ան կը հանդիսանայ անկիւնադարձային թուական մը, երբ այդ օրը, 71 տարիներ առաջ, 1948-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) որդեգրեց ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ պատժելիութեան ուխտը: Ցեղասպանութեան ուխտը գործադրելի դարձաւ 12 յունուար 1951-ին: Այս ուխտը ընդունած եւ վաւերացուցած են աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները, ներառեալ` Թուրքիան եւ Հայաստանը: Այնքան ժամանակ, որ...

Ակնարկ.  Բանակցային Սկզբունքներու Վերաբանաձեւում

Ակնարկ. Բանակցային Սկզբունքներու Վերաբանաձեւում

Արցախի հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորագիրի բովանդակութիւնը ուշագրաւ է: «Շնորհաւորում եմ Արցախի Հանրապետութիւնում  նշուող եռատօնի` Արցախի անկախութեան հանրաքուէի, Սահմանադրութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան միջազգային օրուայ առթիւ»: Եռատօն շրջագծելով հանրապետութեան նախագահը ընդհանուր յայտարարները ընդգծեց երեք կարեւորագոյն ամրագրումներու մէջ` արցախեանը համատեղելով միջազգայինին հետ: Հանրաքուէն ազգերու  ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման առարկայացումն է: Սահմանադրութիւնը` անոր իրաւականացումը: Մինչ մարդու իրաւունքները անվտանգ ապրելու...

Թատրոն` Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի

Թատրոն` Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի

«Դու վարդապետ, Դու Ամենայն Հայոց երգի վեհափառն ես: Դու մեր երգի Մեսրոպ Մաշտոց, գիրն ու տառն ես հայոց երգի» ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ երկու յաջորդական շաբաթներ լիբանանահայ հանրութիւնը ըմբոշխնեց  հայ երգարուեստի տիտան Կոմիտաս վարդապետի վարքին եւ ծաւալած արուեստին  նուիրուած թատրերգութիւնը: Բարձր մակարդակի եւ արհեստավարժ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ մատուցուած ներկայացումը ...

Ազնաւուրի Նոր` «Մեղմ Շշուկով» Գիրքը Իր Գոյնով, Գեղեցկութեամբ Հասանելի Է Հայ Ընթերցողին

Ազնաւուրի Նոր` «Մեղմ Շշուկով» Գիրքը Իր Գոյնով, Գեղեցկութեամբ Հասանելի Է Հայ Ընթերցողին

Մարդ կայ` յիշողութիւն ունի, մարդ ալ կայ` յուշերով կ՛ապրի® Այս նախաբանով կը սկսի «Նիու մէկ» հրատարակչութեան` Շարլ Ազնաւուրի հեղինակած «Մեղմ շշուկով» հայերէն թարգմանութեամբ նոր գիրքը: Առաջին անգամ 2009 թուականին Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած գիրքին մէջ Ազնաւուր խօսած է ընտանիքի, ասպարէզի, անցեալի եւ ապագայի մասին: Ըստ գիրքի թարգմանիչ Սամուէլ Գասպարեանի, «Մեղմ շշուկով» գիրքը ինքնակենսագրական վէպ է: «Գիրքին մէջ առաջին մասով կը տեղեկանանք...

Բանաստեղծութենէ Մինչեւ Նամակներ. Լոյս Տեսած Է Թումանեանի Նուիրուած «Յոբելենական Ընտրանի 150» Գիրքը

Բանաստեղծութենէ Մինչեւ Նամակներ. Լոյս Տեսած Է Թումանեանի Նուիրուած «Յոբելենական Ընտրանի 150» Գիրքը

Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութեան ամբողջութիւնը` բանաստեղծութեան եւ արձակի լաւագոյն նմուշները ընդգրկուած են Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած «Յոբելենական ընտրանի 150. հատընտիր» գիրքին մէջ, ուր ներառուած է նաեւ «Թումանեանը լուսանկարներու մէջ» ներդիրներ` ներկայացնելով գրողին եւ անոր ընտանիքին, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն առնչուող հանրածանօթ եւ նուազ յայտնի լուսանկարներ: Գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 6-ին ՅովհաննԷս Թումանեանի թանգարանին մէջ, կազմած են` Թումանեանի թոռնուհին, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր...

Կապանը` Հայաստանի 2020-ի Երիտասարդական Մայրաքաղաք

Կապանը` Հայաստանի 2020-ի Երիտասարդական Մայրաքաղաք

Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքը ընտրուած է Հայաստանի 2020-ի երիտասարդական մայրաքաղաք: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը 2020-ին Կապանի մէջ պիտի իրագործէ տեղական եւ միջազգային երիտասարդական ծրագիրներ, որոնց մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան համայնքի եւ մարզի երիտասարդները եւ երիտասարդական կազմակերպութիւնները: 2020-ի երիտասարդական մայրաքաղաքի կոչումին համար դիմում ներկայացուցած էին Արմաւիր, Կապան, Հրազդան, Գաւառ եւ Գորիս քաղաքները: Յաղթողը որոշուած է կարճ հաղորդագրութեան (sms)...

Ուխտի Ճանապարհներ.  Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոն (Դ.) Վրթանէս Փափազեանի Գերեզմանը

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոն (Դ.) Վրթանէս Փափազեանի Գերեզմանը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Ծննդավայրիս ազգային վարժարանի յուշերուս մէջ թարմ կը մնան հայոց լեզուի դասագիրքերու կարգ մը նիւթերէն Վրթանէս Փափազեանի քանի մը պատմուածքները, որոնք անմիջապէս յիշեցի, երբ կանգ առի իր տապանաքարին առջեւ,  Կոմիտասի անուան պանթէոն այցիս պահուն: Վերյիշեցի նոյնպէս պատանեկութեանս յափշտակութեամբ կարդացած` Պէյրութ հրատարակուած Համազգայինի մանկապատանեկան մատենաշարի իր երկու գիրքերը` «Մանկութեանս յուշերէն» եւ «Պատմուածքներ», ուր մեր ժողովուրդին բաժին հանուած թշուառութեան, իրաւազրկումին...

Լաւրովի Եւ Մամետեարովի Պատկերացումները Համահունչ Կը Թուին

Լաւրովի Եւ Մամետեարովի Պատկերացումները Համահունչ Կը Թուին

Ա. Ա. Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ կայացած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի տեսակցութեան զուգահեռ, Մամետեարովի տարածած փաստաթուղթը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ Պաքուի իշխանութիւններուն պատկերացումներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին, կը թուի համաձայնուած ըլլալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն երկուշաբթի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն ոգին ներկայ է Մամետեարովի փաստաթուղթին մէջ: Լաւրով նախագահ Իլհամ...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Կեանքը Չի Սկսիր Խակ Մեսիաներով, Տիրապետել Հարազատ Լեզուին Եւ Յաճախել Մեծերու Դպրոցը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից, անկախ այն բանից, թէ քանի տոկոս է նրա մէջ հայկական արիւնը: Սերունդներին պէտք է փոխանցել ոչ թէ արիւն, այլ` գաղափարներ, եւ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է: «Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

16օրեայ Արշաւ` Բռնութեան Դէմ

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ Կնոջ նկատմամբ գործուած բռնութեան դէմ ամէն տարի կը կատարուի 16օրեայ արշաւ մը, որ կը սկսի 25 նոյեմբերին եւ կ՛աւարտի 10 դեկտեմբերին: 10 դեկտեմբերը կը զուգադիպի ՄԱԿի ճշդած «Մարդկային իրաւունքներու օր»ուան: Այս արշաւը սկսած է 1991ին եւ կը կատարուի ՄԱԿի անդամ տարբեր երկիրներու մէջ, կառավարական եւ ոչ կառավարական տարբեր շրջանակներու կողմէ: Կիներու դէմ բռնութեան...

«Քաղցր Անունովն Յիսուսի…»

«Քաղցր Անունովն Յիսուսի…»

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ժաք Յակոբեան իր գործերը ասմունքող Շուշանիկ Մելքոնեանին հետ, Լոս Անճելըս, 2015 «Քաղցր անունովն Յիսուսի կը բարեւեմ ես ձեզի, Յիսուսազարդ ո՛վ քոյրեր, յիսուսավա՛ռ եղբայրներ. Բարե՛ւ, բարե՛ւ... թող բարեւս արեւ դառնայ ձեր սրտին... Սրտիս համբոյրն ան դրոշմէ ամէն մէկուդ ճակատին...» ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երկու տարի առաջ էր: Ազգային առաջնորդարանը Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին ընդառաջ, գրական երեկոյով նշում էր...

Մինչեւ Ե՞րբ

Հաւաքաբար Չհեղինակազրկուելու Համար

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 17 հոկտեմբերի շարժումը, իր բոլոր մակարդակներով, այսօր կը փորձէ ինքզինք պարտադրել` փողոցը իբրեւ զէնք ունենալով եւ, անշուշտ, պետութեան թափթփածութիւնը: Անել վիճակը կը շարունակուի: Յուսահատական կացութիւնն ու ընդվզումի ալիքը կարծես օրէ օր աւելի կը բարձրանան: Մեծ թիւով հաստատութիւններ իրենց  պաշտօնեաները գործէ արձակած են եւ պիտի շարունակեն արձակել: Կրթական որոշ հաստատութիւնները սկսած են ամսականները կէս վճարել, իսկ ժողովուրդի առօրեան լեցուն...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Անորոշութիւն… Պրաթիսլաւայէն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անորոշութիւն… Պրաթիսլաւայէն

«Թոյլ տուէք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ, իսկապէս, ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»                                               ՄԱԿ-ի միջազգային հարցերու փորձագէտ դոկտ. Ալֆրետ տը Զայաս ԵԱՀԿ-ի 26-րդ համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 4-ին, նախագահող երկիր` Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ, առիթ ստեղծեց, որ նախքան համաժողովը` տեղի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի միջեւ հանդիպումը: Աւարտող...

Page 425 of 807 1 … 424 425 426 … 807

Արխիւներ